Յայտարարութիւն

Saturday, December 11, 2010

Ո՞վ է պատասխանատուն

Սիրելի Ընթերցող, ծնողք, ուսուցիչ, կրթական հարցերով զբաղող հայ անհատ,

Վրէժ Արմէնի եւ Պոմպարտիէի վարը արտայայտած գաղափարները ամբողջութեամբ կը բաժնեմ ՝հայկական կրթական համակարգի հետ մօտէն առնչուած ըլլալուս համար: Թող այս յօդուածը խթան հանդիսանայ մեզի բոլորիս որ մեր զաւակներուն ու թոռներուն կրթութեան աւելի բծախնդիր կարեւորութիւն ընծայենք: Փոքր ճիգ՝ եւ ամէն ինչ կարգին կը կատարուի:
Շնորհակալութիւն
Նշան Պասմաճեան


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»««»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Ո՞վ է պատասխանատուն
Ո՞վ է մեր զաւակներու կրթութեան առաջին պատասխանատուն – պետութի՞ւնը,
դպրո՞ցը թէ ծնողքը։
Այս օրերուն, երբ ամէն օր հարցականի տակ կ՜առնուին շատ ընդունուած կամ
ընդհանրացած սովորոյթներ, մտայնութիւններ եւ ըմբռնումներ, այս հարցը եւս խոշորացոյցի
տակ կը դրուի, ու Le Devoir մեծազդեցիկ օրաթերթի 13-14 նոյեմբեր 2010 շաբաթավերջի իր
հերթական սիւնակին մէջ, գրող ու հրապարակագիր Denise Bombardier իր "La faute au systeme"
յօդուածով ա՛յդ նիւթն է, որ կ'արծարծէ։
Յօդուածագիրը, իր պարզ ու անսեթեւեթ, բայց միաժամանակ սուր ոճով կը
պարզէ այսօրուան պատկերը, ուր ծնողներու կարեւոր մեծամասնութիւն մը ամէն ինչ
ուրիշներէ կ՜ակնկալէ, առանց գիտակցելու թէ առաջին հերթին իրմէ՛ ինչ կը սպասուի իբր
ծնողք։
»Եթէ յանցագործ, ոճրագործ կամ ոճիրի զոհ կը դառնանք՝ պատճառը մանկութեան
ունեցած զրկանքներն են, իսկ եթէ ուսումը կը լքենք՝ մեղքը ամբողջ հասարակութեանն է։
Ասիկա գերագոյն տարիմաստութիւն )paradoxe( մըն է ընկերութեան մը մէջ, որ անհատական
իրաւունքի սկզբունքին վրայ է հիմնուած«։ Բոլոր իրաւունքները վայելելու, վայելել ձգտելու,
բայց բոլոր պարտականութիւններէն հրաժարելու սկզբունքը, ի վերջոյ։ »Անհատներ բոլոր
իրաւունքները ունին, բայց արգիլուա՜ծ է զիրենք պատասխանատու նկատել իրենց
արարքներուն համար։ Եթէ զաւակները դպրոցը կը լքեն՝ մանաւանդ մի՛ մեղադրէք ծնողները,
քանի որ բոլորի՛ն մեղքն է ատիկա«։
Ասիկա դժբախտաբար արդիւնքն է այն նիւթապաշտութեան, որով դրամատիրական
աշխարհը կը սնուցէ մեզ, որպէսզի ամէն օր աւելի ու աւելի ձգտինք նիւթական բարիքներ
վայելելու, նիւթական հարստութիւն կուտակելու, առանց նայելու թէ այդ ճամբուն վրայ ի՛նչ
այլ զրկանքներու պիտի ենթարկուինք, ի՛նչ մարդկային առաքինութիւններէ պիտի
հրաժարինք։
Գրողը կը շարունակէ. »Մանաւանդ մի՛ ըսէք ծնողներուն, որ իրենց զաւակներուն
առաջին պատասխանատուն իրե՛նք են, որովհետեւ ատիկա կը խռովէ, կը գրգռէ ու կ՜ընկճէ։
Ուրեմն պէտք է լռել, գէթ հրապարակաւ, այն իրողութեան մասին, որ շատ ծնողներ չեն
գտնուիր իրենց բարձրութեան վրայ, եւ հակուած են իրենց պարտականութիւնը նետելու
ուսուցիչներուն, համակարգին եւ կառավարութեան վրայ, եւ որպէս վերջին ապաւէն՝
հոգեկան հարցերու ամեն տեսակի մասնագէտներու վրայ«։ Մէկ խօսքով, անոնք չեն
անդրադառնար, որ իբր ծնողք իրենց թերացումէն կրնան բխիլ բոլոր դժուարութիւնները,
որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին իրենց զաւակները։
Ուրե՞մն. »Ծնողները կարծէք սերնդագործողներ են միայն, որոնք աշխարհ կը բերեն
իրենց զաւակները որպէս ընկերութեան սեփականութիւնը։ Ի՞նչ հին պատմութիւններ կը
պատմէք«, հարց կու տայ գրողը, »թէ ծնողները կը դաստիարակուէին այնպէս, որ պարտէին
զոհուիլ իրենց զաւակներու սիրոյն։ Ծնողք ըլլալը կ՜ենթադրէր կաշկանդումներու ենթարկուիլ,
ինքզինք մոռնա՛լ. անգործածակա՜ն, հնացած առաքինութիւններ՝ շա՛տ մեծաթիւ "նորաբոյս"
հայրերու ու մայրերու աչքին«։
Սակայն, իրապէս կարելի՞ է մեղադրել երիտասարդ ծնողները։ »Պէտք է ըսել, որ
ներկայ ծնողներուն արդի կեանքը դժոխային կը թուի ըլլալ, երբ ստիպուած կ՜ըլլան
հաշտեցնել անհաշտելին։ Աշխատանք, ընտանիք, անձնական փթթում (epanouissement)
հակասական եզրեր են։ Արդի կեանքը տեւական մարաթոնի մը վերածուած է, ուր զաւակը
կրնայ երեւիլ որպէս արգելակ մը։ Խօլական կեանքի իտեալական աշխարհին մէջ,
իւրաքանչիւրը դեր մը պիտի խաղար. ընտանիքը պիտի հայթայթէր սէրը, խանդաղատանքը,
դպրոցը՝ դաստիարակութիւնը, աշխատանքը՝ ապրուստը, եսի փթթումը ու
փառատենչութեան գոհացումը«։ Հաւատալով այս դրութեան, »շատ ծնողներ համոզուած են,
որ ուսումնական վարժութիւնը ու կրթութիւնը՝ իր բոլոր առումներով, միայն դպրոցական
հաստատութիւններուն բաժին կ~իյնան« առանց պահ մը կասկածելու, որ իրենք ալ
դերակատար կրնան ըլլալ այդ առնչութեամբ։

Ճիշդ է, տակաւին կան ծնողներ, որ կ՜անդրադառնան, որ իրենք ալ մեծ դեր ունին
խաղալիք այդ ուղղութեամբ, ու նոյնիսկ եթէ ունեւոր չեն, ամեն ճիգ կ՜ընեն իրենց
զաւակներուն լաւ ուսում հայթայթելու համար, շատ կ՜աշխատին՝ հասնելու համար
ուսումնառութեան ծախսերուն, երբ մանաւանդ սեփական վարժարաններ կ՜ուղարկեն
զանոնք, մասնակից ալ կը դառնան անոնց սերտողութեան, զօրավիգ կը կանգնին ու կ՜օգնեն
իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ։ Բայց ներկայ կեանքի վազքը թոյլ չի տար բոլորին,
որ այդպէս կարենան վարուիլ։ »Որքան ծնողներ ալ կան, որ ըլլայ ժամանակի, ըլլայ
հետաքրքրութեան պակասի, թէ անտարբերութեան, չվարանինք գործածելու բառը՝
եսասիրութեա՛ն պատճառաւ«, իրենց զաւակներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն համար
»կը նախընտրեն համակարգը ամբաստանել, ուսուցիչները անձեռնհաս համարել, կամ
կառավարութիւնը՝ անընդունակ, փոխանակ նկատի առնելու հայրական ու մայրական
պարտականութիւններուն մէջ իրենց թերացումները«։

Պոմպարտիէ աներկբայօրէն զաւակներու կրթութեան պարտականութիւնը առաջին
հերթին ծնողներուն կը վերագրէ։ Ու իր սեփական փորձառութիւնը կը վերյիշէ. »Ի՜նչ
կաշկանդում, բայց միաժամանակ ի՜նչ երջանկութիւն է նստիլ զաւակիդ կողքին ու անոր հետ
բաժնել գիտելիքներու կախարդի՜չ աշխարհը։ Երբ ութ-ինը տարեկանիս դպրոցէն տուն կու
գայի«, կ՜ըսէ ան, »մայրս անհամբեր ինծի կը սպասէր՝ քովս նստելու եւ ինծի սորվեցնելու
քերականութեան այն էջը, որ յաջորդ օրը դասարանին մէջ պիտի ձեռք առնէինք։ Իր
մխիթարութիւնն էր ատիկա, ինք որ չէր կրցած բարձրագոյն ուսումը շարունակել։ Իր սորվելու
տենդը իմ ժառանգութիւնը եղաւ, եւ ուսման պաշտամունքը, որ ինծի փոխանցեց՝ զիս սիրելու
միջոց մըն էր։ Ոչ մէկ համակարգ, ոչ մէկ պետութիւն եւ պիտի ըսէի ոչ մէկ դպրոց կրնայ
փոխարինել այս հիմնարկու փորձառութիւնը«։

Եթէ ասիկա ճիշդ է ընդհանուր կրթութեան տեսակէտէն, որքան աւելի ճիշդ
է մանաւանդ հայեցի՛ կրթութեան պարագային։ Մեծ, մեծ, մե՛ծ դեր ունին մեր երիտասարդ
ծնողները այս ուղղութեամբ, եւ ոչ միայն ծնողները, այլ ընտանիքի բոլոր միւս անդամները -
գերդաստա՛նը։ Բայց այդ արդէն ուրիշ ակնարկի մը նիւթ է։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2010-12-06 )1640(
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝