Յայտարարութիւն

Sunday, December 19, 2010

...Այդպէս ալ «Հորիզոն«ները մնացին չկարդացուած ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

Յուզիչ , հաճելի , լուրջ:
Այս երեք ածականները շռայլօրէն չեն տրուած այս յօդուածին:
Թող հողը թեթեւ գայ Երուանդ Յարութիւնեանի աճիւններուն:
«Նշանակ»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Ի ՅՈՒՇ
...այդպէս ալ «Հորիզոն«ները մնացին չկարդացուած
Հայրս՝ Երուանդ Յարութիւնեան ծնած էր 28 մայիս 1915-ին՝ Աղեքսանդրիա։ Այս
հաստատումը ինքնին ամբողջ պատմութիւն մըն է, մէկ անբաժան մասնիկը Հայոց
պատմութեան։ Սակայն, իր մասին խօսելէ առաջ հարկ է խօսիլ իր ծնողքին մասին։
Իր հայրը՝ Գալուստ մեծ հայրս, 1890-ին Հաճըն ծնած, 1895-1896-ի ջարդերուն
կորսնցուցած էր ընտանեկան պարագաները եւ մեծ մայրն էր, որ մեծցուցած էր զինք։ Տարսոն
գոլեժի մէջ ուսանած շրջանին զինուոր տարուած էր Լիբանան, ուր իր թուրք սպաներուն
անձնական նամակները գրելով, անոնց վստահութիւնը ձեռք ձգած էր եւ արտօնութիւն
ստացած միաժամանակ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը յաճախելու. վկայուելուն պէս
փախուստ տուած ու շունչը առած էր Եգիպտոս, այն յոյսով, որ Ամերիկա պիտի երթար։
Մայրը՝ Շաքէ Հոտլեան, դուստրը Ակնէն, Արաբկիրէն փախստական Աննայի ու Երուանդի,
ծնած էր 1896-ին Հալէպ. անոնք անկէ ալ նոյնպէս անցած էին Եգիպտոս։ Մեծ հայրս
Արթինեան դարձած էր աւելի ուշ, երբ շրջան մը կը պաշտօնավարէր անգլիական բանակին
մէջ։
Ահա այսպիսի պատմութիւն ունեցող ծնողքէ մը սերած էր հայրս, որ դարձած էր մէկ
հատիկ՝ կորսնցնելով երկու մանկահասակ քոյրեր։ Յաճախած էր Պօղոսեան ազգային
վարժարան, վայելած շունչը Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Հմայեակ Շէմսի, Հմայեակ
Ամիրեանի, Վաղարշակ Սրուանձտեանի, Վահրամ Մանաւեանի եւ ուրիշ նուիրեալներու։
Երկրորդական ուսման վերջին տարիները յաճախած էր նախ Վիգթորիա գոլէճ՝ որպէս մէկ
տարուան կրթաթոշակի մը մրցանակակիր, ապա Սքոչ սքհուլ։ Յատուկ ձիրք ցուցաբերած էր
գծագրութեան մէջ. դպրոցէն վերադարձին կը նստէր, ջրաներկներ կը նկարէր, որպէսզի
շաբաթավերջի իր գրպանի գումարը ապահովէր...
Փոքր տարիքէն մեծ սէր ու հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էր շինարարութեան
նկատմամբ, ու միջոցները չունենալով համալսարան յաճախելու, 17 տարեկանին նետուած էր
նոյն այդ ասպարէզը, միաժամանակ թղթակցութեամբ հետեւելով հեռակայ դասընթացքներու՝
ճարտարապետութեան մարզին մէջ։ Իր աշխատասիրութեան, նախաձեռնութեան ոգիին ու
յարատեւութեան շնորհիւ յաջողած էր լաւ անուն վաստկիլ նախ իբր պաշտօնեայ, ապա իբր
գործատէր՝ տարիներու ընթացքին մինչեւ 200-ի հասնող բանուորական անձնակազմով
շինարարական ընկերութիւն մը մէջտեղ բերելով։ Իր իրականացումները առաջին կարգի
մակարդակով կ՜ըլլային, եւ երբ իր հետ Գահիրէի փողոցներէն կ՜անցնէինք, արդար
հպարտութեամբ, բայց երբեք յոխորտանքով, մեզի մատնանիշ կ՜ընէր իր կերտած կամ
բարեզարդած շէնքերը։
Կանուխէն անդամակցած էր Կամք մարմնամարզական ակումբի սկաուտական
շարքերուն, ու այնտեղ ստացած դաստիարակութիւնը՝ մարդասիրութեան,
հաճոյակատարութեան, իրերօգնութեան՝ դարձուցած էր կեանքի հանգանակ։ Իրաւամբ, »ոսկի
սիրտ մը ունէր«, ինչպէս գրեց թոռնուհին՝ Արազը Հայաստանէն այս առթիւ։ Բարի էր, նաեւ
աստուածավախ, բայց ոչ նախապաշարեալ։ Մանաւանդ նախանձախնդիր էր, որ հայորդիները,
յատկապէս դաշնակցական տղաքը հա՛յ ընտանիք կազմեն։
Գործով Գահիրէ փոխադրուելով, ինքն ալ իր կարգին փութացած էր ամուսնանալու,
1939-ին, դպրոցէն ու ակումբէն ծանօթ իր ընկերուհիներէն մէկուն՝ Անահիտ Նորատունկեանի
հետ։ Իբր անդրանիկ զաւակը՝ ես աշխարհ պիտի գայի 1940-ին, իսկ եղբայրս՝ Համազասպը
1943-ին։ Մեզի տրուած անուններէն կարելի է հետեւցնել այն մթնոլորտը, որ կը տիրէր մեր
տան մէջ։ Երբեք մտքէն չէին ելած երկու կարեւոր դէպքեր. առաջինը, երբ ինք երեք տարեկան
էր, ինչպէս, լսելով Հայաստանի անկախութեան հռչակման հրաշալի լուրը, մեծ մայրը հսկայ
եռագոյն դրօշ մը կարած ու ծածանեցուցած էր իրենց պատշգամէն, իսկ երկրորդը, երբ
Ալեքսանդր Խատիսեան եկած էր Հայաստանի Հանրապետութեան համար հանգանակութիւն
կատարելու՝ թատերասրահի պատշգամներէն ինչպէս կիներ իրենց գոհարեղէնները բեմ
նետած էին, իրենց մասնակցութիւնը այդպէ՛ս բերելով։
Հայրս ու մայրս 1936-ին մտած են Դաշնակցութեան շարքերը՝ կրթուելով Արշակ
Ջամալեանի, Համօ Օհանջանեանի, Վահան Նաւասարդեանի ու այլ վաստակաւոր ընկերներու
շունչին տակ։ Հայ կեանքի բոլոր վերիվայրումներուն մէջ, անոնք աներեր հաւատքով
դաշնակցական եղան ու ապրեցան մինչեւ վերջին շունչ։
Ես զինք պիտի ճանչնայի որպէս ընտանիքին նուիրուած, մեր բոլոր կարիքներուն
հասնող, մեր վէճերուն՝ հաշտարար, մինչեւ վերջ՝ մեր ուսման հետեւող հայր մը։ Քաղաքին մէկ
ծայրէն միւսը, հինգ տարի զիս ամեն առաւօտ ի՛նք տարաւ համալսարան, գործի
երթալէ առաջ, եւ երբ վկայականս ստացայ կարծես ի՛նքն էր, որ ճարտարապետ կը դառնար,
իրականացնելով իր կեանքի երազը։ Ան իր զաւակներուն նեցուկ պիտի կանգնէր ամբողջ
կեանքը։
Իր հանդարտաբարոյ կեցուածքով, իր բարեհամբոյր նկարագրով, իր զուարթ
բնաւորութեամբ բոլորին սէրն ու յարգանքը վայելող անձն էր ան ։ Եթէ շրջապատուած էինք
մեծ թիւով ընտանեկան բարեկամներով, այդ անոր համար՝ որ հօրս ընկերակցութիւնը բոլորին
կողմէ փնտռուած էր։
Ես զինք պիտի ճանչնայի նաեւ որպէս անյագ ընթերցասէր, միշտ հետաքրքրուած
աշխարհի իրադարձութիւններով, բնութեան գաղտնիքներով ու գիտութեան վերջին
նորութիւններով, ոչ կաղապարուած մտքի տէր, միշտ բաց՝ յառաջադէմ գաղափարներու
առջեւ, լայնամիտ ու լայնախոհ։
Ես հայրս պիտի ճանչնայի վերջապէս որպէս Պատանեկանի վարիչը, որ ամեն շաբաթ
յետմիջօրէի ոչ միայն մեզ, այլ թաղի հայ պատանիները պիտի հաւաքէր, տանէր ակումբ,
զբաղէր մեզմով՝ խաղերու, ազգային երգերու եւ յեղափոխական կեանքէ դրուագներու
միջոցաւ դաստիարակելով մեզ։ Պիտի ճանչնայի նաեւ որպէս երկար տարիներու կոմիտէի
անդամ, որ համեստօրէն, լուռ ու անշահախնդիր կերպով պիտի ծառայէր իր
կազմակերպութեան։
Երբ Մոնթրէալ պիտի գաղթէինք 1966-ին, ինք, միշտ իր աւանդական
լաւատեսութեամբ, առանց վայրկեան մը տատամսելու, 30 տարուան իր հաստատութիւնը
փոխանցեց, պիտի ըսեմ գրեթէ նուիրե՛ց իր եգիպտացի գործընկերոջ, ու զաւակներուն
ապագային սիրոյն՝ ճամբայ ելաւ դէպի Նոր աշխարհ։ Այստեղ ալ գտաւ իր ասպարէզին
առնչուած՝ կանխաթափ պեթոնէ շինարարական մասերու արտադրութեան ընկերութեան մը
մէջ արհեստագէտ գնահատիչի պաշտօն, որ լաւապէս տիրապետելու համար ալ չվարանեցաւ
51 տարեկանին Տաուսըն գոլեճ յաճախել ու ձեռք ձգել բարձրագոյն ուսման վկայական։
Ամբողջ 17 տարի ան մնաց այդ պաշտօնին գլուխը, դառնալով ընկերութեան երիցագոյն ու իր
մարզին ամենէն հմուտ մասնագէտը։
Արուեստասէր ու մշակութասէր, ան այստեղ մաս կազմեց նաեւ Համազգայինի
շարքերուն, մանաւանդ գրական խմբակին, մօտէն հետեւելով մեր ձեռնարկներուն եւ
ժողովներուն։ Տարիքի բերմամբ չկրցաւ աշխոյժ մասնակիցը դառնալ կուսակցական
գործունէութեան, սակայն պաշտօն ստանձնեց զանազան յանձնախումբերու մէջ։
Այլեւ այստեղ »Հորիզոն«ի էջերուն մէջ ան յայտնաբերեց գրելու իր ձիրքը, ու »Երանի«
ստորագրութեամբ հրապարակեց բազմաթիւ երգիծական յօդուածներ, իր ստեղծած »տիկ.
Հնազանդ«-ի տիպարով քննադատելով մեր կեանքի թերի կողմերը։ Այդ գրութիւններէն
մէկուն մէջ էր, որ կ՜երազէր իր անդրանիկ թոռնիկը՝ Լորին տեսնել Հայաստանի բնակիչ։ Իր
այդ երազի իրականացումը յանձն առնողը եղաւ երկրորդ թոռնիկը։
Երուանդ Յարութիւնեան-Արթինեան մեզմէ բաժնուեցաւ երեքշաբթի՝ 7 դեկտեմբերին,
երեք շաբթուան հիւանդութենէ մը ետք, Թորոնթոյի արուարձաններէն մէկուն մէջ, ուր կը
գտնուէր եղբօրս հետ։
Այդպէս ալ մեր տան դրան բռնակէն կախուած տոպրակի մը մէջ մնացին վերջին
շաբաթներու »Հորիզոն«ները, որ հաւաքեր էի՝ իր վերադարձին յանձնելու համար իրեն, քանի
որ ամէն շաբաթ ակնդէտ կը սպասէր ան իր սիրած թերթին...

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2010-12-20 )1642(

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝