Յայտարարութիւն

Saturday, October 9, 2010

հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-150-Ռուբէն

1903-4 թ. թ. Սամլաստի մէջ եռուզեր կը տիրէր: Երկրէն աւելի յաճախ դուրս կու գային մարդիկ գնալու, Սալմաստի վրայով, դէպի Կովկաս, Բալկանները եւ մասնակցելու Ընդ. Ժողովին: Ատոնց կարգին յիշենք Երկաթը, Ջոջ Աղան եւ ուրիշները: Դրսէն ալ Երկիր կը մտնէին նոր ուժեր եւ նոր գործիչներ, ինչպէս օրինակ Կոմսը, Իշխանը, Սերգէյը (Արամը) եւ այլն: Զէնքերու փոխադրութիւններ կը կատարուէին աւելի յաճախ եւ մեծ քանակութեամբ: Ալեքսանդրապոլի պահեստներէն գողացուած փամփուշտներու մեծ մասը եւ այն զէնքերը որ կը գտնուէին Տուլայէն եւ Սիբիրէն, կը կեդրոնանային Սալմաստ, Սամսոնի ձեռքը, Սարգիսի պահեստներուն մէջ եւ այդտեղէն գիշերով կամ նոյնիսկ ցերեկով, քիւրտերու եւ պարսիկներու կարաւաններու կամ շալակաւորներու միջոցով կը փոխադրուէին անվտանգ մինչեւ Վան:
Փոխադրութիւնները կը կատարուէին երեք ուղղութեամբ: Նախ` Թադէոս Առաքեալի վանքի միջոցով, որու մասին խօսեցայ ասկէ առաջ: Յետոյ` ուղղակի Խոյի եւ Կոթուրի վրայով, առանց մտնելու Թադէոս Առաքեալի վանքը եւ կամ Սալմաստ: Եւ վերջապէս, երրորդ կէտն ալ Սալմաստն էր, որ երկու ճանապարհով ալ կը լեցնէր իր պահեստները: Այդ կէտերէն իւրաքանչիւրին մէջ կ’աշխատէին յատուկ մարդիկ: Չորրորդ գիծ մըն ալ կ’ուզէին բանալ Ուրմիայէն դէպի Լեռնապար:
Գործը վերոյիշեալ ուղղութեամբ պիտի շարունակուէր մինչեւ 1908 թուականը: Այդ թուականներուն միտք կը յղացուի, մեզի միացնելու նպատակով, կապ հաստատել Ջուլամերիկի ասորիներուն ու Մար Շիմոնին, եւ քիւրտերու Շէյխ Թահիային հետ, որպէսզի Վասպուրականի մէջ հայերու, ասորիներու եւ քիւրտերու հետ միասին շարժում ստեղծուի: 95-96 թուականներուն այդ միտքը կը ժպտար Դաշնակցական գործիչներուն եւ այդ նպատակով ուղարկած էին Ուրմիա երկու ընկերեր` բանակցելու Մար Շիմոնի հետ: Ասոնք, սակայն, գործնական արդիւնքի չէին հասած: Նոր փորձ այնուհետեւ կը կատարուի Մալխասի միջոցով, որ կը բանակցի Շամդինանի շէյխի եւ ասորիներու հետ, որպէսզի ասոնք միասին դուրս գան հայերու հետ տաճիկներու դէմ: Այդ բանակցութիւնները թէեւ գործնական մեծ արդիւնքներ չտուին, բայց ունեցան այն հետեւանքը, որ գոյութիւն ունեցած հակակրանքը դէպի մեզ վերացաւ եւ հնարաւորութիւններ ստեղծուեցան նոյնսիկ այդ երկար ճանապարհներով երբեմն կապուիլ Երկրի հետ:
Սահմանամերձ քիւրտերը, որ բռնած էին Մասիսէն մինչեւ Ուրմիա ձգող տարածութիւնը, մեզի հանդէպ թշնամական վերաբերմունք չունէին եւ նոյնիսկ բարեկամներ էին: Մազրիկցի Շարաֆ բէյն անգամ կ’աշխատէր բարեկամ լինել, եւ անոր այդ բարեկամութիւնը այնքան համարձակութիւն էր տուած մերոնց, որ երբեմն նոյնիսկ օր ցերեկով կը ճամբորդէին: Ատոնցմէ էր Շաւորն, որ կովկասեան շորեր ու չերքեզկա հագած, քանի մը քիւրտերու հետ, մինակ, Աբաղայի վրայով կ’ուղեւորուի դէպի Վան: Բայց երբ Աբաղայի սահմաններուն վրայ գտնուող աղբիւրի մը վրայ կռացած` կ’ուզէ ջուր խմել, կը սպաննուի իրեն ուղեկցող քիւրտերու կողմէ: Այդ սպանութիւնը կը կատարուի, սակայն, պարզապէս Շաւրոյի գոյքը սեփականացնելու դիտումով: Նոյնպէս տխուր բախտի կ’արժանանայ Ջոջ-Աղան, որ Ընդհ. Ժողովէն կը վերադառնայ դէպի Վան փոքր խմբով մը (5 հոգի): Ան ճանապարհին կռուի կը բռնուի ու կը սպաննուի, առանց կարենալու զեկուցում տալ Ընդ. Ժողովի մասին: Բայց այդ փոքրիկ դէպքերը արգելք չեղան, որպէսզի փոխադրական եւ կապի գործը իրենց բնականոն ճամբով ընթանան:
Ամէն ինչ խանգարեց, սակայն, Դուման խումբի կռիւը, որուն ես ալ մասնակցեցայ եւ որու մասին արդէն պատմած եմ:

Շար.150


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝