Յայտարարութիւն

Sunday, January 30, 2011

ԿԵՑՑԷ՛

Բոլոր անոնք որոնք ճանչցածեն Ժիրայր Ղարիպեանը պիտի մեծապէս գնահատեն Վրէժ Արմէնի այս գնահատելի յօդուածը:
«Նշանակ»
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«


Սիրոյ եւ հաւատքի այս գործը
Պոսթընի ՀԱՁ-ի
երեսնամեակին առթիւ


Ա.
Պոսթընի Հայկական անկախ ձայնասփիւռը 2010-ի հոկտեմբերին տօնեց
իր հիմնադրութեան երեսնամեակը։ Նշելի, պանծալի յոբելեան մըն է, որուն չենք
կրնար չանդրադառնալ։

Արդարեւ, ՀԱՁ-ը այդ առթիւ արժանացաւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա.
կաթողիկոսի Օրհնութեան գրին, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Պատուոյ գրին
ու Շնորհաւորագրին, այլեւ նոյն նախարարութեան եւ Համաշխարհային
հայկական կոնկրեսի )ՀՀԿ( »Լաւագոյն լրատուամիջոց« մրցոյթի մրցանակին եւ
Ա.Մ.Ն.-ի Մասաչուսեց նահանգի իշխանութեան Գնահատագրին )Ապրիլեան
նահատակաց ոգեկոչման կապակցութեամբ(, իսկ Ձայնասփիւռի
պատասխանատու տնօրէն-խմբագրին՝ Եւգինէ Ղարիպեանի շնորհուեցաւ ՀՀԿի
, Ռուսաստանի հայերի միութեան եւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան
մրցանակը՝ »Սփիւռքահայ լրատուամիջոցներ« անուանակարգին մէջ։ Ընկհ.
Ղարիպեան այն անձն է, որ ՀԱՁ-ի հիմնադիր իր ամուսնոյն՝ Ժիրայր
Ղարիպեանի անժամանակ մահէն ետք, 1991-ի նոյեմբերէն ի վեր, յաջողեցաւ
գլուխը կանգնիլ այս կարեւոր նախաձեռնութեան, պահել ու ալ աւելի
զարգացնել հայկական ռատիոժամը։

Աւելի քան չորս տարի առաջ, տողերս գրողին հարցումներուն
պատասխանելով, ան հետեւեալը կ՜ըսէր.
»Գիտես, որ 1980 թուականի հոկտեմբեր 11-ին՝ Մշակոյթի օրուան
հիմնադրուեցաւ Պոսթընի հայկական անկախ ձայնասփիւռը, եւ ինչպէ՞ս
հիմնադրուեցաւ - Ժիրայրը, որ արդէն երիտասարդ ժամանակուանից սիրում էր
գրել, սիրում էր ձայնագրութիւններ անել, միշտ ձայնագրիչ մեքենայ ունէր, եւ
իր երազն էր, որ այդ ճիւղը ինք կարողանայ կատարելագործել: Երբ մենք
Ամերիկա փոխադրուեցանք, իր առաջին գործը եղաւ դիմել Պոսթըն
համալսարան, որ կարողանայ լրագրութեան մէջ վկայական առնել: Եւ ինք
յաջողեցաւ Մագիստրոսի վկայական ստանալ, եւ այդ օրուանից ամբողջ
ժամանակը իր մտքին մէջ էր, որ Պոսթընի մէջ ռատիոժամ հիմնադրէ:
»Եւ այդպէս, ռատիոժամը սկսեց, շատ վտիտ ուժերով: Բայց ի'նք այնքան
կապուած էր ռատիոյին եւ այնքան ոգեւորուած, որ շատ կարճ
ժամանակամիջոցի մէջ կարողացաւ գաղութն ալ կապել ռատիոյին:
»Ռատիոժամը սկսեց մէկ ժամով եւ միշտ հայերէնով: Յետոյ Ժիրայրը
զգաց, որ որոշ տարր կար, որ կ՚ուզէր կապուիլ ռատիոյին, բայց հայերէն
չգիտէր, իսկ մէկ ժամում շատ հնարաւոր չէր որ անգլերէն բաժին էլ
ունենայինք: Ուրեմն, մէկ ժամը մէկ ժամուկէսի փոխեց եւ այդ մէկ ժամուկէսի
մէջ 15 րոպէ անգլերէն բաժինը ունենք, ուր օրուայ հարցերի շուրջ ակնարկներ
ենք տալիս, նաեւ լուրեր եւ յայտարարութիւններ։« - )»Հորիզոն«, 2 եւ 9
հոկտեմբեր 2006, Միշտ պատնէշի վրայ՝ Ամբողջական զոհողութեամբ(։
Ժիրայր Ղարիպեան հայ իրականութեան մէջ քիչերէն էր, որ
ճակատագրուած էր այս ռատիոժամը սկսելու։ Ան ոչ միայն ստացած էր
լրագրութեան վկայական, այլ նաեւ հետեւած էր հեռասփռային լրագրութեան
)broadcast journalism(։ Աւելին՝ ան ունէր անհրաժեշտ նկարագիրը, կամքն ու
կորովը՝ նման գործի մէջ նետուելու համար։ Ունէր նաեւ ու մանաւանդ
զոհողութեան գիտակցութիւն։

Իր մահուան առթիւ իմ սիրելի, սրտակից ընկերոջ մասին այսպէս էի
գրեր.
»[...] յուսահատիլ չէր գիտեր ան: Ստանձնած գործը մինչեւ վերջ պիտի
տանէր՝ նոյնիսկ եթէ մինակը մնացած ըլլար եւ գործընկերները շատոնց
ուժաթափ եղած ըլլային։ [...] Պոսթընի հայկական անկախ ռատիոժամը [...] իր
եւ իր կողակցին՝ իրմէ անբաժան Եւգինին անսպառ շունչին ու քրտինքին
արգասիքն էր: Ի դէպ, Ղարիպեան ամոլը տիպար այն զոյգերէն էին, որոնք
միշտ միասնաբար պատնէշին վրայ գտնուեցան, հրաժարելով սեփական
կեանքէն ու ամբողջութեամբ նուիրուելով ազգին ու իրենց պատկանած
կուսակցութեան։« - )»Հորիզոն«, 27 յունուար 1992, Ժիրայրին հետ(։
Ժիրայր կու գար մեծ պարապ մը լեցնելու Պոսթընի հայ գաղութի
կեանքի մշակութային-լրատուական մարզէն ներս։ Իր մահէն հազիւ քանի մը
ամիս առաջ, »Հորիզոն«ի շնորհած իր հարցազրոյցին մէջ, ընկ. Ղարիպեան
հետեւեալ կերպով կը բնորոշէր ռատիոժամը, յստակացնելով նաեւ »անկախ«
բառին բնոյթը.
»Ան մեծ դեր կը խաղայ Պոսթընի հայ իրականութեան մէջ, ռատիոժամը
լրացուցիչն է հայ մամուլին: Թէեւ վարչականօրէն անկախ, ան յստակ
գաղափարական կողմնորոշում ունի, կը ձգտի հայ ժողովուրդի
միասնականութեան, անոր բոլորուելուն՝ Հայ դատի, Հայ մշակոյթի եւ Մայր
հայրենիքի, ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական Հայութեան մեր
գաղափարականին շուրջ։« - )»Հորիզոն«, 31 օգոստոս 1991, Ընկ. Ժիրայր
Ղարիպեանի հետ(։
Ժիրայր չափազանց խանդավառ էր մեր հայրենիքէն ներս 80-ական
թուականներու երկրորդ կէսէն ետք խմորուող շարժումներով։ Գրեթէ նոյն
ատեն, որ վերեւի այդ հարցազրոյցը կ՜ունենար՝ իր հիւանդութեան արդէն
դժուարին օրերուն, ան կը ստորագրէր իր վերջին յօդուածներէն մէկը, եթէ ոչ
վերջինը, ուր կ՜անդրադառնար Հայաստան հաստատուելու իր երազին.
»ԺԱՄԱՆԱԿ ՉԿԱՅ, բայց յոյսի եւ երազի իմաստութիւն մը կապոյտ
երկինքի հորիզոնին վրայ յար կը յուշէ ինծի հայոց հողի զօրութեամբ՝ այս
երազս պիտի իրականանայ: Ահա յարատեւութեանս եւ ամենօրեայ պայքարիս
գաղտնիքը։« - Ղ. Ժիրայր, Ժամանակ չկայ..., 21 օգոստոս 1991, Պոսթըն )30-
ամեակի գրքոյկէն(։
Բ.
Ժիրայր Ղարիպեանի երազը, աւա՜ղ, պիտի չիրականանար, եւ միայն իր
աճիւններն էին, որ պիտի երթային հանգստանալ հայրենի հողին ծոցը, սակայն
ան պիտի յաջողէր այդ տարիներուն իր ձայնասփիւռը վերածելու Հայրենիքի ու
Սփիւռքի միջեւ լայն կամուրջի։ Իր ջանքերուն շնորհիւ ան կապեր պիտի
ստեղծէր հայրենի մտաւորականութեան հետ, ձայնասփիւռին միջոցաւ զանոնք
ծանօթացնէր իր ունկնդիրներուն, իսկ ՀԱՁ-ի տարեդարձներուն առթիւ
կազմակերպած հանդիսութիւններուն, որոնք պիտի ծառայէին նաեւ
անհրաժեշտ գումարները ապահովելու՝ գործը անխափան շարունակել
կարենալու համար, ան միշտ Սփիւռքէն թէ Հայրենիքէն գրողներ ու մշակոյթի
գործիչներ պիտի հրաւիրէր, զանոնք մեծարելու ու գաղութին ծանօթացնելու
համար։
Ահա այս երեւոյթին կ՜անդրադառնար մէկ կողմէն Հր. Թամրազեան՝
հայրենիքէն, 1990-ին.
»Այս կրակուած օրերին մեծ խռովքի ու ցաւերի մէջ գտնուող հայ
ժաղավուրդին խոր յուզմունք են պատճառում հարազատ ձայները, որոնք
հնչում են աշխարհի բոլոր ծագերում եւ կենսական ուժի ու գոյութեան
պատգամ են բերում տարագիր հայութեանը: Շատ ուրախ եմ, որ այդ
համանուագում հնչում է քո ձայնասփիւռի ազնիւ ու արդար ձայնը, տոգորուած
հայրենական սիրով եւ առանձին ջերմութեամբ դէպի Հայաստան երկիրը։« -
)30-ամեակի գրքոյկէն(։
Իսկ Վեհանոյշ Թէքեան անոր կ՜արձագանգէր Սփիւռքէն.
»Ժիրայր Ղարիպեան կախարդական ամենալոյծ ճիպոտ չունէր ձեռքը,
բայց կախարդի պէս, գոնէ իր շրջապատին մէջ, կրցաւ մեր ազգային ու
հաւաքական կեանքը դարձնել հաղորդական եւ գրաւիչ: Յարդը եւ որոմը
անջատելու, ունկնդիրին ժամանակը յարգելու մտահոգութիւնը ունեցաւ եւ
մանաւանդ հաւատաց որ մշակոյթը դիւանատուն չէ: Մէկտեղեց ուժեր,
կազմակերպեց, եւ - գործէն անկախ - պարտաւորութիւններէ դուրս,
գոհունակութեամբ, իւրայատուկ աշխոյժով, դէպքերու, դէմքերու եւ վիճակներու
բազմազանութիւն մը հրամցուց Պոսթոնի հանրութեան։« - )30-ամեակի
գրքոյկէն(։
Ժիրայր իրապէս յաջողած էր որակաւո՛ր յայտագիր մը յառաջացնել,
միաժամանակ թէ՛ մակարդակ ապահովել, թէ՛ ալ ըլլալ բոլորին մատչելի, խօսիլ
բոլորի՛ն սրտին։
Սակայն Եւգինէ Զարիֆեան-Ղարիպեանն ալ հանդիսացաւ ամուսնոյն
արժանաւոր յաջորդը, »ժառանգորդ«ը։ Ինք սակայն համեստաբար այսպէս կը
մեկնաբանէր իր դերը.
»Ես չժառանգեցի, որովհետեւ մեր ռատիոն ոչ-հասութաբեր ընկերութիւն
է եւ մենք մեր վարչութիւնը ունենք: Ուրեմն, երբոր արդէն Ժիրայրը շատ վատ
էր եւ յետոյ որ մահացաւ, վարչութիւնը ասաց՝ Եւգինէ, եթէ դուն յանձն առնես,
մենք կը շարունակենք, թէ ոչ պիտի փակուի: Եւ այդ ժամանակ, նախքան
Ժիրայրի մահը, երբեք մտքովս չէր անցնում, որ կարող եմ յանձն առնել,
ռատիոն շարունակել, բայց մէկ բան ինձ շատ էր չարչարում՝ գիտէի որ Ժիրայրը
չէր ուզում, որ իր մահից յետոյ ձայնասփիւռը փակուի, եւ կ՚ուզէր, որ իր գործը
շարունակուի, եւ եթէ ես չշարունակէի՝ գործը կիսատ կը մնար։« - )»Հորիզոն«,
2 եւ 9 հոկտեմբեր 2006, Միշտ պատնէշի վրայ՝ Ամբողջական զոհողութեամբ(։
Տասնինը տարի ետք, վկայ չի պակսիր այս մասին գնահատանք
արտայայտելու համար։ Ահա թէ ինչ կը գրէ դոկտ. Հրանդ Մարգարեան Նիւ
Եորքէն.
»Ռատիոն կու գար ամեն հայ տան մէջ հնչեցնելու հայ ե՛րգը, հայ բա՛ռը,
հայ մշակո՛յթն ու ոգի՛ն, գլխագի՛ր ՈԳԻՆ։ [...] Ժիրայր եւ Եւգինէ, այս անբաժան
զոյգը, եւ իրենց հետ գործող բազմաթիւ գործակիցները, հանրային մարզի մէջ
գործող կազմակերպութենէ մը պահանջուած պատասխանատուութիւններուն
լաւապէս գիտակից էին։ [...] Գիտակցութիւն՝ որ կը բխի ազգային մշակոյթն ու
արուեստը անարատ եւ մաքրամաքուր ձեւով ներկայացնելուն մէջ։« - Յունիս
2010 )30-ամեակի գրքոյկէն(։
Իսկ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան կ՜ամբողջացնէ այդ միտքը.
»[...] ընդհանրական Հայու ձայնին մէկ հարազատ արձագանգն
է Պոսթընի Հայկական անկախ ձայնասփիւռը՝ որ ահա ամբողջ երեսո՛ւն տարի,
Ատլանտեանի այս հեռաւոր ափին բոյն դրած հայութեան լսելի կը
դարձնէ պատմութեան խորերէն եկած իր իսկ հարազատ մշակոյթին ձայնը,
մեսրոպաշունչ խօսքն ու կոմիտասեան մեղեդին՝ իր բաժինը բերելով
հայութեան ջահը վառ պահելու համազգային մեր ջանքերուն:« - )30-ամեակի
գրքոյկէն(։
Անշուշտ թէ՛ Ժիրայրը եւ թէ՛ Եւգինէն վայելեցին անշահախնդիր
աջակցութիւնը հաւատարիմ գործակիցներու, անոնք ըլլան խօսնակներ,
սիրայօժար վարչականներ, իրենց կանոնաւոր ներդրումով յայտագրին խորք ու
լայն հորիզոն տուող մտաւորականներ թէ մշտահոս նիւթական աղբիւրներ
հայթայթող ազգայիններ։
Այս բոլորին շնորհիւ ՀԱՁ-ը կրցաւ ընթանալ ժամանակին հետ, իր
անկիւնը ունենալ Դիմատետրին (Facebook) վրայ, իր ձայնը լսելի դարձնել
աշխարհատարած ոստայնին ալ ճամբով )www.armenianradioboston.com(։
Կը մնայ, որ յարգը գիտնանք այս եզակի իրագործումին ու տէր կանգնինք
անոր, որպէսզի Եւգինէն ալ երաշխիքը ունենայ, որ ամբողջական նուիրումի
վրայ հիմնուած այս գործը իրմէ ետք ալ շարունակող պիտի ըլլայ։
Ահա մարտահրաւէր մը Համազգայինին համար։ Եւ ոչ միայն
Համազգայինի։
Հիմա սակայն ՀԱՁ-ին ըսենք՝
- Կեցցէ՛, ու ձայնդ անսպա՛ռ։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝