Յայտարարութիւն

Monday, December 6, 2010

Ա Ռ Հ Ա Յ Ա Ս Տ Ա Ն Գէորգ Կարաբետեան

Ես անցուցի վշտահեղձ կեանքիս մէկ մասը արդէն՝
Երկիրներու բազմաթիւ կամարներուն տակ օտար.
Քայլամոլոր քալեցի անհիւրընկալ մայթերէն,
Սիրտս ու հոգիս վանդակած մարմինիս մէջ յոգնասպառ:

Կը տեսնեմ արդ մշուշոտ հայելւոյն մէջ անցեալին՝
Տղայ մը որ սոսկ երազն հայրենիքին նաւ ըրած՝
Ըղձանքներուն ծովուն վրայ լա՜յն առագաստ էր բացած
Ի յոյս գալիք հովերուն՝ որ պիտ՛ երբեք չգային...

Սիրեցի՜ քեզ, Հայաստա՛ն, արեգակին պէս երկնի,
Ըրած զքեզ մշտակայ պաշտամունքիս առարկան.
Գուրգուրացող ժպիտիդ շողերուն տակ, կը թուի,
Մեծցայ ես ալ, քեզի հետ՝ քու ջերմութեամբ կենսական...

Սիրեցի՜ քեզ, Հայաստա՛ն, այնպէս ինչպէս սիրեցի
Մէկ հատիկ մայրս բարի, զոր չճանչցայ ես բնաւ.
Վաղամեռ մայրս՝ որ մտքիս, հոգիիս մէջը որբի՝
Ունի իր տեղը վսեմ ու սրտիս կանչը անբաւ...

Որբացա՜ծ որբ, մայրաբա՜ղձ, հայրենաբա՛ղձ ալ այնքան՝
Գուցէ օտար աստղերու քթթումին տակ՝ տակաւին
Քալեմ միւս կէսն ալ կեանքիս, սիրազուրկ ու անարժան՝
Մոռացութեան վիհին մէջ տանելով գիրն իմ ճակտին...:

Մեռնելու ցաւը թերեւս ըլլար թեթե՜ւ աւելի,
Անմահացած ալ գուցէ ինքզինքս ես զգայի,
Թէ գիտնայի՝ յետ մահու՝ որ աճիւններն իմ մարմնին
Պիտի օր մը, հրաշքո՜վ, գտնէին տեղ մը բարի՝

Հովանիին տակ սօսեաց՝ իմ պապերուս աշխարհին...:


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝