Յայտարարութիւն

Monday, October 11, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-151-Ռուբէն

Գլուխ Բ.
Սալմաստի գործիչները. – Սամսոնը, Սարգիսը.
Կ’երթամ Խոյ. Մալխասը.
Վերստին Թադէի վանքը, բժիշկ Ռուբէնի հետ.

Երբ ես երկրորդ անգամ Կովկասէն եկայ Սալմաստ, հոն քիչ բան փոխած գտայ: Կուսակցական գործերը կ’ընթանային նախկին ձեւով եւ նոյնիսկ աւելի թափ առած էին:
Սասունը ընկած լինելով, Անդրանիկը իր զինուորներու հետ դուրս եկած էր դէպի Սալմաստ` վանքի ճանապարհով. անոր ետեւէն Վանէն դուրս ելած էր նաեւ Կոմսը: Ասոնց փոխարէն Երկիր էին անցած նոր ընկերներ` Արամը, Յարութիւնը, Շահբազը եւ միւսները:
Անդրանիկը եւ Կոմս անցած էին արտասահման, բայց անոնց զինուորները մնացած էին Սալմաստ եւ հոն նոր մթնոլորտ մը ստեղծած էին:
Ինչպէս ըսի վերը, քիւրտերն ու պարսիկները Սալմաստի հայ գիւղերու վրայ այլեւս բռնութիւններ չէին գործադրեր սկսած այն օրուանէ, երբ «ջան ֆետայիները» բոյն էին դրած հայերու մէջ: Հայկական գիւղերը, ընդհանրապէս, ազատ էին կողոպուտէ եւ աւերումէ: Քիւրտերը իրենց ալան-թալանը կ’ընէին այլեւս միայն թաթար գիւղերէն: Այսպէսով, թաթարի գիւղերը աւելի դժբախտ վիճակի էին ենթարկուած, քան թէ հայերունը: Սասունի եւ Մուշի զինուորները, լեցուելով այդ փոքրիկ գաւառակը, դարձած էին պաշտպան ոչ միայն հայերու, այլեւ տեղական թաթարներու: Սալմաստի թաթարները կը պահէին քանի մը ֆետայիներ իրենց գիւղերուն մէջ, որովհետեւ ասոնց ներկայութիւնը բաւական էր որպէսզի քիւրտերը համարէին այդ գիւղը ֆետայիներու գիւղ եւ այլեւս չթալլէին այնտեղի բնակինչները եւ կամ վերադարձնէին անոնցմէ խլած կողոպուտը:
Բազմաթիւ մանր-մունր դէպքեր ու կռիւներ եղած էին աւազակներու եւ այդ նորեկ զինուորներու միջեւ, որոնց շնորհիւ բարեկամութիւն եւ փոխադարձ համակրանք ստեղծուեր էր տեղական թաթարներու եւ հայերու միջեւ: Նոյն պատճառներով քիւրտերու մէջ աճած էր վախը ֆետայիներէ: Իրերու այս նոր կացութիւնը ունէր նաեւ այն օգտակարութիւնը, որ կուսակցութեան եւ Սալմաստի փոքրաքանակ հայ ժողովրդեան վրայէն վերացած էր մասամբ զինուորներ պահելու ծանրութիւնը:
Շար. 151


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝