Յայտարարութիւն

Friday, January 7, 2011

ՈՂՋՈՅՆ ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ (ՀՕՄ) ԾՆՆԴԵԱՆ ՝ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ

Կ՜ողջունեմ ՀՕՄի ծնունդը Էմիրութեանց մէջ: ՀՕՄ ի ծրագիրը ազգային եւ մարդկային այնպիսի սկզբունքներու վրայ է կայացած, որ որեւէ անհատ զայն չընդունելու տրամադրութեան մէջ ինքզինք չի կրնար զգալ: ՀՕՄ ը որեւէ կանացի միութիւն չէ , ոչ ալ սահմանափակ իրաւասութիւններով յանձնախումբ, ինչպէս յաճախ կը շփոթենք: ՀՕՄի արմատները խորունկ են , առաքելութիւնը չափազանց մեծ, իսկ առաքելութեան գործնականացումը՝ ոչ շատ դիւրին:

Պայմանները այնպէս են բերած որ ՀՕՄը դարձած է կանացի կազմակերպութիւն: Երբ անոր հարիւր տարուան պատմութիւնը ուսումնասիրենք պիտի տեսնենք որ զայն հիմնողները եղած են տղամարդիկ , իսկ սկզբնական տարիներուն անոր անդամները եղած են երկսեռ:Կազմակերպութիւնը մինչեւ օրս ալ ինքզինք չի նկատեր փափուկ սեռին մենաշնորհը:

Այստեղ ՀՕՄի գովքը պիտի չհիւսեմ . իր հարիւրամեայ հսկայ գործունէութիւնը փաստն է իր մեծութեան , սակայն անարդար պիտի ըլլայ եթէ այստեղ չըսեմ, որ չկայ հայկական կանացի այլ կազմակերպութիւն ,որ իր ծրագրին մէջ ունենայ ծառայել անխտիր բոլոր համայնքներուն, որոնք անմիջական օգնութեան պէտք ունին ,առանց նկատի առնելու անոնց ցեղային կամ կրօնական պատկանելիութիւնը: Այս տրամաբանութեամբ գործող կազմակերպութիւն մը արդէն տեղայնական աշխատանքի ոճ չի կրնար որդեգրել.անոր գործելու հորիզոնը լայն է , անոր ղեկավարութիւնը պարտի ունենալ լայն մտահորիզոն:

ՀՕՄի համահայկական սկզբունքները կը միտին պահպանելու հայ ժողովուրդի մշակութային պատկանելիութիւնը աշխարհիս չորս ծագերուն . հայեցի դաստիարակութիւնը, հայ համայնքներու ընկերային ու առողջապահական վիճակի բարելաւումը գործնապէս խրախուսող հայկական ամենէն փորձառու կազմակերպութիւնն է ան :

Կը շնորհաւորեմ Էմիրութեանց հայ գաղութը որ իր ծոցին մէջ ունցաւ գիտակից ու կազմակերպ գաղութի վայել լուրջ կազմակերպութիւն մը : Կը շնորհաւորեմ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը իր նախաձեռնած ճիշդ գործին համար: Եւ վերջապէս կը շնորհաւորեմ նշանակուած առաջին վարչութիւնը եւ կը մաղթեմ անընդմէջ յաջողութիւն:

«Նշանակ» կայքէջը ինքզինք ՀՕՄի տրամադրութեան տակ կը դնէ եւ իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ գործնապէս սատար հանդիսանալու անոր գործունէութեան:

Նշան Պասմաճեան



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝