Յայտարարութիւն

Monday, December 20, 2010

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԻ ՄԸ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԸ - 162 - ՌՈՒԲԷՆ

Հայերը, ուրեմն, ոչ միայն յիշեալ ազգութիւններէն իւրաքնչիւրի համեմատութեամբ մեծամասնութիւն կը կազմէին, այլ իրենց թիւով աւելի էին քան միւս բոլոր ազգութիւնները միասին առնուած: Թուական այս գերակշռութեան հետեւանքով` հայերը պիտի ըլլային, ըստ երեւոյթին, իշխող, գերակշռող տարր մը եւ ոչ թէ ճնշման ու ստրկութեան ենթակայ: Բայց ատիկա այդպէս չէր: Հայը չէր սիրեր զէնք ունենալ, որովհետեւ զայն ունենալն ու անոր գործածութիւնը մեծ յանցանք մըն էին կառավարութեան աչքին եւ արժանի, եթէ ոչ մահուան, գոնէ 101 տարուան բանտարկութեան պատժի: Հայը զբաղած էր միայն խաղաղ աշխատանքով եւ իր այդ աշխատանքի, ինչպէս եւ իր խառնուածքի բերումով` ի վիճակի չէր մրցակից լինել ըմբոստ, ռազմասէր եւ իշխելու տենչով բռնուած քիւրտին: Քիւրտերը իրական տէրն ու իշխանաւորներն էին այդ երկրին, ուրտեղ մինչեւ 1860 թուականները, Օսմանեան տիրապետութիւնը, կարելի է ըսել, եղած էր անուանական: Վասպուրականի տիրակալները քիւրտ թոռուններն ու աշիրէթապետներն էին, որոնք աւատական կարգերով կը կառավարէին այդ ամբողջ երկիրը:
Քիւրտերու մեծ աւատապետը կը նստէր Բոհտան, բայց անոր ստորադրեալ բոլոր աւատապետները կ’իշխէին Վասպուրականի ամբողջ գաւառներու մէջ: Այս աւատապետներէն մին կը նստէր Գեաւաշ եւ անոր իշխանութիւնը կը տարածուէր մինչեւ Հայոց Ձոր եւ երբեմն նոյնիսկ Վան: Անգամ Վանի մէջ, մինչեւ 1840 թուականները կը նստէին քիւրտ թոռուններ, որոնք միայն անուանապէս կ’ենթարկուէին «ռոմին» եւ փաստօրէն ինքնիշխան էին: Մեծ աւատապետ մը կը նստէր նոյնիսկ Պայազիտ: Քրտական գրեթէ ինքնիշխան այս աւատապետները իրենց կարգին կ’իշխէին աւելի մանր աւատապետներու վրայ, սակայն բոլորն ալ կ’ենթարկուէին, թէկուզ անուանապէս, Բոհտանի աւատապետներուն: Քիւրտերու աշիրէթապետները ունէին իրենց բերդերը եւ իրենց զինուրական ոյժը` կազմուած իրենց աշիրէթներէն: Անոնք կը հաւաքէին հարկեր, իւրայատուկ ձեւով: Կիսավայրենի եւ ազատասէր այս աւատապետները անկարող էին անշուշտ սերտ կապ ունենալ իրարու հետ եւ ստեղծել իրենց սեփական պետութիւնը` բոլորովին անկախ օսմանցիներէն: Ատոր մեծապէս կը վնասէին աւատապետներու իրարու հետ ունեցած անհամաձայնութիւնը, անոնց ծայր աստիճան ագահ եւ գիշատիչ բնաւորութեան գիծերը: Անոնք շարունակ պատեազմներու մէջ էին եւ այդպէսով կը տկարացնէին զիրար: Ատոր ոյժ կու տար նաեւ ռոմը, որ բաժան բաժան ընելով անոնց հսկայական ոյժը, կը հաստատէր իր ազդեցութիւնը Վասպուրական աշխարհի մէջ: Բայց քրտական այդ կռիւները թանկ կը նստէին թէ՛ քիւրտ եւ մասամբ նաեւ հայ ժողովուրդի վրայ: Վրէժ առնելու համար իրենց հակառակորդ աշիրէթներէն, կռուող կողմերը կ’աւերէին ամբողջ աշխարհը, կ’այրէին եւ քարուքանդ կ’ընէին հակառակորդի իշխանութեան տակ գտնուող գիւղերը, կը կոտորէին կամ կը գերէին ժողովուրդը, որպէսզի, այդպէսով, քայքայէին իրենց հակառակորդը տնտեսապէս եւ տկարացնէին զայն ֆիզիքապէս: Հայ տարրը կը դառնար իրարու հակառակորդ աշիրէթներու քաւութեան նոխազ եւ կը փճանար:

Շար. 162


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝