Յայտարարութիւն

Tuesday, October 19, 2010

Մեր Յաղթանակները

Այսօրուընէ ՝ Նշանակ կը սկսի հրապարակել հատուածներ «Մեր Յաղթանակները» գիրքէն:Այս գիրքի առաջին հատորը տպագրուած է 2008ին իսկ երկրորդը՝2009ին Երեւանի մէջ Հայաստանեան Արեւելահայերէնով: Ծրագրուած է մեր ժողովուրդի տարած յաղթանակները հրտարակել չորս հատորներու մէջ, որոնցմէ վերջինին մէջ պիտի նշուին Արցախեան մեր տարած վերջին յաղթանակները՝ իրենց մանրամասնութիւններով:Գնահատելի եւ կարեւոր աշխատասիրութիւն է այս քառահատոր աշխատասիրութիւնը ծրագրուած եւ գործի դրուած Գագիկ Յարութիւնեանի կողմէ: «Նշանակ»ի մէջ հրապարակուած եւ հրապարակելի բոլոր յօդուածները զատելու եւ արեւմտահայերէնի վերածելու աշխատանքը սիրայօժար կը տանի Պատմութեան Գիտութեանց Մագիստրոս Տաթեւ Սուլեան, որուն կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտական զգացումները:

«Նշանակ»
»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»««


Հայոց Ձորի ճակատամարտը
(Ք. Ա. 2492 Թ.)

Մեր Առաջին Յաղթանակը

Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը կը սկսի Հայոց ձորի ճակատամարտով, Հայկ Նահապետի` Բաբելոնի տիրակալ Տիտանեան Բելի զօրքերու դէմ տարած յաղթանակով: Այս պատերազմը մեզի յայտնի է Պատմահայր Մովսէս Խորնեցիի «Հայոց Պատմութիւն», «Հայկ եւ Բել» վիպասքով: Այս պատերազմը Հայ ժողովուրդի ինքնաճանաչման կարեւոր խթաններէն մէկն է: 11 Օգոստոս 2008 թուականին, Հայ ժողովուրդը տօնեց այս Յաղթանակին 4500 ամեակը: Այս պատկառելի տարեդարձը առիթ է վերիմաստաւորելու Հայոց պատմութեան բազմաթիւ հարցերը` ինչպէս նաեւ Հայոց Յաղթանակները:
Պահպանելով Հայ ժողովուրդի պատմութեան աւանդական շարադրանքը, մեր յաղթանակներուն նուիրուած այս աշխատութիւնը յարմար կը տեսնենք սկսիլ Հայոց ձորի մէջ Հայկ Նահապետի տօնած յաղթական նկարագրութեամբ:

Վիպասք

Ըստ Պատմահօր, Հայկ Նահապետ (Հապետոսթեան Հայկ), չկամենալով ենթարկուիլ բռնակալ Տիտանեան Բելին, իր որդիներուն հետ կը հեռանայ դէպի հիւսիս` դէպի իր հայրենի երկիրը: Բելը իր որդիին գլախաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը կ’ուղարկէ Հայկին, առաջարկելով վերադառնալ ու հնազանդիլ իրեն: Բելի որդին վճռական մերժում ստանալէ ետք, մեծ բանակով կ’արշաւէ Հայկի դէմ:
Հայկ կը հաւաքէ «իր որդիները, թոռները, քաջ եւ աղեղնաւոր այրերը եւ իր ձեռքին տակ եղած ուրիշ մարդիկ» ու կը հասնի Վանայ ծովակի ափը:
Վճռական ճակատամարտը տեղի կ’ունենայ Վարագայ լերան եւ Վանայ լիճի միջեւ գտնուող տարածքին մէջ` Հայոց ձորի գետի աջ ափին վրայ, գետաբերանէն քիչ մը հեռու: Հայկի կազմակերպած սեպաձեւ (անկիւնով առջեւ) մարտակարգի կեդրոնը կը մխրճուի Բելի զօրքին մէջ: Այդ ժամանակ Հայկ իր լայնալիճ աղեղը կ’ուղղէ եւ եռաթեւ նետով գետին կը տապալէ բռնակալ Բելը: Բելի մեծաթիւ բանակը սարսափած կը ցրուի:

Պատերազմը

Մովսէս Խորենցաին թշնամիին նահայարձակ գործողութիւններու մասին կը գրէ «Տիտանեան Բելը... հետեւակ զօրքի ամբոխով կու գայ եւ կը հասնի հիւսիս, Արարատի երկիր, Կադմոսի տան քով» (Յատուկ կը շեշտուի, թէ Բելի բանակը բաղկացած էր միայն «հետեւակ զօրքով», որ թէեւ քանակով շատ էր, սակայն հեծեալ զօրամասեր չունէր: Այս մէկը կը վկայէ հեծելազօրքի (մարտակառքերու) կիրառման նախորդած պատմական դարաշրջանի մասին: Հետագայ պատերազմները նկարագրելու ընթացքին Մովսէս Խորնեացին առիթը բաց չի ձգեր գովերգելու իր կազմակերպուածութեամբ ու շեշտակի գրոհներով, Առաջաւոր Ասիոյ մէջ հռչակուած Հայոց այրուձին կամ հեծեալ միւս զօրամասերը):
Բել իր յարձակումը կը սկսի հարաւէն եւ առաջին հարուածը կը հասցնէ Հայկի թոռ Կադմոսի տիրոյթներուն (Կադմոսի տուն): Կադմոս կը խուսափի հակառակորդի հետ բախումէն, կը նահանջէ ու կը միանայ Հայկին: Հայկ, հիւսիսէն լիճը շրջանցելով` Կադմոսի կը յառաջանայ: Հայկ արդէն աւարտած էր իր զօրահաւաքը եւ պատրաստ էր գործնական գործողութիւններու: Բելը չի կրնար խոչընդոտել Հայկի կազմակերպչական բնոյթի աշխատանքներու աւարտը եւ ինչպէս նաեւ Կադմոսի ուժերու միաւորման աշխատանքը:

Տեղեկանք. – Վիպասքին մէջ նկարագրուած ռազմավարութիւնը (սահմանամերձ շրջաններու ուժերուն նահանջը եւ գլխաւոր ուժերուն միանալէն ետք մարտական գործողութիւններու մասնակցութիւնը) Հայաստանի մէջ կիռարուած էր մինչեւ Արտաշէս Ա.-ի (Ք.ա.189-160 թթ.) ռազմական բարեփոխումը: Արտաշէս Ա. սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կը ստեղծէ մշտական զօրք պահելու իրաւունք ունեցող բդեշխութիւններ, որոնց կը վստահուի սահմաններու անվտանգութեան ապահովումը եւ հակառակորդին առաջին հակահարուած հասցնելու իրաւունք` մինչեւ հիմնական (թագաւորական) ուժերու տեղ հասնիլը:

Բելի հրոսակներուն, երկրի կեդրոնական նահանգներ ներխուժել թոյլ չտալու համար, Հայկ կ’որոշէ վճռական ճակատամարտով կանգնեցնել անոնց յառաջխաղացումը. այդ պատճառով մարտի նախապատրաստական աշխատանքները իրականացնելէ ետք, ան հակառակորդին հետ ճակատամարտելու համար յարմար վայր կը հասնի ու կը սպասէ, որ Բելի զօրքը անցնի գետը:

Ճակատամարտի նախապատրաստումը

Ըստ Խորնեացիի` «Բել մեծ ամբոխով հանդարտ կանգնած էր ջուրին (գետին) ձախ կողմը բլրակի մը վրայ` իբրեւ դիտանոց»: Բելի զօրքերը նկարագրելու ընթացքին Պատմահայրը, որպէս քաոսային ուժի մարմնաւորում, անոնց ներկայացուցած է «անճոռնի ամբոխի զօրութեամբ» եւ «բազմութիւն անկարգ հրոսակի» արտայայտութիւններով: Պատմահայրը կ’ընդգծէ, որ ոչ «հսկաները» եւ ոչ ալ անոնց «մեծ բազմութիւնը», չէին կրնար խուճապի մատնել Հայկը:
Հայկի գործողութիւնները կը համապատասխանեն մարտավարական իրավիճակին: Հայկ իր զօրքի մարտակարգը կը շարէ հակառակորդի թոյլ կողմերը հաշուի առնելով: Հայկական ուժերը «կարգելով երեքանկիւն ձեւով»` Հայկը իր վրայ կը վերցէ կեդրոնի անմիջական հրամանատարութիւնը, աջ զօրաթեւը կը յանձնէ որդիներուն` Արամանեակի գլխաւորութեամբ, ձախ թեւը թոռներուն` Կադմոսի գլխաւորութեամբ, որովհետեւ «աղեղ եւ սուր գործածելու մէջ անոնք կորովի մարդիկ էին»: Իսկ «միւս բազմութիւնը» կը կանգնեցնէ ետեւի մասը` կազմելով սեպաձեւ մարտակարգ:
Մարտավարութեան ամբողջ խնդիրները պարզաբանելու շարքին կարեւոր է թոյլ թեւերու ջախջախումէն խուսափելու համար «աղեղ եւ սուր գործածելու մէջ կորովի» մարդոց ընտրելու կանխամատածուած ըլլալը: Սրակիրները անմիջապէս իրենց վրայ պիտի վերցնէին թեւային գրոհներու կասեցումը, իսկ նետաձիգերը, թեւերու ուղղութեամբ նետահարելով, պիտի խափանէին թեւանցումներու իրականացումը: Գիտակցելով զօրաթեւերու հրամանակազմի զոհուելուն մեծ հաւանականութեանը` Հայկը, Արամանեակին եւ Կադմոսին տեղ ոչ թէ մէկական, այլ մէկ անգամէն երկուական տեղակալներ կը նշանակէ:

Տեղեկանք. Մարտէն առաջ տեղակալի տեղակալ (մարտի մէջ հրամանատարի զոհուելու պարագային տեղակալի եւ մարտի ընթացքին հրամանատարութիւնը ստանձնած տեղակալի զոհուելու պարագային` երկրորդ տեղակալի) նշանակելու սկզբունքը եւրոպական երկիրներու մէջ սկսած է կիրառուիլ XVIII դ. եւ այդ մէկը պայմանաւորուած էր հրետանիի արագաձգութեան ու կրակի հզօրութեան աճով: Հայոց բանակի մէջ հնագոյն ժամանակներէն կիրառուող այս սկզբունքի արդիականութեան մասին կը վկայէ այն փաստը որ նախօրոք երկրորդ (երրորդ) տեղակալի նշանակելու պահաջը այսօր պարտադիր է բոլոր երկիրներու բանակներու մարտական կանոնագիրքերու մէջ:

Ճակատամատի ընթացքին Հայկի բանակի կողմէն կիրառուած զէնքերու մասին, Պատմահայրը կը նշէ միայն սուրը եւ աղեղը: Աղեղը հակառակորդին մեծ հեռաւորութեան վրայ (30 մեթրէն մինչեւ 250 եւ աւելի մեթր) խոցելու համար պիտի օգտագործուէր իսկ սուրը մերձամարտի համար նախատեսուած հիմնական զէնքն էր: Պատմահայրը առանձնայատուկ պարծանքով կը նշէ «լայնալիճ» աղեղի կիրառութիւնը (որ նետի խոցման հեռաւորութիւնը կարելի էր կրկնակի մեծցնել):
Հասկնալի է, որ միայն երկու տեսակ զէնքերով բանակը չէր կրնար մասնակցիլ վճռական ճակատամարտին: Կարելի է նշել զէնքերու քանի մը տեսակներ, որոնք հնագոյն ժամանակներէն ի վեր տարածուած էին Հայկական լեռնաշխարհին մէջ (տեգ, նիզակ, պարսատիկ, դաշոյն եւ այլն): Թուած զէնքերու մէկ մասը պրոնզի դարուն շատ աւելի տարածուած էր, քան սուրը, որ շատ աւելի «թանկարժէք» ըլլալու պատճառով զէնքի ամենատարածուած տեսակը չէր կրնար ըլլալ:
Ճակատամարտէն առաջ Հայկի արտասանած ճառի միջոցով ձեւակերպուած է հայրենասէր հայու կեանքի ու պայքարի սկզբունքը:
Զօրքին դիմելով Հայկ կ’ըսէ. «Կամ մեռնինք եւ մեր ազգը Բելին ենթարկուի եւ կամ մեր մատներու յաջողութիւնը անոր ցոյց տանք, անոր ամբոխը ցրուի եւ մենք յաղթութիւն տօնենք»: Հետեւաբար, Հայկազուն սերունդներուն աւանդուած է ազգի նահապետէն, թագաւորէն մինչեւ շինականը պատրաստ ըլլալ հայրենիքի համար զոհուելու: Իւրաքանչիւրը իր կարգավիճակով հաւասարապէս պատասխանատու է հայրենիքի ազատագրման պայքարին մէջ:

Յաղթանակը

Ճակատամարտի առաջին հանգրուանին Բելը ամբողջ ճակատով վճռական գրոհով կը փորձէ խախտել Հայկի բանակի մարտակարգը: Բել որքան հնարաւոր է արագ` առաջին իսկ գրոհով կ’ուզէր մարտը աւարտել:Ան բլուրէն վար կ’իջնէ:
Երկրորդ հանգրուանով Հայկի պատրաստած մարտակարգը հակառակորդի զօրաթեւերուն հարկադրած էր առաջանալու ու գրոհի անդրադարձման պահին փաստօրէն յայտնուած էր Բելի բանակի կեդրոնը մխրճուած դիրքի մէջ: «Այս անսպասելի տարակուսական դիպուածը տեսնելով Տիտանեան արքան զարհուրեցաւ, եւ ետ քաշուելով սկսաւ բարձրանալ այն բլուրը, ուրկէ իջած էր... Որովհետեւ կը մտածէր ամբոխի մէջ ամրանալ մինչեւ բոլոր զօրքին ժամանումը, որպէսզի երկրորդ անգամ ճակատամարտի»: Հետեւաբար, Հայկը ճիշտ ընտրած էր ոչ միայն ճակատամարտի վայրը այլ եւ ժամանակը:
Պատերազմի նկարագրութեան մէջ ոչ մէկ տեղ չի խօսուիր Բելի կողմէ զօրքը մասնատելու մասին, եւ ան ոչ թէ մարտը դադրեցնելու կամ նահանջի հրաման տուած է, այլ ընդամէնը որոշած է ետ քաշուիլ բլուրի վրայէն մարտին հետեւելու համար: Հետեւաբար, վերջապահ ուժերը մարտադաշտին շատ մօտ պէտք է ըլլային եւ Բելը անոնց տեղ հասնելու հետ մեծ յոյսեր կը կապէր: Հայկի փոքրաթիւ ուժերը, որոնք մինչ այդ մեծ դժուարութեամբ կասեցուցած էին առաջին գրոհը, չէին դիմանար երկրորդ ու ալ աւելի հուժկու գրոհին: «Աղեղնաւոր Հայկը այս բանը հասկնալով առաջ կ’անցնի, կը հասնի Բելին քով պինդ կը քարշէ լայնալիճ աղեղը» եւ արձակելով երեքթեւեան նետը, կը տապալէ եւ կը սպաննէ Բելը:
Բել կը նետահարուի այն ժամանակ, երբ իր զինուորները շարունակուող մարտի պայամաններու անորոշութեան մէջ անոր վճռական քայլին կը սպասէին սակայն բռնակալի մեծաթիւ բանակի ամենաթոյլ տեղը ինքը` բռնակալ Բելն էր: Բելի բանակը Հայկական լեռնաշխարհի հարաւը հասցուցած էին անոր աշխարհակալական նկրտումները, անոր ցասումի վախն էր միայն որ համախմբած էր այդ տարասեռ ամբոխը: Հետեւաբար, Մովսէս Խորենացին իրատեսօրէն կը նկարագրէ Բելի սպաննուելէն ետք սկսուած խուճապը. «Իսկ ամբոխը, տեսնելով այսպիսի քաջ ու մեծ գործ, փախուստի կը դիմէ ու իւրաքանչիւրը իր երեսը դարձցած կողմը կը փախչի»:
Պատմահայրը, ամփոփելով իր խօսքը ճակատամարտի յաղթական աւարտի մասին կը գրէ. «Մեր երկիրը մեր նախնի Հայկի անունով կը կոչուի Հայք»: Հայկը եւ Հայկազունները շարունակեցին շենացնել Հայոց աշխարհը:





Արդիւքները

Մովսէս Խորենացին ակնածանքով կը խօսի զէնքին տիրապետելու գործին մէջ վարպետացած Հայկի մասին, կարեւորելով ճիշտ նշանառման տիրապետելը, կ’ակնարկէ նետաձիգներու հմտութիւններուն կատարելագործման անհրաժեշտութեանը: Իր քարոզին մէջ պատմական իրադարձութիւններու նկարագրումին զուգընթաց, բանակին մէջ դիպուկաձիգներու դերը կը բարձրացնէ: Հայաստանի մէջ հնագոյն ժամանակներէն ի վեր որ ե՜ւ դիպուկ նետաձգութիւն կը պահանջուէր ե՜ւ հեռահարութիւն: Ուշագրաւ է նաեւ կողմերու սպառազինութեան նկարագրութիւնը: Հայկը կը ներկայացնէ որպէս «աղեղնաւոր հսկայ»: Իսկ Բելի նկարագրութեան ժամանակ կը տեսնենք սաղաւարտ, զրահ, ոտնազրահներ, բազկակալներ, գօտիներէն կախուած սուր, վահան, աջ ձեռքի նիզակ, այսինքն` ամբողջ սպառազինութիւնը: Որոշակիօրէն ցոյց կը տրուի որ զէնքն ու սպառազինութիւնը այնքան կարեւոր չեն որքան զէնքին հմտօրէն տիրապետելու արուեստը, հակառակ որ զէնքը իր հերթին կարեւոր նշանակութիւն ունի: Յիշենք այն հիացմունքը, որով Խորենացին կը պատմէ «լայնալիճ աղեղի» կիրառման մասին:
«Հայկ եւ Բել» վիպասքի օրինակով մենք կը տեսնենք, որ V դարուն Հայոց իրականութեան մէջ ռազմարուեստի տեսական վերլուծութիւնը բաւական բարձր մակարդակ ունէր:

Հետեւաբար, Հայոց ձորի ճակատամարտի ընթացքին տարած յաղթանակի նշանակութիւնը չի սահմանափակուիր մարտավարական «շրջանակներով»: Ան կ’ընդգրկէ ռազմարուեստի եւ ռազմատեսական մտքի զարգացման բաւականին լայն շրջանակ` հետագայ սերունդներու առջեւ նորանոր յաղթանակներու կերտումի գաղտնքիներ բանալով:


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝