Յայտարարութիւն

Saturday, December 18, 2010

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԻ ՄԸ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԸ- 161 - ՌՈՒԲԷՆ

Վասպուրականը լինելով աւելի կեդրոնական վայր մը, նրա անցեալի, հոն տիրող վիճակի եւ կատարուած գործունէութեան մասին կան հատ ու կտոր աշխատանքներ, զանազան յօդուածներ եւ այլ կարգի գրուածքներ, ուստի շատ համառօտ պիտի յիշատակեմ միայն այնտեղի աշխարհագրական, ընկերային եւ քաղաքական պայմաները, որոնց վրայ կառուցուած էր մեր յեղափոխական աշխատանքը:
Վասպուրականը, ըստ իր աշխարհագրական դիրքի, կը բաժնուի երկու գլխաւոր երկիրներու` լեռնաշխարհ եւ դաշտային կամ աւելի պակաս լեռնային մաս: Աշխարհագրական այս բաժանումէն զատ, երկու մասերու մէջ ապրող ժողովուրդի այս բաժանումէն զատ, երկու մասերու մէջ ապրող ժողովուրդի բնաւորութիւնը եւ կարիքները կը տարբերէին իրարմէ: Վերոյիշեալները նկատի առնելով, 1903էն սկսած, այդ երկու շրջաներուն մէջ ստեղծուեցան կուսակցական առանձին-առանձին կոմիտէներ, որոնք 1904ին վերածուեցան երկու կեդրոնական կոմիտէութեանց` Վասպուրականը կամ Շամը եւ Լեռնապարը:
Շամի Կ. Կոմիտէի շրջանի մէջ կը մտնէին, բացի Վանի Լճի հարաւայի եւ հարաւ-արեւմտեան գաւառներէն, մնացած միւս բոլոր գաւառները, այսինքն` 1) Արճէշը, 2) Ալջաւազը, 3) Բերկրին, 4) Աբաղան, 5) Ալճակը, 6) Թիմարը, 7) Վան-Տոսպը, 8) Վերին եւ Ներքին Հայոց Ձորերը, մէջն առնելով նաեւ Բաշ-կալէն եւ Խոշապը, 9) Քաղաքամէջ եւ 10) Այգեստանը: Այս գլխաւոր շրջաններուն մէջ է, որ յեղափոխական կուսակցութիւնները եւ մասնաւորապէս Դաշնակցութիւնը աշխատանքներ կը կատարէին եւ կազմակերպութիւններ կը ստեղծէին: 1905 թուականներուն, յիշուած բոլոր գաւառներուն մէջ, կային զատ զատ կոմիտէութիւններ:
Այս շրջաններուն մէջ ազգաբնակչութեանց մօտաւորապէս 55%ը` հայեր էին, 3%ը` ասորիներ, 7%` թուրքեր եւ 35%ը քիւրտեր: Հայերը մեծ մասով նստակեաց երկրագործներ, արհեստաւորներ եւ առեւտրականներ էին, ինչպէս եւ ասորիները, իսկ թուքերը` պաշտօնեաներ եւ կալուածատէրեր: Քիւրտերը թափառական քոչուորներ, խաշնարածներ եւ սահմանապահ համիտիէներ էին:

Շար. 161



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝