Յայտարարութիւն

Monday, January 10, 2011

ՀՕՄԻ ԱՄԷԻ ՄԷՋ ՀԻՄՆԱԴՐՄԱՆ ԱՌԹԻՒ՝ ԱԶԱՏ ՀԱՅ ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՏՐՈՒԱԾ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Արտատպուած՝ Ազատ Հայ կայքէջէն:

Միջին Արեւելքի հայկական ամենէն ծաւալուն կայքէջ՝ Ազատ Հայը հարց էր արծարծած ԱՄԷի մէջ նոր հիմնուած ՀՕՄի յետագայ գործունէութեան մասին եւ իր արդար մտահոգութիւնը արտայատած : Ինչպէս քիչ մը վար կը կարդաք ՝ գնահատելի են այսօրինակ հարցադրումները որովհետեւ անոնք առիթ կ՜ընծայեն բացատրութիւններ տալու եւ լուսաբանելու բոլոր այն մտքերը որոնք մտահոգ են գաղութով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք «Նշանակ» կայքէջի խմբագիր Նշան Պասմաճեանի լուսաբանութիւնները արտատպուած Ազատ Հայ կայքէջէն:
«Նշանակ»

»«««»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Ազատ Հայ կը գրէ.
«ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՒՍ ԱՒԵԼՑԱՒ ՄԵՐ ՓՈՔՐԱԹԻՒ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ՄԷՋ»

«Վերջերս յայտարարուեցաւ թէ ՀՕՄի մասնաճիւղ մը հիմնուած է ԱՄԷի մէջ: Ըսուեցաւ թէ հիմնադիր հանդիպումը արդէն տեղի ունեցած է 23 Դեկտեմբեր 2010ին:
Հետաքրքիր է իմանալ թէ նորաստեղծ մասնաճիւղը գաղութին մէջ տարիներէ իվեր գործող «Տիկնանց Յանձնախումբ»էն ի՞նչ տարբեր աշխատանք պիտի ծաւալէ:
Որպէս սկիզբ այնքան բնական չենք գտներ մասնաճիւղին կազմաւորման հոլովոյթը: Օրինակի համար լուրը ստացանք Ամերիկայի հայկական (դաշնակցական) մամուլէն եւ ոչ թէ Շարժայի մեր ազգային վարչութեան յայտարարութեան միջոցով: Յայտնի չէ թէ ասիկա դիտումնաւոր եղած է թէ պարզապէս տեղեկատուական բացթողում մըն է:
Յայտնի չէ նաեւ թէ ներկայ դրութեամբ ազգային վարչութեան հովանիին տակ գործող «Տիկնանց Յանձնախումբ»ը ի՞նչ վախճան պիտի ունենայ: Արդեօք կոչ պիտի ուղղուի այդտեղի տիկիններուն միանալու ՀՕՄի շարքերը: Ամէն պարագայի մեր թուային քանակը ԱՄԷի մէջ (մօտաւորապէս 4000 հոգի) չի նպաստեր որ կրկնօրինակ միութիւններ ունենանք:»

Ազատ Հայ

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«

Ստորեւ՝ Նշան Պասմաճեանի բացատրութիւնները.

Սիրելի Ազատ Հայի խմբագրութիւն,

Այն տպաւորութեան տակ եմ որ ՀՕՄ ի ստեղծումը քիչ մը խորթ է թուած ձեզի , որովհետեւ ձեր յայտարարութեամբ նախ չէք ողջունած անոր ծնունդը , ձեր հարցումներուն մէջ քիչ մը շփոթ, քիչ մը զարմանք , քիչ մըն ալ խուճապ(panic) կայ կարծէք: Ինչպէս ըսի՝ տպաւորութիւն է , հետեւաբար՝ ենթադրութիւն : Ներեցէք եթէ սխալած եմ: Միւս կողմէն ուրախ եմ եւ կը գնահատեմ, որ խմբագրութիւնդ հետամուտ է գաղութիս մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն , ունի քննական ու քննադատական կեցուածք եւ ազատօրէն կ՜արտայայտէ իր միտքը: Քանիցս առիթ եղած է ինծի համար գնահատանքի խօսքս ուղղելու Ազատ Հայ կայքէջի միջոցաւ ձեր տարած ազգանուէր գործունէութեան , մանաւանդ ձեր հետաքրքրուածութեան համար՝ երբ անտարբերութիւնը լայն է տարածած իր իշխանութեան սահմանները մեր գաղութի համարեա բոլոր շրջանակներուն վրայ . անտարբերութիւնը զգալի է նաեւ կարգ մը ղեկավար շրջանակներու մէջ:Աւա~ղ ,որովհետեւ այդ մէկը արդէն չափազանց վտանգաւոր է:
Այս նամակիս դրդապատճառը կարգ մը յստակացումներ կատարել է ձեր կայքէջին մէջ երկու օր առաջ հրապարակած յայտարարութիւն-նամակին կարգ մը կէտերուն:
Նախ յայտնեմ , որ գաղութս փոքրաթիւ չէ այլեւս , կը հաշուէ 4000-5000 անհատ , ուսեալներու թիւը բաւական մեծ է , բարձր պաշտօններ զբաղեցնող տիկիններու եւ օրիորդներու թիւը բաւական բարձր է , եւ յետոյ , գաղութը հաստատուած գաղութ է եւ պէտք ունի յաւելեալ կառոյցներու :
Ինչ կը վերաբերի ՀՕՄին ,ի դէպ եւ առ ի տեղեկութիւն յայտնեմ, որ Կիպրոսի մէջ 61,Սթոքհոլմի եւ Ուփսալայի մէջ 45, Զուիցերիոյ մէջ12 իսկ հսկայ Ռուսաստանի մէջ 25 անդամուհիներով կը գործէ ՀՕՄը: Ուստի, փոքրաթիւ գաղութ , մեծաթիւ գաղութ հասկացողութիւնները մեզ այս մարզին մէջ թող շատ չմտահոգեն……. Աւելի ճիշտ է թերեւս որ լաւատեսութեամբ տրամադրուինք ստղծուած միութեան նկատմամբ լայն բանալով մեր մտահորիզոնը:
Հարց կուտաք թէ «Հետաքրքիր է իմանալ թէ նորաստեղծ մասնաճիւղը գաղութին մէջ տարիներէ իվեր գործող «Տիկնանց Յանձնախումբ»էն ի՞նչ տարբեր աշխատանք պիտի ծաւալէ: » Արդար է ձեր հարցումը: Պիտի փորձեմ պատասխանել այդ հարցումին , թերեւս այս առիթ մը կ՜ըլլայ իմ խորհրդածութիւններս ալ կատարելու եւ փորձելու տալ մակերեսային կարծիք թէ ինչով կրնայ զբաղիլ ՀՕՄը Էմիրութեանց մէջ:
Ա) Ինչպէս յայտնած էք ՀՕՄ ը միութիւն մըն է: Որպէս միութիւն զայն կարելի չէ նմանցնել Ազգային Վարչութեան հովանիին տակ գործող, անկէ բխած տիկիններու յատուկ յանձնախումբին հետ , տեղական մարմնի մը ունեցած սահմանափակ իրաւասութիւններով .ան հաւաք մըն է սահմանափակ թիւով նշանակուած անձերու , սահմանափակ գործելադաշտով: Կատարածս թերգնահատում չէ մեր սիրելի տիկնաց յանձնախումբին տարած հոյակապ աշխատանքին: ՀՕՄի գոյութեամբ ան պէտք է աւելի զօրանայ, ՀՕՄը պէտք է սատար հանդիսանայ այդ յանձնախումբի գործունէութեան : Տիկնանց յանձնախումբը պէտք է որ շարունակէ լաւագոյնս կազմակերպել իր աւանդական ձեռնարկները : Կարելի չէ եւ պէտք չէ զայն բաղդատել ՀՕՄին հետ: ՀՕՄին անդամագրուիլ ՝ կը նշանակէ պատկանիլ համազգային կազմակերպութեան մը :Հետեւաբար անարդար է յանձնախումբ մը բաղդատելը միութեան մը հետ, այդպիսով շատ պահանջած կ՜ըլլանք յանձնախումբէ մը իսկ միւս կողմէն շատ նեղցուցած կ՜ըլլանք համազգային դերակատարութիւն ունեցող միութեան մը գործելադաշտը:
Բ) Այս իսկ պատճառով ՀՕՄի անդամը ունի համազգային նպատակներու հետապնդման պարտաւորութիւն, պարտաւորութիւն մը , որ կանոնագրականօրէն չէ սահմանուած նշանակովի Տիկիններու Յանձնախումբի մը՝ բաղկացած 5 ,7 կամ 9 հոգիներէ : Այստեղ շատ օրինակներ բերելը անիմաստ կը տեսնեմ , մէկ օրինակով կարելի է բացատրել միտքս.այսպէս օրինակ. եթէ ՀՕՄի ընդհանուր ժողով մը որոշած ըլլայ ՀՕՄի յառաջիկայ տարուան գործունէութիւնը կեդրոնացնել , սեպենք, Արցախի ազատամարտիկներու ընտանիքներուն զաւակներուն ձրի կրթութիւն տալու, այն ատեն Էմիրութեանց, Սուրիոյ թէ Լիբանանի ՀՕՄի վարչութիւնները իրենց գործունէութեան առանցքը կը դարձնեն Արցախի Ազատամարտիկի հայ երեխան: Զուգահեռ մը քաշելու համար՝ երբ Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2010 տարին յայտարարեց «Հայ Կնոջ Տարի» , թեմերը անոր արձագանգեցին կազմակերպելով, այդ թեմային հետ առնչուող ձեռնարկներ : Թէ ինչո՞ւ: Որովհետեւ թեմերը պատկանելիութիւն ունին եւ անոնց ուղեգիծը կը ճշտուի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ որուն նախագահն է Կաթողիկոսը: Տեղին է այստեղյիշել որ բացառութիւն կազմող գաղութներ գտնուեցան, որոնց համար Կաթողիկոսին յայտարարութիւնը այնքան ալ կարեւորութիւն չունեցաւ... դժբաղդաբար
Գ) Թերեւս ճիշտ կ՜ըլլայ այստեղ տեղեկագրել կարգ մը գործերու մասին , որոնք վերջին երկու տարիներուն կատարուեցան ՀՕՄի կողմէ եւ այդ օրինակներով գործնական կեանքի վերածել «մէկ քարով երկու թռչուն զարնել» եւ՝ «աղջիկս քեզի կ՜ըսեմ,հարս դուն հասկցիր» առածները: Ըսել ուզածս այն է թէ այս օրինակներով պիտի փորձեմ համոզիչ դառնալ որ յանձնախումբ մը միութեան մը ինչպէս կարելի է չբաղդատել , միւս կողմէն զգուշացնել,աւելի ճիշտը՝ յիշեցնել ՀՕՄուհիներուն թէ ինչպիսի գործեր տանելու պէտք է պատրաստուին, ազգային ինչ մարտահրաւէրներու առջեւ են կեցած եւ ինչ կ՜ակնկալուի իրենցմէ: Այսպէս.

1. Կրթամշակութային մարզէն ներս ՀՕՄը 1983 էն ի վեր ունի կրթաթոշակ երիտասարդ մասնագէտներ պատրաստելու որոնք իրենց ուսումը երբ աւարտեն պարտին ծառայել Հայ ազգին զանազան ձեւերով: Այսպիսի պայմաններ պետութիւններ միայն կը դնեն : ՀՕՄն ալ կը դնէ : Թէ ինչպէ՞ս : Որովհետեւ ՀՕՄը ՀՕՄ է : Ընթերցողին ուշադրութիւնը թող չկեդրոնանայ նիւթականի հայթայթման հանգամանքին վրայ: Մեր ՀՕՄուհիները պայման չէ որ միայն նիւթական աղբիւրներ փորձեն գտնել այս կամ նմանօրինակ ծրագիրներու իրականացման համար այլ նաեւ փորձեն գտնել ուսանողներ , կարիքաւոր կամ ոչ, եւ զիրենք քաջալերեն դէպի ազգային ծառայութիւն:
2. Դարձեալ կրթամշակութային մարզէն ներս ՀՕՄը ունի «Լաւագոյն Ուսանող» ծրագիր , որով կը պարգեւատրէ Արցախի եւ Ջաւախքի լաւագոյն ուսանողները: ԱՄԷի ՀՕՄը կրնայ մասնակից դառնալ այս համահայկական ծրագրին :Միւս կողմէն, աջակցելով Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանի եւ Ապու Տապիի Վարժարանի Հոգաբարձութեանց հետ կրնայ այդպիսի պարգեւատրում կատարել վերոյիշեալ վարժարաններու լաւագոյն աշակերտներուն:
3. 2009-2010տարեշրջանին ՀՕՄը յատկացուցած է $148000 իր «Սօսէ» մանկապարտէզներուն Արցախի զանազան գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ ինչպէս Հատրութ, Մարտունի, Ակնաբերդ, Շուշի եւլն:
4. Մեր ՀՕՄուհիները շատ մեծ նպաստ կրնան բերել ՀՕՄի «Պատանիներու փոխանակում» ծրագրին, որուն նպատակն է ծրագրել ու գործադրել որ կարիքաւոր հայ պատանիներ ամառնային իրենց արձակուրդը անցընեն հայահոծ գաղութի մը մէջ: 2010ին 180 հայ պատանիներ վայելած են այս ծրագրի գործնական արդիւնքը:
5. 1992 էն սկսեալ ՀՕՄը խնամակալութիւն կ՜ընէ հայ բազում որբերու , ունի անոնց համար ուսման յատուկ ծրագիր: Ինչե~ր կրնայ ընել Էմիրութեանց ՀՕՄ ուհին այս մարզէն ներս…
6. ՀՕՄ ի Ամանոր Ծրագիրին կարելի է մասնակցիլ եւ մասնակից դարձընել գաղութիս բոլոր տիկինները ՝ համագործակցութեամբ Տիկնանց Յանձնախումբին :Ամանոր Ծրագիրը կաղանդչէքներ բաժնել է տարեցներու եւ երեխաներու : Այս ծրագրին իւրաքանչիւր ՀՕՄուհի տարին $3 ով կը մասնակցի: Ուրեմն ամէն տարի $45000 պէտք է որ հաւաքուի տրուած ըլլալով որ համահայկական այս կազմակերպութեան անդամուհիներուն թիւը մօտաւորապէս 15000 է:
7. Առողջապահական գետնի վրայ ՀՕՄը ծրագիրներ գործադրութեան կը դնէ օգտակար դառնալու համար հայ հիւանդին ամէնուր: Մեր ՀՕՄուհիները մեծ մասնակցութիւն կրնան բերել այսպիսի ծրագիրներու:
8. ՄԱԿ էն ներս յարաբերական գոհացուցիչ գործունէութիւն կը տանի ՀՕՄը եւ ունի ՀՕՄի գործունէութեան ռազմավարութեան մշակման յանձնախումբ: Այժմ այդ յանձնախումբը կեդրոնացած է յատկապէս կնոջ առողջապահութեան , հաշմանդամներու օժանդակութեան, ցեղասպանութեանց կանխարգիլման թեմաներուն վրայ: Այս ուղղութեամբ մեր ՀՕՄուհիները ուսումնասիրական մեծ աշխատանք կրնան տանիլ , օգտակար հանդիսանալով ՄԱԿի ՀՕՄի ներկայացուցիչին:Միւս կողմէն , անոնք կրնան լաւ յարաբերութիւն մշակել կանացի այլեւայլ կազմակերպութեանց հետ որոնք ժիր կը գործեն Էմիրութեանց մէջ:
9. ՀՕՄի «Արարատ Մրցանակ»ը յարաբերական յաջող գործ մըն է: Ան կը միտի հայ ժողովուրդին կարեւոր ծառայութիւն մատուցող անձիքը պատուելու եւ պարգեւատրելու: Նորին Վսեմութիւն Շարժայի կառավարիչ Տոքթ. Շէյխ Սուլթան Պին Մոհամմէտ Ալ Քասիմին այդ արժանիներէն է : ՀՕՄը , համագործակցութեամբ Ազգային Իշխանութեան, կրնայ այսպիսի երախտագէտ ձեռնարկ կազմակերպել հրաւիրելով 15000 ՀՕՄուհիներու ներկայացուցիչ մը եւ յատուկ , բացառիկ հանդիսութեամբ մը պատուելու Նորին Վսեմութիւնը:
10. Վերոյիշեալները օրինակներ են : Անոնք ոչ մէկ ձեւով կը միտին սահմանափակել ՀՕՄի գործունէութիւնը Էմիրութեանց մէջ:

Սիրելի Ազատ Հայի Խմբագրութիւն,
Նկատելի է որ մի քանի այլ հարցեր ալ կան ձեր միտքը չարչրկող: Օրինակ, ինչ վախճան պիտի ունենայ Տիկնանց Յանձնախումբը: Ըստ իս , վախճան պիտի չունենայ, ընդհակառակը , ինչպէս վերը տեղ մը ըսի, ան պիտի աւելի զօրանայ ՀՕՄի ծնունդով: Իսկ թէ ՀՕՄի ծննդեան լուրը Ամերիկայէն է ելած եւ ոչ Շարժայէն, նոյնիսկ եթէ« դիտումնաւոր» է եւ ոչ «տեղեկատուական բացթողում»՝ կարեւորութիւն ներկայացնող հարց պէտք չէ զայն նկատել: Կարեւորը այդ միութեան ծնունդն է , որը պէտք է միայն ողջունել:
Յուսամ կրցայ բացատրել միտքս :

Ձեր 6 Յունուարի յայտարարութեան մէջ հետագայ որպէս ծրագիր նշած էիք նաեւ «Համազգային» ի անունը: Այդ միութեան ալ պէտքը շատ է մեծ, որովհետեւ գաղութը մշակութային վայրէջքի մէջ է , ինքզինք սկսած է դատապարտել մշակութային ամլութեան, ծուլութեան եւ մասամբք սոցին: Ո՞վ պիտի զայն արթնցնէ իր թմբիրէն:Անձամբ զօրաւիգ եմ «Համազգային»ի նման միութեան մը հիմնման : Իսկ «Համազգային»ի հիմնման պարագային մեծ յոյս ունիմ որ նոյն անորոշութեան պիտի չմատնուի մեզմէ ոչ ոք եւ քիչ մը շփոթած հարց պիտի չտայ ինքն իրեն թէ Համազգայինը աւելի ինչ պիտի կատարէ այս գաղութին մէջ քան Գեղարուեստական Յանձնախումբը...

Անգամ մը եւս շնորհակալ եմ, որ առիթ ընծայեցիք որ կարենամ մտքերս ազատօրէն արտայայտել ու հարեւանցի բացատրութիւն տալ ՀՕՄի էութեան կարեւորութեան մասին:

Սիրով՝
Նշան Պասմաճեան



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝