Յայտարարութիւն

Monday, October 18, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 155 -Ռուբէն

Գլուխ Գ.

Վասպուրականի աշխարհագրական, ընկերային
եւ քաղաքական պայմանները

Հաւաքուած ենք Ս. Թադէոսի եկեղեցիին մէջ, 20 հոգի շալակաւոր եւ 10 առանց շալակի ու զինուած: Բոլորս ալ գիւղական շորեր ենք հագուած, ինչպէս որ կը հագուին աբաղացիները: Ես ու Արտաշէսը անոնց նման մեր գլուխներու առջեւի մասը խուզած ենք եւ անոնցմէ աւելի պատառոտուած շորեր հագած: Հայր սուրբը կ’աղօթէ եւ կ’օրհնէ մեզ. բոլորս մէկ-մէկ կը մօտենանք ու կը համբուրենք Խաչն ու Աւետարանը: Հաւատաս Աստուծոյ թէ չհաւատաս, բայց երբ կ’երթաս դէպի մահ, հաւատքը կը մխիթարէ եւ կը սփոփէ քեզ. աղօթքէն ու օրհնութենէն յետոյ, աւելի հանգիստ խղճով կրնաս յանձնել քեզ ճակատագրին, որքան ալ պարզ լինի քեզ, որ այդ ճակատագիրը կը տանի դէպի անխուսափելի մահը:
Մէկ-մէկ դուրս կու գանք Վանքէն: Գիւղացի կանայք եւ տղամարդիկ արտասուքը աչքերուն` «Ուղուր լինի ձեզ, ձեր ոտքին մատաղ» ըսելով, ճանապարհ կը դնեն մեզ:
Մերը զինուորական խումբ չէ, այլ պարզ շալակաւորներու` բարձուած փամփուշտներով: Այն 10 հրացանները, զորս առած էինք, զօրքերու կամ աշիրէթներու դէմ կռուելու համար չէին, այլ պատահական խումբերէն եւ աւազակներէն պաշտպանելու համար: Այդպիսիները պիտի խփէինք եւ անցնէինք: Մեր խումբը, որ բաղկացած էր Աբաղայի հայերէ, ճամբայ կ’իյնար, ուրեմն իբրեւ պարզ ճամբորդներու խումբ մը: Ցերեկները, մեր տարած փամփուշտները պիտի պահուէին խումբի կեցած տեղէն քիչ մը հեռու, որպէսզի չվտանգուէին գիւղացիները: Ասոնց արդէն, իբրեւ Կոփ-Մահէտ բէկի մարդոց, քիւրտերէն ոչ ոք պիտի համարձակէր ձեռք տալ: Զէնքերը միայն գիշերը պիտի բանեցնէինք, եթէ անհրաժեշտ լինէր: Ահա այս «ծծման ձեւով» է, որ փամփուշտն ու ռազմամթերքը ներս կը տարուէր մինչեւ Աբաղա: Իսկ մենք, երկու օտարականներս, 30է աւելի տեղացիներու մէջ հեշտութեամբ պիտի պարտկուէինք, եթէ նոյնիսկ հարցնող լինէր:
Մենք կը շարժուինք շատ արագ, որպէսզի հասնինք ժամ առաջ Ալական լեռը: Բայց Կարէնի գիւղը դեռ չհասած, ինչ որ մարդիկ կ’ելլեն մեր դէմը եւ քրտերէն կը հացնեն` «Ո±վքեր էք դուք»: Սուրհանդակը պատասխան կու տայ քրտերէն. կարծեմ կ’ըսէ թէ «ճամբորդ ենք»: Անոնք կը սկսին մեր վրայ կրակել: Ես կ’արգիլեմ պատասխանել այդ մութ գիշերին, մանաւանդ որ վստահ ալ չեմ զէնք գործածելու անփորձ այդ գիւղացիներու վրայ: Կրակէն ազատելու համար կը շեղենք մեր ճանապարհը. կէս ժամ յետոյ նորէն կ’իյնանք նոյն ճամբուն վրայ:
Մեր ետեւէն ինչ որ մարդիկ կու գան, կը տեսնենք որ ձիաւորներ են: Հինգ հոգի զինուորներէ ետ մնացած ենք, եւ երբ կը տեսնենք, որ մեր դէմ կը գտնուին 30ի չափ զինուածներ (աւազակ թէ զօրք` չհասկցանք), ստիպուած կը կրակենք: Վնաս տալ կամ չտալը չպարզուեց մեզի համար, միայն տեսանք, որ անոնք փախան եւ շատ հեռուէն սկսան կրակ բանալ մեր վրայ: Մենք առաջ շարժեցանք մթութեան մէջ եւ հասանք խումբին: Մեր հետքը կորսնցնելու համար ճամբայէն դուրս ելանք եւ սկսանք բարձրանալ Ալական: Ամբողջ գիշերը բարձրանանք: Արշալոյս է արդէն, բայց դեռ տեղ չենք հասած: Վերջապէս, արեւուն տաք շողերու տակ, կը հասնինք ձիւնապատ կատարի մօտ եւ սառոյցիներու տակէն հոսող մէկ առուակի կողքին կանք կ’առնենք:

Շար 155



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝