Յայտարարութիւն

Thursday, December 2, 2010

Հարիւր ամեակին առթիւ - ՎԱՀԱն ԹԷՔԷԵԱՆ

Գարնանային ջուրերու երգեհոնին պէս դիութիչ՝
Տաղերգութիունդ ամբողջ յստակ ու ջինջ է այնքան.
Երբներանգ բոյլն բառերուդ՝ ծաղկաստանի մը բուրեան
Ունի հոգին առփաւէտ ու կախարդանքն հմայիչ...
Հոգիներուն մէջ՝ լոյսի բացիր ակօս երկնային
Ու անոնց մէջ ցանեցիր հունտը սիրոյ բարբառին.
Լուսաղբիւրը եղար դուն սերունդներուն նորակոյտ՝
Ուրկէ անցան մի առ մի՝ ծարաւն իրենց անյագուրդ...

Իմաստութիւնը մտքիդ եղաւ տաճառ խորհուրդի,
Խորանին վրայ սրբազան որուն քու սիրտդ կը վառի.
Քու սիրասառս խոհերուդ յուզմունքներուն քաղցր գինին՝
Սերունդ մ՛ամբողջ արբշռեց հիացմունքով մը խորին...

Յորձանքներու զօրութեամբ՝ երգերդ եղան յաղթութիւն,
Եղան մեղմիւ սիւքերու համբոյրին պէս փայփայուն.
Ուղխն աւիշին կենսախիտ՝ Արմենական արիւնին՝
Ու ճառագայթ թափանցող՝ մութ խորշերուն՝ հա՛յ մտքին...

Լացիր ցաւերը ազգին արցունքներով Մասիսին,
Բարձրացուցիր ալ բոլորս քու բարձրութեամբդ անմեկին,
Մէկ հատիկովդ նայեցար հազար ու մէկ աչքերուն՝
Ու չտեսածը անոնց՝տեսար խորքով ակաղձուն...

Սիրեցի քեզ՝ տաղերուդ երբ առաջին, աննման
Վանկերն հասան ունկերուս՝ նուագներով ներդաշնակ.
Քու պարզութեամբդ՝ խրթին, իմաստութեամբդ՝ յստակ,
Կը մնաս դուն մեզի հետ՝ յաւիտեանէ յաւիտեան:

Գէորգ Կարապետեան

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝