Յայտարարութիւն

Wednesday, November 10, 2010

ՊՐԻՍՄԱԿ ՍԻՐՈՅ... - Գէորգ Կարապետեան

Յաջորդաբար «Նշանակ» պիտի հրապարակէ Սան Ֆրանսիսքոյի բնակիչ Գէորգ Կարապետեանի բանաստեղծութիւնները: Այս բանաստեղծութեան վերնագիրը հարազատ վերնագիր է տրուած սիրոյ պատճառած հակասութեանց, տառապանքին, յոյսերուն ու հոգեբանական բարդ իրավիճակներու: Բանաստեղծը կը վերդարձընէ ռոմանթիզմը պարզ լեզուովն իր ստեղծելու բարդ ապրումներ:
«Նշանակ»
.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.


Ա.
Տենդերս ու սէրս հիմա, անպատասխան կը մնան...
Ու յոյսերուս թափն աշխոյժ՝ կը կամացնայ ալ այնքա՜ն,
Երբ կը տեսնեմ գրկին մէջ, քեզ՝ անծանօթ անձերու՝
Կը զգամ ցաւը ծննդեան՝ արեանս մէջ՝ վէրքերու...



Կեանքիս կարծես կը մութնայ արեւը տաք, սիրաջերմ.
Կը ծեռանայ փոթ առ փոթ՝ հոգիիս դէմքը յանկարծ.
Ապա սրտիս զարկերով, ես վերըստին քե՛զ կ՛ուզեմ՝
Երբ իբր ծփուն դուն տեսիլք՝ կուգաս ինծի վերարծա՜րծ...:


Բ.

Քեզ սիրելս սիրեցիր. ուզեցիր ալ սիրո՛ւիլ միշտ՝
Սակայն առանց սիրելու... Ըսիր թէ զիս չե՜ս սիրեր,
Ու փոխանակ փախչելու, հեռանալու աներեր՝
Մնացիր մօտ դուն ինծի, գթոտ, ժպտուն ու անվիշտ:



Յաճախ մտար սրտէս ներս, խօսքերով քաղցր ու բարի,
Դիւթեցիր միտքս ու կրքերս՝ որ բաղձամ քեզ աւելի...
Յետոյ դիտմամբ, զլացար գուրգուրալու իղձդ անգոյթ՝
Որ տառապիմ ու այրիմ կրակին մէջ քու սիրոյդ...:



Հոգիս գինով է հիմա կախարդանքովն քու հոգւոյդ.
Մօտիկութիւնդ՝ հեռու՝ զիս կը դիւթէ սաստկօրէն...
Կը սիրեմ ու կը փնտռեմ քեզ աւելի ես արդէն՝
Իբր բանտարկեալը սիրոյ՝ քու կանացի խաղերուդ...

Գ.

Յաճախ կը զգամ եւ գիտեմ որ կը սիրե՛ս զիս ալ դուն,
Զի չես ուզեր որ ըլլամ այլ կիներու հետ սիրով...
Կը փափաքիս որ ըլլան օրերն յղի, անվրդով՝
Քաղցրաթափանց պտուղովն մեր անյագուրդ խե՜նթ սիրոյն:



Իմ քեզ սիրելս կարծես քեզ զգլխած է արդէն,
Ու չես ուզեր որ բնաւ քեզ համար սէրս սպառի...
Թող մեր սրտերը ծփա՜ն ու հոգիներն թե՜ւ առնեն
Երջանկատանջ այս սիրոյ մթնոլորտէն հաշիշի...:



Պիտի չըսես թէ որքան դուն կը փնտռես յաճախ զիս...
Պիտի երբե՛ք չընդունիս որ պէտք ունինք իրարու.
Պիտ՛ նախընտրես ալ յաճախ, շոյանքներուդ մէջ այլուր՝
Երազել զիս, ու ըղձալ ջերմութիւնը մարմինիս...


Դ.

Սակայն ինծի, մերթ ընդ մերթ, վերադառնաս պիտի դուն՝
Ու կիրքերուդ տենդերով պիտ՛ փաթթուիս հոգիիս...
Պիտի վառես հաճոյքի կրակներով սեռս արբուն՝
Ամբողջովին իմս բայց՝ պիտի չըլլաս, սիրելիս...:



Զի աստղերը մեր բախտին, սիրոյ երկնին մէջ ունայն՝
Եղած են միշտ իրարմէ խիստ հեռաւոր ու անջատ.
Կարծես պատիժ մ՛երկնային սահմանուած է որ ազատ
Չըլլանք երբեք՝ մենք իրար կախարդելու յաւիտեան...:



Գէորգ Կարապետեան


Սան Ֆրանսիսքօ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝