Յայտարարութիւն

Sunday, January 30, 2011

ԿԵՑՑԷ՛

Բոլոր անոնք որոնք ճանչցածեն Ժիրայր Ղարիպեանը պիտի մեծապէս գնահատեն Վրէժ Արմէնի այս գնահատելի յօդուածը:
«Նշանակ»
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Սիրոյ եւ հաւատքի այս գործը
Պոսթընի ՀԱՁ-ի
երեսնամեակին առթիւ

Ա.
Պոսթընի Հայկական անկախ ձայնասփիւռը 2010-ի հոկտեմբերին տօնեց
իր հիմնադրութեան երեսնամեակը։ Նշելի, պանծալի յոբելեան մըն է, որուն չենք
կրնար չանդրադառնալ։

Արդարեւ, ՀԱՁ-ը այդ առթիւ արժանացաւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա.
կաթողիկոսի Օրհնութեան գրին, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Պատուոյ գրին
ու Շնորհաւորագրին, այլեւ նոյն նախարարութեան եւ Համաշխարհային
հայկական կոնկրեսի )ՀՀԿ( »Լաւագոյն լրատուամիջոց« մրցոյթի մրցանակին եւ
Ա.Մ.Ն.-ի Մասաչուսեց նահանգի իշխանութեան Գնահատագրին )Ապրիլեան
նահատակաց ոգեկոչման կապակցութեամբ(, իսկ Ձայնասփիւռի
պատասխանատու տնօրէն-խմբագրին՝ Եւգինէ Ղարիպեանի շնորհուեցաւ ՀՀԿի
, Ռուսաստանի հայերի միութեան եւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան
մրցանակը՝ »Սփիւռքահայ լրատուամիջոցներ« անուանակարգին մէջ։ Ընկհ.
Ղարիպեան այն անձն է, որ ՀԱՁ-ի հիմնադիր իր ամուսնոյն՝ Ժիրայր
Ղարիպեանի անժամանակ մահէն ետք, 1991-ի նոյեմբերէն ի վեր, յաջողեցաւ
գլուխը կանգնիլ այս կարեւոր նախաձեռնութեան, պահել ու ալ աւելի
զարգացնել հայկական ռատիոժամը։

Աւելի քան չորս տարի առաջ, տողերս գրողին հարցումներուն
պատասխանելով, ան հետեւեալը կ՜ըսէր.
»Գիտես, որ 1980 թուականի հոկտեմբեր 11-ին՝ Մշակոյթի օրուան
հիմնադրուեցաւ Պոսթընի հայկական անկախ ձայնասփիւռը, եւ ինչպէ՞ս
հիմնադրուեցաւ - Ժիրայրը, որ արդէն երիտասարդ ժամանակուանից սիրում էր
գրել, սիրում էր ձայնագրութիւններ անել, միշտ ձայնագրիչ մեքենայ ունէր, եւ
իր երազն էր, որ այդ ճիւղը ինք կարողանայ կատարելագործել: Երբ մենք
Ամերիկա փոխադրուեցանք, իր առաջին գործը եղաւ դիմել Պոսթըն
համալսարան, որ կարողանայ լրագրութեան մէջ վկայական առնել: Եւ ինք
յաջողեցաւ Մագիստրոսի վկայական ստանալ, եւ այդ օրուանից ամբողջ
ժամանակը իր մտքին մէջ էր, որ Պոսթընի մէջ ռատիոժամ հիմնադրէ:
»Եւ այդպէս, ռատիոժամը սկսեց, շատ վտիտ ուժերով: Բայց ի'նք այնքան
կապուած էր ռատիոյին եւ այնքան ոգեւորուած, որ շատ կարճ
ժամանակամիջոցի մէջ կարողացաւ գաղութն ալ կապել ռատիոյին:
»Ռատիոժամը սկսեց մէկ ժամով եւ միշտ հայերէնով: Յետոյ Ժիրայրը
զգաց, որ որոշ տարր կար, որ կ՚ուզէր կապուիլ ռատիոյին, բայց հայերէն
չգիտէր, իսկ մէկ ժամում շատ հնարաւոր չէր որ անգլերէն բաժին էլ
ունենայինք: Ուրեմն, մէկ ժամը մէկ ժամուկէսի փոխեց եւ այդ մէկ ժամուկէսի
մէջ 15 րոպէ անգլերէն բաժինը ունենք, ուր օրուայ հարցերի շուրջ ակնարկներ
ենք տալիս, նաեւ լուրեր եւ յայտարարութիւններ։« - )»Հորիզոն«, 2 եւ 9
հոկտեմբեր 2006, Միշտ պատնէշի վրայ՝ Ամբողջական զոհողութեամբ(։
Ժիրայր Ղարիպեան հայ իրականութեան մէջ քիչերէն էր, որ
ճակատագրուած էր այս ռատիոժամը սկսելու։ Ան ոչ միայն ստացած էր
լրագրութեան վկայական, այլ նաեւ հետեւած էր հեռասփռային լրագրութեան
)broadcast journalism(։ Աւելին՝ ան ունէր անհրաժեշտ նկարագիրը, կամքն ու
կորովը՝ նման գործի մէջ նետուելու համար։ Ունէր նաեւ ու մանաւանդ
զոհողութեան գիտակցութիւն։

Իր մահուան առթիւ իմ սիրելի, սրտակից ընկերոջ մասին այսպէս էի
գրեր.
»[...] յուսահատիլ չէր գիտեր ան: Ստանձնած գործը մինչեւ վերջ պիտի
տանէր՝ նոյնիսկ եթէ մինակը մնացած ըլլար եւ գործընկերները շատոնց
ուժաթափ եղած ըլլային։ [...] Պոսթընի հայկական անկախ ռատիոժամը [...] իր
եւ իր կողակցին՝ իրմէ անբաժան Եւգինին անսպառ շունչին ու քրտինքին
արգասիքն էր: Ի դէպ, Ղարիպեան ամոլը տիպար այն զոյգերէն էին, որոնք
միշտ միասնաբար պատնէշին վրայ գտնուեցան, հրաժարելով սեփական
կեանքէն ու ամբողջութեամբ նուիրուելով ազգին ու իրենց պատկանած
կուսակցութեան։« - )»Հորիզոն«, 27 յունուար 1992, Ժիրայրին հետ(։
Ժիրայր կու գար մեծ պարապ մը լեցնելու Պոսթընի հայ գաղութի
կեանքի մշակութային-լրատուական մարզէն ներս։ Իր մահէն հազիւ քանի մը
ամիս առաջ, »Հորիզոն«ի շնորհած իր հարցազրոյցին մէջ, ընկ. Ղարիպեան
հետեւեալ կերպով կը բնորոշէր ռատիոժամը, յստակացնելով նաեւ »անկախ«
բառին բնոյթը.
»Ան մեծ դեր կը խաղայ Պոսթընի հայ իրականութեան մէջ, ռատիոժամը
լրացուցիչն է հայ մամուլին: Թէեւ վարչականօրէն անկախ, ան յստակ
գաղափարական կողմնորոշում ունի, կը ձգտի հայ ժողովուրդի
միասնականութեան, անոր բոլորուելուն՝ Հայ դատի, Հայ մշակոյթի եւ Մայր
հայրենիքի, ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական Հայութեան մեր
գաղափարականին շուրջ։« - )»Հորիզոն«, 31 օգոստոս 1991, Ընկ. Ժիրայր
Ղարիպեանի հետ(։
Ժիրայր չափազանց խանդավառ էր մեր հայրենիքէն ներս 80-ական
թուականներու երկրորդ կէսէն ետք խմորուող շարժումներով։ Գրեթէ նոյն
ատեն, որ վերեւի այդ հարցազրոյցը կ՜ունենար՝ իր հիւանդութեան արդէն
դժուարին օրերուն, ան կը ստորագրէր իր վերջին յօդուածներէն մէկը, եթէ ոչ
վերջինը, ուր կ՜անդրադառնար Հայաստան հաստատուելու իր երազին.
»ԺԱՄԱՆԱԿ ՉԿԱՅ, բայց յոյսի եւ երազի իմաստութիւն մը կապոյտ
երկինքի հորիզոնին վրայ յար կը յուշէ ինծի հայոց հողի զօրութեամբ՝ այս
երազս պիտի իրականանայ: Ահա յարատեւութեանս եւ ամենօրեայ պայքարիս
գաղտնիքը։« - Ղ. Ժիրայր, Ժամանակ չկայ..., 21 օգոստոս 1991, Պոսթըն )30-
ամեակի գրքոյկէն(։
Բ.
Ժիրայր Ղարիպեանի երազը, աւա՜ղ, պիտի չիրականանար, եւ միայն իր
աճիւններն էին, որ պիտի երթային հանգստանալ հայրենի հողին ծոցը, սակայն
ան պիտի յաջողէր այդ տարիներուն իր ձայնասփիւռը վերածելու Հայրենիքի ու
Սփիւռքի միջեւ լայն կամուրջի։ Իր ջանքերուն շնորհիւ ան կապեր պիտի
ստեղծէր հայրենի մտաւորականութեան հետ, ձայնասփիւռին միջոցաւ զանոնք
ծանօթացնէր իր ունկնդիրներուն, իսկ ՀԱՁ-ի տարեդարձներուն առթիւ
կազմակերպած հանդիսութիւններուն, որոնք պիտի ծառայէին նաեւ
անհրաժեշտ գումարները ապահովելու՝ գործը անխափան շարունակել
կարենալու համար, ան միշտ Սփիւռքէն թէ Հայրենիքէն գրողներ ու մշակոյթի
գործիչներ պիտի հրաւիրէր, զանոնք մեծարելու ու գաղութին ծանօթացնելու
համար։
Ահա այս երեւոյթին կ՜անդրադառնար մէկ կողմէն Հր. Թամրազեան՝
հայրենիքէն, 1990-ին.
»Այս կրակուած օրերին մեծ խռովքի ու ցաւերի մէջ գտնուող հայ
ժաղավուրդին խոր յուզմունք են պատճառում հարազատ ձայները, որոնք
հնչում են աշխարհի բոլոր ծագերում եւ կենսական ուժի ու գոյութեան
պատգամ են բերում տարագիր հայութեանը: Շատ ուրախ եմ, որ այդ
համանուագում հնչում է քո ձայնասփիւռի ազնիւ ու արդար ձայնը, տոգորուած
հայրենական սիրով եւ առանձին ջերմութեամբ դէպի Հայաստան երկիրը։« -
)30-ամեակի գրքոյկէն(։
Իսկ Վեհանոյշ Թէքեան անոր կ՜արձագանգէր Սփիւռքէն.
»Ժիրայր Ղարիպեան կախարդական ամենալոյծ ճիպոտ չունէր ձեռքը,
բայց կախարդի պէս, գոնէ իր շրջապատին մէջ, կրցաւ մեր ազգային ու
հաւաքական կեանքը դարձնել հաղորդական եւ գրաւիչ: Յարդը եւ որոմը
անջատելու, ունկնդիրին ժամանակը յարգելու մտահոգութիւնը ունեցաւ եւ
մանաւանդ հաւատաց որ մշակոյթը դիւանատուն չէ: Մէկտեղեց ուժեր,
կազմակերպեց, եւ - գործէն անկախ - պարտաւորութիւններէ դուրս,
գոհունակութեամբ, իւրայատուկ աշխոյժով, դէպքերու, դէմքերու եւ վիճակներու
բազմազանութիւն մը հրամցուց Պոսթոնի հանրութեան։« - )30-ամեակի
գրքոյկէն(։
Ժիրայր իրապէս յաջողած էր որակաւո՛ր յայտագիր մը յառաջացնել,
միաժամանակ թէ՛ մակարդակ ապահովել, թէ՛ ալ ըլլալ բոլորին մատչելի, խօսիլ
բոլորի՛ն սրտին։
Սակայն Եւգինէ Զարիֆեան-Ղարիպեանն ալ հանդիսացաւ ամուսնոյն
արժանաւոր յաջորդը, »ժառանգորդ«ը։ Ինք սակայն համեստաբար այսպէս կը
մեկնաբանէր իր դերը.
»Ես չժառանգեցի, որովհետեւ մեր ռատիոն ոչ-հասութաբեր ընկերութիւն
է եւ մենք մեր վարչութիւնը ունենք: Ուրեմն, երբոր արդէն Ժիրայրը շատ վատ
էր եւ յետոյ որ մահացաւ, վարչութիւնը ասաց՝ Եւգինէ, եթէ դուն յանձն առնես,
մենք կը շարունակենք, թէ ոչ պիտի փակուի: Եւ այդ ժամանակ, նախքան
Ժիրայրի մահը, երբեք մտքովս չէր անցնում, որ կարող եմ յանձն առնել,
ռատիոն շարունակել, բայց մէկ բան ինձ շատ էր չարչարում՝ գիտէի որ Ժիրայրը
չէր ուզում, որ իր մահից յետոյ ձայնասփիւռը փակուի, եւ կ՚ուզէր, որ իր գործը
շարունակուի, եւ եթէ ես չշարունակէի՝ գործը կիսատ կը մնար։« - )»Հորիզոն«,
2 եւ 9 հոկտեմբեր 2006, Միշտ պատնէշի վրայ՝ Ամբողջական զոհողութեամբ(։
Տասնինը տարի ետք, վկայ չի պակսիր այս մասին գնահատանք
արտայայտելու համար։ Ահա թէ ինչ կը գրէ դոկտ. Հրանդ Մարգարեան Նիւ
Եորքէն.
»Ռատիոն կու գար ամեն հայ տան մէջ հնչեցնելու հայ ե՛րգը, հայ բա՛ռը,
հայ մշակո՛յթն ու ոգի՛ն, գլխագի՛ր ՈԳԻՆ։ [...] Ժիրայր եւ Եւգինէ, այս անբաժան
զոյգը, եւ իրենց հետ գործող բազմաթիւ գործակիցները, հանրային մարզի մէջ
գործող կազմակերպութենէ մը պահանջուած պատասխանատուութիւններուն
լաւապէս գիտակից էին։ [...] Գիտակցութիւն՝ որ կը բխի ազգային մշակոյթն ու
արուեստը անարատ եւ մաքրամաքուր ձեւով ներկայացնելուն մէջ։« - Յունիս
2010 )30-ամեակի գրքոյկէն(։
Իսկ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան կ՜ամբողջացնէ այդ միտքը.
»[...] ընդհանրական Հայու ձայնին մէկ հարազատ արձագանգն
է Պոսթընի Հայկական անկախ ձայնասփիւռը՝ որ ահա ամբողջ երեսո՛ւն տարի,
Ատլանտեանի այս հեռաւոր ափին բոյն դրած հայութեան լսելի կը
դարձնէ պատմութեան խորերէն եկած իր իսկ հարազատ մշակոյթին ձայնը,
մեսրոպաշունչ խօսքն ու կոմիտասեան մեղեդին՝ իր բաժինը բերելով
հայութեան ջահը վառ պահելու համազգային մեր ջանքերուն:« - )30-ամեակի
գրքոյկէն(։
Անշուշտ թէ՛ Ժիրայրը եւ թէ՛ Եւգինէն վայելեցին անշահախնդիր
աջակցութիւնը հաւատարիմ գործակիցներու, անոնք ըլլան խօսնակներ,
սիրայօժար վարչականներ, իրենց կանոնաւոր ներդրումով յայտագրին խորք ու
լայն հորիզոն տուող մտաւորականներ թէ մշտահոս նիւթական աղբիւրներ
հայթայթող ազգայիններ։
Այս բոլորին շնորհիւ ՀԱՁ-ը կրցաւ ընթանալ ժամանակին հետ, իր
անկիւնը ունենալ Դիմատետրին (Facebook) վրայ, իր ձայնը լսելի դարձնել
աշխարհատարած ոստայնին ալ ճամբով )www.armenianradioboston.com(։
Կը մնայ, որ յարգը գիտնանք այս եզակի իրագործումին ու տէր կանգնինք
անոր, որպէսզի Եւգինէն ալ երաշխիքը ունենայ, որ ամբողջական նուիրումի
վրայ հիմնուած այս գործը իրմէ ետք ալ շարունակող պիտի ըլլայ։
Ահա մարտահրաւէր մը Համազգայինին համար։ Եւ ոչ միայն
Համազգայինի։
Հիմա սակայն ՀԱՁ-ին ըսենք՝
- Կեցցէ՛, ու ձայնդ անսպա՛ռ։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Tuesday, January 25, 2011

Կոչ Ընթերցողին, Կոչ ՀՕՄին. «Լեզուն Կը Նահանջէ»....

Active եւ Passive ընթերցողներու վերաբերեալ մի քանի օր առաջ լոյս տեսած փոքր գրութիւնը հետաքրքրութիւնը շարժած կը թուի ըլլալ ընթերցողներուն, որովհետեւ կայքէջ այցելողներու քանակը կրկնապատկուած է վերջին երեք օրերուն: Հակառակ այս դրական երեւոյթին ՝ խմբագրութիւնս ոչ մեկ գրութիւն ստացած է իր ընթերցողներէն : Հետաքրքրական երեւոյթ է , որ անգամ մը եւս կը փաստէ խմբագրութեանս մտքէն անցածը, որն է՝ ընթերցողը կը նախընտրէ որ «հաւկիթը կեղուած ձեռքը տրուի»: Այսինքն՝ հայերէն կարդալու մէջ active է սակայն գրելու մէջ՝ passive է ան:Դժբաղդաբար...

Դաս տալու նպատակ չունինք այս երկտողով, սիրելի ընթերցող: Կը խնդրենք, կ՜աղաչենք, որ հայերէնով արտայայտուիք, գրէք հայերէնով : «Լեզուն կը նահանջէ» կ՜ըսէր ու կը կրկնէր Շահնուր յիսուն տարի առաջ: Այսօր հպարտ չենք ըսելու որ լեզուն նահանջած է ու մոռացուած է,լքուած է իր բաղդին:

Ընթերցող, եկէք ճիգ մը ընենք, դուրս գանք մենք զմեզ կալանաւորողի դերէն. գրենք հայերէն : «Նշանակ»ի առաքելութիւնն է քաջալերել մեր գրիչ բռնողները: Անցեալին ըսած էինք, դարձեալ կը կրկնենք «...բոլոր անոնք որոնք կը նախընտրեն scan ընել իրենց ձեռագիր գրութիւնները, թող բարեհաճին զանոնք ուղարկել nshanag@gmail.com հասցէին եւ կամ faxով ուղարկել +971 4 4534761 թիւին:» Մենք զանոնք կը մեքենաշարենք , կը հրապարակենք:

Այս առթիւ կը յիշեցնենք ԱՄԷ ի մէջ նորակազմ ՀՕՄ ի պատասխանատուներուն , որ 2011 ը Հայ Մանուկի Տարի հռչակուած է , եւ այս առիթով կոչ կ՜ուղղենք ՀՕՄին հունաւորել , առաջնորդել , դաստիարակել հայ կինը ,հայ մայրը՝ լրջօրէն զբաղելու իր զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեամբ : Հայ կինը դաստիարակելը ՀՕՄի իրաւասութեանց, հետեւաբար պարտաւորութեանց մէջ կ՜իյնայ:Կը խորհինք թէ Օհաննէսեան ու Ապու Տապիի Վարժարաններու պատասխանատուներն ու ուսուցչական կազմերը անվերապահ գործակցութիւն պիտի ցուցաբերեն եթէ իրենց կարիքը զգացուի ՀՕՄի կողմէ :

Գրե՜նք սիրելի ընթերցողներ, չթողունք որ մեր գրիչները մեր օրհնութեամբ ժանգոտին...

Wednesday, January 19, 2011

Սիրելի Ընթերցող,

Վերջին շաբաթներուն ընթացքին նկատելի է «ծուլութիւն»ը խմբագրութեանս: Այդպէս չէ՞ :Պատճա՞ռը ի՞նչ է , պիտի հարցնէք...
Պատճառը ... այո,կրնաք ձեր մտքէն ամէն ինչ անցընել բայց ոչ ծուլութիւն: Խօսքը ուղղելով իր նախնիներուն Թումանեան «ՀԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ» իր բանաստեղծութեան մէջ կ՜ըսէ ՝«Ձեզ տանջող ցաւը մեզ էլ է պատել»: Խմբագրութիւնս ալ այս օրերուն ընթերցողներուն «ցաւ»էն կը տառապի՝ բազմազբաղուածութիւն:
Արդ, տրուած ըլլալով որ խմբագրութիւն-ընթերցող ամուր կապերով իրարու զօդուած երկեակը նոյն ընտանիքի անդամներ են, պիտի խնդրէի ընթերցողներէն որ իրենք նիւթեր ուղարկէին , թէկուզ ձեռագիր , որ խմբագրութիւնս պատրաստ է մեքենաշարել եւ հրամցնել միւս ընթերցողներուն:Վերջին հաշուով այս կայքէջը ստեղծուած է քաջալերելու համար բոլոր անոնք որոնք գրելու ճաշակ եւ փափաք ունին ,այնտեղ արտայայտելու իրենց մտքերը,ցոյց տան արուեստի նկատմամբ իրենց հետաքրքրութիւնը , իրենց կարծիքը բաժնեն իրենց նմաններուն հետ, քննադատեն ու քննադատուին եւայլն: Ընթերցողը passive դարձնելու համար չէ ստեղծուած այս կայքէջը այլ ՝ active մասնակից:

Ուստի,բոլոր անոնք որոնք կը նախընտրեն scan ընել իրենց գրութիւնները, թող բարեհաճին զանոնք ուղարկել nshanag@gmail.com հասցէին եւ կամ faxով ուղարկել +971 4 4534761 թիւին:
Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլոր ընթերցողներուն ՝ Ուրուկուայէն Լիբանան, Աւստրալիայէն Ռուսաստան,Թուրքիայէն, Սուրիայէն ու Հայաստանէն ՝ Քանատա:

«ՆՇԱՆԱԿ»

Sunday, January 16, 2011

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ ԱՄԷի ՄԷՋ ՀՕՄի ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Տիկին Ամալիա Քոչարեան այն անսակարկ նուիրումով աշխատող անձնաւորութիւնն է , որ իր գործակիցներուն Թամարա Զալինեանի եւ Նունէ Վարդանեանի հետ կը ղեկավարէ Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան Սփիւռքի բաժինը: Այս երրեակին ամենայն համեստութեամբ եւ հաւատքով տարած աշխատանքին օր մը պատմութիւնը պիտի տայ իր գնահատականը:
Վարի երկտողով Տիկին Քոչարեան կը շնորհաւորէ նորաստեղծ ՀՕՄը:
«Նշանակ»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Սիրելի Նշան,

Շնորհաւորում եմ ձեզ Էմիրութեան մէջ ՀՕՄի ստեղծման առիթով :
ՀՕՄն ստեղծուած է իրականացնելու մի շարք ծրագրեր բարելաւելու հայ ժողուրդի ազգային նկարագիրն ու զօրաւիգ դառնալու նրա բարգաւաճմանն:ՀՕՄն իր կեցուածքով ապացուցել է իր նուիրուածութիւնն իր իսկ նուիրեալներով: Բարի երթ ու նուիրուածութիւն Էմիրութեանց ծոցին մէջ հաստատուած ՀՕՄին եւ նրա կազմակերպիչներին, ի դէմս յաջող աշխարհի փափկասուն տիկնանց. այն տիկնանց ՝ որոնք ծնել են մեծ զաւակներ :
Ամալիա Քոչարեան
Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութիւն
Սփիւռքի Բաժին

Monday, January 10, 2011

ՀՕՄԻ ԱՄԷԻ ՄԷՋ ՀԻՄՆԱԴՐՄԱՆ ԱՌԹԻՒ՝ ԱԶԱՏ ՀԱՅ ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՏՐՈՒԱԾ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Արտատպուած՝ Ազատ Հայ կայքէջէն:

Միջին Արեւելքի հայկական ամենէն ծաւալուն կայքէջ՝ Ազատ Հայը հարց էր արծարծած ԱՄԷի մէջ նոր հիմնուած ՀՕՄի յետագայ գործունէութեան մասին եւ իր արդար մտահոգութիւնը արտայատած : Ինչպէս քիչ մը վար կը կարդաք ՝ գնահատելի են այսօրինակ հարցադրումները որովհետեւ անոնք առիթ կ՜ընծայեն բացատրութիւններ տալու եւ լուսաբանելու բոլոր այն մտքերը որոնք մտահոգ են գաղութով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք «Նշանակ» կայքէջի խմբագիր Նշան Պասմաճեանի լուսաբանութիւնները արտատպուած Ազատ Հայ կայքէջէն:
«Նշանակ»

»«««»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Ազատ Հայ կը գրէ.
«ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՒՍ ԱՒԵԼՑԱՒ ՄԵՐ ՓՈՔՐԱԹԻՒ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ՄԷՋ»

«Վերջերս յայտարարուեցաւ թէ ՀՕՄի մասնաճիւղ մը հիմնուած է ԱՄԷի մէջ: Ըսուեցաւ թէ հիմնադիր հանդիպումը արդէն տեղի ունեցած է 23 Դեկտեմբեր 2010ին:
Հետաքրքիր է իմանալ թէ նորաստեղծ մասնաճիւղը գաղութին մէջ տարիներէ իվեր գործող «Տիկնանց Յանձնախումբ»էն ի՞նչ տարբեր աշխատանք պիտի ծաւալէ:
Որպէս սկիզբ այնքան բնական չենք գտներ մասնաճիւղին կազմաւորման հոլովոյթը: Օրինակի համար լուրը ստացանք Ամերիկայի հայկական (դաշնակցական) մամուլէն եւ ոչ թէ Շարժայի մեր ազգային վարչութեան յայտարարութեան միջոցով: Յայտնի չէ թէ ասիկա դիտումնաւոր եղած է թէ պարզապէս տեղեկատուական բացթողում մըն է:
Յայտնի չէ նաեւ թէ ներկայ դրութեամբ ազգային վարչութեան հովանիին տակ գործող «Տիկնանց Յանձնախումբ»ը ի՞նչ վախճան պիտի ունենայ: Արդեօք կոչ պիտի ուղղուի այդտեղի տիկիններուն միանալու ՀՕՄի շարքերը: Ամէն պարագայի մեր թուային քանակը ԱՄԷի մէջ (մօտաւորապէս 4000 հոգի) չի նպաստեր որ կրկնօրինակ միութիւններ ունենանք:»

Ազատ Հայ

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«

Ստորեւ՝ Նշան Պասմաճեանի բացատրութիւնները.

Սիրելի Ազատ Հայի խմբագրութիւն,

Այն տպաւորութեան տակ եմ որ ՀՕՄ ի ստեղծումը քիչ մը խորթ է թուած ձեզի , որովհետեւ ձեր յայտարարութեամբ նախ չէք ողջունած անոր ծնունդը , ձեր հարցումներուն մէջ քիչ մը շփոթ, քիչ մը զարմանք , քիչ մըն ալ խուճապ(panic) կայ կարծէք: Ինչպէս ըսի՝ տպաւորութիւն է , հետեւաբար՝ ենթադրութիւն : Ներեցէք եթէ սխալած եմ: Միւս կողմէն ուրախ եմ եւ կը գնահատեմ, որ խմբագրութիւնդ հետամուտ է գաղութիս մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն , ունի քննական ու քննադատական կեցուածք եւ ազատօրէն կ՜արտայայտէ իր միտքը: Քանիցս առիթ եղած է ինծի համար գնահատանքի խօսքս ուղղելու Ազատ Հայ կայքէջի միջոցաւ ձեր տարած ազգանուէր գործունէութեան , մանաւանդ ձեր հետաքրքրուածութեան համար՝ երբ անտարբերութիւնը լայն է տարածած իր իշխանութեան սահմանները մեր գաղութի համարեա բոլոր շրջանակներուն վրայ . անտարբերութիւնը զգալի է նաեւ կարգ մը ղեկավար շրջանակներու մէջ:Աւա~ղ ,որովհետեւ այդ մէկը արդէն չափազանց վտանգաւոր է:
Այս նամակիս դրդապատճառը կարգ մը յստակացումներ կատարել է ձեր կայքէջին մէջ երկու օր առաջ հրապարակած յայտարարութիւն-նամակին կարգ մը կէտերուն:
Նախ յայտնեմ , որ գաղութս փոքրաթիւ չէ այլեւս , կը հաշուէ 4000-5000 անհատ , ուսեալներու թիւը բաւական մեծ է , բարձր պաշտօններ զբաղեցնող տիկիններու եւ օրիորդներու թիւը բաւական բարձր է , եւ յետոյ , գաղութը հաստատուած գաղութ է եւ պէտք ունի յաւելեալ կառոյցներու :
Ինչ կը վերաբերի ՀՕՄին ,ի դէպ եւ առ ի տեղեկութիւն յայտնեմ, որ Կիպրոսի մէջ 61,Սթոքհոլմի եւ Ուփսալայի մէջ 45, Զուիցերիոյ մէջ12 իսկ հսկայ Ռուսաստանի մէջ 25 անդամուհիներով կը գործէ ՀՕՄը: Ուստի, փոքրաթիւ գաղութ , մեծաթիւ գաղութ հասկացողութիւնները մեզ այս մարզին մէջ թող շատ չմտահոգեն……. Աւելի ճիշտ է թերեւս որ լաւատեսութեամբ տրամադրուինք ստղծուած միութեան նկատմամբ լայն բանալով մեր մտահորիզոնը:
Հարց կուտաք թէ «Հետաքրքիր է իմանալ թէ նորաստեղծ մասնաճիւղը գաղութին մէջ տարիներէ իվեր գործող «Տիկնանց Յանձնախումբ»էն ի՞նչ տարբեր աշխատանք պիտի ծաւալէ: » Արդար է ձեր հարցումը: Պիտի փորձեմ պատասխանել այդ հարցումին , թերեւս այս առիթ մը կ՜ըլլայ իմ խորհրդածութիւններս ալ կատարելու եւ փորձելու տալ մակերեսային կարծիք թէ ինչով կրնայ զբաղիլ ՀՕՄը Էմիրութեանց մէջ:
Ա) Ինչպէս յայտնած էք ՀՕՄ ը միութիւն մըն է: Որպէս միութիւն զայն կարելի չէ նմանցնել Ազգային Վարչութեան հովանիին տակ գործող, անկէ բխած տիկիններու յատուկ յանձնախումբին հետ , տեղական մարմնի մը ունեցած սահմանափակ իրաւասութիւններով .ան հաւաք մըն է սահմանափակ թիւով նշանակուած անձերու , սահմանափակ գործելադաշտով: Կատարածս թերգնահատում չէ մեր սիրելի տիկնաց յանձնախումբին տարած հոյակապ աշխատանքին: ՀՕՄի գոյութեամբ ան պէտք է աւելի զօրանայ, ՀՕՄը պէտք է սատար հանդիսանայ այդ յանձնախումբի գործունէութեան : Տիկնանց յանձնախումբը պէտք է որ շարունակէ լաւագոյնս կազմակերպել իր աւանդական ձեռնարկները : Կարելի չէ եւ պէտք չէ զայն բաղդատել ՀՕՄին հետ: ՀՕՄին անդամագրուիլ ՝ կը նշանակէ պատկանիլ համազգային կազմակերպութեան մը :Հետեւաբար անարդար է յանձնախումբ մը բաղդատելը միութեան մը հետ, այդպիսով շատ պահանջած կ՜ըլլանք յանձնախումբէ մը իսկ միւս կողմէն շատ նեղցուցած կ՜ըլլանք համազգային դերակատարութիւն ունեցող միութեան մը գործելադաշտը:
Բ) Այս իսկ պատճառով ՀՕՄի անդամը ունի համազգային նպատակներու հետապնդման պարտաւորութիւն, պարտաւորութիւն մը , որ կանոնագրականօրէն չէ սահմանուած նշանակովի Տիկիններու Յանձնախումբի մը՝ բաղկացած 5 ,7 կամ 9 հոգիներէ : Այստեղ շատ օրինակներ բերելը անիմաստ կը տեսնեմ , մէկ օրինակով կարելի է բացատրել միտքս.այսպէս օրինակ. եթէ ՀՕՄի ընդհանուր ժողով մը որոշած ըլլայ ՀՕՄի յառաջիկայ տարուան գործունէութիւնը կեդրոնացնել , սեպենք, Արցախի ազատամարտիկներու ընտանիքներուն զաւակներուն ձրի կրթութիւն տալու, այն ատեն Էմիրութեանց, Սուրիոյ թէ Լիբանանի ՀՕՄի վարչութիւնները իրենց գործունէութեան առանցքը կը դարձնեն Արցախի Ազատամարտիկի հայ երեխան: Զուգահեռ մը քաշելու համար՝ երբ Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2010 տարին յայտարարեց «Հայ Կնոջ Տարի» , թեմերը անոր արձագանգեցին կազմակերպելով, այդ թեմային հետ առնչուող ձեռնարկներ : Թէ ինչո՞ւ: Որովհետեւ թեմերը պատկանելիութիւն ունին եւ անոնց ուղեգիծը կը ճշտուի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ որուն նախագահն է Կաթողիկոսը: Տեղին է այստեղյիշել որ բացառութիւն կազմող գաղութներ գտնուեցան, որոնց համար Կաթողիկոսին յայտարարութիւնը այնքան ալ կարեւորութիւն չունեցաւ... դժբաղդաբար
Գ) Թերեւս ճիշտ կ՜ըլլայ այստեղ տեղեկագրել կարգ մը գործերու մասին , որոնք վերջին երկու տարիներուն կատարուեցան ՀՕՄի կողմէ եւ այդ օրինակներով գործնական կեանքի վերածել «մէկ քարով երկու թռչուն զարնել» եւ՝ «աղջիկս քեզի կ՜ըսեմ,հարս դուն հասկցիր» առածները: Ըսել ուզածս այն է թէ այս օրինակներով պիտի փորձեմ համոզիչ դառնալ որ յանձնախումբ մը միութեան մը ինչպէս կարելի է չբաղդատել , միւս կողմէն զգուշացնել,աւելի ճիշտը՝ յիշեցնել ՀՕՄուհիներուն թէ ինչպիսի գործեր տանելու պէտք է պատրաստուին, ազգային ինչ մարտահրաւէրներու առջեւ են կեցած եւ ինչ կ՜ակնկալուի իրենցմէ: Այսպէս.

1. Կրթամշակութային մարզէն ներս ՀՕՄը 1983 էն ի վեր ունի կրթաթոշակ երիտասարդ մասնագէտներ պատրաստելու որոնք իրենց ուսումը երբ աւարտեն պարտին ծառայել Հայ ազգին զանազան ձեւերով: Այսպիսի պայմաններ պետութիւններ միայն կը դնեն : ՀՕՄն ալ կը դնէ : Թէ ինչպէ՞ս : Որովհետեւ ՀՕՄը ՀՕՄ է : Ընթերցողին ուշադրութիւնը թող չկեդրոնանայ նիւթականի հայթայթման հանգամանքին վրայ: Մեր ՀՕՄուհիները պայման չէ որ միայն նիւթական աղբիւրներ փորձեն գտնել այս կամ նմանօրինակ ծրագիրներու իրականացման համար այլ նաեւ փորձեն գտնել ուսանողներ , կարիքաւոր կամ ոչ, եւ զիրենք քաջալերեն դէպի ազգային ծառայութիւն:
2. Դարձեալ կրթամշակութային մարզէն ներս ՀՕՄը ունի «Լաւագոյն Ուսանող» ծրագիր , որով կը պարգեւատրէ Արցախի եւ Ջաւախքի լաւագոյն ուսանողները: ԱՄԷի ՀՕՄը կրնայ մասնակից դառնալ այս համահայկական ծրագրին :Միւս կողմէն, աջակցելով Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանի եւ Ապու Տապիի Վարժարանի Հոգաբարձութեանց հետ կրնայ այդպիսի պարգեւատրում կատարել վերոյիշեալ վարժարաններու լաւագոյն աշակերտներուն:
3. 2009-2010տարեշրջանին ՀՕՄը յատկացուցած է $148000 իր «Սօսէ» մանկապարտէզներուն Արցախի զանազան գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ ինչպէս Հատրութ, Մարտունի, Ակնաբերդ, Շուշի եւլն:
4. Մեր ՀՕՄուհիները շատ մեծ նպաստ կրնան բերել ՀՕՄի «Պատանիներու փոխանակում» ծրագրին, որուն նպատակն է ծրագրել ու գործադրել որ կարիքաւոր հայ պատանիներ ամառնային իրենց արձակուրդը անցընեն հայահոծ գաղութի մը մէջ: 2010ին 180 հայ պատանիներ վայելած են այս ծրագրի գործնական արդիւնքը:
5. 1992 էն սկսեալ ՀՕՄը խնամակալութիւն կ՜ընէ հայ բազում որբերու , ունի անոնց համար ուսման յատուկ ծրագիր: Ինչե~ր կրնայ ընել Էմիրութեանց ՀՕՄ ուհին այս մարզէն ներս…
6. ՀՕՄ ի Ամանոր Ծրագիրին կարելի է մասնակցիլ եւ մասնակից դարձընել գաղութիս բոլոր տիկինները ՝ համագործակցութեամբ Տիկնանց Յանձնախումբին :Ամանոր Ծրագիրը կաղանդչէքներ բաժնել է տարեցներու եւ երեխաներու : Այս ծրագրին իւրաքանչիւր ՀՕՄուհի տարին $3 ով կը մասնակցի: Ուրեմն ամէն տարի $45000 պէտք է որ հաւաքուի տրուած ըլլալով որ համահայկական այս կազմակերպութեան անդամուհիներուն թիւը մօտաւորապէս 15000 է:
7. Առողջապահական գետնի վրայ ՀՕՄը ծրագիրներ գործադրութեան կը դնէ օգտակար դառնալու համար հայ հիւանդին ամէնուր: Մեր ՀՕՄուհիները մեծ մասնակցութիւն կրնան բերել այսպիսի ծրագիրներու:
8. ՄԱԿ էն ներս յարաբերական գոհացուցիչ գործունէութիւն կը տանի ՀՕՄը եւ ունի ՀՕՄի գործունէութեան ռազմավարութեան մշակման յանձնախումբ: Այժմ այդ յանձնախումբը կեդրոնացած է յատկապէս կնոջ առողջապահութեան , հաշմանդամներու օժանդակութեան, ցեղասպանութեանց կանխարգիլման թեմաներուն վրայ: Այս ուղղութեամբ մեր ՀՕՄուհիները ուսումնասիրական մեծ աշխատանք կրնան տանիլ , օգտակար հանդիսանալով ՄԱԿի ՀՕՄի ներկայացուցիչին:Միւս կողմէն , անոնք կրնան լաւ յարաբերութիւն մշակել կանացի այլեւայլ կազմակերպութեանց հետ որոնք ժիր կը գործեն Էմիրութեանց մէջ:
9. ՀՕՄի «Արարատ Մրցանակ»ը յարաբերական յաջող գործ մըն է: Ան կը միտի հայ ժողովուրդին կարեւոր ծառայութիւն մատուցող անձիքը պատուելու եւ պարգեւատրելու: Նորին Վսեմութիւն Շարժայի կառավարիչ Տոքթ. Շէյխ Սուլթան Պին Մոհամմէտ Ալ Քասիմին այդ արժանիներէն է : ՀՕՄը , համագործակցութեամբ Ազգային Իշխանութեան, կրնայ այսպիսի երախտագէտ ձեռնարկ կազմակերպել հրաւիրելով 15000 ՀՕՄուհիներու ներկայացուցիչ մը եւ յատուկ , բացառիկ հանդիսութեամբ մը պատուելու Նորին Վսեմութիւնը:
10. Վերոյիշեալները օրինակներ են : Անոնք ոչ մէկ ձեւով կը միտին սահմանափակել ՀՕՄի գործունէութիւնը Էմիրութեանց մէջ:

Սիրելի Ազատ Հայի Խմբագրութիւն,
Նկատելի է որ մի քանի այլ հարցեր ալ կան ձեր միտքը չարչրկող: Օրինակ, ինչ վախճան պիտի ունենայ Տիկնանց Յանձնախումբը: Ըստ իս , վախճան պիտի չունենայ, ընդհակառակը , ինչպէս վերը տեղ մը ըսի, ան պիտի աւելի զօրանայ ՀՕՄի ծնունդով: Իսկ թէ ՀՕՄի ծննդեան լուրը Ամերիկայէն է ելած եւ ոչ Շարժայէն, նոյնիսկ եթէ« դիտումնաւոր» է եւ ոչ «տեղեկատուական բացթողում»՝ կարեւորութիւն ներկայացնող հարց պէտք չէ զայն նկատել: Կարեւորը այդ միութեան ծնունդն է , որը պէտք է միայն ողջունել:
Յուսամ կրցայ բացատրել միտքս :

Ձեր 6 Յունուարի յայտարարութեան մէջ հետագայ որպէս ծրագիր նշած էիք նաեւ «Համազգային» ի անունը: Այդ միութեան ալ պէտքը շատ է մեծ, որովհետեւ գաղութը մշակութային վայրէջքի մէջ է , ինքզինք սկսած է դատապարտել մշակութային ամլութեան, ծուլութեան եւ մասամբք սոցին: Ո՞վ պիտի զայն արթնցնէ իր թմբիրէն:Անձամբ զօրաւիգ եմ «Համազգային»ի նման միութեան մը հիմնման : Իսկ «Համազգային»ի հիմնման պարագային մեծ յոյս ունիմ որ նոյն անորոշութեան պիտի չմատնուի մեզմէ ոչ ոք եւ քիչ մը շփոթած հարց պիտի չտայ ինքն իրեն թէ Համազգայինը աւելի ինչ պիտի կատարէ այս գաղութին մէջ քան Գեղարուեստական Յանձնախումբը...

Անգամ մը եւս շնորհակալ եմ, որ առիթ ընծայեցիք որ կարենամ մտքերս ազատօրէն արտայայտել ու հարեւանցի բացատրութիւն տալ ՀՕՄի էութեան կարեւորութեան մասին:

Սիրով՝
Նշան Պասմաճեան

Sunday, January 9, 2011

Սէրս Գաղտնի Թող Մնայ

Կ'ըսեն թէ ամէն անձի համար իր հոգւոյն ընկերը (soul mate) –ը կայ՝ անձ մը որ ամէն կերպով յարմար է իրեն- նկարագրով, հետաքրքրութիւններով, մտածելակերպով եւ կենցաղավարութեամբ: Սակայն գտնելը, ըլլայ ուրախ զուգադիպութեամբ կամ միջնորդութեամբ, շատ դժուար է:
Անի համոզուած էր, թէ ան գտած էր իր հոգւոյն ընկերը, այդ յարմար անձը զորս երբ տեսնէր, հոգին կը փայլէր: Ինչպէս այդ համոզումին հասած էր, մարդ չէր գիտեր, նոյնիսկ խնդրոյ առարկան, երիտասարդ Գրիգորը, լուր չունէր Անիի այս վճռական համոզումէն:
Անի՝ կարմիր եւ գանգրահեր, ժպտերես աղջիկ մըն էր՝ սրտով բարի եւ ուրախ, մտքով արդուն եւ ճարպիկ, հոգւով կայտար ու հեզ: Համալսարանէն նոր աւարտած, իբր հիւանդապահուհի, ան իր կեանքի նպատակը ըրած էր մարդկութեան օժանդակել, հիւանդներու հոգ տանիլ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ:
Ան բազմատաղանդ աղջիկ էր. Դպրոցի կողքին կիթառի դասընթացքներու հետեւած էր տարիներու ընթացքին. Նաեւ կը սիրէր պարել եւ հայկական պարախումբի մաս կը կազմէր երեք տարի է ի վեր:
Երեք տարիներ առաջ, Անի հաճելի եւ գոհացուցիչ կեանք մը կ'ապրէր, ամենայնդէպս այդպէս կը կարծէր. Ան հազուադէպ դուրս կ'ելլէր երիտասարդ տղոց հետ եւ երբէք ընկեր ունեցած չէր: Անշուշտ եղած էին տարիներու ընթացքին հետաքրքրական անձիք, որոնց հաւնած էր, սակայն յառաջդիմութիւն չէր եղած:
Անիի աչքին հաճելի եւ գոհացուցիչ իր կեանքը բոլորովին կը փոխուի երբ պարախումբէն հրապուրիչ, գեղեցիկ եւ խանդախառ երիտասարդ մը, Գրիգոր անունով, կը սկսի Անիին հետաքրքրութեան նշաններ ցուցնել: Անիին հասցէն տեղէ մը ճառելով, Գրիգոր երբեմն երբեմն քաջալերական խօսքեր կամ խնդրանքներ պարունակող նամակներ կ'ուղարկէ:
Անի որ նախապէս չէր համտեսած սէրը, կը սկսի սիրոյ բուռումնաւէտ եւ համեղ պատառները ճաշակել եւ հետզհետէ սիրոյ ոստայնին մէջ ոլորուիլ: Yրբ տեսնէր Գրիգորը, հոգեզմայլ Անիի սիրտը կը բաբախէր, այտերը կը կարմրէին եւ ամչկոտ ձեւով հազիւ բարեւ կու տար անոր:
Չեր համարձակեր սակայն խօսակցութեան առաջքը առնել, վախնալով որ իր մտահոգ վիճակին կրնար տատամսիլ եւ կամ ցափռտել անիմաստ նախադասութիւններ ու գետինը մտնալ իր սիրոյն դիմաց:
Այսպէս շարունակուեցաւ, օրեր անցան, ամիսներ՜, սակայն ոչ Անի, ոչ Գրիգոր համարձակեցան առաջին քայլը առնել: Գրիգոր ատենը մէյ մը կու գար եւ կը խօսէր Անիի հետ, երբեմն իսկ կը ջանար հաճոյախօսութիւն ընել հարցնելով «Մազերդ շինած ես՞» կամ իր հմայիչ հայեացքը Անիի վրայ կեդրոնացնել, սակայն ոչ աւելին:
Անի սկսաւ խոկալ. « Ին՞չ էր պատճառը որ Գրիգոր չէր մօտենար Անիի. արդեօք Գրիգոր հոգեկանօրէն կամ նիւթականօրէն պատրաստ չէր յարաբերութեան, արդեօք ան չէր հաւատա՞ր սիրոյ/ամուսնութեան, կամ պարզապէս հետաքրքրուած չէր իրմով»:
Օր մը նամակի մը ընդմէջէն Անի իմացաւ որ Գրիգոր իր հեռաձայնի թիւը ունի: Ուրախացած եւ զարմացած որ ուրկէ կրնայ առած ըլլալ իր թիւը, Անիի կիսամառ յոյսերը վերակենդանացան: Տարեդարձը անցաւ, Փետրուար 14-ը անցաւ, եւ ոչ մէկ հեռաձայն Գրիգորէ:
Բարեկամուհիները խրատելու փութացին Անիի ըսելով, «Մոռցիր՜, հետաքրքրուած չէ:» Սակայն Անիի սրտին խոռոչը այդ նորածին սիրոյ նշոյլը յարատեւ կը դեգերէր:
Օրըստօրէ, Անիի բարեկամուհիները մէկ մէկ կը նշանուէին կամ կը պսակուէին եւ Անիի համբերութիւնը կը շոգիանար: Միջնորդներ կը ջանային զինք համոզել վազ անցնելու Գրիգորէն եւ ծանօթացնել յարմար թեկնածուներու, սակայն իր սրտին միակ տենչը Գրիգորն էր:
Կը ցանկար շոյել անոր փափուկ մօրուքը. կը մորմոքէր ըմբոշխնել անոր որդան կարմիր շրթունքները. Կ'երազէր ողջագուրել զայն օրնիբուն:
Երազային աշխարհը այս, կլանեց Անին եւ ան կորսնցուց ինքզինքն ու ժամանակի գաղափարը: Տարիները անցա՜ն եւ ան իր ասպարէզին մէջ մխրճուած ապրեցաւ իր անսէր կեանքը, միշտ մտքին ծայրը ունենալով Գրիգորը: Հարց կու տար ինքզինքին մտածելով, «Եթէ ըսած ըլլայի իրեն որ կը հաւնիմ, արդեօք ինչ պիտի ըլլար իր պատասխանը», «Սխա՞լ էր վարուելակերպս անոր հետ» եւ կամ «Ինչու՞ օր մը մօտենալով չյայտնեց իր զգացումները, եթէ իրապէս ունէր»:
Եւ այպիսով օրին մէկը, Անի ինքնիրեն գտաւ խոր ծերութեան մահուան անկողինը: Երբ վերջին իր շունչերը կ'առնէր եւ մաշած հոգին կը փութար բաժնուելու իր
մարմնէն, յանկարծ դուռը զարնուեցաւ եւ ներս մտաւ ալեհեր ծերունի մը: Սեւ աչքերը տեսնելով, Անին անդրադարձաւ թէ իր կեանքին սէրը Գրիգորն էր: Անի ձեռքը երկարեց եւ Գրիգոր առաւ զայն իր ձեռքերուն մէջ: Համբուրեց ձեռքերը եւ գլուխը կախ սկսաւ լալ եւ խօստովանիլ իր սէրը Անիի հանդէպ ըսելով, «Միշտ սիրած էի քեզի, սակայն համարձակութիւնը չէի ունեցած քեզ ըսելու»: Երբ գլուխը վեր վերցուց Գրիգոր տեսնելու Անիի արտայայտութիւնը, զայն անշարժ գտաւ: Անիի հոգին աւանդած էր. Ոչ իսկ իմացած էր Գրիգորի փոխադարձ սէրը իրեն հանդէպ:

Լուսածագ

Friday, January 7, 2011

ՈՂՋՈՅՆ ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ (ՀՕՄ) ԾՆՆԴԵԱՆ ՝ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ

Կ՜ողջունեմ ՀՕՄի ծնունդը Էմիրութեանց մէջ: ՀՕՄ ի ծրագիրը ազգային եւ մարդկային այնպիսի սկզբունքներու վրայ է կայացած, որ որեւէ անհատ զայն չընդունելու տրամադրութեան մէջ ինքզինք չի կրնար զգալ: ՀՕՄ ը որեւէ կանացի միութիւն չէ , ոչ ալ սահմանափակ իրաւասութիւններով յանձնախումբ, ինչպէս յաճախ կը շփոթենք: ՀՕՄի արմատները խորունկ են , առաքելութիւնը չափազանց մեծ, իսկ առաքելութեան գործնականացումը՝ ոչ շատ դիւրին:

Պայմանները այնպէս են բերած որ ՀՕՄը դարձած է կանացի կազմակերպութիւն: Երբ անոր հարիւր տարուան պատմութիւնը ուսումնասիրենք պիտի տեսնենք որ զայն հիմնողները եղած են տղամարդիկ , իսկ սկզբնական տարիներուն անոր անդամները եղած են երկսեռ:Կազմակերպութիւնը մինչեւ օրս ալ ինքզինք չի նկատեր փափուկ սեռին մենաշնորհը:

Այստեղ ՀՕՄի գովքը պիտի չհիւսեմ . իր հարիւրամեայ հսկայ գործունէութիւնը փաստն է իր մեծութեան , սակայն անարդար պիտի ըլլայ եթէ այստեղ չըսեմ, որ չկայ հայկական կանացի այլ կազմակերպութիւն ,որ իր ծրագրին մէջ ունենայ ծառայել անխտիր բոլոր համայնքներուն, որոնք անմիջական օգնութեան պէտք ունին ,առանց նկատի առնելու անոնց ցեղային կամ կրօնական պատկանելիութիւնը: Այս տրամաբանութեամբ գործող կազմակերպութիւն մը արդէն տեղայնական աշխատանքի ոճ չի կրնար որդեգրել.անոր գործելու հորիզոնը լայն է , անոր ղեկավարութիւնը պարտի ունենալ լայն մտահորիզոն:

ՀՕՄի համահայկական սկզբունքները կը միտին պահպանելու հայ ժողովուրդի մշակութային պատկանելիութիւնը աշխարհիս չորս ծագերուն . հայեցի դաստիարակութիւնը, հայ համայնքներու ընկերային ու առողջապահական վիճակի բարելաւումը գործնապէս խրախուսող հայկական ամենէն փորձառու կազմակերպութիւնն է ան :

Կը շնորհաւորեմ Էմիրութեանց հայ գաղութը որ իր ծոցին մէջ ունցաւ գիտակից ու կազմակերպ գաղութի վայել լուրջ կազմակերպութիւն մը : Կը շնորհաւորեմ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը իր նախաձեռնած ճիշդ գործին համար: Եւ վերջապէս կը շնորհաւորեմ նշանակուած առաջին վարչութիւնը եւ կը մաղթեմ անընդմէջ յաջողութիւն:

«Նշանակ» կայքէջը ինքզինք ՀՕՄի տրամադրութեան տակ կը դնէ եւ իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ գործնապէս սատար հանդիսանալու անոր գործունէութեան:

Wednesday, January 5, 2011

Ե Ր Ա Զ ...ԳԷՈՐԳ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Այս գիշեր ես նորէն քեզ տեսայ ծովափին՝
Վարսերուդ ջրվէժին օրօրով նազելի.
Դուն հեռուն հորիզոնն ու երկինքը մթին
Դիտելով՝ կուլայիր՝ անհետ սէրդ անցեալի...

Բաժանման օրէն վերջ՝ գիտէիր ալ հիմա
Թէ որքա՜ն աւելի կ՛ըղձայիր այն տղան՝
Որ անդարձ հեռացաւ ու շրթանցը վրայ
Երկու բառ ունէր լոկ.- «Պիտ՛ սիրեմ յաւիտեան...»:

Ու զղջումը տակաւ՝ անիրաւ ու անգութ
Քու սիրոյդ՝ կը զարնէր սիրտդ հիմա խութէ-խութ...
Ծովուն պէս ալեկոծ քու հոգիդ ալ թախծոտ՝
Կ՛ուզէր թե՛ւ ունենալ ու թռչի՜լ սիրոյդ մօտ...

Ա՛լ յոգնած էիր դուն ու գիշերն էր շա՜տ ուշ.
Քալեցիր ծովափէն խոհերով քաղցրայուշ...
Ուզեցի հծծել թէ քեզ տեսա՜ծ ու ներա՜ծ
Էի ես... Չկայի՜ր... ու աչքերս էին թաց...

Այս գիշեր ես նորէն քեզ տեսայ ծովափին՝
Վարսերուդ ջրվէժին օրօրով նազելի...
Դուն հեռուն հորիզոնն ու երկինքը մթին
Դիտելով՝ կուլայիր՝ ո՜վ իմ սէր անցեալի...:

Monday, January 3, 2011

ԲԱՑԱԿԱՅԻՆ - ԳԷՈՐԳ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Թէեւ մեկնած ես հիմա ու բանտարկած դուն քեզի
Քուրային ծոցը հրկէզ՝ սիրոյ մը թարմ, նորընտիր,
Որ անկասկած, մտքիդ մէջ, անմահ ըլլալ կը թուի՝
Տարբեր բոլոր սէրերէդ՝ զոր մեռցուցիր անխը՜տիր...

Այո, մեկնած ես հիմա, բայց տակաւին կը կոտտայ
Սիրտս իմ անտէր՝ ցաւերու դժոխքին մէջ անսահման...,
Սիրտս՝ որ սրտիդ տուած էր կեանք ու աւիւն առօրեայ,
Հաճոյքի հուն՝ ու եղած քու ցաւերուդ՝ բալասան...

Անյագ էիր, ու գուցէ մնաս ընդմիշտ ալ այդպէս՝
Նման բոլոր ալ անոնց որոնց անյագ ըրիր դուն,
Որոնց երդում առ երդում՝ պիտ՛ սիրէիր վերջնապէս՝
Մինչ կը մնան քեզմով դեռ՝ յուսալքուած, հեկեկո՜ւն...:

Անմխիթար՝ ու այսպէս եղած չէի անհեթեթ,
Մին անոնցմէ որ ինկաւ զոհ՝ կանացի խաղերուդ...
Կապուած եմ դեռ համբոյրիդ յուշատօնին բուրաւէտ՝
Քեզ՝ հեռաւոր պերճուհի, անսի՛րտ, անո՛ք ու անգո՛ւթ...

Նորընտիր սէրըդ յուսամ ըլլայ դիւթանք մնայուն,
Ունեցածէդ աւելի՝ ունենայ զա՛րկ ու գորով...
Բիւր իղձերուդ կանացի՝ ըլլայ նեցուկ ապահով՝
Որ խաղաղի գունագեղ կիրքերուդ ծո՜վը անհուն...:

Թէ պիտ՛ յաւէտ բաղձամ քեզ՝ անէ՛ծք մըն է հմայո՜ւն...