Յայտարարութիւն

Saturday, October 16, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 154 - Ռուբէն

«Բժիշկ» Ռուբէնի հետ նորէն ճամբայ կ’իյնամ դէպի Թադէի վանքը: Ճանապարհը ինծի արդէն ծանօթ է. նոյն Ռուբէնի հետ անգամ մը արդէն անցած ենք:
Ռուբէնը ստիպած է, որ ես լաւ շորեր հագուիմ: Գլխիս դրած էր եւրոպական գլխարկ մը, եւ քթիս` ակնոցներ, որոնք իսկոյն «հաքիմ-հաթի» ըսելով բոլորը կը մօտենան եւ իրենց հիւանդութիւնները կը պատմեն բժիշկին: Շատերը սուտ հիւանդ են եւ պարզապէս դեղ ստանալու համար է որ հիւանդ կը ձեւանան: «Հաքիմ»ը կու տայ անոնց ինչ որ փոշիներ, զորս ինքն է պատրաստած (առհասարակ խինին շատ կը բաժանէր իսկական հիւանդներուն, ըսելով որ «անվնաս դեղ է»):
Մեզ մօտ կը բերեն կին մը, որու փորը ուռած է եւ որ կիսամեռ վիճակի մէջ է: Ինծի Ռուբէնը ներկայացուցած էր որպէս մեծ բժիշկ, «հաքիմ-բաշի» եւ որպէս եւրոպացի: Պատուիրած է որ ոչ հայերէն, ոչ քիւրտերէն եւ ոչ ալ թուրքերէն խօսք մը չարտասանեմ եւ խիստ լուրջ ձեւանամ, երբ ծանր հիւանդներ բերեն մեզի: Ես գերմաներէն կամ ուրիշ լեզուներով խօսքեր կը փնթփնթամ: Մեզի կը բերեն եւ իմ առջեւ կը պառկեցնեն հիւանդ կինը: Ես դպրոցական դասագիրքէս կ’արտասանեմ գոց ըրած տող մը` «Այն լամ քոմ ցու այնմ բախէ» (Գառնուկ մը կը մօտենայ առուակի մը): Ռուբէնը կը թարգմանէ բաց անել հիւանդի ուռած տեղը: Ես կը շարունակեմ նոյն ձեւով իմ գերմաներէն խօսքերը, Ռուբէնն ալ կը շարունակէ իր «թարգմանութիւնը», ըսելով որ «հաքիմ-բաշին կը հրամայէ որ հիւանդին տանէք հանգիստ պառկեցնէք, որ անոր համար դեղ նշանակած է, բայց գործողութիւն ընել չի կրնար, որովհետեւ գործիքներ չկան իր հատ...»:
Մեզի հետ կ’առնենք այդ գիւղէն պահակներ, իբրեւ վարձատրութիւն եղած բժշկութեան, որպէսզի ապահով կերպով տեղ հասնենք այն ապրանքները եւ զէնքերը, զորս կը տանէինք վանք:Կը հասնինք վանք: Նոյն վանքն է եւ նոյն մարդիկը: Ոչինչ չէ փոխուած: Գիւղացիք ծոյլ-ծոյլ կանգնած են աթարի դէզերու շուաքին տակ: Նոյն ձանձրանալի միայնութիւնը, նոյն ճպռոտ պառաւ տնտեսը իր թանապուրով:
Ես պիտի սպասեմ այդտեղ, որ ձիւնը մի քիչ բարձրանայ դէպի լեռները եւ սուրհանդակները կարողանան գալ: Օրերը սպաննելու համար կ’ուզենք շէնք մը շինել: Կը նորոգենք ջրաղացի պատերը եւ ապա կը ձեռնարկենք աւարտել դպրոցի շէնքը, որու կառուցումը սկսուած էր: Պէտք էր մի նոր պատ բարձրացնել երկրորդ սենեակը վերջացնելու համար: Եւ այդտեղ շինած քիչ մը ծուռ ու մուռ պատը իմ եւ Ռուբէնի (Բժիշկ Ռուբէնի երազը այն էր, թէ ե±րբ պէտք է «այս շուն շանորդու ազգը ազատուէր, որպէսզի մենք ալ գնայինք ու ապրէինք շան պէս...» Երբ Սահմանադրութիւնը կը յայտարարուի, ան կ’անցնի Վասպուրական եւ կը հաստատուի Ականց, մտածելով իր անձնական կեանքով ապրել: Բայց պատերազմի սկիզբին, ան, իբրեւ վտանգաւոր մարդ, կը ձերբակալուի առաջին հերթին Տէր-Չարւադարի հետ Տէր-Մկրտիչ, իսկ նախկին Չարւադար Յակոբ, եւ այդ երկուքը որ միասին աշխատած էին Խոյ եւ Մակու, եւ միասին երազած հանգիստ կեանք ապրել, միասին ալ կը սպաննուին) ձեռքի գործն է:Որպէսզի կարողանայի Երկիր անցնիլ, իբրեւ ծպտուած գեղջուկ, սկսայ նորէն մերկ ման գալ, որ կուրծքս սեւանայ արեւի տակ: Նորէն սկսայ բոպիկ քալել, որպէսզի ոտքերս ամրանան չարուխների համար, եւ կամ ազքատի նման ես ալ կարողանայի բոկոտն քալել լեռներով ու ձորերով:
Այդ օրերուն Վանք եկաւ Կովկասէն Արտաշէս Մելքոնեանը: Անոր հետ միասին պիտի անցնէինք Վասպուրական:
Շար.154




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝