Յայտարարութիւն

Friday, November 19, 2010

ՇԻՐՄԻՆ ԱՌՋԵՒ ՄԱՅՐԱԿԱՆ...

Շուրջս խաղաղ է հիմա, սիրտս՝ աւերակ ու տարտամ,
Նոճիները կ'ողբերգեն մեռելոցին մէջը լուռ...
Աչքերուս դէմ կը ծաղկին սեւ կակաչներ ամէնուր,
Մա՜յր, ձմրան մէջ մեռար դուն, կեանքդ գարուն՝ անթառամ:


Գերեզմանիդ վրայ հակած՝ աղօթարար հոգիով՝
Ես քու զաւակդ դողդոջ՝ կը գանգատիմ Աստուծոյ
Իր շա'տ անգութ վճիռին համար որ քեզ առնելով՝
Այգը կեանքիս ըրաւ մութ տառապանքի երեկոյ...


Հոգիս քեզմով չարբեցած, հովանիիդ թանկագին
Չեղած երբե՛ք արժանի, ու ողնահարըս վըտիտ՝
Չկազմուած տակաւին՝ ըրաւ մարմինդ խաւարին
Բնակչուհին յաւիտեան ու խամրեցուց քու հոգիդ...


Ինչպէս, ո՜վ մայր, չկանչել, չպաղատիլ քեզ, ինչպ՜էս
Որ գէթ րոպէ մը միայն վերադառնաս քու զաւկիդ,
Զաւկիդ որ չես իսկ ճանչնար ու ինք որ չի ճանչնար քեզ՝
Որ գէթ անգամ մը տեսնէր, համբուրէր դէմքըդ վըճիտ...


Շուրջս խաղաղ է հիմա, սիրտս՝ աւերակ ու տարտամ,
Նոճիները կ'ողբերգեն մեռելոցին մէջը լուռ...
Աչքերուս դէմ կը ծաղկին սեւ կակաչներ ամէնուր,
Մա՜յր, ձմրան մէջ մեռար դուն, կեանքդ գարուն՝ անթառամ...:

Գէորգ Կարապետեան

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝