Յայտարարութիւն

Thursday, October 21, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 156 - Ռուբէն

Այդ ամայի լերան վրայ մենք մեզ ազատ կը զգանք, մանաւանդ որ գիւղացիներն ալ կ’ապահովցնեն, որ որեւէ վտանգ չկայ այլեւս: Յոգնած նստած էինք երբ գիւղացիներէն մին, հետաքրքրուելով իմ տասնոց ատրճանակով, կը սկսի հետը խաղալ եւ յանկարծ պատահմամբ կը կրակէ ու կը վիրաւորէ Արտաշէսին թեւը: Արտաշէսը այդ օրուանէ բրինդար (վիրաւոր) կը դառնայ եւ անունն ալ կը մնայ Բրինդար: Բայց այդ պատահական գնդակի ձայնը թանկ նստեց մեր վրայ: Ներքեւէն` անդունդէն, ինչ որ մարդիկ կը սկսի դէպի լերան գագաթը բարձրանալ: Արդեօք ճանապարհո±րդ էին, աւազա±կ (ջրդ), սահմանափակ զօ±րք, թէ համիտիէներու գունդ եւ ի±նչ նպատակով այդ լեռները եկած էին - ատիկա մինչեւ վերջը չկրցանք հասկնալ: Ստիպուած էինք բարձրանալ դէպի գագաթը, լեռներու վրայով, ձիաւորներու աչքին առջեւ: Ապա նստանք գագաթին վրայ ու սպասեցինք ձիաւորներու գալուն, ուղարկելով միաժամանակ շալակաւորները Բրինդարի հետ դէպի առաջ, որպէսզի մի կերպ ընկնինք Աբաղայի դաշտը:
Մեր նստած գագաթը ուղիղ Պարսկաստանի եւ Տաճկաստանի սահմանագլուխն է: Քիւրտ կը ձեւանանք, եւ մեր 10 զինուորները կը հայհոյեն բարձրացող մարդկանց` յայտարարելով որ Կոփ-Մահմէտի ղոլամներն ենք: Անոնք, 20 ձիաւոր, ստուգելու համար մեր ասածները, կը սկսինք մօտենալ, բայց մենք կը կրակենք եւ կը սպաննենք երկու ձիեր: Երեւի ատոնք Կոփ-Մահմէտի հակառակորդ աշիրէթէն էին եւ կամ աւազակներու խումբ մը: Երկու ժամ պարապ տեղը մեր վրայ կրակելէն յետոյ, կը հեռանան դէպի պարսկական հողերը:
Անոնց գնալէն ետքը, լերան ժայռոտ կողերով կը շարժինք առաջ, եւ երբ կ’երեւայ Խաչանէն ոչ շատ հեռու գտնուող գիւղ մը, մեր զէնքերն ու փափուշտները կը պահենք քարերու տակ, եւ իբրեւ գիւղացի, օրը ցերեկով, կ’երթանք Խաչան: Մեզմէ առաջ գացող շալակաւորներն եւս այդպէս վարուած էին: Անոնք ալ, պահելով իրենց բեռները ձորի մէջ, գացած էին գիւղերը: Քիւրտերը տանիքներու վրայ, քոլոզները գլուխներուն` խումբ-խումբ կը խօսին իրարու հետ: Ես, պատռտուած շորերով, առանց ուշադրութիւն գրաւելու կը մտնեմ տուն մը, մինչ ուղեկիցներս կը զբաղեցնեն քիւրտերը: Դեռ մութը չինկած, շալակաւորներէն մաս մը, ուրիշ գիւղացիներու հետ, կ’երթան եւ պահած տեղերէն ամբողջ փամփուշտներն ու զէնքերը կը բերեն գիւղը եւ կը լեցնեն այդտեղ պատրաստուած պահեստները:
Ես կը գտնուիմ Հայաստան… Պիտի չի կրնամ արտայատել այն բոլոր ապրումները, որ կ’ալեկոծէին զիս: Ինծի կը թուէր, որ սահմանն անցնելով, արդէն յաղթութիւն մը տարած եմ, որ ես մէկն եմ այն սակաւաթիւ երջանիկներէն ու ընտրեալներէն, որ բախտ ունեցած է ողջ հասնիլ Երկիր: Չէ± որ հազարներ երազած են երթալ այդ ճանապարհով եւ, եւ չհասած Երկրի շէմքին, նահատակուեր էին: Այդ գիտակցութիւնը իմ մէջ առաջ կը բերէ տեսակ մը հպարտութիւն ու ինքնաբաւականութիւն, թէեւ առաջս դեռ շատ վտանգներ կային եւ գուցէ Խաչան գիւղի մէջ ալ վերջակէտը դրուէր իմ գոյութեան:
Խաչանը Աբաղայի շրջանի ամենահայաշատ գիւղն է, որուն բնակիչներու մեծ մասը գաղթած էին Վանի Նորդուզ շրջանէն: Ինչպէս Աբաղայի ամբողջ դաշտի գիւղերը, նոյնպէս եւ Խաչանը կը պատկանի հայտարանցի Կոփ-Մահմէտին: Այս ցեղապետը այն խոհեմ թոռուններէն էր, որ սահմանագլուխին մօտ լինելով, չէր ցանկանար ի զուր տեղը թշնամանալ հայերու հետ եւ հասնիլ այն վիճակին, ինչ որ Շարաֆ բէկը իր մազրիկցի աշիրէթով, մանաւանդ որ շահ ալ չունէր առանձնապէս հաւատարիմ լինելէ տաճիկներուն: Նա պարզ կը գիտակցէր, որ տաճիկ կառավարութիւնը եթէ քիւրտերուն երես է տուած, պարզ այն պատճառով է, որ դեռ եւս չէ փակած իր հաշիւները հայերու հետ: Երկրորդ` ինչո±ւ աւրուիլ հայերու հետ, քանի որ ապագան թերեւս անոնցն է: Այս նկատառումներով, թէեւ համիտէ զօրքի գլխաւորն էր եւ սահմանապահ, ան կ’որոշէ մատներու արանքով նայիլ ֆետայիներու ալ այնպէս մը գործը դարձնելու են, որ փաստեր չտան կառավարութեան ձեռքը եւ իրեն ալ հնարաւորութիւն տան այնպէս ձեւանալ, որ բան մը չի գիտեր: Խելացի, կամ աւելի ճիշդ` փորձառու մարդ մըն էր: Անոր մօտ աշխատած էր, ինչպէս յիշեցի, Սլաքը եւ գուցէ ասոր ազդեցութեան շնորհիւ էր որ ան եկած էր վերոյիշեալ համոզման; Ատկէ զատ, շատ շատերը Վանեցիներէն եկած էին անոր մօտ եւ աշխատած զանազան պատրուակներով:

Շար 156


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝