Յայտարարութիւն

Thursday, December 23, 2010

ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՍ ՍԻՐԵԼԻ - Գէորգ Կարապետեան

Հոգիներուն մեր տղու՝ մտերմութեան մէջէն խոր՝
Ծնած երազ օրերու, ո՜վ ընկերներս հեռաւոր.
Կարօտը ձեր, այս գիշեր, կը շառաչէ ալեկոծ
Ծովի մը պէս անձկալի՝ հոգիիս մէջ սիրախոց:


Կը խորհէի՞նք բնաւ մենք՝ ճակատագրին թաթն անգութ՝
Պիտի օր մըն ալ այսպէս ցրուէր մեզ չորս հովերուն...
Խանդ ու սիրոյ ճրագին մարէր պիտի բո՛ցն անքուն,
Ու մսէինք մենք պիտի կեանքի գետին մէջ տղմուտ...


Բայց երեկ էր տակաւին «Երրորդութեան» մեր անանց՝
Խնճոյքն այդ շէն ու լուսեղ՝ որ կենսալիր կը խայտար.
Մինչդեռ այսօր, ա՛լ թափուր սեղանն անոր է կոտրած՝
Ու պատկերին դէմ անոր՝ ես կը մնամ վշտահար:


Արդ ձեր դէմքերը բարի, ու ձեր ձայներն սիրալար՝
Կուգան ինծի հատ առ հատ՝ հին յուշերով պարուրուած,
Եւ այս գիշեր, ձեզի հետ, ծոցն անցեալի մը անդարձ՝
Կը ծուարիմ հեշտագին, նորէն կեանքին մեր անցեալ


Ապրելու ուժն ու հոգին, խինդն ու երգերը անսանձ...
Ա՜հ, գիտնայիք, թէ որքա՛ն ձեզ կարօտցած եմ հիմա,
Ու կը տենչամ որ ըլլայ Անցեալը այդ՝ ապագայ,
Որ միասին, համաքայլ, եւ համասիրտ ու անպարտ՝


Բարձրանայինք օրերու զառիվերէն լուսազարդ:

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝