Յայտարարութիւն

Wednesday, December 8, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 157 - Ռուբէն

Կոփ-Մահմէտը մէկ ուրիշ հաշիւ ալ ունէր այդպէս վարուելու: Աբաղայի դաշտը ամենաբերի դաշտերէն էր, բայց անմարդաբնակ: Սահմանին մօտ գտնուելով, քիւրտերը կը զբաղէին ալան-թալանով, - Պարսկաստանէն թալան կը բերէին Տաճկաստան եւ Տաճկաստանէն` Պարսկաստան: Թալանէն բացի կը զբաղէին խաշնարածութեամբ: Այս երկու դիւրին աշխատանքները ունենալէն ետքը, ալ ի՞նչու պիտի մշակէին այդ բերրի դաշտերը: Մշակութեան համար շատ յարմար էին հայերը, որոնք նստակեաց էին եւ թալանով չէին զբաղեր: Այդ պատճառով ալ Մահմէտ բէկը կը խրախուսէր հայերու մուտքը իր գաւառը եւ աւելի լաւ աչքով կը նայէր անոնց, քան նոյնիսկ քիւրտերուն: Եւ հայերը արագութեամբ կը փախչէին միւս շրջաններէն, կու գային ու կը մտնէին անոր թեւին տակ: Անոնք կու գային գլխաւորապէս Նորդուզ գաւառէն, ուրտեղ կ’իշխէր Շաքիրը իր Մհէներով, որոնք չէին հասկնար երկրագործի արժէքը: Ատով պիտի բացատրել այն, որ քիւրտերը մեզ չհետեւեցին Ալականի վրայ, երբ տեսան որ մենք անցանք Կոփ-Մահէտի սահմանը:
Զիս եւ Արտաշէսը տեղաւորած են ախոռի մը մութ անկիւնը: Թրիքի կծու հոտը կը խեղդէ մեզ: Արտաշէսը յուսահատած է. ձեռքի վէրքը կը նեղէ զինք: Ան ցանկութիւն կը յայտնէ վերադառնալ Վանք, մանաւանդ որ մեր առջեւ դեռ շատ ճանապարհ կայ եւ ատկէ զատ, հարց է թէ Վանի մէջ բժիշկ կը ճարուի՞: Հետեւեալ օրը ան ճանապարհ կ’իյնայ նոյն գիւղացիներու հետ դէպի Վանք եւ ապահով տեղ կը հասնի:
Իմ վիճակս կը ծանրանայ: Կը մնամ մինակ այս անծանօթ գիւղին մէջ, որուն բնակիչներու կէսէն աւելի քիւրտեր են: Ատկէ զատ, Կոփ-Մահմէտը արդէն գիտէ, որ ես այդ գիւղն եմ: Ան, ճիշդ է, կը կարծէ որ ես միայն հասարակ ղարիբական (օտարական) կամ սուրհանդակ մըն եմ, բայց կը վախնամ որ կրնայ զիս ձերբակալել տալ: Երեք օր կը մնամ Խաչան եւ կը սպասեմ դուրս գալու յարմար առիթի մը: Այդ ատենը լուր կու գայ Մահմէտ բէկի կողմէ, որ կառավարութիւնը իմացած ըլլալով, թէ խումբ մը եկած է Աբաղայի կողմերը եւ մինչեւ անգամ կռուի ալ բռնուած է քիւրտերու հետ, զօրք պիտի ուղարկէ խուզարկութիւններ ընելու, որով կ’առաջարկէ ինչ որ կայ լաւ մը թաքցնել եւ ղարիբականներն ալ հեռացնել գիւղէն:
Այլեւս կարելի չէր երկար սպասել, ուստի ինծի շալակ կու տան պարկ մը իւղ եւ ես ինկած գիւղացիի մը ետեւը, իբր անոր ծարան, օր ցերեկով եւ աննկատելի նոյնիսկ հայերու ուշադրութենէն, իբրեւ խեղճ թշուառական մը, դուրս կու գամ գիւղէն: Դժուար թէ ոեւէ մէկը կասկածէր թէ ով եմ ես: Ծպտուած էի գիւղացիի արտաքինի տակ. համարեա կիսամերկ էի եւ բոպիկ: Իմ առաջնորդը շատախօսին մէկն էր: Երբ քիւրտի մը հանդիպէր, կը սկսէր զայն զբաղցնել խօսակցութիւններով, որպէսզի ես անցնիմ առանց ուշադրութիւն գրաւելու: Պայմանաւորուած ենք, որ ես խուլ ու համր ձեւանամ, որպէսզի բարբառս զիս չմատնէ: Այս ձեւով կը շարունակենք մեր ճամբան ու կը հասնինք Բերկրի: Կ’անցնինք զօրանոցի առջեւէն: Զինուորները պատի տակ նստած` խօսքեր կը նետեն մեզի, բայց ես ոչ կը լսեմ եւ ոչ ալ կը պատասխանեմ: Անոնցմէ մէկը կը մօտենայ ինծի, ձեռը կը խոթէ շալակիս մէջ ու բղուղէն բուռ մը իւղ կը հանէ: Առաջնորդս կը պաշտպանէ զիս ու իմ շալակը, բայց զինուորը աքացի մը կու տայ ինծի ու ես կը շարունակեմ ճամբաս: Ինծի զարմանք պատճառեց այն, որ մի այլ զինուոր նկատողութիւն ըրաւ իւղը առնող զինուորին, Աստուծոյ պատժածին աքացի տալուն համար: ԹԷեւ մի բուռ իւղ հանած են շալակիցս եւ աքացի մըն ալ տուած, բայց ես գոհ եմ, որ թեթեւ ազատեցայ այդտեղէն:
Բերկրիէն կ’անցնինք Պստիկ - գեղ: Այստեղ ալ ոչ ոք չի կասկածիր իմ ով լինելու մասին: Մելոյի տունն ենք երեք ժամէ ի վեր եւ թէ իր տնեցիք կը կարծեն, որ ես իսկապէս համր եմ Կուչ եկած կը մնամ անշարժ տան դրա առջեւ եւ երբ մութը կ’իյնայ, նոր միայն կը յայտնեմ Մելոյի, որ ես համր չեմ:

Շար. 157


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝