Յայտարարութիւն

Monday, November 29, 2010

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ - Վրէժ Արմէն

Մոնթրէալի «Հորիզոն» թերթէն արտատպուած այս յօդուածով ազգային հարցերու անմրցելի վերլուծող Վրէժ Արմէն ճիշդ,տեղին,«short and sweet», բնորոշած է հայ կրթական մարզէն ներս (սփիւռքահայ վարժարաններու մէջ )պատասխանատուութիւն վերցուցած անձանց պարտականութիւնները :Թերեւս առաջին ակնարկով Շրջանաւարտներու մասին յօդուածագրի ակնարկութիւնը հպանցիկի տպաւորութիւն կը թողու յ:Սակայն իր զուսպ ,միեւնոյն ատեն պարտաւորեցնող բառերով , ան մեծ պարտականութիւն կը դնէ շրջանաւարտներու ուսերուն: Կը մէջբերենք հետեւեալ երկու տողերը «Շրջանաւարտներէն կ՛ակնկալուի բոլորուած մնալ զիրենք դաստիարակած հաստատութիւններուն եւ համայնքին շուրջ ու հետզհետէ ստանձնել անոնց կարիքներուն հասնելու, անոնց տէր կանգնելու պարտականութիւնը։»
Պահ մը լրջօրէն մտածեցէք «բոլորուած մնալ,ստանձնել,կարիքներուն հասնիլ ,տէր կանգնիլ» արտայայտութեանց իմաստներու խորութեան մասին եւ պիտի տեսնէք թէ ինչքան կարեւոր է շրջանաւարտներու խաղացած դերը:Պէտք չէ անշուշտ աննկատ անցնիլ միօրեայ վարժարաններու շրջանաւարտներու խաղալիք դերէն: Վրէժ Արմէն անուղղակիօրէն պատկան մարմիններուն պարտականութիւնը կը համարէ շրջանաւարտները դպրոցին մօտիկ պահելը: Հետեւաբար , երբ պատկան մարմիններ կը նշանակուին գերագոյն մարմիններու կողմէ հրամայական է որ անոնք իրենց ստորադաս մարմիններուն ուղեգիծ չներկայացուցած լայն մտածեն ներկայացուելիքին մասին եւ զանց չընեն կարեւոր հանգամանքներ:Լրջութիւն ու կարգապահութիւն՝ասոնք ալ կը սպասուին գերագոյն մարմիններէն...

«Նշանակ»

«»««»«»«»«»««»««»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»


Իրապէս ի՞նչ կը սպասենք մեր կրթական յարկերէն, անոնց ուսուցիչներէն ու տնօրէններէն ու մանաւանդ այդ յարկերու պատասխանատու մարմիններէն, վերջապէս՝ ծնողներէն։ Ի՞նչ կը սպասենք իբր հաւաքականութիւն, իբր այդ հաւաքականութեան գոյատեւման ու զարգացման մտահոգ ազգայիններ։ Չէ՞ որ մեր բոլորին նիւթական ու բարոյական զոհողութիւններով է, որ կը պահուին մեր կրթարանները։

Կ՛ակնկալենք, որ վարժարանները կատարեն իրենց առաքելութիւնը, որ համառօտ՝ կը կայանայ երկու բառի մէջ – հայակերտում եւ մարդակերտում։ Կարեւոր չէ որը միւսէն առաջ կը կարդանք, երկուքն ալ հաւասար իրաւունքով կը դրուին, իրարմէ անբաժան ու զիրար ամբողջացնող։ Այսինքն կ՛ակնկալենք որ մեր վարժարաններէն շրջանաւարտները մտնեն հաւաքականութեան մէջ իբր գիտակից ու յանձնառու մարդ արարածներ, պատրաստ վերցնելու իրենց առջեւ դրուած մարտահրաւէրները թէ իբր հայ մարդ, թէ իբր սոյն երկրի քաղաքացի, արժանաւորապէս ապրելով այդ երկուութիւնը, զայն իբր առաւելութիւն ու հարստացում ընկալելով. տակաւին՝ երկու պարագաներուն ալ մա՛րդ կոչուելու արժանի բարձրութեամբ: Կարենան իրենց կարողութիւններուն լաւագոյն դրսեւորումով իրենց ուղին գտնել կեանքի մէջ, միեւնոյն ատեն դառնալ զիրենք դաստիարակած հաւաքականութեան հաւատարիմ ու նուիրեալ անդամները։

Ուսուցիչներէն կ՛ակնկալենք վարժարանի առաքելութեան իրագործումը։ Իրե՛նք են որ ստանձնած են այդ սուրբ գործը։ Անոնք, ի՛նչ ալ ըլլայ իրենց դասաւանդած նիւթը, ի՛նչ լեզուով ալ որ ըլլայ, մտահան պիտի չընեն երբեք, թէ այդ առաքելութեան է որ կը ծառայեն, եւ ոչ թէ պարզապէս տեղեկութիւն կը փոխանցեն։ Կասկած չկայ, այդ տեղեկութեան լաւապէս տիրապետած պիտի ըլլան, զայն հրապուրի՛չ ձեւով պիտի փոխանցեն աշակերտին, սիրցնե՛ն, աշակերտը առինքնեն իրենց դասաւանդածով։ Սակայն ատկէ անդի՛ն կ՛անցնի իրենց դերակատարութիւնը, ինչպէս աւելի քան դար մը առաջ կը հաստատէր մեր մեծ գրողն ու մտածողը՝ Գրիգոր Զօհրապ, արձագանգելով ամբողջ լուսաւորեալ աշխարհի ըմբռնումին. «ուսուցչութիւնը որեւէ մասնագիտութենէ աւելի բան մըն է, ինքնիրմէն դուրս ընդհանուր զարգացումի մը կարօտ ասպարէզ է։ Ոչ միայն սորվելու բան մըն է ան, այլ նաեւ զարգացումի յատուկ մթնոլորտի մը, բարոյական ու իմացական մասնաւոր միջավայրի մը անհրաժեշտ ենթական»։ (1)

Գալով տնօրէններուն, անոնք ոչ թէ պարզապէս ուսումնական հաստատութեան վարչական ղեկավարը կը հանդիսանան, այլ կրթարանի դաստիարակչական առաքելութեան իրագործումը հետապնդող նուագախումբին իմաստուն խմբավարը, որ պիտի գիտնայ իւրաքանչիւր ուսուցիչէ ստանալ իր լաւագոյնը, եւ ապահով ըլլալ, որ բոլոր ուսուցիչները իրենց ձեռքի նուագարանը գիտնան տեղին գործածել, զիրար լրացնելով ու առանց fausse note-ի, ձայնի ճի՛շդ մակարդակով, որպէսզի վարժարանը կարենայ աշակերտին վրայ անհրաժեշտ աբողջական բարերար ներգործութիւնը ունենալ։ Տնօրէնն է, որ պիտի հետեւի իւրաքանչիւր ուսուցիչի զարգացման ընթացքին, հսկէ, որ ան տեւաբար հետամուտ ըլլայ ինքզինք վերաորակաւորելու՝ թէ իր գիտութեան եւ թէ իր մանկավարժական մօտեցումներուն մէջ։ Այո, իբր վարչական ղեկավար տնօրէնը նաեւ պիտի բարւոք կերպով վարէ հաստատութեան յարաբերութիւնները ծնողներուն, համայնքին ու պետութեան հետ, սակայն իր ալ դերը կ՛անցնի անկէ անդին։ Այստեղ ալ կ՛արժէ մէջբերել երկարամեայ ազգային գործիչ ողբ..բժ. Զաքար Մկրեանի մէկ միտքը տնօրէնի մը գերագոյն առաքելութեան վերաբերեալ. «Իր անձին հմայքին, նուիրումին ու գերագոյն զոհողութեան մէջ հայ պատանին պիտի գտնէ ազգային ամենավսեմ իտէալներու ներկայացուցիչը, մանաւանդ՝ իր գիտակցութեան մէջ կենդանի պատկեր մը՝ նմանելու, ընդօրինակելու, նոյնիսկ, ինչու չէ, ներշնչուելու»։ (2)

Իսկ ի՞նչ կ՛ակնկալենք պատասխանատու մարմիններէն, կրթական թէ տնտեսական։ Առաջին, որ կարենան մօտէն հետեւիլ վարժարաններու կեանքին, ապահովեն անհրաժեշտ բոլոր միջոցները, անոնք ըլլան նիւթական թէ այլ, որպէսզի կրթարանները անհարկի դժուարութիւններու չբախին իրենց առաքելութեան իրագործման ճանապարհին։ Ապա գիտնան ըստ արժանւոյն գնահատել անձնակազմի իրագործումները, յառաջդիմութիւնը, բայց նաեւ պահանջել, որ սրբագրեն թերիները ու թերացումները եւ աւելի թափ տան վարժարանի զարգացման։ Ուսուցիչի-տնօրէնի հանդէպ յարգանքն ու գնահատանքը հանրութեան մէջ սերմանելու պարտականութիւնը, բացի բուն ինքն ենթականերէն, նաեւ մարմիններուն վրայ Կ՛իյնայ։ Ապա նոյն այդ հանրութեան հետ, մանաւանդ վարժարանի շրջանաւարտներուն, ներկայ ու ապագայ ծնողներուն հետ բարւոք յարաբերութիւններ մշակելը, անոնց նիւթական ու բարոյական մասնակցութիւնը ապահովելը նոյնպէս մարմիններուն, ամենէն գերադա՛ս մարմիններուն գործն է։

Շրջանաւարտներէն կ՛ակնկալուի բոլորուած մնալ զիրենք դաստիարակած հաստատութիւններուն եւ համայնքին շուրջ ու հետզհետէ ստանձնել անոնց կարիքներուն հասնելու, անոնց տէր կանգնելու պարտականութիւնը։

Ծնողներէն կ՛ակնկալուի ոչ միայն հետեւիլ իրենց զաւակներու կրթութեան, ամբողջացնել վարժարանի տուած դաստիարակութիւնը, ինչպէս որ վարժարանը պիտի ամբողջացնէ տան մէջ իրե՛նց տուածը, այլեւ տեւական ներկայութիւն ըլլալ վարժարանի առօրեայ կեանքէն ներս, օգնելով տարբեր ձեւերով, կամաւոր իրենց մասնակցութիւնը բերելով անոր բարօրութեան, յառաջդիմութեան ու պահպանման աշխատանքներուն։ Վարժարանին հանդէպ դրական տրամադրութիւններ ստեղծելու, մանաւանդ իրենց զաւակներուն համար իսկ օրինակ դառնալու պարտականութիւնն ալ ծնողներունն է ամենէն առաջ։

Վերջապէս ի՞նչ կ՛ակնկալուի մեզմէ, հաւաքականութենէն որ հաստատած է այս վարժարանները։ Պէտք կա՞յ ըսելու... Տիրութիւն ընել, ամեն զոհողութիւն ընել, ու ապահովել, որ որեւէ ձեւով նիւթական թէ բարոյական դժուարութիւններու չմատնուին անոնք։

Հաւաքականութիւն, ծնողներ, շրջանաւարտներ, մարմիններ թէ անձնակազմ պիտի գործեն ձեռք ձեռքի։

Այլընտրանք չկայ։



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝