Յայտարարութիւն

Friday, October 22, 2010

Մեր յաղթանակները 2

19 Հոկտեմբերէն սկսեալ Նշանակ կը սկսի հրապարակել հատուածներ «Մեր Յաղթանակները» գիրքէն:Այս գիրքի առաջին հատորը տպագրուած է 2008ին իսկ երկրորդը՝2009ին Երեւանի մէջ Հայաստանեան Արեւելահայերէնով: Ծրագրուած է մեր ժողովուրդի տարած յաղթանակները հրտարակել չորս հատորներու մէջ, որոնցմէ վերջինին մէջ պիտի նշուին Արցախեան մեր տարած վերջին յաղթանակները՝ իրենց մանրամասնութիւններով:Գնահատելի եւ կարեւոր աշխատասիրութիւն է այս քառահատոր աշխատասիրութիւնը ծրագրուած եւ գործի դրուած Գագիկ Յարութիւնեանի կողմէ: «Նշանակ»ի մէջ հրապարակուած եւ հրապարակելի բոլոր յօդուածները զատելու եւ արեւմտահայերէնի վերածելու աշխատանքը սիրայօժար կը տանի Պատմութեան Գիտութեանց Մագիստրոս Տաթեւ Սուլեան, որուն կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտական զգացումները:

«Նշանակ»
»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»««



Հայաստանը Ք.Ա. III հազարամեակի
Առաջին կիսուն


Առաջին հոգեբանական պատերազմը

Ռազմարուեստին մէջ հակառակորդին հոգեբանօրէն ճնշելու կարողութիւնը խիստ բարձր կը գնահատուի: Յատկանշական է, որ հոգեբանական պատերազմ վարելու մեծ վարպետ էին հայկական առաջին Արատտա պետութեան արքաները: Արատտայի տիրակալին կը պատկանին հոգեբանական առաջին պատերազմ վարողի դափնիները:

Ք.ա. III հազարմեակի ընթացքին Միջագետքի հարաւը գտնուող Շումերի մէջ, կազմաւորուած էին քաղաք-պետուիթւններ: Ք.ա. XXVIII-XXVI դդ. գերիշխանութեան կեդրոն դարձաւ Ուրուկ քաղաք-պետութիւնը: Ուրուկ I-ի հարստութեան երեք արքաներ Էնմերքարը, Լուսալբանդան եւ Գիլգամեշ կը դառնան շումերական դիւցազնավէպի գլխաւոր հերոսները: Անկախ իր էպիկական բնոյթէն` ան կ’ընդունուի որպէս պատմական կարեւոր սկիզբնաղբիւր :

Տեղեկանք. Շումերները ստեղծած էին աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն մէկը: Ք.ա. III հազարմաեակի ընթացքին անոնք կը բնակէին Հարաւային Միջագետքի մէջ, իսկ մինչ այդ` Ք.ա. V հազարամեակին անոնց նախնիները բնակած են Հայկական լեռնաշխարհի հարաւային եւ Միջագետքի հիւսիսային շրջաններուն մէջ: Հեռանալով այնտեղէն` անոնք երկար ժամանակ պահպանած են իրենց կապը լեռնաշխարհին հետ: Այդ իսկ պատճառով Հայկական լեռնաշխարհի մասին հնագոյն յիշատակութիւններ կը գտնենք շումերական գրաւոր յուշարձաններուն վրայ:

Ատոնց մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ շումերական դիւցազնավէպը, որու ինը մասերէն (վիպերգերէն) հինգին մէջ կը յիշատակուի Արատտա երկիրը, որ կը նոյնացուի Աստուածաշունչի Արարատ-Հայաստանի հետ: Արատտան հնագոյն գրաւոր արձանագրութիւններու մէջ յիշատակուած Հայկական լեռնաշխարհի առաջին պետական կազմաւորումն է, որու մասին տեղեկութիւնները կը վերաբերին Ք.ա. XXVIII-XXVII դարերուն:

«Հոգեբանական պատերազմը»

Դիւցազնավէպին առաջին` «Էնմերքարը եւ Արատտայի տիրակալը» բնագրին մէջ կը հաղորդուի, որ Էնմերքարի եւ Արատտայի տիրակալի միջեւ կ’ընթանան դիւանագիտական բանակցութիւններու տեսքով երկարատեւ պայքար մը, որն ալ բնագիրը վերածնող Ս.Ն. Քրամերի կողմէն որակուած է որպէս մարդկութեան պամտութեան մէջ «առաջին հոգեբանական պատերազմ»: Շումերի արքան կը պահանջէ մետաղներ, թանկարժէք քարեր եւ վարպետներ` տաճարներ կառուցելու նպատակով: Ի պատասխան Արատտայի արքան կը պահանջէր մեծ քանակութեամբ երկրագործական ապրանքներ, որոնցմով հարուստ չէր լեռնային Արատտան: Շումերի արքան կ’անցնի սպառնալիքներու որուն Արատտայի տիրակալը կը պատասխանէ նոյն ոգիով` անընդհատ ընգծելով իր երկրի` սրբազան եւ ժողովուրդի աստուածընտրեալ ըլլալու հանգամանքը: Բանագնացները ստիպուած էին չորս անգամ Շումերէն մեկնիլ Արատտա եւ վերադառնալ:

Յաղթանակ դիւանագիտական պայքարին մէջ

Ի վերջոյ, Շումերի արքան ստիպուած էր տեղի տալ: Երկարատեւ բանակցութիւնները կ’աւարտին հաշտութեամբ ու տօնախմբութիւններու կազմակերպմամբ: Ըստ համաձայնութեան, շումերները պէտք է Արատտա ուղարկէին երկրագործական ապրանքներ` փոխարէն պիտի ստանային մետաղներ: Բացի այդ, Արատտայի վարպետները կը համաձայնին Շումերի մէջ կառուցել ճարտարապետական կառոյցներ:
Այդպիսով` համաշխարահային պատմութեան, յայտնի առաջին «հոգեբանական պատերազմ»ը կ’աւարտի մեր հայրենիքի` Արատտայի յաղթանակով...

Արշաւանք Արատտայի դէմ

Շումերի եւ Արատտայի յարաբերութիւնները չէին սահմանափակուէր միայն դիւանագիտական բանակցութիւններով, այլ կը վերածուին նաեւ ընդհարումներու: Լուգալբանդայի մասին բնագիրերու մէջ հետեւեալը կը պատմուի: Շումերական զօրքի գլուխ անցած Էնմերքարն կ’արշաւէ դէպի Արատտա: Արշաւանքի մասնակիցներու մէջ էր նաեւ Լուգալբանդան: Ճանապարհին, երբ զօրքը կը հասնի Զամուա երկիր (Ուրմիոյ լիճի հարաւ), Լուգալբանդան մահացու հիւանդութեամբ կը հիւանդանայ: Ձգելով զայն այնտեղ` զօրքը կը շարունակէ արշաւանքը` պայմանով, որ վերադարձին վերցնեն Լուգալբանդայի մարմինը եւ տանին հայրենի երկիր: Այնուհետեւ կը պատմուի, թէ ինչպէս աստուածներու եւ գերբնական ուժերու օգնութեամբ ան կ’առողջանայ եւ կը հասնի բանակին:
Շումերական բանակը կը պաշարէ Արատտայի նոյնանուն մայրաքաղաքը, սակայն մէկ տարուայ ընթացքին չի կրնար գրաւել զայն:

Պատմական տեղականք. «Քաղաքէն կը տեղային նետեր, ինչպէս անձրեւը ամպերէն`, պարսատիկներու քարերը անձրեւի պէս Արատտայի պարիսպներէն կը թափուէին ամբողջ տարին` աղմկոտ սուլոցով: Օրերը կ’անցէին, ամիսները կ’երկարին. տարին կը բոլորէ ամբողջ շրջան մը»:
«Էնմերքարը եւ Լուգալբանդան» շումերական բնագրից
(256-259 տեղեր)

Արատտայի ռազմական յաղթանակը

Շումերական բանակը չյաջողելով գրաւել Արատտա քաղաքը ի վերջոյ, խայտառակ պարտութիւն մը կը կրէ: Հաւանաբար, Արատտայի բանակը հակայարձակման անցնելով հասած է Շումեր: Ուրիշ ձեւով անհնար կ’ըլլար բացատրել Շումերին Արատտայի կառավարիչներուն, օրինակ` Դումուզիի («Դումուզի» անունով յայտնի է Արատտայի հովանաւոր աստուածը, որ իմաստութեան եւ տիեզերական ջուրերու Հայայի աստուծոյ որդին է, որուն պաշտամունքը կապուած է Հայաստանի հետ եւ արտացոլուած է հայկական աւանդութեան Հայկի կերպարին մէջ, որ սկզբնապէս ըլլալով աստուած` հետագային կը վերածուի հայոց անուանադիր նախնի-նահապետին: Հետագային Հայկի անունին հետ կը կապուի նաեւ յունական դիցաբանութեան Օրիոնի անունով յայտնի համստեղութիւնը): Դումուզիի քաղաքն էր Հայան ՙՍուբուրը՚ ,անոր ՙյայտնուիլն՚ ու հարիւր տարի թագաւորելը:

Պատմական Տեղեկանք. ՙՙԱրատտա՚ երկրանունը գաղափարանշանային գրութեան պարագային կը գրուի Սուբուր երկրի գաղափարագրով: Այսինքն` որոշակիօրէն կը փաստուի Արատտա-Սուբուր (Սուբարտու) նոյնութիւնը...

Շումերա-աքադական մի շարք երկլեզու բնագրերի մէջ շումերներու ՙՀայա՚ (HA.A) տեղանունին աքադերներու մէջ կը փոխարինուի Սուբուր երկանունը, ինչ որ ցոյց կու տայ անոնց միեւնոյն երկիրին վերաբերուելուն: ՙՀայ(ա)՚ հիմքով ցեղանուն եւ տեղանուններ կը յիշատակուին նաեւ Էբլայի, Աշուրի, Խեթական տերութեան Ք.ա. III-II հազարամեակներով թուագրուող բազմաթիւ բնագրերու մէջ, որոնք ակնառու կը դարձնեն հայ(ա)-Հայասայի (եւ Սուբուր-Սուբարտուի) կապը Հայք-Հայաստանի հետ: Մասնաւորապէս ՙՀայ(ա)՚ որպէս ցեղանուն եւ տեղանուն շատ անգամ կը յիշուին էբլայի բնագրերուն մէջ (Ք.ա XXIIIդ.), որոնք առնչուած են Արմի եւ Ազի քաղաքներու հետ: ՙՀայա՚ ցեղանունը կը յիշուի Ք.ա. III-II հազ. սահմանագիծով թուագրուած Աշուրից գտնուած բնագրի մը մէջ: Իսկ Խեթական արձանագրութիւններուն մէջ Ք.ա. XV-XIII դդ. կը յիշատակուի Հայասա երկրանունը, որու –(ա)սա վերջաւորութիւնը խեթական տեղանուանակերտ մասնիկ է:
Համակարգի մէջ նայելով ակնյայտ է Հայկական լեռնաշխարհի հետ կապուող Հայա աստուծոյ անուան, շումերա-աքադական, էբլայական, հին աշուրական եւ խեթական աղբիւրներու ՙհայ(ա)՚ ցեղանուան, անով կազմուած տեղանուններու եւ հայ ժողովուրդի ծագումնաբանական ընդհանրութիւնը՚:

Մովսիսյան Ա., Հայաստանը Քրիստոսից առաջ
երրորդ հազարմյակում ..., էջ 49-54

Լուգալբանդան օգնութեան կը մեկնի Շումեր, սակայն թէ ինչ իրադարձութիւններ կը յաջորդեն ատոր, յայտնի չէ, քանի որ բնագրի վերջամասը վնասուած է: Լուգալբանդայի վիպշարքը կ’աւարտի Շումերի համար ծանր իրադրութիւնով: Ամենայն հաւանականութեամբ, ատով պայմանաւորուած է, որ անոր կը յաջորդէ Դումուզին: Ակնյայտ է, որ խօսքը որոշակի ռազմական գործողութիւններու իրական յաղթանակի (հակայարձակման, ռազմական գործողութիւնները հակառակորդի տարածք տեղափոխուելու ու անոր տիրոյթներուն մէջ վարուող պատերազմին մէջ անոր գլխաւոր ուժերու ջախջախման) մասին է:
Շումերի նկատմամբ Արատտայի ռազմական յաջողութիւնը Հայաստանի զինուած ուժերու պատմութեան ընթացքին գրաւոր յիշատակուած առաջին յաղթանակն է: Սա ժամանակագրօրէն կը համապատասխանէ Հայկական լեռնաշխարհի հնագիտական մշակոյթի աննախադէպ տարածմանը, որն առաջին հայաստանեան տէրութիւնն է:

Առաջին հայկական տէրութիւնը

Հայկական լեռնաշխարհին մէջ Ք.ա IV հազարամեակին կէսերէն ի վեր կը սկսի շուրջ մէկ հազարամեակ տեւած վաղպրոնզեդարեան մշակութային ժամանակաշրջանը, որու ընթացքին ամբողջ Հայկական լեռնաշխարհը միաւորուած է մէկ` հայկական էթնո-հոգեւոր միասնական գօտիին մէջ: Միանման են ինչպէս զինատեսակներ, այնպէս ալ պաշտամունքային առարկաները, ճարտարապետական կառոյցները, աշխատանքային գործիքներ, կենցաղային իրերը, որոնք լեռնաշխարհի մշակութային գօտիէն դուրս յայտնի չեն: Այդ ժամանակաշրջանին պետականութեան առկայութեան մասին կը վկայեն հնագիտական պեղմումներու արդիւնքները, որոնց մէջ ակնյայտ են պաշտպանական կառոյցներ, քաղաքային կեանքին բնորոշ գծեր եւ պետականութեան այլ ցուցիչներ:
Անհրաժեշտ է նշել, որ նշուած ժամանակաշրջանին մէջ Հայկական լեռնաշխարհի հնավայրերէն գնտուած զինատեսակները բազմաթիւ զուգահեռներ ունին Իրանի, Փոքր Ասիայի, Կովկասի եւ յատկապէս, Միջագետքի հնավայրերու մէջ: Ասոնց կողքին բացի զէնքերէն Հայաստանէն գտնուած են նաեւ անոնց ձուլման բազմաթիւ կաղապարներ, որոնք կը վկայեն տեղական արտադրութեան մասին: Ք.ա. III հազարամեակին մետաղամշակման կարեւորագոյն կեդրոն էր Մեծամօրը:

Տէրութեան սահմանները

Հնագիտական պեղումները ցոյց տուած են, որ Ք. ա. XXXVIII դարու ընթացքին Հայկական լեռնաշխարհին մէջ տեղի կ’ունենայ մշակութային մեծ տարածում, որ հիւսիսի մէջ կը հասնի մինչեւ Հիւսիսային Կովկաս, հարաւէն ժամանակակից Սուրիա եւ Պաղեստին, հարաւ-արեւելքի մէջ Իրանական սարահարթի կեդրոնական շրջաններ, հարաւ արեւմուտքէն Կիլիկիա: Մշակութային այս տիրապետութիւնը կ’երկարի մինչեւ Ք.ա. XXVI դարը:
Ք.ա. XXVIII-XXVI դարերու ընթացքին մշակութային ներթափանցման բնորոշ գիծերէն մէկը տարածքներու մեծ մասի խաղաղ նուաճումն է. այդ իսկ պատճառով ժամանակին կը կարծէին, թէ ատիկա եղած է մշակութային ազդեցութիւն կամ բնակչութեան որոշակի զանգուածներու արտագաղթ: Վերջին տարիներուն սակայն վերոնշեալ ժամանակաշրջանի մշակութային գօտիի յուշարձաններուն մէջ գտնուած են նաեւ պատերազմի, ռազմական ներխուժման հետքեր: Պատերազմի հետքերը հնագիտական պեղումներու ժամանակ կ’արտայայտուին մոխրաշերտերով, որոնց սովորաբար առկայ կ’ըլլան ջարդուած զէնքերու կտորներ: Ակնյայտ է, որ նշուած տարածքներուն մէջ եղած է ինչպէս ռազմական, այնպէս ալ խաղաղ, առանց պատերազմի, մշակութային նուաճում: Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Տիգրան Մեծի ժամանակաշրջանը, երբ անոր ռազմական նուաճումներու կողքին տեղ գտան նաեւ խաղաղ նուաճման բացառիկ դէպքեր:


Առաջին հեծեալներ

Նման աննախադէպ մեծ ընդգրկումը կ’ենթադրէ նոր որակի փոխադրամիջոցներու ցանցի առկայութիւն: Եւ ատիկա ակնյայտ է ինչպէս հնագիտոթեան տուեալներէն, այնպէս ալ անոնց հետ համահունչ գրաւոր յիշատակարաններէն: Գրաւոր աղբիւրներու մէջ սանձուած ձիեր առաջին անգամ կը յիշատակուին Արատտայի մէջ (Ք.ա XXVIII-XXVII դդ.) ծառայելով որպէս փոխադրամիջոց: Մինչդեռ շրջակայ աշխարհին մէջ որպէս փոխադրամիջոց կը ծառայէին էշերն ու եզները: Պատահական չէ, որ շումերներն իրենց հեծեալներուն կը կոչէին ՙէշերու կողերը խթանողներ՚:
Հայկական լեռնաշխարհին մէջ Ք.ա. IV-III հազարամեակներու սահմանին ձիու ընտրելացման մասին կը վկայեն նաեւ ինչպէս կենդանիներու պեղածոյ կմախքները (սանձուած ձիերու ոսկորները կ’ենթարկուին իւրօրինակ ձեւափոխութեան, ինչ որ չենք տեսներ անսանձ ձիերու մօտ,) այնպէս ալ հնագոյն ժայռապատկերներուն վրայ առկայ ձիերու պատկերները: Ի դէպ, ձիաւոր հեծեալ ռազմիկներու առկայութիւնը հնագոյն շրջանին մէջ բնորոշ է հնդեւրոպական աշխարհին, իսկ Հայկական լեռնաշխարհը կազմած է իրենց հնդեւրոպական նախահայերու միջուկը:

Եզրակացութիւն

Հայոց պատմութեան մէջ յիշատակուած առաջին պետական կազմաւորումը, որ սեպագիր սկզբնաղբիւրներուն մէջ վկայուած է Արատտա, Հայա եւ Սուբուր անուանումներով, կը դառնար միջուկը մեր պատմութեան առաջին մեծ տէրութեան: Ան իր ազդեցութեամբ տեւեց քանի մը հարիւրամեակ` Ք.ա. XXXVIII – XXVI դարերը, եւ մէկ մշակութային գօտիի մէջ միաւորուեցաւ հսկայական` շուրջ մէկ միլիոն քառակուսի քիլոմեթր տարածք, դառնալով միաժամանակ եւ Հայոց պատմութեան առաջին տէրութիւնը, եւ Հայկական լեռնաշխարհէն ընթացող մշակութային իւրօրինակ տէրութիւնը, եւ Հայկական լեռնաշխարհէն ընթացող մշակութային իւրօրինակ ՙհամաշխարայնացման՚ առաջին դրսեւորումը:



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝