Յայտարարութիւն

Monday, January 3, 2011

ԲԱՑԱԿԱՅԻՆ - ԳԷՈՐԳ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Թէեւ մեկնած ես հիմա ու բանտարկած դուն քեզի
Քուրային ծոցը հրկէզ՝ սիրոյ մը թարմ, նորընտիր,
Որ անկասկած, մտքիդ մէջ, անմահ ըլլալ կը թուի՝
Տարբեր բոլոր սէրերէդ՝ զոր մեռցուցիր անխը՜տիր...


Այո, մեկնած ես հիմա, բայց տակաւին կը կոտտայ
Սիրտս իմ անտէր՝ ցաւերու դժոխքին մէջ անսահման...,
Սիրտս՝ որ սրտիդ տուած էր կեանք ու աւիւն առօրեայ,
Հաճոյքի հուն՝ ու եղած քու ցաւերուդ՝ բալասան...


Անյագ էիր, ու գուցէ մնաս ընդմիշտ ալ այդպէս՝
Նման բոլոր ալ անոնց որոնց անյագ ըրիր դուն,
Որոնց երդում առ երդում՝ պիտ՛ սիրէիր վերջնապէս՝
Մինչ կը մնան քեզմով դեռ՝ յուսալքուած, հեկեկո՜ւն...:


Անմխիթար՝ ու այսպէս եղած չէի անհեթեթ,
Մին անոնցմէ որ ինկաւ զոհ՝ կանացի խաղերուդ...
Կապուած եմ դեռ համբոյրիդ յուշատօնին բուրաւէտ՝
Քեզ՝ հեռաւոր պերճուհի, անսի՛րտ, անո՛ք ու անգո՛ւթ...


Նորընտիր սէրըդ յուսամ ըլլայ դիւթանք մնայուն,
Ունեցածէդ աւելի՝ ունենայ զա՛րկ ու գորով...
Բիւր իղձերուդ կանացի՝ ըլլայ նեցուկ ապահով՝
Որ խաղաղի գունագեղ կիրքերուդ ծո՜վը անհուն...:


Թէ պիտ՛ յաւէտ բաղձամ քեզ՝ անէ՛ծք մըն է հմայո՜ւն...








«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝