Յայտարարութիւն

Saturday, November 27, 2010

ՄԵՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐԸ

Մետաղագործութիւնը, Մարտակառքերն ու Ռազմական
Գործը Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ
Ք.Ա. II Հազարամեակին

Ըստ Միջագետքի, արեւելամիջերկրածովեան, եգիպտական եւ փոքրասիական սկզբնաղբիւրներու մետաղագորխութեան հայրենիք` Հայկական լեռնաշխարհը, Ք.ա. III հազարամեակէն սկսեալ Մեծամորի եւ այլ կեդրոններու մետաղագործական արտադրութեամբ միջազգաին առեւտուրին կը մասնակցէր:
Ք.ա. XX-XVIII դարերու ընթացքին Առաջաւոր Ասիոյ հիւսիսը կը գործէր մետաղի առեւտուրի երկար ճանապարհը որ կը գտնուէր Փոքր Ասիոյ Քանեշ քաղաքէն (Կեսարիայէն մօտաւորապէս 20 քմ. հիւսիս-արեւելք) Աշուր քաղաքի ուղղութեամբ մօտաւորապէս 1000 քմ երկարութեամբ: Ասոր մասին կը տեղեկանանք Քանեշէն յայտնաբերուած բազմահազար ասուրագիր կաւէ սալիկներէն:

Տեղեկանք. Ք. ա. XX-XVII դդ. Քանեշի եւ Քանեշ-Աշուր ճանապարհին հետ հաղորդագցութեան մէջ եղած են Հայկական լեռնաշխարհի արեւմտեան եւ հարաւային, շուրջ քառասուն, կեդրոններ: Այդ կեդրոններէն կարելի է յիշել Աբարնա, Դեգիշանա (դեգիք), էլուխութ, Թեգարամա (Թորգարմա, Թորգոմա տուն), Թուգրիշ (Տուգրիշ), Խախում, Ծուփանա (Ծոփք), Նիհիրիա, Շամուխա, Շուբարի (Արման-Սուբուր) եւ այլն:

Քանեշի առեւտրական բնագիրներու մէջ յիշատակուած են բազմատեսակ մետաղներ ինչպէս րօնակ ոսկի, արծաթ, պղինձ, անագ. ասոնց շարքին յիշուածէ նաեւ երկաթ:
Նշենք, որ ձուլման եղանակով հանքաքարերէն երկաթ ստանալու պատմութեան մէջ գրաւոր առաջին յիշատակութիւնն է:
Այս առումով ուշագրաւ է անգլիացի ականաւոր հնագէտ Գորդոն Չայլդի վաղդինաստիական Միջագետքի մետաղագործութեան մասին ուսումնասիրութիւններէն ստացած եզրակացութիւը, որ ըստ անոր հանքաքարէն երկաթ ստանալու գիւտը Հայաստանի բնիկները կատարած են ինչպէս նաեւ զայն մինչեւ Ք.ա. II հազարամեակի վերջը գաղտնի պահած են:

Պատմական տեղեկանք. «Երբեմն կը հանդիպինք երկաթեայ իրերու: Պարզուած է, որ Ուրի արքայական դամբարաններէն գտնուած մետաղեայ իրերէն մէկը պատրաստուած էր երկնաքարային (մետիորիտային) երկաթէն: Բայց Խաֆաջէէն (հնավայր Տիգրիս գետի միջին հոսանքին-հեղ.) գտնուած դաշոյնի շեղբը պատրաստուած է բնական հանքաքարերէն ստացած մետաղով: Այդ դաշոյնը պատրաստուած եւ բերուած է Հայաստանէն, ուր ըստ աւելի ուշ իրադարձութիւններու... յայտնաբերուած են երկաթի ձուլման տնտեսական մեթոդներ, որոնք սակայն մինչեւ II հազարամեակի վերջը գատնի պահած են»:

Ասիկա կը փաստուի նաեւ Քանեշի բնագիրներու տուեալներով: Վերջիններուս համաձայն` ասուրացի առեւտրականներ կը փորձէին մաքսանենգութեամբ Հայկական լեռնաշխարհէն դուրս բերել ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող մետաղներ (յատկապէս` երկաթ), որ սակայն լեռնաշխարհի իշխանութիւնները արգիլած էին: Ասպիսի փորձ ընող ասուրացի առեւտրականները բացայատուած ու մահապատիժի ենթարկուած են լեռնաշխարհի սահմաներուն վրայ գտնուող հսկիչ կետերուն մէջ: Ի դէպ, ասոնք մաքսանենգութեան եւ մաքսանենգներուն պատժելու, համշխարհային պատմութեան մէջ, արձանագրուած առաջին դէպքերն են...
Մեզմէ մօտաւորապէս չորս հազար տարի առաջ հայկական պետական կազմաւորումներու մէջ յստակօրէն կը գիտակցուէր ռազմավարական հումքի նշանակութիւնը, իսկ ազգային-պետական գաղտնիք համրուող երկաթի գիւտը, որ ունէր համաշխարահային նշանակութիւն, դուրսի աշխարհի համար անմատչելի պահուած է քանի մը հարիւրամեակ:
Մետաղագործութեան զարգացումը զինագործութեան (հետեւաբար` ռազմարուեստի զարգացման) կարեւոր նախապայմաններէն մէկն էր, այդ ժամանակաշրջանի համար, թերեւս կարեւորագոյնը` ձիերու եւ մարտակառքերու կիրառման հետ միասին: Ձիերու մասին գրաւոր աղբիւրներուն մէջ որպէս առաջին յիշատակութիւնը, կը վերաբերի Հայկական լեռնաշխարհին յայտնի հնագոյն պետութեան` Արատտա երկրին (Ք.ա. XXVIII-XXVII դդ.):
Հնագիտական պեղումներէն յայտնաբերուած ոսկրաբանական նիւթը ցոյց տուած է, որ ձիերու սանձումը Հայկական լեռնաշխարհին մէջ կատարուած է դեռեւս Ք.ա. IV հազարամեակի վերջաւորութեան:
Յատկանշական է, որ Միջագետքի մէջ գտնուած գրաւոր աղբիւրներու մէջ, մարտակառքին լծուած ձիու համար յատուկ ձեւը ըստ իրենց ձգած արձանագրութիւններուն առաջին անգամ օգտագործուած է կուտիական տիրակալներուն կողմէ, որոնց հայրենիքը, ինչպէս նշուած է, Մեծ Հայքի Կորդուած աշխարհի տարածքն է:
Այսպիսով` մետաղագործութեան զարգացմաման եւ ձիերու լծուած մարտակառքերու մուտքով հայ զինագործ վարպետները համշխարհային ռազմարուեստի մէջ իրականացուցած են առաջին հեղաշրջումը (Ընդունած է համարել, որ համշխարհային ռազմարուեստն ապրած է երեք յեղաշրջումներու դարաշրջան, որոնք էապէս փոխած են մարտադաշտի մէջ իրականցուող գործողութիւններու բնոյթը: Ատոնք են. 1. Ձիուն մարտադաշտ բերելը եւ ժամանակագրականօրէն անոր համընկնող երկաթի զինատեսակներու կիռարման սկիզբը (Ք.ա. II հազարամեակ), 2. Վառոդի գիւտը եւ մարտադաշտի մէջ հրազէնի (մանաւանդ հրետանիի) կիռարումը (XIII դարէն սկսած), որոնք որակապէս կը փոխեն հակառակորդի կենդանի ուժի խոցման մասին ընդունուած պատկերացումները, 3. Միջուկային եւ զանգուածային ոչնչացման այլ զէնքերու ստեղծումը (XX դար). քաղաքակիրթ մարդկութիւնը կանգնեցուց այդ նոր սերունդի զէնքերը իրենց աւերող յատկութիւններու գիտակցութեան անհրաժեշտութեան առջեւ): Թերեւս, նաեւ ատորմով էր պայմնաւորուած ռազմական գործի բնագաւառի մէջ տեղի ունեցած այն «պայթիւնը», որ սկիզբնաւորեց Հայկական լեռնաշխարհէն Ք.ա. XVIII դ. երկրորդ կիսուն երեք ուղղութիւններով:

































Հայկազունները` Հակաբաբելոնական
Դաշինքի Առաջամարտիկ

Իմ Թշնամիիս Թշնամին Իմ դաշնակիցս է

Ք.ա. XIX դ. վերջին եւ XVIII դ. սկիզբը Միջագետքի հիւսիսային շրջաններուն մէջ կը հզօրանար Հին Ասորեստանի մայրաքաղաք Աշուրը, իր ազդեցութեան ենթարկելով շրջակայ շարք մը տարածքներ (Զագրոսէն մինչեւ Սուրիոյ կեդրոնական շրջանները): Աշուրի արքայ Շամշի-Ադադ Ա. թագաւոր նուաճելով հասած էր Հայկական լեռնաշխարհի Տուգրիշ երկիրը` Վանա եւ Ուրմիոյ լիճերու միջնատարածքի հարաւը. Սակայն ան չէր փորձած արշաւել լեռնաշխարհի այնպիսի յայտնի իշխանութիւններու վրայ, ինչպիսիք էին Սուբուր-Արմանն ու Կուտիումը:

Դաշինքի վերականգնումը

Հիւսիսային Միջագետքի տիրակալին դէպի Հայկական լեռնաշխարհ չարշաւելը պատահականութեան արդիւնք չէր:
Հայկական լեռնաշխարհը նուաճողական ոտնձգութիւններէն պաշտպանելու նպատակով միասնական ճակատ կազմելու եւ ռազմավարական առումով կարեւոր հարցերը համատեղ ուժերով լուծելու համար ռազմական հզօր դաշինք մը ձեւաւորուած էր` հաւանաբար Սուբարտուի եւ Կուտիումի գլխաւորութեամբ: Հին աշխարհի համար բաւական անսովոր էր, որ այդպիսի դաշինք մը երկար ժամանակ գործած եւ վերածուած էր ամբողջ լեռնաշխարհն ու հարեւան երկիրները օտարներու ոտնձգութիւններէն պաշտպանող ամուր կառոյցի մը:

Տեղեկանք. Յատկանշական է, որ դաշինքին մէջ դերերը բաշխուած էին խիստ որոշակի սկզբունքներով: Հայկական եւ ազգակից հնդեւրոպական պետական կազմաւորումներու միջեւ դաշնակցային պարտականութիւններու բաշխման ժամանակ առանձին դժուարութիւններ չեն ծագիր: Հետեւաբար, դաշինքը ոչ թէ պատահականօրէն ձեւաւորուած եւ ժամանակաւոր բնոյթ ունեցած է, այլ երկար ժամանակ գործող ռազմավարական համակարգ մը եղած է: Անոր մէջ առանձին ուղղումներ կատարուած են միայն «հերթական» հարեւան պետութեան հզօրացման եւ նոր ուղղութիւն է մը սպառնացող վտանգը դիմակայելու դժուարութիւններուն պարագային:

Շամշի-Ադադ Ա-ի մահէն ետք Աշուրի տէրութիւնը անկում կ’ապրի իսկ Միջագետքի մէջ գերիշխանութեան կը հասնի Հինբաբելոնեան թագաւորութեան ամենայայտնի արքայ Համմուրապին (Ք.ա. 1792-1750 թթ.), որ ընդարձակելով տէրութեան սահմանները, իր իշխանութեան տակ կը միաւորէ ամբողջ Միջագետքը: Անոր արշաւանքներու մասին պատմող արձանագրութիւններուն մէջ ակնարկներ կան վերոյիշեալ ռազմական դաշինքի զինուած ուժերու գործողութիւններուն մասին:

«30-րդ տարուան» արշաւանքը

Համմուրապիի մասին մեզի հասած սկզբնաղբիւրներու մէջ Հայկական լեռնաշխարհի պետական կազմաւորումներու մասին բազմաթիւ յիշատակումներ կան: Յատկանշական է, որ անոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմեն ռազմական գործողութիւններու մասին արձանագրութիւնները: Մանաւորապէս, անոր իշխանութեան 30-րդ տարուայ ժամանակ Էլամի դէմ արշաւանքի ընթացքին, որպէս վերջինիս դաշնակիցներ, Համմուրապիի դէմ պատերազմած են Հայոց աշխարհի Սուբարտու (Սուբուր Արմանի, հետաքրքրական է, որ Էլամի մէջ գտնուած ար-ձանագրութիւնները կը յիշատակեն «սուբարեցիներու ջրանցքը», բան մը որ կրնայ կապ ունենալ Համմուրապիի 30-րդ տարուան յիշատակող Էլամի դաշնակից Արման (Սունարտու)-ի տարածքին հետ) եւ Կոտի երկարամասերուն զօրքերը: Ասիկա կը վկայէ հայաստանեան երկու պետութիւններուն ունեցած միջազգային դերակատարման մասին:

Պատերազմը

Հակամարտութիւնը արագօրէն լարուած ու անզիջում բնոյթ կը ստանայ ընդգրկելով տարածաշրջանին շատ թէ քիչ կարեւոր դերակատարում ունեցող բոլոր ուժերը: Բաբելոնի դէմ գործող լեռնցիներու դաշինքի հզօրութիւնը կը վկայէ տարածաշրջանի գերտէրութեան դէմ պայքարի ընթացքին դաշինքի զօրքերուն շուրջ մէկ տասնամեակ արժանի դիմադրութիւն ցուցաբերելը: Մասնաւորապէս, դաշինքի գլխաւոր երկիրները կը յիշատակուին նաեւ Համմուրապիի գահակալութեան 32-րդ, 33-րդ եւ 37-րդ տարիներու իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ:
39-րդ տարուայ ընթացքին, որպէս արշաւանքներու ամփոփում, կը նշուի, որ Համմուրապին յաղթած է իր բոլոր թշնամիներուն մինչեւ Սուբարտու երկիր (Սուբարեցիները կը յիշատակուին այդ ժամանակաշրջանի բազմաթիւ այլ նամակներու եւ փաստաթուղթերու մէջ), ասիկա կը նշանակէ, որ Արմանը մնացած է աննվաճ:
Արման երկրի հզօրութեան մասին կը վկայէ նաեւ այն փաստը, որ Համմուրապին շարունակ կը յորդորէ Եփրատի միջին հոսանքին վրայ գտնուող Մարիի արքայ Զիմրիլիմի որ երթայ Արման եւ անոր արքաներուն գրաւէ դապի իր կողմը. այս ծրագիրին իրականացումը սակայն հնարաւոր չէ եղած: Հայկական պետական կազմաւորումները ամբողջութեամբ անկախ ռազմական քաղաքականութիւն կը վարէին:
Հետաքրքրական է, որ աւելի ուշ Զմիրիլիմը Համմուրապիին գրած նամակին մէջ կը դժգոհի, որ դէպի հիւսիս արշաւելու համար ան իրեն օգնութիւն ուղարկած է ընդամէնը երեք հազարանոց զօրք մը:
Հայոց ռազմարուեստի ակունքներուն բացայայտման համար կարեւոր դիտարկում մըն է օգնական զօրքի «ընդամէնը» երեք հազարանոց ըլլալու մասին տեղեկութիւնը: Յայտնի է, որ Ք.ա. II հազարամեակի առաջին կիսուն այս քանակի զօրքերն այնքան մեծաթիւ կը համարուէին, որ կրնային ինքնուրոյն աշաւանքներ իրականացնել: Հետեւաբար եթէ այս արաշաւանքի ընթացքին այդ հսկայական ուժը ընդամէնը օժանդակ զօրամասի դեր կատարած է, ապա պէտք է կարծել, որ որքան ալ փոքր եղած ըլլան գլխաւոր ուժերը, անոնք իրենց ժամանակի համար բաւականին մեծաթիւ եղած էին:
Ակնյայտ է, որ հակառակորդին մեծաթիւ բանակը դիմակայելու համար դաշինքը եւս մեծաթիւ մարտունակ ուժեր ունէր:

Եզրակացութիւն

Ք.ա. XVIII դ. առաջին կիսուն հայկական լեռնաշխարհի Հայկազուններուն գլխաւորած պետական կազմաւորումները այնպիսի հզօր ուժ էին, որ ի վիճակի էին տարածաշրջանի գերտէրութեան դէմ պայքար վարել երրորդ երկրի մը տարածքենրուն մէջ: Պատերազմի` այս հանգրուանի, գլխաւոր արդիւնքը բաբելոնի յառաջխաղացման կանխումը եղած է եւ հակամարտութեան տեղափոխումը Իրանական բարձրավանդակի արեւմուտք, այս քայլով կը բացառուէր հայկական լեռնաշխարհի բնակավայրերուն աւերումը:
Ք.ա. XVIII դ. ռազմարուեստի մէջ կը կիռարուի ռազմավարական նախադաշտի գաղափարը, որ բացառիկ երեւոյթ էր ոչ միայն Հին աշխարհին մէջ, այլեւ միջին դարերու ընթացքին:
Պատահական չէ, որ արդէն իսկ այդ դարի երկրորդ կիսուն հայկական լեռնաշխարհէն տեղի կ’ունենան երեք ուղութիւններով աշրաւանքներ (քասեցիները` Բաբելոն, հիքսոսները` Եգիպտոս, արիացիները` Հնդկաստան): Այս աշրաւանքները կը պսակուին ռազմական բացառիկ յաջողութիւններով: Ասոնց մէջ կարեւոր դեր կատարած են Հայկական Լեռնաշխարհին մետաղագործութեան զարգացումը ու ձիերուն լծուած մարտակառքերու կիրառումը:




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝