Յայտարարութիւն

Wednesday, December 22, 2010

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԻ ՄԸ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԸ- 163 - ՌՈՒԲԷՆ

Հայը կը համարուէր քիւրտերու կողմէ իբրեւ տնտեսական հիմքը երկրի. ան պէտք է պահէր աշիրէթները, թոռուները, տերպէյները: Հայը կթան կով մըն էր, որ կը պահուէր քիւրտի հովանիին տակ, բայց ան իրաւազուրկ էր, զայն իր քիւրտ տէրը կրնար սպաննել, աշխատցնել, ծախել: Բայց այդ ամէն իրաւունքները ին՛քն էր որ ունէր հայուն վրայ. եթէ ուրիշ աշիրէթէ քիւրտ մը ձեռք տար այդ հայուն, քիւրտ աղան կը պաշտպանէր զայն, ինչպէս որ մեծ եռանդով կը պաշտպանէ իր ձին, իր հօտը: Յաճախ նոյնիսկ հայ գիւղի մը կամ մէկ հատիկ հայու մը համար կռիւներ տեղի կ’ունենային քիւրտերու միջեւ: Կրօնական ատելութիւնը հայու նկատմամաբ նուազ էր, բայց հայերու վրայ քիւրտերու ունեցած իրաւունքները հայերու կացութիւնը կը դարձնէին շատ ծանր` ենթակայ ամէն մի պատահարի ու քմահաճոյքի: Այսպէսով, քիւրտերը մինչեւ 1860 թուականները բացարձակ տէրն էին Վասպուրական աշխարհի, տէրը ե՛ւ ռայաներու կեանքին, անոնց պատուին, գոյքին եւ հոգեկան պահանջներուն:
Բայց ԺԹ. դարու կէսերուն, երբ Ջուլամերկի ասորիները ենթարկուեցան զարհուրելի կոտորածներու Պետիրխան բէկի քիւրտերու կողմէ եւ երբ Եւրոպայի մէջ աղմուկ բարձրացուցին այդ առթիւ, տաճիկ կառավարութիւնը եւս ուշադրութիւն դարձուց քիւրտերու վրայ: Անշուշտ ոչ այնքան քրիստոնեաներու վիճակը բարելաւելու նկատումով, այլ չափէն աւելի զօրացած քրտական իշխանութիւնը քայքայելու դիտումով: Քիւրտերը տկարացնելու համար կառավարութիւնը կը ձեւակերպէ արշաւանքի բէկերու դէմ եւ կը քանդէ անոնց բերդերը:
Արդէն 1834թ., եգիպտական արշաւանքը կանգնեցնելէն յետոյ, տաճիկները կրցեր էին ջլատել Տիարպեքիրի քիւրտերու` Եզդինանցիներու ոյժը: Պիթլիսի եւ Մուշի շրջաններուն մէջ ոչնչացուցած էին Ղասըմ բէկի ուժեղ տոհմը եւ բերդերը, իսկ ասորիներու ջարդէն յետոյ, ձեռնարկեցին Արկոնի բերդի քայքայման եւ Պետիրխան բէկի տան ոչնչացման` սպաննելով մաս մը անոնցմէ, եւ որդիները աքսորելով Պոլիս: Ոչնչացուցին նաեւ Գեաւաշի բերդին մէջ նստած խան Մահմուտի տունը, որ Վասպուրականի մեծ մասին կը տիրապետէր, ինչպէս եւ բայազէտ Թահր փաշան; Այդպէսով հարուածելով քրտական մեծ օճախները, կառավարութիւնը ջլատեց քիւրտերու ոյժը եւ զօրացուց իր ազդեցութիւնը:

Շար. 163



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝