Յայտարարութիւն

Thursday, December 16, 2010

ՀԱՅ ԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԻ ՄԸ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԸ- 160 - ՌՈՒԲԷՆ

Ես կը լսեմ հայերէն խօսակցութեան ձայներ, բայց վախնալով թուրքերէն, եւս երկու ժամ կը պահուիմ: Վերջապէս դուրս կու գամ եւ երիտասարդի մը, որ արմենական էր, կը հարցնեմ Արամի տեղը, յայտնելով իմ ով լինելը; Ան զիս իր հետ կ’առնէ եւ այգիներու միջով կը տանի եւ կը հասցնէ «Դրախտ» ուրտեղ մեր ընկերները յաճախ կը պահուէին: Հոն կը գտնեմ Արամը, Վարդանը եւ միւս ընկերները: Անոնք բոլորը կը զարմանան երբ կը տեսնեն զիս, որովհետեւ վարժապետը, ինձմէ առաջ հասած լինելով հոն, պատմած է որ զիս ձերբակալած են: Ողջագուրումներէ յետոյ, ընկերները կը փոխեն իմ տարօրինակ շորերը եւ զիս կը դարձնեն «Պարոն Ռուբէն»:
Ես վերջապէս հասած էի իմ նպատակին: Երկու տարի երազելէ յետոյ, եկած էի Վասպուրականի կեդրոնը` Վան, եւ կը գտնուէի իմ մօտիկ ընկերոջ` Արամի մօտ, այն ընկերոջ` որ մեծ դեր կատարած էր իմ Վան շտապելուն մէջ: Իմ մօրս խօսքը եւ Սերգէյի (Արամի) յամառութիւնն էր, որ զիս մղեցին վերստին շարունակելու եւ կէս չձգելու սկսած այն գործս, որմէ ատեն մը յուսալքուած էի:
Եթէ ինծի համար անսահման երջանկութիւն էր, որ հասեր էի իմ երազածս Վասպուրականը, ուրտեղ էին Արամը եւ իմ դպրոցական ընկերներէն ոմանք, նոյնչափ ուրախութիւն կը պատճառէր նաեւ իմ գալս ընկերներուս, քանի որ առաջ միասին աշխատած էինք եւ այժմս ալ կարող էի օգտակար լինել անոնց:
Երկրորդ օրն իսկ զիս լծեցին աշխատանքի: Ես կ’օգնէի Արամին, որ արդէն դարձած էր Վանի մէջ կեդրոնական դէմք մը եւ, ինչպէս Կարսի մէջ, այստեղ եւս իր վրայ առած էր յեղափոխական գործի ամբողջ պատասխանատուութիւնը:

Շար. 160




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝