Յայտարարութիւն

Sunday, January 9, 2011

Սէրս Գաղտնի Թող Մնայ

Կ'ըսեն թէ ամէն անձի համար իր հոգւոյն ընկերը (soul mate) –ը կայ՝ անձ մը որ ամէն կերպով յարմար է իրեն- նկարագրով, հետաքրքրութիւններով, մտածելակերպով եւ կենցաղավարութեամբ: Սակայն գտնելը, ըլլայ ուրախ զուգադիպութեամբ կամ միջնորդութեամբ, շատ դժուար է:
Անի համոզուած էր, թէ ան գտած էր իր հոգւոյն ընկերը, այդ յարմար անձը զորս երբ տեսնէր, հոգին կը փայլէր: Ինչպէս այդ համոզումին հասած էր, մարդ չէր գիտեր, նոյնիսկ խնդրոյ առարկան, երիտասարդ Գրիգորը, լուր չունէր Անիի այս վճռական համոզումէն:
Անի՝ կարմիր եւ գանգրահեր, ժպտերես աղջիկ մըն էր՝ սրտով բարի եւ ուրախ, մտքով արդուն եւ ճարպիկ, հոգւով կայտար ու հեզ: Համալսարանէն նոր աւարտած, իբր հիւանդապահուհի, ան իր կեանքի նպատակը ըրած էր մարդկութեան օժանդակել, հիւանդներու հոգ տանիլ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ:
Ան բազմատաղանդ աղջիկ էր. Դպրոցի կողքին կիթառի դասընթացքներու հետեւած էր տարիներու ընթացքին. Նաեւ կը սիրէր պարել եւ հայկական պարախումբի մաս կը կազմէր երեք տարի է ի վեր:
Երեք տարիներ առաջ, Անի հաճելի եւ գոհացուցիչ կեանք մը կ'ապրէր, ամենայնդէպս այդպէս կը կարծէր. Ան հազուադէպ դուրս կ'ելլէր երիտասարդ տղոց հետ եւ երբէք ընկեր ունեցած չէր: Անշուշտ եղած էին տարիներու ընթացքին հետաքրքրական անձիք, որոնց հաւնած էր, սակայն յառաջդիմութիւն չէր եղած:
Անիի աչքին հաճելի եւ գոհացուցիչ իր կեանքը բոլորովին կը փոխուի երբ պարախումբէն հրապուրիչ, գեղեցիկ եւ խանդախառ երիտասարդ մը, Գրիգոր անունով, կը սկսի Անիին հետաքրքրութեան նշաններ ցուցնել: Անիին հասցէն տեղէ մը ճառելով, Գրիգոր երբեմն երբեմն քաջալերական խօսքեր կամ խնդրանքներ պարունակող նամակներ կ'ուղարկէ:
Անի որ նախապէս չէր համտեսած սէրը, կը սկսի սիրոյ բուռումնաւէտ եւ համեղ պատառները ճաշակել եւ հետզհետէ սիրոյ ոստայնին մէջ ոլորուիլ: Yրբ տեսնէր Գրիգորը, հոգեզմայլ Անիի սիրտը կը բաբախէր, այտերը կը կարմրէին եւ ամչկոտ ձեւով հազիւ բարեւ կու տար անոր:
Չեր համարձակեր սակայն խօսակցութեան առաջքը առնել, վախնալով որ իր մտահոգ վիճակին կրնար տատամսիլ եւ կամ ցափռտել անիմաստ նախադասութիւններ ու գետինը մտնալ իր սիրոյն դիմաց:
Այսպէս շարունակուեցաւ, օրեր անցան, ամիսներ՜, սակայն ոչ Անի, ոչ Գրիգոր համարձակեցան առաջին քայլը առնել: Գրիգոր ատենը մէյ մը կու գար եւ կը խօսէր Անիի հետ, երբեմն իսկ կը ջանար հաճոյախօսութիւն ընել հարցնելով «Մազերդ շինած ես՞» կամ իր հմայիչ հայեացքը Անիի վրայ կեդրոնացնել, սակայն ոչ աւելին:
Անի սկսաւ խոկալ. « Ին՞չ էր պատճառը որ Գրիգոր չէր մօտենար Անիի. արդեօք Գրիգոր հոգեկանօրէն կամ նիւթականօրէն պատրաստ չէր յարաբերութեան, արդեօք ան չէր հաւատա՞ր սիրոյ/ամուսնութեան, կամ պարզապէս հետաքրքրուած չէր իրմով»:
Օր մը նամակի մը ընդմէջէն Անի իմացաւ որ Գրիգոր իր հեռաձայնի թիւը ունի: Ուրախացած եւ զարմացած որ ուրկէ կրնայ առած ըլլալ իր թիւը, Անիի կիսամառ յոյսերը վերակենդանացան: Տարեդարձը անցաւ, Փետրուար 14-ը անցաւ, եւ ոչ մէկ հեռաձայն Գրիգորէ:
Բարեկամուհիները խրատելու փութացին Անիի ըսելով, «Մոռցիր՜, հետաքրքրուած չէ:» Սակայն Անիի սրտին խոռոչը այդ նորածին սիրոյ նշոյլը յարատեւ կը դեգերէր:
Օրըստօրէ, Անիի բարեկամուհիները մէկ մէկ կը նշանուէին կամ կը պսակուէին եւ Անիի համբերութիւնը կը շոգիանար: Միջնորդներ կը ջանային զինք համոզել վազ անցնելու Գրիգորէն եւ ծանօթացնել յարմար թեկնածուներու, սակայն իր սրտին միակ տենչը Գրիգորն էր:
Կը ցանկար շոյել անոր փափուկ մօրուքը. կը մորմոքէր ըմբոշխնել անոր որդան կարմիր շրթունքները. Կ'երազէր ողջագուրել զայն օրնիբուն:
Երազային աշխարհը այս, կլանեց Անին եւ ան կորսնցուց ինքզինքն ու ժամանակի գաղափարը: Տարիները անցա՜ն եւ ան իր ասպարէզին մէջ մխրճուած ապրեցաւ իր անսէր կեանքը, միշտ մտքին ծայրը ունենալով Գրիգորը: Հարց կու տար ինքզինքին մտածելով, «Եթէ ըսած ըլլայի իրեն որ կը հաւնիմ, արդեօք ինչ պիտի ըլլար իր պատասխանը», «Սխա՞լ էր վարուելակերպս անոր հետ» եւ կամ «Ինչու՞ օր մը մօտենալով չյայտնեց իր զգացումները, եթէ իրապէս ունէր»:
Եւ այպիսով օրին մէկը, Անի ինքնիրեն գտաւ խոր ծերութեան մահուան անկողինը: Երբ վերջին իր շունչերը կ'առնէր եւ մաշած հոգին կը փութար բաժնուելու իր
մարմնէն, յանկարծ դուռը զարնուեցաւ եւ ներս մտաւ ալեհեր ծերունի մը: Սեւ աչքերը տեսնելով, Անին անդրադարձաւ թէ իր կեանքին սէրը Գրիգորն էր: Անի ձեռքը երկարեց եւ Գրիգոր առաւ զայն իր ձեռքերուն մէջ: Համբուրեց ձեռքերը եւ գլուխը կախ սկսաւ լալ եւ խօստովանիլ իր սէրը Անիի հանդէպ ըսելով, «Միշտ սիրած էի քեզի, սակայն համարձակութիւնը չէի ունեցած քեզ ըսելու»: Երբ գլուխը վեր վերցուց Գրիգոր տեսնելու Անիի արտայայտութիւնը, զայն անշարժ գտաւ: Անիի հոգին աւանդած էր. Ոչ իսկ իմացած էր Գրիգորի փոխադարձ սէրը իրեն հանդէպ:


Լուսածագ
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝