Յայտարարութիւն

Tuesday, December 14, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 159 - Ռուբէն

Ուշ երեկոյին, կը հասնինք Ալիւր: Երկար եւ տանջալից ճամբայ ենք կտրած: Սուրհանդակներս, յանձնելով տեղի կոմիտէին խուլ ու համրին, կ’երթան մի այլ բնակարան. զիս կ’արթնցնէ կոմիտէի անդամներէն մէկը (կարծեմ Յակոբը), որ կը սկսի խօսիլ ինծի հետ եւ հարց ու փորձ ընել: Ես սակայն չեմ պատասխաներ եւ կը շարունակոմ համր ձեւանալ: Այդ ժամանակ ան ցոյց կու տայ ինծի վկայական մը. որ ինքը կոմիտէի անդամ է: Ատկէ ետքը իմ լեզուս կը բացուի: Մենք կը ծանօթանանք միմեանց ու կը խօսինք այդ շրջանի վիճակի մասին. կ’որոշենք նաեւ թէ ան ինչպէս պէտք է զիս ճամբէ Վան` «պարոն» Արամի մօտ: Ան կը մեկնի պատրաստութիւններ տեսնելու համար, բայց ժամը 3ին յանկարծ ներս կը մտնէ վախեցած եւ կը յայտնէ, որ զօրքեր են եկած խուզարկութիւն ընելու: Զիս անմիջապէս կ’առնէ իր հետ եւ կը թաքցնէ պահարանի մը մէջ, ուրտեղ ամիս մը յետոյ Տիգրանն ալ պիտի պահուտէր: Փողոցներէն կը լսուին արդէն ասկեարներու ձայներ եւ անոնց թուրերու չխկրտոցը: Քիչ ժամանակ անց, սակայն, ամէն ինչ կը հանգստանայ: Ես կը քնանամ պահարանի մէջ երկու ժամ եւս եւ կը հանգստանամ թէ մարմինով եւ էթ հոգիով: Մութը երբ կ’իյնայ, երկու ալիւրցի զիս կ’առնեն ու կը տանին ուրիշ գիւղ մը, Վանի մօտ, ուրտեղ շատախօս վարժապետի մը մօտ կը գիշերեմ: Առաւօտը վաղ ան զիս իր ետեւը առած, կ’ուղղուի դէպի քաղաք, սիրտ տալով ինծի, թէ ոչինչ չի պատահիր: Կը զգուշացնէ, որ ոչ ոքի հետ չխօսիմ, քանի որ իմ հայերէնէն անմիջապէս պիտի հասկնան իմ օտարական ըլլալս: Նորէն, ուրեմն, ես կը դառնամ համր ու խուլ:
Ճանապարհը լեցուն է ճամբորդներոդներով, բայց ոչ ոք ուշադրութիւն չի դարձներ ինծի նման աղքատի մը վրայ: Կը մօտենանք Վանին: Կը հասնինք բոշաներու թաղը: Ահա բերդի պարիսպներու տակ ենք, եւ կ’իյնանք վերջապէս քաղաքի եւ Այգեստանի ճամբուն վրայ: Վարժապետը Ֆէսը ետ գցած, կ’երթայ իմ առջեւէն, ես 50 քայլ անկէ ետ` կը քալեմ, աչքս միշտ անոր վրայ պահելով:
Կը հասնինք Հայկավանքի մօտի զօրանոցը: Այստեղ մէկ կողմը խումբ մը ազաներ էին կանգնած, իսկ միւս կողմը զինուորներ: Թուրք մը, խենչալը եւ ատրճանակը կողքին, նստած էր ծառի մը տակ: Ան զիս կանգնեցուց եւ հարցուց էթ ո՛ր տեղացի եմ: Ես, մոռնալով համր լինելս, տարօրինակ ձայնով մը կը պատասխանեմ «ալիւրցի»: Զգալով սխալս, խենթ կը ձեւանամ, առջեւս ինկած կովի պճեղի հետ (կճղակ) կը սկսիմ ոտքով խաղալ եւ, տարօրինակ շարժուձեւեր ընելով, կ’երթամ կը կանգնիմ սպաներու մէջը: Զինուորներէն մէկը վզակոթիս կը խփէ, եւ ես օգտուելով ատկէ, կը սկսիմ փախչիլ ու հեռանալ: Թուրքը, սակայն, կը հետեւի ինծի: Վարժապետը կորած է արդէն, ես զայն այլեւս չեմ տեսներ: Առաջ կ’երթամ միեւնոյն փողոցով, բայց թուրքը կու գայ ետեւէս: Ան պահ մը կանգ կ’առնէ: Ես կ’արագացնեմ քայլերս. կը հանդիպիմ հայերու, բայց խօսիլ կը վախնամ: Թուրքը կը մօտենայ, կ’ուզէ նորէն հարցուփորձ ընել, ես կը փախչիմ հակառակ փողոցէն դէպի ներս, եւ պատէն կը նետեմ ինքզինքս այգի մը: Թուրքը կու գայ իմ ետեւէ. ես կը փախչիմ եւ նորէն փողոց կ’ելլեմ: Այստեղ կը հանդիպիմ հայու մը եւ անկէ հարցնելով կը հասկնամ որ նոյն թաղի մէջ կը գտնուիմ: Զիս կը գցեմ երկրորդ այգի մը եւ ապա նորէն փողոց մը, նորէն այգի մը, որու բաց դռնէն ներս կը մտնեմ եւ ուիրիշ այգիի մը միջով անցնելով, կը թաքնուիմ տան մը փայտանոցին մէջ:

Շար. 159


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝