Յայտարարութիւն

Wednesday, September 29, 2010

Պարոյր Աղպաշեանի յօդուածը արտատպուած ՌԱԿ Մամուլէն

Արդեօ՞ք ճիշդ է նոյն օճառով լուալ բոլոր «Համահայկականներ»ը

Պարոյր Աղպաշեանի այս յօդուածին պատասխան չէ որ կուտամ այս նշմարով: Իր մատնանշած կարգ մը կէտերուն համաձայն ըլլալով հանդերձ պիտի չհամաձայնէի նոյն օճառով լուալ բոլոր “համահայկականներ”ը: Օրինակ պիտի վերցնեմ Դ. Կրթական Խորհրդաժողովը որ տեղի ունեցաւ այս տարի Ծաղկաձորի մէջ 13-17 Օգոստոսին, որուն մասնակից եղայ նաեւ ես,:

Այս խորհրդաժողովին մասնակցողներուն ու կազմակերպիչներուն մտահոգութիւնները խոր էին եւ առաջարկներն ու բանաձեւերը՝ չափազանց լուրջ:

Շատ բնական է , որ որեւէ գործի յաջողութիւնը հետեւողական աշխատանքի կը կարօտի : Սփիւռքահայերս չսպասենք որ ամէն ինչ Հայաստանը ընէ, մենք ալ մեր կարգին հարկ է որ կատարենք մեր պարտականութիւնները իսկ մեր պարտականութեանց ամենամեծը՝ առնուած որոշումներու գործադրման հետապնդումն է:

Նշան Պասմաճեան

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«
Ռամկավար Մամուլ
Սեպտեմբեր 14, 2010

ՄԱՍՆԱԿԻ «ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ»ՆԵՐԷՆ
ԱՌԱՋ ԵՒ ԵՏՔ
ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան կայացումէն ասդին, «համահայկական» հասկացողութիւնը, իր զանազան դրսեւորումներով ու տարատեսակ բովանդակութիւններով, դարձաւ նոր անկախ Հայաստանի գործընթացներէն մէկը, յատկապէս հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները ամրացնելու, զարգացնելու ու հունաւորելու տեսակէտէն:
Խորհրդաժողովները, գիտաժողովները, համագումարները, համաժողովները, բոլորն ալ «համահայկական» պիտակին տակ, եղան գերազանցապէս «ժամանց»ի հաւաքներ ու հանդիպումներ, ծանօթացումի ու մօտեցումի կարգերով, լաւագոյն բացատրութեամբ՝ հայրենասիրական զեղուն զգացումներով, առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ՝ զբօսաշրջիկական շահաբեր գործարքներով:
Օգտակար էին թէ՞ լաւ ատոնք, ուրիշ հարց, սակայն, ո՞ւր մնացին «ՙհամահայկական» կարգախօսներով ճամբայ ելած այդ մէկտեղումները, բացի ճառախօսական, ամբոխավարական ու բեմադրական ելոյթներէն, ուր խօսքերէն անդին ուրիշ ոչինչ մնաց:

Հաւատալու համար այդ տխուր իրականութեան, կը բաւէ բանալ ատոնց «արխիւ»ները, որոնք կը յիշեցնեն ուռուցիկ-թռուցիկ ելոյթներու պայթուցիկ-փուչիկներու ամբողջ հոսք մը:

Եթէ ճիշդ չեն վերոյիշեալ թուումները կամ ոմանց համար «ծանր» կը նկատուին, ապա, փորձ թող կատարուի այդ «համահայկական»ներուն գործնական գնահատումը ճշդել. ի՞նչ օգտաշատ հետեւանքներ ունեցան, ի՞նչ կառուցողական դերի մէջ գտնուեցան, ի՞նչ դրական ազդեցութիւն գործեցին, իրենց գիտական, մասնագիտական եւ արհեստավարժական առումներով, անշուշտ, յօգուտ հայութեան:

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները, եթէ պիտի հիմնուին անբեկանելի, այլեւ զարգացող եւ արդիւնաւորուող ազդակներու վրայ, ապա, կարելի չէ զանոնք պահել իենց սովորամոլական, աւանդապաշտական եւ սոսկական արժեչափերով:
«Համահայկական»ները եթէ պիտի ըլլան «հնգամեայ փլան»ի հասկացողութեամբ, ատոնք ոչինչով կը նպաստեն հայրենիք-սփիւռք մերձեցումներու նորմալացման, համակարգման ու ներդաշնակման, անցողակի կամ ժամանակաւոր եղելոյթներով ու կատարումներով:
Վերջին հաշուով, պէտք է համոզուիլ (ու համոզել), թէ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած որեւէ «համահայկական» ձեռնարկութիւն ու տնօրինութիւն, չի կրնար յաջողութեան հասնիլ զբօսաշրջիկական տրամադրութեամբ, խնամիական կարգով, խաթերական կապով ու պարագայական կարգադրութեամբ:
Նման մթնոլորտէ մը ի՞նչ կ'ակնկալուի, եթէ ոչ «ֆոլքլորիկ» ներկայութիւն եւ արտայայտութիւն, իւրաքանչիւր «համահայկական»է մը ետք հրապարակ նետելով յայտարարութիւն մը, բանաձեւ մը, որ շուտով դատապարտուած է գզրոցներու մէջ տեղաւորուելու:
Սխա՞լ են ասոնք:
Ի հարկէ՝ ոչ:
Հակաճառութիւն եթէ կայ այս մասին, առանց զգացական-մակերեսային զեղումներէ, անհրաժեշտ են շօշափելի փաստեր ու խօսուն ապացոյցեր, հիմնուած կայացող, շարունակուող ու հեռանկարող տուեալներու վրայ:
Բայց, ինչպէ՞ս կարելի է չհամաձայնիլ այս չոր իրականութեան, երբ՝
- Երկար շարանները ՙհամահայկական՚ներու հազի՜ւ յաջողած են իրենց առաքելութեան մէջ, հազի՜ւ կրցած են իրենց նախատեսութիւնները արդարացնել, հազի՜ւ իրենց շարունակականութիւնը ապահոված:
- «Համահայկական»ները եղած են «փլան» կատարելու դիտաւորութեամբ կամ յաջորդականութեամբ, յաճախ «պիւրոկրատ»ական կարգուսարքով եւ երբեմն ալ ծառայելու եսերու կամ իւրայիններու:
- «Համահայկական»ները կայացած են առանց գործնական հետեւանքներու, յաջորդական ծրագրաւորումներու, որոնց նկատմամբ կարելի՞ է տածել վստահութեան մթնոլորտ ու պատրաստակամութիւն:
Հայաստան-սփիւռք երեք խորհրդաժողովները լաւագոյն ցուցանիշը չե՞ն որ անոնք անցան«ՙձայն բարբառոյ»ի սահմաններէն, առանց հնչուն եւ յուսադրիչ հետեւանքներու, հակառակ զանոնք նախագահող՝ յատենի ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի շռնդալից ու զրնգալից խոստումներուն:
Ուրեմն, ի՞նչ:
Կը նշանակէր թէ բան մը կար, որ, առնուազն, ճիշդ չէր, պէտք էր սրբագրուէր, բայց մնաց նոյն տափակ հորիզոնականին վրայ, գրեթէ նոյն հիւանդութենէն տառապեցնելով մնացած պուճուր թէ մե՜նծ «համահայկական»ները:
Անցնող մէկ տարուան ընթացքին (եւ մինչեւ օրս), բազմաբղէտ «համահայկական»ներ եւս կայացան, որոնք սակայն ինչո՞վ տարբերեցան կամ նմանեցան նախորդներուն: Ատոնք կը մնան մեծ հարցական մը:
Հայաստանի Գրողներու Միութեան Համագումարը, որ այսպէս թէ այնպէս «համահայկական» կը նկատուի, քանի սփիւռքահայ գրողներ եւս կը հրաւիրուին ու կը մասնակցին անոր, արդեօ՞ք կրցաւ դառնալ իր մօտիկ անցեալի հարուստ ժառանգութեան… ժառանգորդը, թէ՞ մնաց իր «հերթականութեան ու հպանցիկութեան» ոլորտին մէջ:
Այն ինչ որ կարդացինք ու լսեցինք, պէ՞տք է յուսադրէ, պէ՞տք է գոհացնէ, պէ՞տք է զգաստացնէ:
«Համահայկական»ներու համագումարներու կայացումը, Ծաղկաձորեան հրաշագեղութեամբ, հանգստաւէտութեամբ ու յարմարաւէտութեամբ, հոյակա՜պ է, բայց ատո՞նք են հետապնդուածն ու պահանջուածը (ականջը խօսի այն գրողներու հատուածներուն, որոնք միայն օդով, ջուրով, քիչիկ մը սոխով ու հացիկով սնանուեցան, բայց ամբողջ գրականութիւն մը հասցուցին ու մտաւորականութիւն մը կերտեցին):
Շուրջ երկու տարուան կեանք ունեցող ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը, քառասմբակ թափով կը կազմակերպէ «համահայկական»ներ, մրցանիշներ կոտրելու արագութեամբ:
Նախարարուհիին տինամիզմն ու աքթիվիզմը հրաշալի են, ոմանց համար ալ նախանձելի, բայց, մեծ աշուղը ըսած է. «քիչ մը կամա՜ց, կէօզալ»:
Մենք մեզի իրաւունք կու տանք այսպէս արտայայտուելու, որովհետեւ Հրանոյշ Յակոբեանը, բացառիկ կարողութիւններով եւ անգին եռանդով օժտուած պետական այրուհի մըն է: Պէտք չէ իր այդ ունակութիւնները արագօրէն… սպառէ:

Անշուշտ, երբ այս նշումներն ու դիտարկումները կը կատարուին, մեր խօսքը չի վերաբերիր երիտասարդական, մարզական, սկաուտական կամ արուեստագործական «համահայկական»ներուն, որոնք բացարձակ անհրաժեշտութիւն են, այլ՝ անոնք որոնք կ'իյնան զուտ ակադեմական, մասնագիտական, արհեստավարժական հասարակական բարձրագոյն ծիրերէն ներս:
Այս բոլորէն կ'առաջանայ բո՛ւն հարցադրումը:
Հայաստան կրնա՞յ իսկական ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ խորհրդաժողով մը կազմակերպել, ուր ազգային հիմնահարցերով լուսարձակի տակ առնուին ու մարտահրաւէրները ճշդուին, որոնցմէ ետք գործի լծուին:
Եթէ այո՛, լաւ սկիզբ մը կրնայ ըլլալ (թէեւ երկա՜ր ճանապարհով), եթէ ո՛չ, ապա, ՙհամահայկական՚ները կրնան նմանիլ երկարաշունչ «մորֆին»ներու…:

(Ի դէպ, Տարագիր հայութիւնը կամ սփիւռքահայութիւնը, եթէ մինչեւ հիմա չէ կրցած իր «Համահայկական Քոնկրէս»ը ստեղծել, այս ալ ուրիշ եւ յաւելեալ մղձաւանջ մը չէ՞: Այս մասին ալ՝ օրին:)
Բայց ի՞նչ է եւ ո՞րն է մեր ուզածը:


Պէյրութ, Լիբանան



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝