Յայտարարութիւն

Friday, December 24, 2010

ՀԱՅ ԿԻՆԸ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԿՐՕՆԸ Հուրի Ազէզեան

Հայ Կնոջ Տարին արդէն կը մօտենայ իր աւարտին:
Մտաւորական եւ ազգային ու եկեղեցական գործիչ Հուրի Ազէզեան այս յօդուածը ուղարկած է յատուկ «Նշանակ» ին :Հաւանաբար «Հայ Կնոջ Տարի» թեմային վերջին յօդուածն է սա: Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի , Ամերիկայի հայ գաղութները լաւ կը ճանչնան Հուրի Ազէզեանը իր գիրքերուն, ուսումնասիրութեանց, յօդուածներուն եւ քաղաքական թէ կրօնական դասախօսութեանց ընդմէջէն:
«Նշանակ» իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Հուրի Ազէզեանին եւ կը յուսայ որ ընթերցողները յաճախ զինք կարդալու առիթը կ՜ունենան:

«Նշանակ»

««»»«««»«»«»»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»««»«»»»«»«»«»«»««»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Ո՞Վ Է ԴՈԿՏՈՐ ՀՈՒՐԻ ԱԶԷԶԵԱՆԸ


* Գրող - հրապակագիր, թարգմանիչ, Պատմական Գիտութիւններու Թեկնածու։
* Ծնած է Հալէպ-Սուրիա, ասպարէզով ճարտարագէտ։
* Մասնագիտարած է Կիռարական Գիտութիւններու Պատմութեան մէջ, եւ ստացած է Մագիստրոսի կոչում։
* ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան Ինստիտուտէն ստացած է Պատմական Գիտութիւններու Թեկնածուի կոչում։
* Անդամ է Սուրիահայ Գրողներու Համախմբումին։
*Հիմնադիր անդամներէն է Սուրիոյ Համալսարաններու Շրջանաւարտներու Հալէպահայ Միութեան (ՍՀՇՀՄ)։
* Գործօն եւ աշխոյժ մասնակցութիւն ունի սուրիահայ համայնքի եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային, հասարակական, մշակութային, մտաւորական, ընկերային ծառայութեան եւ միջ-եկեղեցական կեանքէն ներս։Անդամ է Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան Քաղաքական Ժողովին (Բ. շրջան)։
* 1986էն ի վեր, ունի հրատարակուած հեղինակային եւ թարգմանական տասներկու հատորներ (հայերէն եւ արաբերէն), հեղինակային եւ թարգմանական անտիպ հինգ աշխատութիւններ (հայերէն եւ արաբերէն),ինչպէս նաեւ հայագիտական,պատմագիտական եւ հասարակական հրատարակուած եւ անտիպ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ։
* 1989էն ի վեր, մնայուն աշխատակիցի հանգամանքով կ՚աշխատակցի ԲԵրիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի «Գանձասար» պաշտօնաթերթին, պարբերաբար սփիւռքահայ մամուլին, սփիւռքահայ եւ հայրենի հայագիտական հանդէսներու, սուրիական մամուլին եւ միջ-եկեղեցական արաբալեզու հրատարակութիւններու։
*1990-ին առաջին անգամ կազմակերպած է Հալէպի «Զարեհեան» Գանձատունը։
* Մասնակցած է մեծ թիւով համագումարներու եւ գիտաժողովներու Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի, Եգիպտոսի, Իրանի, Կիպրոսի, Զուիցերիոյ մէջ եւ այլուրք։


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

ՀԱՅ ԿԻՆԸ
ԵՒ
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԿՐՕՆԸ
ԱԶԳ - ԵԿԵՂԵՑԻ ՇՐՋԱԳԻԾԷՆ ՆԵՐՍ

Հուրի Ազէզեան
E mail.- kanmou@scs-net.org

Ընդհանուր առումով, կրօններ սերտօրէն առնչուած են մարդկային ընկերութեան կեանքին հետ, անոր այլազան բնագաւառներէն ներս, եւ ներկայ ժամանակներու ընկերաբարոյական սկզբունքներու թէ մնայուն արժէքներու տեղատուութեան դիմաց, մարդը իր գոյութեան ու կոչումին վերարժեւորման մէջ՝ սկսած է վերադարձ մը ապրիլ դէպի կրօնական արժէքները։

Մասնագէտներու համաձայն բազմախոստում նշաններ կան, որոնք կը յուշեն թէ՝ 21րդ դարու կրօնական կեանքը բեղուն պիտի ըլլայ, ուր կրօնական գիտակցութեան վերականգնումին հասարակաց յայտարարն է այն ըմբռնումը, թէ Աստուած Արարիչ է եւ մենք Անոր արարածները։ Մանաւանդ որ, եթէ կրօնական գիտակցութիւնը գլխաւորաբար կը բնորոշուի հաւատքով, որուն մէջ առկայ է շնորհքի բաղադրատարրը, եւ բոլորովին մենաշնորհում մը չէ, այլ տրուած է բոլորին անխտիր (կարգ մը մարդիկ իրենք ընդունակ չեն այդ շնորհքին), ապա բանականութիւնը հաւատքի շնորհքին դրսեւորման էատարրերէն է, առանց հակասելու անոր, բայց յաճախ ի զօրու չէ հասնելու մարդկային կեանքի Աստուծոյ միջամտութեան ըմբռնողութեանը, որովհետեւ այստեղէն կը սկսի հաւատքը, իսկ Անտրէ Մալրուն ըսած է թէ՝ 21րդ դարը կրօնական դար կ՚ըլլայ, եւ կամ բնա՛ւ չըլլար։
Մինչ համաշխարհայնացած այս աշխարհին մէջ, երբ աշխարհագրական հեռաւորութիւններ գրեթէ չկան, եւ ազգեր, մշակոյթներ, քաղաքակրթութիւններ, ընկերութիւններ... միաձուլման ընթացքի մը մէջ՝ այլագունման, նոյնիսկ այլափոխման սպառնալիքին տակ կը գտնուին, կրօններ կրնան որոշակի դերակատարութիւն մը ունենալ ինքնուրոյնութիւններու պահպանման տեսակէտէ, եւ կրնան սատարել դիմագրաւելու համար դարադարձի տարատեսակ մարտահրաւէրները։

Միւս կողմէ, կրօններ - մարդ յարաբերութեան գծով կը մէջբերենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի խօսքերը. «Որեւէ կրօն, գաղափարական շարժում, կամ իմաստասիրական դրութիւն, հին թէ նոր, այնքան կարեւորութեամբ չէ շեշտած մարդուն արժէքը, մարդուն կեդրոնական տեղն ու դերը տիեզերքի մէջ, որքան քրիստոնէութիւնը։ Աստուածաշունչին, քրիստոնէական աստուածաբանութեան, հայրաբանութեան ու գրականութեան, եւ եկեղեցւոյ ծէսին ու առաքելութեան թեման մա՛րդն է...»։
Յիշարժան է նաեւ, թէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (WCC), որ միջ-եկեղեցական շարժումի հաստատութենական ամէնէն զօրեղ եւ լայնածաւալ արտայայտութիւնն է, 1987-1997 տարիները հռչակած էր «Եկեղեցիները՝ Զօրավիգ Կիներու Տասնամեակ», լուսարձակի տակ առնելով անոնց դիմա•րաւած ժամանակի բազմազան դժուարութիւնները, մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները, վերարժեւորելու եւ վերահաստատելու համար իգական սեռին տեղն ու դերը քրիստոնեայ եկեղեցւոյ մէջ։
Աւելի վերջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ իր 31 Դեկտեմբեր 2009 թուակիր Հայրապետական Գիրով, 2010 թուականը հռչակեց «ՀԱՅ ԿՆՈæ ՏԱՐԻ», կոչ ուղղելով զայն պատասխանատուութեամբ եւ յանձնառութեամբ արժեւորելու հաւաքական մեր կեանքէն ներս։

Ահաւասիկ եւ ուրեմն կինը Աստուծոյ էակ է, Աստուծոյ կողմէ օժտուած է եզակի յատկանիշներով եւ սիրոյ առանձնայատուկ ընկալունակութեամբ։ Արդէն քրիստոնէական էութիւնն իսկ սէրն է, որ մասնակցութիւն եւ պարտաւորութիւն կ՚ենթադրէ, եւ որպէս մարդ արարածին ճառագայթումը՝ կ՚անդրանցնի Արարիչը։

Սէրը՝ Աստուծոյ նկատմամբ մեր պարտքն է, որ պէտք է վերադարձնենք ուրիշները սիրելով, առանց սիրոյ մարդը ընդունակ չէ որեւէ կերպով ինքզինք իրագործելու։ Հետեւաբար կինը նախապատուօրէն կողմնորոշուած է դէպի հոգեւոր կեանք, դէպի աղօթք, եւ անոր դերակատարութիւնը վեհափառ լռութեամբ դրսեւորուած է Աստուածամօր կերպարով։ Կնոջ համար մօր դերը՝ կանխորոշիչ է անոր կանացի կոչումին ու բնոյթին։Այս պարագային ուսանելի են Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի խօսքերը. «Ընտանիքը եկեղեցի է, եւ քահանան՝ մայրն է...», որ պերճիմաստ կը բացայայտէ մարդկային կեանքին մէջ մօր գրաւած անփոխարինելի տեղը։

Սակայն, հետաքրքրական է թէ անցնող Մարտի 8ին, միջազգային, շրջանային թէ տեղական, երբեմն ալ ներազգային շրջանակներէ ներս, տարբեր նախաձեռնութիւններով դարձեալ նշուեցաւ Կանանց Միջազ•ային Օրը։ 1910ին, Քոբէնհակընի մէջ գումարուած Ընկերվար Կանանց Բ. Միջազգային Խորհրդաժողովի որոշումով հաստատուած այդ օրը՝ կը նպատակադրէր պայքարիլ ի խնդիր իգական սեռի տնտեսական, ընկերային, քաղաքական «իրաւահաւասարութեան», համաշխարհային առումով իրականացնելով կանանց համերաշխութիւնը։

Անտարակոյս մինչեւ նոր օրերը, շուրջ տաս տասնամեակներու ընթացքին, յատկապէս ճարտարագիտութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու սլացքին հետ համահունչ, արագ փոփոխութիւններու ենթարկուեցան ընդհանրապէս կեանքի բնականոն արժեչափերն ալ, ի յայտ բերելով նոր երեւոյթներ, որոնք դրականին կողքին՝ ունեցան նոյնիսկ մտահոգիչ հետեւանքներ։ Միաժամանակ, այդ տաս տասնամեակներու ասուպային հոլովոյթին հետ համեմատաբար՝ անշուշտ փոխուեցաւ իգական սեռին աւանդական դիմագիծը եւս - բացառութիւնները մի՛շտ յարգելի են -, ձեռք ձգեց շօշափելի իրաւունքներ, եւ յաճախ յաջողեցաւ նուաճել բարձրա•ոյն մակարդակներ, այսուհանդերձ անխափան շարունակուեցաւ նշուիլ Կանանց Միջազգային Օրը։

Բայց մեր խորհրդածութիւններուն սլաքը եթէ ուղղենք դէպի Աստուծոյ խօսքը - Աստուածաշունչը, նետուած հպանցիկ ակնարկ մը անգամ ակնյայտօրէն կը պարզէ իգական սեռին կարեւոր դիրքը այդտեղ։ Սկիզբէն իսկ, Հին Կտարակարանի Գիրք Ծննդոցին մէջ ըսուած է. «Եւ Աստուած իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերով ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք» (Ծն 1.27)։ Ժառանգի պարագային իգական սեռին տրուած է լիարժէք իրաւունք. «Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի ըսելով. Սաղպաադի աղջիկները շիտակ խօսեցան. անպատճառ անոնց ժառանգութեան կալուածք տաս իրենց հօրը եղբայրներուն մէջ, ու անոնց հօր ժառանգութիւնը իրենց վրայ դարձնես. եւ Իսրայէլի որդիներուն խօսիս ու ըսես. Եթէ մարդ մեռնի, ու տղայ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր աղջկան վրայ դարձնէք» (թւ 27.6-8)։ Գիրք Առակացի մէջ մեծապէս արժեւորուած է առաքինի կինը. «Առաքինի կինը եթէ գտնուի, բոլոր պատուական քարերէն աւելի թանկագին է» (Առ 31.10), նաեւ գնահատուած է աշխատասէր կինը. «Գօտին մէջքին պինդ կապուած եւ թեւերը՝ սոթտած, կը ճաշակէ աշխատանքին քաղցրութիւնը, եւ ամբողջ գիշերը չի մարիր անոր տան ճրագը...» (Առ 31.17-18)։

Իսկ քրիստոնէական կրօնը՝ արդէն պատուաբեր տեղ շնորհած է իգական սեռին։ Փաստօրէն, Մարիամ դարձաւ Աստուածածին՝ ծնունդ տալով Աստուածորդւոյն, եւ քաւեց նախամօր մեղքը, կինը բարձրացնելով իր աստուածաստեղծ պատուանդանին։ Յետոյ Քրիստոս մարդեղացաւ, մարդոց մէջ ապրեցաւ Աստուածածնի ընդմէջէն, եւ կը կարծենք թէ պատահականութեան արդիւնք չէր կրնար ըլլալ, որ Յիսուսի փրկագործական երկնառաք առաքելութեան սկիզբը մայրը ներկայ էր, նոյնիսկ բարեխօսած էր ի նպաստ Կանայի Հարսանիքին շփոթահար հարսնեւորներուն. «Երբ գինին պակսեցաւ, Յիսուսի մայրը իրեն ըսաւ.
- Գինի չունին։
- Մա՜յր, մեզի ի՛նչ, պատասխանեց Յիսուս,- իմ ժամանակս տակաւին չէ հասած։
Սակայն մայրը ըսաւ սպասաւորներուն.
- Ինչ որ ըսէ ձեզի՝ կատարեցէք...» (Յհ 2.3-5)։

Բացի այդ, մեր Փրկչին տնօրինական կեանքը պսակող վերջին դէպքերը ապրած էր հետը, եւ Քրիստոս հոգեվարքի վայրկեաններուն, հոգեխռով ինքնալքումի մը մէջ ըսած էր. «Ո՞ւր ես, մայր իմ...»։

Այնուհետեւ, կինը տիրական ներկայութիւն դարձած էր Յիսուսի կեանքին մէջ։ Դարձեալ խօսինք օրինակներով. ահաւասիկ հիւանդ կնոջ մօտեցումը. «Անիկա ինքնիրեն կը խորհէր ու կ՚ըսէր. Միայն դպնամ անոր հա•ուստին եւ պիտի բժշկուիմ։ Յիսուս ետեւ դարձաւ եւ կինը տեսնելով ըսաւ.- Աղջի՛կս, քաջալերուէ, հաւատքդ քեզ բժշկեց» (Մտ 9.21-22)։ Յետոյ նաեւ, կինը հաւատաց Քրիստոսի եւ իւղով օծեց ոտքերը (Ղկ 7.37-38), նոյնիսկ աշակերտեց Անոր. «Մինչ իրենց ճամբան կը շարունակէին, Յիսուս գիւղ մը մտաւ։ Հոն Մարթա անունով կին մը ընդունեց զինք իր տան մէջ։ Ասիկա քոյր մը ունէր, Մարիամ անունով, որ եկաւ եւ Տիրոջ ոտքերուն քով նստելով՝ սկսաւ անոր խօսքերը մտիկ ընել» (Ղկ 11.38-39), նոյնիսկ Աստուածորդին ներեց մեղանչող կնոջ՝ մարտահրաւէր կարդալով բոլոր մեղաւորներուն. «Ձեր մէջէն անմեղը թող ի՛նք առաջին քարը նետէ անոր վրայ» (Յհ 8.7)։ Ան տնօրինական կեանքին աւարտին խաչուեցաւ, թաղուեցաւ, յարութիւն առաւ եւ առաջին ան•ամ Մագդաղենացիին է, որ երեւցաւ ըսելով. «Գնա՛, իմ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց թէ ես կ՚ելլեմ իմ Հօրս եւ ձեր Հօրը մօտ, իմ Աստուծոյս եւ ձեր Աստծոյն մօտ» (Յհ 20.17)։

Ուշագրաւ է, որ Առաքեալներն ալ կինը դիտած էին մարդկային հաւասարութեան սկզբունքով, օրինակ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Քրիստոնէական հասկացողութեամբ՝ չկայ կին առանց մարդու, ոչ ալ մարդ՝ առանց կնոջ։ Որովհետեւ եթէ կինը այր մարդէն սկիզբ առած է, մարդն ալ կնոջմէ կը ծնի, եւ բոլորն ալ Աստուծմով կան» (Ա. Կր 11.11)։


* * *

Միաժամանակ որպէս աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը՝ նոյնքան անշրջանցելի է հայոց պատմութիւնը, ուր կնոջական լուսազգեաց կերպարին ուրուանկարները մեզի հասած են դեռեւս նախաքրիստոնէական շրջաններէն։ Ագաթանգեղոսի բառերով Անահիտ դիցուհին ներկայացուած է իբրեւ՝ «Փառք ազգիս մերոյ եւ կեցուցիչ…», «Շունչ եւ կենդանութիւն ազգիս հայոց...»։ Հետագային մեր պատմութեան բոլոր ժամանակներուն, հայ կնոջ առաքինազարդ տիպարը ճառագայթուն մնացած է, մարմնաւորուած հոգեխօս դէմքերու կողմէ.- Աշխէն թագուհի, «Տիկնայք փափկասունք հայոց աշխարհի », Ոսկեդարու տիրապետող դէմքը՝ Ձուիկ Մամիկոնեան, Զարմանդուխտ Տիկնանց Տիկին, Սահակդուխտ Սիւնեցի, Շուշան Պահլաւունի, Այծեմնիկ Տիկին, եւ դեռ Սրբուհի Տիւսաբ, Հայկանոյշ Մարկ, Մարօ, Շաքէ, Ռուբինա, Սօսէ Մայրիկ եւ ուրիշներ, որոնք ԺԹ. դարու հայ հոգեւոր եւ ազգային զարթօնքի մշտաբաց տարեգրութեան ոսկեղէն էջերը աննուաղ զօրութեամբ արձանագրած էին, մինչ Ի. դարու սկիզբը, Օսմանեան հայահալած ու դաժան բռնութիւնները՝ կռանած էին ազատատենչ այդ հայուհիները, երկնելով հայրենասիրական անմոռանալի դրուագներ։
Եւ հայրենասիրութիւն - հաւատք յարակցութեան գեղեցիկ պատկեր մըն է Սօսէ Մայրիկին նուիրուած բանաստեղծութեան մը այս հատուածը.
«Հաւատքն իր հոգում՝ զարկեց, զարկըւաւ հերոս հայուհին,
Մեր հայրենիքի սուրբ ազատութեան արիւնոտ ճամբին,
Կըռւելով անցաւ չքնաղ ու սիրուն Սօսէ ֆետային...»։
(Անուշ Գրիգորեան)

Իսկ կարիքը կա՞յ վերյիշելու Մեծ Եղեռնի տխրաթախիծ օրերուն, հայ նազելի օրիորդներուն, կիներուն ու մայրերուն անասելի ճգնաժամը, սակայն եւ միա՛յն հայ կնոջ վայել նահատակութեան շքեղ պատումները՝ իբրեւ յաւերժախօս նուաճումը քրիստոնէական անկորնչելի պատգամին։ Բայց,
«Եղեռնի ծամածն էլի ընձիւղուեց հրաշք յարութեամբ,
Խաչուածն Յիսուսուեց մի բուռ հայութեամբ...»,
(Յովհ. Շիրազ)
ուր հայ կինը ամէնուրեք տուաւ, բաշխեց ու բաշխուեցաւ լիաբուռն, յարաջան հետեւողութեամբ լծուելով հայակերտումի, ազգակերտումի, հայրենակերտումի աշխատանքներուն։
Եւ դեռ նոր օրերու հայ մայրերը ծնունդ տուին նոր հերոսներու, որոնք «Եարի փոխան զէնքը գրկած …»՝ Արցախեան ինքնորոշման գոյապայքարը կը մղեն, վերջնական յաղթանակի տեսիլքով արբշիռ։
Եկէք, միասին ականջ տանք ժողովրդային երգին կենսավառ խօսքերուն.
«Ամէն մի հայ կին մի ֆիտայի տնաշէն՝
Քեզ յաղթել չլինի իմ քաջ Գետաշէն...»։

* * *

Արդ, ազգ-եկեղեցի կամարումով եւ քրիստոնէական հաւատքի պայծառ շաւիղով առաջնորդուած՝ եթէ վերադառնանք մեր խորհրդածութիւններուն.

Առաջին. Աստուած առու եւ էգ ստեղծած է։ Այլ խօսքով երկու տարբեր տեսակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին առանձնայատկութիւններուն համաձայն՝ վստահուած է իւրայատուկ դերակատարութիւն եւ առաքելութիւն, որոնք կատարելապէս զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ կը համալրեն։
Ուրեմն, պէտք է յարգել Տիրոջ կամքը, պահել այդ զանազանութիւնը եւ մինչեւ անգամ հարստացնել զայն, գիտնալ երկու սեռերու իրաւունքները, եւ փոխադարձաբար ճանչնալ զանոնք՝ պարտաւորութիւններու գիտակցութեամբ առնչուած, առանց մրցակցութեան ապարդիւն գրոհներու։

Երկրորդ. Մեկնելով այն հանգամանքէն թէ շուրջ տասնամեակ մը առաջ, ազգովին տօնախմբեցինք Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700 ամեակը, ուրեմն հայ կինը իր կարգին կը գտնուի կիզակէտի տակ, եւ հրամայական առաջնահերթութեամբ մը կոչուած է ինքնաքննարկումի ենթարկելու ինքզինք, խորահայեաց կերպով դիտելով մեր փառաւոր պատմութեան եւ քրիստոնէական լոյս կրօնի ուսանելի նշանները՝ որպէսզի ինքնաճանաչումի ներսոյզ ապրումով կարենայ ինքզինք արժեւորել անհատական եւ հուսկ հաւաքական առումներով՝ իւրաքանչիւրը իր կարողութիւններուն եւ արժանիքներուն ընձեռած սահմանումներով, ի փառս հայ ժողովուրդին եւ Հայ Եկեղեցւոյ։

Երրորդ. Ճի՛շդ է որ արդի աշխարհին մէջ մակերեսայնութիւնն ու հաճոյապաշտութիւնը ընթացիկ դարձած են, քիչ մը ամէն տեղ քաղքենիացման ախտավարակ յորձանքները հասած են, եւ կեանքի բնականոն չափանիշերը շրջուած են՝ չըսելու համար կորսուած։ Բացի այդ, երբ ճարտարագիտութեան կատարելագործումը աննախընթաց նուաճումներ արձանագրելով հանդերձ՝ մեր ազգային տոհմիկ բարքերուն եւ կենցաղին անյարիր հետքեր կը ձգեն ամէնուրեք, աւելի բացորոշ կը դառնայ հայ իգական սեռին սահմանուած դերակատարութիւնը, պահպանելու համար մեր ազգին նկարագրային իւրայատկութիւնները, որպէսզի չաղաւաղուի նաեւ հայ կնոջ շնորհազարդ դիմագիծը, մերօրեայ յառաջդիմութիւններուն հետ քայլ պահելով միատեղ, խորաթափանց մօտեցումով առնելով այն՝ ինչ խոտոր չէ հայկականութեան։ Բնականաբար, արժէքներու արտայայտութեան ձեւերն ու եղանակները ժամանակին հետ պիտի փոխուին, պէ՛տք է որ փոխուին, բայց «Կանք, պիտի լինենք, ու դեռ շատանանք»ի տեսիլքը ճշմարտապէս ապրելու համար, արժէք ընդունողներ պէ՛տք է ըլլանք, արժէք գնահատողներ, պահե՛նք հոգեմտաւոր ապրումի այն բարձր վիճակը, որպէսզի կարենանք ճիշդ սնունդ քաղել ի խնդիր վաղուան կեանքին։

Չորրորդ. Հայ ժողովուրդը մեր եկեղեցին կոչած է Մայր Եկեղեցի՝ զայն ընդունելով հոգիներու ծննդավայրը։ Սակայն եկեղեցին գեղակերտ շէնքը չէ, եկեղեցին մենք ենք, հաւատացեալներս, արդարեւ ուղղափառ հասկացողութեամբ եկեղեցին համայնքն է, որ կը ձգտի ապրիլ հաւատքով։ Եկեղեցին մարդուն կողմէ յօրինուածք մը չէ, հիմնուած է Աստուածորդւոյն կողմէ՝ մարդուն գործակցութեամբ, ուր ան իր Արարիչին հետ կը հանդիպի այդտեղ։ Հետեւաբար, համայնքին կեանքը մեզ ներքուստ կը վերստեղծէ հոգեպէս եւ բարոյապէս, որովհետեւ Քրիստոս կը շարունակէ գործել Եկեղեցւոյ մէջ՝ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։
Ահա թէ ինչու հայութեան համար եկեղեցին դարձած է Մայր Եկեղեցի, որուն առաջին վկան կին եղած է, Սրբուհի Սանդուխտ՝ Սանատրուկ թագաւորին դուստրը։
Կիներ վճռորոշ ազդեցութիւն ունեցած են Հայ Եկեղեցւոյ ձեւաւորման պարագային, Սուրբ Կոյսեր Հռիփսիմէ, Գայիանէ, Մարինէ եւ միւս 32ը՝ սկզբնաւորած են Հայաստան աշխարհի քրիստոնէական էջքը։ Եւ Ս. Գրի•որ Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն իր ելքէն յետոյ, առաջնահերթ պարտք համարած էր հաւատքի վկաներու փառաբանումը, իսկ անոնք բոլորը կիներ եղած են։
Ու Մայր Եկեղեցւոյ մեր անխառն պատկանելիութեան գծով, հայ մօր մասնաւորաբար՝ անհամեմատօրէն կարեւոր դերակատարութիւն վստահուած է, երեխային անհատականութեան ձեւաւորման առնչութեամբ, ընտանեկան բազմերես դաստիարակութեան ընթացքին ներմուծելու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եւս, նոյնինքն Քրիստոսի հետեւողութեամբ, որ սաստելով Զինք շրջապատող մանուկները ցրուելու հետամուտ աշակերտները, անոնց ըսաւ. «- Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը...» (Ղկ 18.16), որպէսզի մեր զաւակները նախ իրողապէս հաղորդուին եւ ապա լաւապէս ճանչնան առաքելահիմն Հայ Եկեղեցին, իբրեւ հայ հաւատքին անմատոյց բերդը, հայ մշակոյթին սնուցիչ մայրերակը, կիրառական արուեստներու հնչեղ գանձարանը։

Եւ վերջապէս դարձեալ, որպէս աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը, ազգ - եկեղեցի շրջագիծէն ներս՝ հայ կնոջ անժամանցելի աւանդը կը շարունակուի այսօր, անպայմանօրէն պիտի շարունակուի վաղը, եւ շատ հաւանաբար, այն ատեն մեզի համար Կանանց Միջազգային Օրը կը ստանայ ուրիշ խորք, յատկապէս «իրաւահաւասարութիւն»ը առաջնորդելով դէպի իր ճիշդ երթուղին, անշուշտ արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պահպանման համայնական շրջանակէն ներս։
Աւելի՛ն, 2010 թուականի այս վերջին օրերուն, Հայ Կնոջ Տարուայ լուսաշող պատգամը նոր շեշտաւորումներով եւ մարտահրաւէրներով կը վերահաստատէ հայ կնոջ վերապահուած անփոխարինելի դերակատարութիւնը, հայութեան համայնական կեանքէն ներս, ի Մայր Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի։

ՀԱԼԷՊ-ՍՈՒՐԻԱ




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝