Յայտարարութիւն

Saturday, November 20, 2010

Անկիւնադարձի մը առջեւ

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ
Անկիւնադարձի մը առջեւ
Ա.
Անցնող վերջին մի քանի ամիսներուն տեղի ունեցող իրադարձութիւնները մեր գաղութէն ներս մեզ պէտք է մղեն անդրադառնալու թէ հասած ենք մեր հաւաքական կեանքի մէկ անկիւնադարձին, ուր պարտաւոր ենք պահ մը կանգ առնելու եւ յստակ կողմնորոշուելու թէ ի՞նչ ըրինք, ի՞նչ կ'ընենք ու ի՞նչ պիտի ընենք, ո՞ւր էինք, ո՞ւր ենք եւ ո՞ւր կ'երթանք, բայց մանաւանդ ի՞նչ կ՚ուզէինք, ի՞նչ կ՚ուզենք եւ ի՞նչ պիտի ուզենք...

Որպէսզի տեսութիւններու ոլորտին մէջ չմնանք ու երազատեսութեան ալ չմատնուինք, պիտի մեկնիմ մի քանի նախաձեռնութիւններէ, որոնց ականատեսը, ականջալուրը կամ մասնակիցը դարձանք այս վերջին շրջանին:

Սկսիմ թատերական կեանքէն:

Տեսայ ու վայելեցի, ըմբոշխնեցի՛ Նարինէ Մալեանի կողմէ բեմադրուած եւ Աղասի Այվազեանի չորս պատմուածքներու վրայ հիմնուած »Ցեղի բնաբանութիւն« թատերախաղը, շնորհիւ ՀԲԸՄ-ի կազմակերպած ձեռնարկին:

Վերջերս մահացած Այվազեան հայրենաբնակ երէց լաւագոյն գրողներէն մէկն էր, միաժամանակ թատերագիր եւ նկարիչ: Իր գործերը միշտ ունին խորունկ բովանդակութիւն: Մեզի ներկայացուածը զաւեշտանման էր, բայց
ողբերգութի'ւն էր: Ներկաները սակայն, կ՚ենթադրեմ, որ մեծ մասամբ զաւեշտը տեսան ու կուռ ու կուշտ խնդացին, յաճախ խօսուածէն աւելի խաղարկութեան վրայ, չափազանցեալ շարժուձեւերուն վրայ, ու անհաղորդ մնացին բուն պատգամին, որ հանճարեղ հեղինակը կը փորձէր փոխանցել:

Ասիկա հարցումներ կը յառաջացնէ մտքիս մէջ:

Ի՞նչն էր, որ արգելք հանդիսացաւ ամբողջական հաղորդակցութեան: Լեզո՞ւն, որ ոչ միայն արեւելահայերէն էր, այլեւ բարբառախառն: Ուղղակի եւ անուղղակի յղումնե՞րը մեր պատմութեան ու հայրենիքի իրականութեան,
յատկապէս Եղեռնէն ետք Հայաստան ապաստանած մեր մնացորդին վերաբերեալ:

Թատերասէր հասարակութիւնը, ընդհանրապէս միջին տարիքէն վեր ու երէց սերունդին պատկանող, տակաւին քիչ թէ շատ կրնար բան մը հասկնալ թերեւս, բռնելով իր գիտցած բառերը: Նոր սերունդը, սակայն, առանց
տարակուսանքի կրնամ ըսել, որ շատ բան պիտի չհասկնար եթէ... ներկայ ըլլար:

Յաջորդ հարցումը՝ այս ընթացքով որքա՞ն կրնանք դիմանալ, գոյատեւել Սփիւռքի մէջ եթէ չկարենանք հիմնական փոփոխութիւններ մտցնել մեր կեանքին, մեր մտայնութիւններուն, մեր աշխատանքներուն մէջ: Ու մանաւանդ
մեր կրթական համակարգին մէջ:

Սակայն, շարունակեմ օրինակներու թուումը:

Համազգայինի Սանահին մասնաճիւղի հայագիտական յանձնախումբը, կազմուած առաւելաբար գաղութիս մտաւորական ուժերէն, թատերական վերոնշեալ նոյն այդ շաբաթավերջին, շաբաթ եւ կիրակի օրերը, ցերեկին
կազմակերպած էր հայագիտական լսարան մը, փոխան արդէն աւանդութիւն դարձած հնգօրեայ տարեկան դասընթացքին: Նիւթը՝ Հայ կինը Զարթօնքէն Եղեռն, որ կ՚արծարծէր հայ կանացիական շարժումները առաւելաբար այնպէս ինչպէս կը դրսեւորուէին հայ կին գրողներու գործերուն ընդմէջէն: Չորս դասախօսներէն երեքը մոնթրէալաբնակ մտաւորականներ էին, չորրորդը՝ Նիւ Եորքէն հրաւիրուած երիտասարդ ոյժ մը: Քանի որ առանձին թղթակցութեամբ պիտի անդրադարձուի այս նախաձեռնութեան, այստեղ կ՚ուզեմ խօսիլ յատկանշական երկու երեւոյթներու մասին միայն, որոնք նոյնպէս հիմքը կը կազմեն այս մտորումներուն:

Առաջինը Նանոր Գպրանեան երեւոյթն էր, Նանորը՝ մեր չորրորդ դասախօսը: Այժմ արդէն Գոլումպիա համալսարանի հայագիտական ամբիոնի վարիչ, ան, թէեւ հայկական վարժարան յաճախած, առաւելաբար
ինքնաշխատութեամբ կարողացած է տիրանալ հարուստ ու գրեթէ կատարեալ հայերէնի մը ու խորանալ մեր գրականութեան ամենէն բարդ մշակներէն Յակոբ Օշականի գործին մէջ:

Կ՚ընդգծեմ այս մէկը անցնելու համար երկրորդ երեւոյթին, որ բնական շարունակութիւնը կը հանդիսանայ այս առաջինին. այն, որ մեր Սփիւռքի վարժարանները, յատկապէս Միջին արեւելքէն դուրս, բայց նաեւ այնտեղ, նման մակարդակի շրջանաւարտներ չեն արտադրեր, ու տաղանդաւորը, հետաքրքրուողը աւելիին հասնելու համար անպայման ստիպուած է անձնական ճիգ ընել: Փաստը՝ Սփիւռքի լաւագոյն վարժարաններէն մէկը նկատուող Մոնթրէալի Ս. Յակոբի շրջանաւարտներէն մէկը միայն ներկայ էր լսարանին, ան ալ մեծ դժուարութիւն ունեցաւ հետեւելու այնտեղ գործածուած լեզուով կատարուող ներկայացումներուն:

Ինքնաբերաբար հարց կը ծագի մեր մտքերուն մէջ, թէ եթէ նման լսարան մը անմատչելի է մեր նոր սերունդին, ապա 20-25 տարի ետք վե՞րջ պիտի գտնեն նման նախաձեռնութիւնները - »պատերազմը վերջ գտաւ կռուողներու պակասին պատճառաւ«, թէ ոչ հայերէնը պիտի փոխարինուի այլ լեզուուվ մը: Եւ ի՞նչ ընել նման ճակատագրի չենթարկուելու համար:

Նոյնն է պարագան մեր բոլոր նախաձեռնութիւններուն, թերթերէն մինչեւ մեր ժողովական կեանքը, դասախօսութիւնները եւ մասամբ նորին:

Անշուշտ միշտ կրնան գաղթողներու նոր հոսանքներ գալ, ու ժամանակ մը եւս հայերէն խօսող-գրող-հասկցողներ ըլլան, սակայն ատիկա չի փոխեր միւս իրողութիւնը:

Այս մասին կը մտածուի՞:

Սակայն շարունակենք այս մտորումները՝ անդրադառնալով մեր դպրոցներու հոլովոյթին:

Բ.

Անկիւնադարձը, որուն կ'ակնարկեմ, յատկապէս կը վերաբերի մեր կրթական կեանքին, որ գաղութիս երեք ամենօրեայ վարժարաններու առկայութեան՝ մասնաւոր կերպով քննարկման չէ ենթարկուած երկար ժամանակէ ի վեր:

Մեր երեք կրթարանները՝ ՀԲԸՄ-ի Արմէն-Քեպէգ Ալեք Մանուկեան վարժարանը, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանը եւ Նարեկ վարժարանը ահա կը գործեն 30-40 տարիէ ի վեր՝ այսօր գրեթէ 1500 աշակերտներով, առաջինը բարձրագոյն նախակրթարանի, միւս երկուքը՝ երկրորդականի մակարդակով, վերջինը ա'յս տարեշրջանին ամբողջացնելով իր աւարտական կարգը:

Քեպէգի կրթական նախարարութեան ուսումնական նոր յայտագիրներուն հետեւանքով այս կրթարանները իրենց հայերէնով դասաւանդուող նիւթերու դասապահերը ստիպուած եղան կրճատել, եթէ արդէն իսկ ի սկզբանէ չէին սահմանափակած զանոնք:

Յատկապէս Սուրբ Յակոբին պարագային ասիկա պարտադիր կը դարձնէ նոր միջոցներու որոնումը՝ պահել կարենալու համար վարժարանին ունեցած հայերէնի մակարդակը:

Ի՞նչ տեսակ միջոցներու մասին կարելի է մտածել:

Ա.- Դպրոցական օրուան երկարաձգումը, թերեւս օրական կէս ժամով, սկսելով օրը քառորդ ժամ կանուխ եւ աւարտելով քառորդ ժամ ուշ: Ասիկա շաբաթական 2.5 ժամուան յաւելում մը կու տայ:

Բ.- Աւելցնելով արտադպրոցական աշխատանքները, գործակցելով մեր ուղեկից կազմակերպութիւններուն՝ ՀՄԸՄ-ին, Համազգայինին, ՀՕՄ-ին ու Պատանեկանին հետ՝ այդ աշխատանքները միասնաբար կազմակերպելու եւ համադրելու համար:

Գ.- Յատուկ քաջալերանք ընծայելով հայերէնի ու հայոց պատմութեան, կրօնի ու մշակոյթի դասերուն մէջ ինքնաշխատութեան ճիգերուն, այսինքն անոնց, որոնք տրուած դասերէն անդին, անձնական նախաձեռնութեամբ կ՚ուզեն աւելին սորվիլ, յաւելեալ ջանք թափել գիրք կարդալով, պրպտումներ
ընելով:

Կարելի է այլ միջոցներու մասին ալ մտածել:
Սակայն կայ նաեւ անկիւնադարձային ուրիշ իրողութիւն մը, որ կարելի չէ անտեսել: Այդ՝ հետզհետէ աճող թիւն է օտար ամուսնութիւններուն, եւ այդ ամուսնութիւններէն ծնած երեխաներուն, որոնք բարեբախտաբար կը յաճախեն մեր վարժարանները:

Այդ խառն ընտանիքներուն մէջ - եւ արդէն ոչ-խառն ընտանիքներուն ալ պարագային շատ յաճախ - ծնողները հայերէնի բաւական հմտութիւն չունին՝ իրենց զաւակներուն դասերուն օգնելու համար: Ի՞նչ ընել, համակերպի՞լ,
նուազեցնե՞լ տան պարտականութիւնները, ա՛լ աւելի իջեցնելով հայերէնի մակարդակը, թէ ոչ այս խնդրին լուծման համար եւս միջոցներ որոնել:

Բայց ի՞նչ տեսակ միջոցներու կրնանք դիմել: Քիչ մը երեւակայութիւն կը բաւէ յարմար լուծումներ գտնելու համար:
Ա. Դպրոցական օրուընէ ետք հաստատել սերտողութեան պահ, բոլորին համար պարտադիր, երեք քառորդ ժամ մը եւս երկարաձգելով օրը, առիթ տալով, որ աշակերտները աշխատին իրարու հետ կամ օգտուին յատուկ
դաստիարակներու աջակցութենէն, ու կատարեն իրենց հայերէնի պարտականութիւնները, գէթ փորձեն հասկնալ ինչ որ դասի պահուն չէին կրցած ըմբռնել:

Բ. Հայերէնի յստակ դասեր հաստատել ծնողներուն համար, որոնք այդ դասերուն պիտի սկսին հետեւիլ իրենց ամուսնութիւնէն առաջ իսկ, պատրաստուելով հայկական վարժարանի աշակերտի ծնողք ըլլալու
իրավիճակին:

Գ. Պահեր ստեղծել ակումբին մէջ, կամ դպրոցին, որ ծնողք ու զաւակ միասին մասնակից ըլլան աշխատանոցներու, ուր խաղերու ճամբով հարստացնեն իրենց բառապաշարը, սորվին շիտակ ու մաքուր խօսիլ:
Դեռ կարելի է շատ ուրիշ միջոցներու մասին մտածել:

Կարեւորը՝ այս բոլորին կարեւորութեան գիտակցիլն է:

Կան նաեւ ա'յլ մտահոգութիւններ:

Պետութեան կողմէ մեր վարժարաններուն կը պարտադրուի նաեւ, որ ասկէ ետք հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչները եւս ունենան մանկավարժական վկայական:

Այս պարտադրանքը, որ անկասկած նպաստաւոր է մեր վարժարաններու զարգացման համար - ինչ աւե՛ր կրնայ գործել մանկավարժութիւն չգիտցող ուսուցիչը, եւ սա կամ նա սխալ արարքով՝ աշակերտին անհաճոյ, նոյնիսկ
ատելի դարձնել իր դասաւանդած նիւթը, այս պարագային՝ հայերէնն ու հայոց պատմութիւնը, օրինակի համար - մեր կրթարանները սակայն կը դնէ դժուարութեան առջեւ: Մեր վաստակաւոր ուսուցիչները, որոնք
ընդհանրապէս Միջին արեւելքէն եկած են, ու հոն՝ մեր ազգային վարժարաններուն կամ բարձրագոյն հաստատութիւններուն մէջ տիրացած իրենց հայերէնագիտութեան, նոյնիսկ համալսարանական կրթութիւն ունենալու պարագային մանկավարժութեան հետեւած կրնան չըլլալ, եւ եթէ այստեղ ալ չեն ամբողջացուցած իրենց ուսման այդ բաժինը, ստիպուած են ձեռք ձգել այդ մասնագիտութիւնը, կամ հրաժարիլ իրենց պաշտօնէն:

Միւս կողմէ, այստեղ մանկավարժութիւն ուսանած երիտասարդները, նոյնիսկ եթէ մեր վարժարաններէն շրջանաւարտ եղած են, չունին հայերէնի այն հմտութիւնը, որ արտօնէ իրենց դասաւանդել մեր լեզուով, մանաւանդ բարձրագոյն կարգերուն մէջ:

Այս հարցերը, որոնք շատոնց լուծուած պէտք էին ըլլալ, այսինքն՝ մեր վարժարանները բացուելէն ի վեր իսկ, այժմ շատ աւելի հրատապ կերպով պատշաճ լուծումներու կը կարօտին: Այդ մասին յաճախ գրուած է այս սիւնակին մէջ: Հայերէնի բարձրագոյն հիմնարկի մը յառաջացումը կրնայ նման լուծում մը ըլլալ, պայմանաւ որ պատասխանատու մարմինները անյապաղ անցնին գործի:

Այս անկիւնադարձը նաեւ լաւագոյն առիթն է համագաղութային, առումով, այսինքն բոլոր ուսումնական հաստատութիւններու մասնակցութեամբ վերանայելու մեր կրթական համակարգը, իր բոլոր բաղադրիչներով՝ մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդական, շաբաթօրեայ, կիրակնօրեայ, ամառնային ճամբար եւ մասամբ նորին: Այս գործակցութիւնն ալ այլեւս կը դառնայ անյետաձգելի։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2010-10-04, -11 )1631-1632(

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝