Յայտարարութիւն

Saturday, November 13, 2010

ՄՈՒՍԱՅԻՍ ԳԷՈՐԳ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Գիտէի որ չէ՛ր կրնար եղած ըլլալ յաւիտեան՝
Այն բաժանումը որմով դուն մեկնեցար հոգիէս.
Գիտէի թէ զիս լքել չէիր կրնար վերջնապէս,
Եւ թէ, կրկին, օր մը ետ պիտի գայիր ա՛նպայման...:

Զի պարմանի օրերէս եղար ընկերն անբաժան
Իմ ցաւերուս եւ սիրոյ ծով վշտերուս անպատում...
Տուիր կեանքիս շունչդ գոլ, եղար սրտիս բալասան,
Օրօրելով ալ յաճախ յորդ երազներն իմ տրտում:

Ճիշտ է որ ես անիրաւ եղայ քու դէմըդ սակայն՝
Հեռանալով ալ քեզմէ, չփնտռելով քեզ բնաւ,
Ու տարուելով կուրաբար անծանօթին ծոցն ունայն...
Ներողութիւն՝ փորձութեան համար որ իմըս եղաւ...:

Եղած լոկ թիւ մը այս մեծ ամբոխին մէջ խուռներամ՝
Ե՛ւ անհոգի, ե՛ւ անոք՝ կեանքս ըրած վազք մը խենդ
Ու խենդացած վազքիս մէջ՝ եղած անցեալս էր տարտամ,
Ուղեկորոյս ու անյոյս՝ ներկաս մթին ու անտենդ...:

Մինչ կը խօսիմ քեզի հետ ես կարօտովն անցեալին,
Մուսա՛ս, բուժուած կը թուի հոգիս իր բորբ վերքերէն.
Մտերիմ շո՜ւնչդ արդէն սիրտս կը վառէ վերըստին՝
Իմ պապերուս ոգիին ճաճանչագեղ կրակէն...:

Իմ արեանս խոխոջին հաւատարիմ ունկնդիր՝
Իմ յուսալիր բառերուս՝ դուն արձագանքը անգիր,
Մուսա՛ս, քեզմով այս գիշեր վերագտած եմ ես զիս՝
Ու քաղցրահունչ տա՛ղն անգին իմ մայրենի՜ բարբառիս...:

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝