Յայտարարութիւն

Wednesday, October 6, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-148-Ռուբէն

1897ին Սալմաստի մէջ կը մնայ Լեւոնը, Յովհաննէս Խանազեան անունով ուսուցիչ մը, որ նամակներ կը գրէ եւ կ’ուղարկէ եւ կապ պահպանելու գործը մինակը կը կատարէ: Ուրիշ աչքի ընկնորղ մարդիկ չլինելով Սալմաստ, տաճիկ եւ պարսիկ կառավարութիւններու ուշադրութիւնը կը հեռանայ այս կէտի վրայէն: Այդ ժամանակամիջոցին արդէն գործի գլուխ անցած էին իրենք` սալմաստցիք, որոնցմէ էր Ղալասարի յայտնի Սարգիսը: 1898ին կու գայ նաեւ Սամսոնը եւ աւելի հաստատուն հիմերու վրայ կը դնէ փոխադրական եւ Երկիրի հետ կապ պահելու գործը:
Այդ ժամանակները Երկիր կը գտնուէր Վազգէն Տէրոյեանը: Անոր օգնելու համար կ’ուղարկուի Շարոն խմբով մը, բաղկացած 10-15 հոգիէ: Շարոն Աբաղա կռուի կը բռնուի քիւրտերու հետ: Քիւրտերը չեն յաջողիր լուծել մազրիկցիներու վրէժը, ընհակառակն, Շարոյի փոքրիկ խումբը հրաշքներ կը գործէ եւ ատով աւելի կ’ամրացնէ ֆետայիներու զօրութեան ու անպարտելիութեան գաղափարը: Թէեւ Շարոն կը կորսնցնէ երեք հոգի իր զինուորներէն` Արմէն, Կարապետը (երրորդին անունը չեմ յիշեր), բայց կը խլէ թշնամիներէն 20է աւելի զոհեր ու տեղ կը հասնի: Շարոյի խումբի անցնիլը պատճառ կը դառնայ, որ տաճիկ կառավարութիւնը նորէն ուշադրութիւն դարձնէ Սալմաստի վրայ. խուզարկութիւններ կը կատարուին եւ կը ձերբակալուին տեղացիներէ ու դրսեցիներէն քանի մը հոգի, որոնց մէջ Սարգիսը, բայց շուտով կաշառքներով ու տուգանքներով բոլորն ալ կ’ազատեն:
Բագրատ Վարդ. Թաւլաքեանէն յետոյ, Արմենական Արսէն անունով վանեցի վարդապետ մը էր, որ կը հովուէր Սալմաստը: 1899ին, անոր կը յաջորդէ Խաչիկ Վարդապետը, որու հետ կու գայ Եփրեմը` իբրեւ ծառայ: Այդ թուականին պարսից կառավարութիւնը, տաճկաց ճնշման տակ, աւելի ուշադրութիւն կը դարձնէ Սալմաստի վրայ: Միւս կողմէ, Սալմաստի ժողովուրդին տրամադրութիւնը շատ մը գիւղերու մէջ ի վնաս յեղափոխականներուն էր: Դեռ մի կողմ թողած այդ ընդհանուր յուսալքումը, որ առաջ էր եկած հայութեան մէջ Տաճկահայաստանի անյաջողութիւններու պատճառով, կային նաեւ որոշ արդարացուցիչ պատճառներ: Նախ` սալմաստցիներու վրայ ծանրացած էին այնպիսի մեծ քանակութեամբ զինուորներ որ անոնց պահելը վեր էր այդ փոքրիկ եւ աղքատ շրջանի ուժերէն: Երկրորդ` գիւղերուն մէջ ցրուած զինուորները երբեմն անկարգութիւններ եւ բռնութիւներ կ’ընէին եւ ատիկա արդարացի կերպով ժողովրդեան մէջ դժգոհութիւն առաջ կը բերէր: Սալմաստ տեղաւորուած մօտ 500 զինուորներ ամէնն ալ գաղափարական մաքուր եւ յեղափոխական ոգիով տոչորուած անձնաւորութիւններ չէին. անոնց մէջ սպրդած էին եւ շատ կասկածելի մարդիկ` իրենց բարքով ու վարքով: Ատկէ զատ, պարսիկ պաշտօնեաները ֆետայիները ձերբակալելու պատրուակով յաճախ կու գային գիւղերը եւ տուգանքներ կ’առնէին: Տնտեսական եւ հոգեբանական այս դրութիւնը պատճառ դարձած էր, որ ստեղծուի որոշ հակակրանք ժողովուրդի մէջ յեղափոխականներու հանդէպ, թէեւ պակաս չէր թիւը նաեւ անոնց, որոնք հաստատ մնացած էին իրենց համակրութիւններուն մէջ եւ կը շարունակէին գործակցիլ մեր կուսակցութեան հետ:
Այդ ժամանակները բոլորովին անհետացաւ Արմենական կուսակցութիւնը Սալմաստէն: Ինչ կը վերաբերի Հնչակեաններուն, անոնք մնացած էին միայն մէկ գիւղի` Փայաջուկի մէջ, եւ այն ալ աննշան քանակութեամբ, իսկ միւս բոլոր գիւղերուն մէջ, եթէ տիրական չէր, բայց գոնէ համակրութիւն կը վայելէր Դաշնակցութիւնը: Եւ Դաշնակցականները, ուսուցիչ (ինչպէս Սամսոնը), ծառայի (ինչպէս Եփրեմը) եւ կամ պարզ գիւղացիի ու գաղթականի հագուստներու տակ, կը շարունակէին իրենց աշխատանքները:
Կուսակցական գործը կը տարուէր երկու ոււղղղութեամբ: Նախ` ջանք կը թափուէր շարունակել փոխադրական յարաբերութիւնը Երկրի հետ, այնտեղ ուղարկելով քիւրտերու եւ հայերու միջոցով կազմուած զինատար խումբեր, «ապրանք» եւ միաժամանակ նաեւ զինուորական խումբեր: Կուսակցութեան երկրորդ մտահոգութիւնն էր մշակութային գործունէութիւնը, որուն ան լծուած էր մեծ եռանդով:
Երկիր ուղարկուած խումբերէն յիշատակենք Փոխիկի խումբը (Որպէսզի կառավաութիւնը քիչ ուշադրութիւն դարձնէ Սալմաստի վրայ եւ ժողովուրդն ալ հանգիստ լինի, Սամսոնը Փոխիկի խումբէն զատ, Վան կ’ուղարկէ նաեւ Ախպէրի խումբը (որու մէջ էր Դարմոն) վանքի ճանապարհով: Այս խումբը` բաղկացած 12 հոգիէ, չ’անցնիր Երկիր սակայն եւ կը տեղաւորուի վանքի մէջ եւ անոր շրջակայքը, որովհետեւ լուր կը ստացուի, որ Վանը նեղ վիճակի մէջ է եւ ճանապարհներն ալ փակուած են:), մօտ 15 հոգիով կ’անցնի անվտանգ մինչեւ Վան: Բայց այնտեղ չկար այլեւս Տէրոյեանը, որ սպաննուած էր Կուռուբաշի կռուին եւ զինուորական խմբի պահելը Վանի մէջ դարձած էր դժուար: Այնտեղ եւս այդ ատենները յուսահատութիւն եւ յուսալքում կը տիրէր: Փոխիկը կը ստիպուի թողնել Վանը եւ 10 հոգիով վերադառնալ դէպի Սալմաստ: Ճանապարհին կռիւի կը բռնուի, բայց կը յաջողի խուսափիլ եւ ապաստանիլ Սալմաստի Մահլամ գիւղը:

Շար. 148

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝