Յայտարարութիւն

Monday, December 13, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 158 - Ռուբէն

Մելոն համեստ գիւղացի մըն է եւ մեր ամենահին ու վստահելի տեղական գործիչներէն է: Դեռ իննսունական թուականներէն յարած է յեղափոխութեան եւ անոր համար յեղափոխութիւնը կրօնք է եւ տառապանք: Մելոն մարդ մըն է, որ չի սիրեր շատ խօսիլ, բայց բոլորը զայն կը յարգեն, անոր խօսքը մտիկ կ’ընեն: Բերկիի դաշտի բոլոր կուսակցական գործերը այդ հասարակ մարդուն վրայ կը ծանրանային, կամ աւելի շուտ, ան էր այդ գործերու առանցքը: Մելոն էր եկող-գացողները ճամբու դնողը, ապրանքները պահողը եւ ուղարկողը, նամակներ տեղ հասցնողը, խումբերուն աջակցողը եւ այս ամէնը ան կ’ընէր այնպիսի նուիրուածութեամբ ու անշահախնդրութեամբ մը, որ ամէնուն համակրանքը ու վստահութիւնը կը վայելէր: Ան չէր հարցներ թէ ո՞վ եմ ես եւ ինչո՞ւ Վան կ’երթամ: Պահանջեց միայն յանձնարարականս` ինծի աջակցութիւն ցոյց տալու համար եւ, ատով գոհանալով, կանչեց երկու երիտասարդներ եւ պատուիրեց կէս գիշերը անց ճաբայ իյնալ ինծի հետ եւ, ամբողջ օրը ճամբայ կտրելով, հասնիլ Թիմար: Խորհուրդ տուաւ նորէն ծպտուիլ, համր ու խուլ ձեւանալ եւ շալակ շալակել: Պատուիրեց նաեւ արագ քալել, քանի որ երկու օրուան ճամբայ պիտի կտրէինք:
Կէս գիշեր դեռ չէր եղած, երբ մենք ճանապարհ կ’իյնանք եւ կը հասնինք Վանայ Ծովի ափը: Բնութեան գեղեցկութիւններով հրճուելու կարողութիւն չունիմ. կը տանջուիմ արագ քալելէն եւ ձերբակալուելու կասկածէն: Չէ՞ որ այդ ճանապարհներուն շատ մարդիկ ու նոյնիսկ ամբողջ խումբեր ոչնչացեր են, ինչպէս` Շարոն, Փարամազի խումբը, եւայլն: Ահա կը հանդիպինք քիւրտ անցորդներու: Ուղեկիցներս բարեւ կու տան, ես ալ կը հետեւիմ անոնց օրինակին եւ կ’անցնիմ այդ քիւրտերու մէջէն` վախով ու դողալով: Ահա ոստիկան ձիաւորներ, որոնք հարց ու փորձ կ’ընեն ուղեկիցներուս, իսկ ես, ապուշի դէմք առած, լուռ կը սպասեմ թէ ինչով պիտի վերջանայ այդ հարցուփորձերը: Անվնաս կ’ազատինք նաեւ անոնցմէ: Ահա համիտէի քիւրտեր, որոնք հարց կը տան ինձ շալակիս կանեփի մասին. իմ փոխարէն ուղեկիցներս կը պատասխանեն, ըսելով որ ես համր եմ: Ես մռլտոցներ կը հանեմ եւ անոնցմէ հաց կը խնդրեմ: Հաց չեմ ստանար, բայց ատոր տեղ ինձ կը տան տասը փարա ու կ’անցնին կ’երթան:
Լիմ գնալու ժամանակ չկայ, պէտք է հասնիլ Թիմար: Ճանապարհին կը հանդիպինք անց ու դարձ ընող հայ գիւղացիներու, բայց խօսքի չենք բռնուիր անոնց հետ. կրնան կասկածիլ եւ հասկնալ իմ ով ըլլալս. կը նայիմ անոնց վրայ եւ «ըը…ըը» ձայներ հանելով, կը շարունակեմ ճամբաս:

Շար. 158


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝