Յայտարարութիւն

Tuesday, November 23, 2010

ՄԵՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐԸ


ՍԻՐԵԼԻ ԸՆԹԵՐՑՈՂ,

ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՍՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՎԵՐՋԵՐՍ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆՍ ՉԿԱՐՈՂԱՑԱՒ ԻՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԳՈՀԱՑՆԵԼ «ՌՈԲԷՆԻ ՅՈՒՇԵՐՈՒ» ԹԵՐԹՕՆԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿՄԱՄԲ ՈՉ ԱԼ «ՄԵՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐ»ՈՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄՈՎ : «ՌՈՒԲԷՆԻ ՅՈՒՇԵՐԸ » Կ՜ԸՆԴՕՐԻՆԱԿՈՒԻ ԳԻՐՔԷՆ ՈՒ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԻ, ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ, ՀԱՄԵՄԱՏԱԲԱՐ ԱՒԵԼԻ ԴԻՒՐԻՆ Է ՔԱՆ «ՄԵՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐ»ՈՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄԸ , ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՅՍ ՎԵՐՋԻՆԸ ՈՉ ՄԻԱՅՆ ԳՐԱՇԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ ԱՅԼ ՆԱԵՒ ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆԷ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՎԵՐԱԾԵԼ ՝ Ե՜Ւ ՈՐՊԷՍ ԼԵԶ ՈՒ Ե՜Ւ ՈՐՊԷՍ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆ : ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ ԷՊԷՏՔ :ԵՐԲԵՄՆ ԴԺՈՒԱՐ Կ՜ԸԼԼԱՅ ԶԱՅՆ ԳՏՆԵԼԸ ...
ՈՒՍՏԻ, ՍԻՐԵԼԻ ԸՆԹԵՐՑՈՂ, ՆԵՐՈՂԻ ԵՒ ԳԻՏԱԿԻՑԻ ԱՉՔՈՎ ՆԱՅԷ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆՍ ԹԵՐԱՑՄԱՆ ...

ԳԱԼԻՔ ՄԷԿ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ «ՆՇԱՆԱԿ»ՊԻՏԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ «ՄԵՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐԸ» , ՈՐՄԷ ԵՏՔ ՅՈՒՍՈՎ ԵՆՔ ՈՐ «ՌՈՒԲԷՆԸ» ԿԱՐՈՂԱՑԱԾ Կ՜ԸԼԼԱՆՔ ՄԵՔԵՆԱՇԱՐԵԼ ԱՌ Ի ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄ:

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ , ՍԻՐԵԼԻ ԸՆԹԵՐՑՈՂ , ՑՈՒՑԱԲԵՐԱԾ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆԴ ՀԱՄԱՐ:
«ՆՇԱՆԱԿ»


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
Աքադա-Արամական Պատերազմը
Ք.Ա. XXIV Դար


Աքադական սպառնալիքը

Ք.ա. III հազարամեակին Միջագետք ներթափանցած էին սեմական ցեղերը: Իսկ շումերական Քիշ քաղաքի իշախանութիւնը զաւթած էր սեմական ծագում ունեցող Սարգոն: Այդ ժամանակաշրջանին, Ուրուկի III դինաստիայի արքայ Լուգալզիգեսին ամբողջ Շումերը իր իշխանութեան տակ միաւորած էր: Սարգոն հալածուելով ու փախուստի մատնելով Լուգալզիգեսին` որոշ ժամանակուան մը համար հաստատուած էր աննշան Աքադ քաղաքին մէջ, որ Շումերէն հիւսիս կը գտնուէր: Ան կը վերադասաւորէ իր զօրքը եւ պատերազմ կը յայտարարէ շումերական քաղաքներու դէմ: Սարգոն Ա. Աքադացին (Ք.ա. 2316-2261թթ.), 34 ճակատամարտներով կը նուաճէ Շումերը եւ կեդրոնական Միջագետքը, եւ պատմութեան մէջ կը ստեղծէ յայտնի առաջին բռնապետութիւնը:
Սարգոնի օրերուն, զօրացած Աքադը նուաճումներու հանգրուան մը կը թեւակոխէ ու կը սկսի սպառնալ իր բոլոր դրացիներուն ինչպէս նաեւ Հայկական լեռնաշխարհի պետական կազմաւորումներուն: Սարգոն Աքադացին, իր կառավարման տասնմեկերորդ տարուայ ընթաքին կը նուաճէ Եփրատի արեւմուտք գտնուող երկիրները` «Մարին, Եարմուտին եւ Էբլան»: Ան արշաւած է մինչեւ Մայրիներու եւ Արծաթի լեռները` Հայկական լեռնաշխարհի հարաւային մատոյցները:

Ռազմավարութիւնը

Աքադական սպառանլիքը այնքան լուրջ էր, որ Հայերը ստիպուած դիմեցին համարժէք քայլերու: Հզօր ախոյեանի «ախորժակը» զսպելու համար իրարու քով կը համախմբուին Հայկական լեռնաշխարհի պետական գրեթէ ամբողջ կազմաւորումները, որոնք հաւանական ներխուժման պարագային առաջին թիրախներէն մէկը պիտի դառնային:
Հակառակորդի հետ վճռական գօտեմարտելու համար նպատակայարմար վայրը ու՞ր էր եւ ե՞րբ պիտի ըլլար յարմար առիթը:
Հաւանական էին երկու տարբերակները.

1. Հակառակորդին ներքաշել դէպի լեռնաշխարհի խորքերը եւ անոր պարտադրել լեռնային հիւծիչ պատերազմ:
2. Ներխուժել Աքադի տէրութեան սահմանները եւ հակառակորդի տարածքին մէջ մարտական գործողութիւններ իրականացնել:

Առաջին տարբերակը աւելի ապահով էր, որովհետեւ Աքադի բանակը, որ լեռնային տեղերու մէջ մարտական գործողութիւններ կատարելու եւ յատկապէս լեռնային ամրութիւններ գրաւելու փորձ ու միջոցներ չունէր, չէր ունենար յաղթելու մեծ հնարաւորութիւն:
Երկրորդ տարբերակին իրականացումը կապուած էր քանի մը դժուարութիւններու հետ, որոնցմէ ամենամեծը հակառակորդի տարածքին մէջ (հիմնականին մէջ հարթաւայրային դաշտեր ունեցող Միջագետքի մէջ) մարտական գործողութիւններ կատարելու անսովոր ըլլալն էր: Սակայն այս տարբերակի իրականացման պարագային Արմանի զօրքերուն ինքնաբերաբաեր պիտի օժանդակէին նուաճուած տարածքներու բնակչութեան տրամադրութիւնները, որոնք աքադական իշխանութիւններէն դժգոհ ըլլալով` լեռնցիներուն պիտի ընդունէին որպէս իրենց ազատարարներուն: Հիմնական այս նկատառումներով է, որ պիտի առաջնորդուէին տարածաշրջանի գերտէրութեան դէմ պայքարող Արման երկրի եւ անոր շուրջ համաբխմուած ցեղապետութիւններու զօրքը: (Աքադական աղբիւրներու մէջ երկրին անունը յիշաուած է «Արմանում» տարբերակով: Տեղանուան վերջին «ում» մասնիկը աքադերէնի ուղղական հոլովի վերջաւորութիւնն է: Բուն երկրանունն է «Արման», որ խեթական բնագրերու մէջ կը յիշատակուի «Արմանի» տարբերակով. ասոնք Հայաստանի «Արմենիա» անուան հնագոյն յիշատակութիւններէն մէկն է):

Շար. 1

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝