Յայտարարութիւն

Sunday, December 26, 2010

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԻ ՄԸ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԸ - 164 - ՌՈՒԲԷՆ

Այս հուժկու հարուածներէն յետոյ, մասամբ կը տկարանային քիւրտերու հալածանքները հայերու դէմ: Թիմարի եւ Հայոց Ձորի մէկ մասին մէջ քրտական ազդեցութիւնը քանի կ’երթար կը նուազէր, տեղի տալով կառավարական ազդեցութեան: 1870 թուականէն մինչեւ 1905ը, Օսմանեան կառավարութեան ազդեցութիւնը կը զօրանար եւ զգալի կը դառնար այդ շրջաններուն մէջ, ուրտեղ չկային այլեւս այնպիսի ուժեղ թոռուներ, ինչպէս Պետիրխան բէկը, Խան մահմուտը, կամ Թահր փաշայի տուները. կը մնային սակայն անոնց մնացորդները եւ անոնց ենթակայ կամ հակառակորդ աշիրէթները: Տաճիկ կառավարութիւնը նպատակ չէր դրած ի սպառ բնաջնջել քրտական աշիրէթները, իրենց ցեղային վարք ու բարքով եւ կառուցուածքով եւ ոչ ալ հանդէս եկած էր պաշտպանելու իրաւազուրկ ռայաները` ասորիները եւ հայերը: Անոր նպատակն էր միայն արգիլել, որ քիւրտերը միանան իրարու հետ, պահել զանոնք բաժան-բաժան, որ շատ զօրաւոր ուժ չներկայացնեն: Բայց զանոնք որոշ իրաւունքներով կ’օժտէր, որպէսզի անոնց միջոցով զարնէ արդէն արթնցող քրիստոնեայ տարրերը: Մէկ ժողովուրդ միւսով կղզիացնելու, տարբեր ազգութիւնները միմեանց դէմ հանելու եւ այսպէսով երկրի մէջ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու նպատակը կը հետապնդէր կառավարութիւնը Վասպուրականի մէջ, մինչեւ Սահմանադրութիւնը: Այս քաղաքականութեան արդիւնք էին այն երկպառակութիւնները, որ կային քրտական զանազան ցեղերու միջեւ եւ նաեւ այն հակամարտութիւնը, որ գոյութիւն ունէր հայերու եւ քիւրտերու միջեւ: Տաճիկ կառավարութիւնը տկարացուց Ջաւախի թոռունները, բայց անոնց տեղը ստեղծեց Նորդուզի Շաքիր աղան եւ միր-Մհէն: Նա ոչնչացուց Թահր փաշային տունը, բայց փոխարէնը կեանքի կոչեց եւ զօրացուց կարգ մը փոքր եւ իրարմէ անջատ աշիրէթներ` գլխաւորապէս սահմանի վրայ` Մասիսէն սկսած մինչեւ Բաշկալէ ու անկէ աւելի հարաւ: Կառավարութիւնը ստեղծեց ու պահպանեց Հայտարանցի, Հակոռցի, Մլանցի, Մազրիկցի եւայլն աշիրէթները, որոնք եթէ անոր հանդէպ, իբրեւ քաղաքական միութիւններ, ոչինչ կը ներկայացնէին, բայց ի վիճակի էին հայ ժողովուրդը փճացնել, հիւծել եւ այնպէս մը նուազեցնել անոր թիւիը, որ ան չկարենար ունենալ իր ազգային հողամասը եւ ոչ մէկ տեղ մեծամասնութիւն կազմէր: Այդ նպատակներուն համար աշիրէթները անգնահատելի ուժ կը ներկայացնէին:
Եւ որպէսզի զանոնք աւելի կարգապահ ու հնազանդ դարձնէ, կառավարութիւնը աշիրէթներէն կազմեց Համիտիէ կոչուած զինուորական գունդերը եւ այդպէսով քիւրտերը աւելի կապեց իր հետ: Օժտելով զանոնք պաշտօնական հանգամանքով, դնելով անոնց ուսերուն վրայ պսպղուն ուսադիրներ ու հագցնելով զինուորական համազգեստներ, Սուլթան Համիտը տեսակ մը սանկցիա կու տար (կը վերցնէր) հայերու նկատմամաբ քիւրտերու իւրացուցած իրաւունքներուն: Միւս կողմէն Համիտիէները, իբրեւ աւելի կազմակերպուած ոյժ, կրնային առաւելագոյն յաջողութեամբ ծառայել տաճիկ կառավարութեան նպատակներուն, այսինքն զսպել հայերը եւ միւս հակառակ ուժերը եւ միաժամանակ դէմ դնել արտաքին թշնամիներուն:
Սուլթան Համիտի այս խորամանկ եւ խելացի քաղաքականութիւնը խոտոր չէր համեմատեր ձգտումներուն ու բնազդներուն թուրք տարրին, որուն իրաւունքները անխախտ կը մնային:
Այսպէսով, մինչեւ Սահմանադրութիւն, քիւրտերը կը պահէին իրենց աւատապետական կարգ ու սարքը: Անոնց թիւը աճած էր, բայց բաժան-բաժան ըլլալու հետեւանքով, իրական ոյժը տկարացած էր: Պետիրխան բէկի տան կործանումէն յետոյ, անկախութեան ձգտումները քիւրտերու մէջ ոչնչացած էին, բայց եւ շնորհիւ Համիտի տուած արտօնութեանց «խային ռոմը» այլեւս քիւրտի երդուեալ թշնամին չէր, ան, ընդհակառակն, բարեկամ դարձած էր: Քիւրտի միակ թշնամին քրիստոնեան էր եւ մասնաւորապէս Հայը:

Շար. 164



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝