Յայտարարութիւն

Wednesday, January 19, 2011

Սիրելի Ընթերցող,

Վերջին շաբաթներուն ընթացքին նկատելի է «ծուլութիւն»ը խմբագրութեանս: Այդպէս չէ՞ :Պատճա՞ռը ի՞նչ է , պիտի հարցնէք...
Պատճառը ... այո,կրնաք ձեր մտքէն ամէն ինչ անցընել բայց ոչ ծուլութիւն: Խօսքը ուղղելով իր նախնիներուն Թումանեան «ՀԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ» իր բանաստեղծութեան մէջ կ՜ըսէ ՝«Ձեզ տանջող ցաւը մեզ էլ է պատել»: Խմբագրութիւնս ալ այս օրերուն ընթերցողներուն «ցաւ»էն կը տառապի՝ բազմազբաղուածութիւն:
Արդ, տրուած ըլլալով որ խմբագրութիւն-ընթերցող ամուր կապերով իրարու զօդուած երկեակը նոյն ընտանիքի անդամներ են, պիտի խնդրէի ընթերցողներէն որ իրենք նիւթեր ուղարկէին , թէկուզ ձեռագիր , որ խմբագրութիւնս պատրաստ է մեքենաշարել եւ հրամցնել միւս ընթերցողներուն:Վերջին հաշուով այս կայքէջը ստեղծուած է քաջալերելու համար բոլոր անոնք որոնք գրելու ճաշակ եւ փափաք ունին ,այնտեղ արտայայտելու իրենց մտքերը,ցոյց տան արուեստի նկատմամբ իրենց հետաքրքրութիւնը , իրենց կարծիքը բաժնեն իրենց նմաններուն հետ, քննադատեն ու քննադատուին եւայլն: Ընթերցողը passive դարձնելու համար չէ ստեղծուած այս կայքէջը այլ ՝ active մասնակից:

Ուստի,բոլոր անոնք որոնք կը նախընտրեն scan ընել իրենց գրութիւնները, թող բարեհաճին զանոնք ուղարկել nshanag@gmail.com հասցէին եւ կամ faxով ուղարկել +971 4 4534761 թիւին:
Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլոր ընթերցողներուն ՝ Ուրուկուայէն Լիբանան, Աւստրալիայէն Ռուսաստան,Թուրքիայէն, Սուրիայէն ու Հայաստանէն ՝ Քանատա:

«ՆՇԱՆԱԿ»


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝