Յայտարարութիւն

Thursday, October 7, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-149-Ռուբէն

Մահլամի գիւղացիք խորհուրդ կ’ընեն եւ կ’որոշեն չընդունիլ Փոխիկին խումբը եւ կ’առաջարկեն անոնց չմտնել իրենց գիւղը: Բայց զինուորները յոգնած ու դադրած, ոտքերնին ուռած, չեն կրնար գիւղէն հեռանալ (եւ ո±ւր հեռանային), եւ կը տեղաւորուին գիւղէն դուրս, այգիներու մէջ, բացօթեայ, իսկ Փոխիկը, որ ծանր հիւանդ էր, կը տանին Ղալասար` բժշկելու համար: Մահլամի գիւղացիներու «մեծամեծները» կու գան Դաշնակցութեան ներկայացուցիչին` Սամսոնին մօտ, կը պատմեն անոր եղելութիւնը եւ կը խնդրեն հեռացնել գիւղէն այդ զինուորները, հակառակ պարագային, իրենք պիտի երթան եւ յայտնեն Զարզամին եւ կառավարութեան: Սամսոնը կը համոզէ, որ գոնէ մի երկու օր միջոց տան, բայց գիւղի ներկայացուցիչները, կարծելով որ կ’ուզէ ժամանակ վաստկել` որպէսզի զինուորները կամաց կամաց ոտքի տեղ ընեն եւ մտնեն գիւղը, ուղիղ կ’երթան Զարզամին ու կը խնդրեն որ իրենց գիւղէն դուրս ընեն ֆետայիները եւ կամ բանտարկեն:
Մահլամ գիւղի այգիի մէջ տեղաւորուած 8 զինուորներէն միայն 3ը հրացանով էին: Արշալոյսին պարսիկ սարբազներ կու գան եւ կը շրջապատեն այդ զինուորներ: Պարսկաստանի մէջ արգիլուած էր կռիւ ընել պարսիկներու դէմ, ուստի առանց կռուի մերոնք կ’ուզեն հեռանալ ու բարձրանալ լեռը: Ճանապարհին անոնցմէ մէկը կը սպաննուի, իսկ միւսները կ’երթան եւ կը մտնին բուրջի մը մէջ: Այդտեղ պարսիկները կը սպաննեն ու կամ մը վիրաւորեն մէկ-երկու հոգի, թէեւ մերոնք որեւէ դիմադրութիւն ցոյց չեն տար, եւ ապա կը ձերբակալեն միւսները: Այդ դժբախտները այնպէս կը կարծէին, որ զիրենք պիտի չի սպաննեն եւ պիտի կրնան կաշառքով ազատիլ, ինչպէս ցարդ եղած էր: Բայց սխալած էին. բոլորն ալ կը սպաննեն, գլուխները կը կտրեն ու կը տանին Դիլման, յայտարարելով որ կռուի մէջ են սպաննած բոլորն ալ: Այդ լուրին վրայ Եփրեմը նոյն օրն իսկ կը հաւաքէ 6-7 հոգի զինուորներէն, որոնց մէջ Սարբազ Խեչոն, Դամոն, Գրէն եւ միւսները, եւ առանց հաշուի առնելու որ Մահլամի մէջ նստած էին Զարզամի զինուորները, որպէսզի պաշտպանեն դաւաճաները, կ’երթայ գիշերով այդ գիւղը, կը մտնէ Մուղուսի Դաւիթի տունը, որ հեղինակներէն էր զինուորներու սպանման եւ սուրի կը քածէ Դաւիթը եւ անոր ընտանիքին բոլոր անդամները: Յետոյ նորէն ծածուկէն դուրս կ’ելլէ գիւղէն: Առաւօտեան, երբ Մուղուսի Դաւիթի դուռը չի բացուիր, ժողովուրդը եւ գիւղը գտնուած պարսիկ զինուորները ներս կը մտնեն անոր տունէն եւ կը տեսնեն սոսկալի պատկերը: Այս սպանութիւնը այնքան կ’ազդէ սարբազաներու վրայ, որ փոխանակ շարունակելու մնալ գիւղը, դուրս կ’ելլեն այդտեղէն ու կը հեռանան: Իսկ դաւաճանները, որոնք երկու հոգի էին` Առաքել եւ Ստեփան, կը փախչին Մահլամէն: Բայց անոնք եւս չեն ազատիր. մէկը կը սպաննուի շուտով, իսկ միւսը, որ փախած էր Ռուսաստան, կը յաջողին սպաննել միայն 1905 թուին:

¢¢¢

Սկսած 1899 թուէն, երբ տեղի ունեցաւ այս դէպքը, մինչեւ 1902 թ. կ’անցնին միանգամայն խաղաղ տարիներ: Այդ թուականներուն կը հրաժարին Երկիր մարդ ու զէնք ուղարկելու նախկին սիստեմէն: Կարեւոր ընկերներէն շատեր, ինչպէս Վարդգէսը, Սասունի Վահանը, Երկիր կ’անցնին ծպտուած, քիւրտերու միջոցով, առանց կռուի եւ Ղալմաղայի (աղմուկի): Այդ թուականներուն «ապրանքները» (ռազմամթերք) մէկ կողմէն կը ստացութին Թաւիրզէն, այնտեղ պատրաստուած յատուկ կառքերով եւ միւս կողմէ` կու գային Ջուլֆայէն` Խոյի վրայով` եւ կը պահուէին Սարգիսի միջոցով պահեստներուն մէջ: Իսկ Սամսոնը, որ բոլոր գործերու վերին հսկողն էր, կը պատրաստէր սուրհանդակային եւ փոխադրական գիծեր, կ’օգտագործէր այդ նպատակով վարձկան քիւրտեր կամ պարսիկներ ու երբեմն ալ հայեր` քրտերու հետ խառն: Ասոնք շարունակաբար կ’երթային կու գային եւ ռազմամթերք, գրականութիւն, նամակներ եւ երբեմն ալ մարդիկ կը տանէին ու կը բերէին:
Միաժամանակ, ժողովուրդը քիչ մը շունչ առած հոն մինչ այդ ապաստանած զինուորները կերակրելու ծանր պարտականութենէն, ինչպէս նաեւ պարսիկ կառավարութեան տուգանքներէն, ի վիճակի էր նուիրուելու մշակութային եւ յեղափոխական խաղաղ աշխատանքներու: Այդ յետամնաց գաւառին մէջ կը բացուին կանոնաւոր դպրոցներ, կը հիմնուին գրադարաններ եւ կը կազմակերպուին ներկայացումներ: Կեանքը մտնելով այսպիսի բնական ու խաղաղ հունի մէջ, Երկրի գործն ալ աւելի արդիւնաւոր եւ աւելի ուժգնօրէն կը տարուի` Սալմաստի միջոցով:

Շար. 149



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝