Յայտարարութիւն

Saturday, February 19, 2011

ՓԵՏՐՈՒԱՐ 18 - Արամ Քէթէնճեան

Իրաքահայ մտաւորական Արամ Քէթէնճեան Փետրուարեան Ապստամբութեան մասին գրած է Պօէմայի ոճով այս բանաստեղծութիւնը , որ կը հրապարակենք իննիսունէ աւելի տարիներ առաջ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ անկիւնադարձային կարեւորութիւն ներկայացնող դէպքին օրուան յիշատակման առթիւ:
«Նշանակ»
Փետրուար 18 , 2011:

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»««»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»««


Փետրուար 18
Կը նուիրեմ մեծարգոյ բարեկամիս՝ Պարոյր Յակոբեանին
Հազար ինն հարիւր քսանը մէկի
Լոյս փետրուարի սառնամանիքի
տասնեւութերորդ օրը պանծալի՝
Շողեր ծագեցան նոր արշալոյսի:
Հողը դղրդա՛ց, քաղաքը թնդա՛ց,
միասիրտ դարձած ամբոխը պոռթկա՛ց,
եւ արիւնաքամ ժողովուրդն ամբողջ՝
ապստամբութի՛ւն չարին դէմ, գոռաց...
Ապստամբութիւն ընդդէմ բռնութեան,
վատ շարքերուն դէմ խորհրդայնութեան,
եւ դաւադրութեամբ պետութիւն կազմած
միշտ վատահամբաւ պոլշեւիկութեան:
Պոլշեւիզմը վատ խեղդած էր բարին,
մութ բանտերուն մէջ կացինահարած,
գլխատած ազգի մտաւորական,
բանիմաց տարրին,
իսկ Երեւանի պատերուն առջեւ,
գնդակահարած նախկին բանակի
սպայակոյտի եւ զինուորներու
քաջոց ընտրանին,
մնացեալներուն՝ յանձնած աքսորին...
Պոլշեւիզմը բիրտ՝ գերած էր լեզուն,
Մեսրոպահնար չքնա՜ղ հայ լեզուն.
անհետացուցած զայն դպրոցներէն,
հասարակութեան եւ ողջ պետութեան
հիմնարկութենէն...
Պոլշեւիզմը ստոր, եկած էր խլած
քրտինքով օծուած հայ գիւղացիի
վաստակը անգին,
ու չքաւորի հացահատիկի մասունքը վերջին,
եւ յափշտակած խեղճ բնակչութեան
«աւելորդ» կոչուած՝ հագուստները, հին...
Բայց ազատատենչ հայորդիքն արի,
չհանդուրժելով ճնշմանը չարի՝
միախմբըուած ու միահոգի,
ոտքի կանգնեցան ընդդէմ ոսոխի
ու արեան գնով անոնք կերտեցին
ապստամբութիւն:
Ապստամբութի՛ւն, որու կեանքն աւա՜ղ
հազիւ երկամսեայ մանուկ նորածին
բայց, անակնկալ հարուած մ′էր չարին.
Ապստամբութի՛ւն, որ կրցաւ ճզմել օտարամոլին
եւ ազատագրել արժէքներն ազգին.
Ապստամբութի՛ւն, որն անմահացաւ
խորքը մեր սրտին
ինչպէս եւ կ′ապրի մեր պատմութեան մէջ՝
յաւե՜րժ, թանկագի՛ն:
Արամ Քէթէնճեան
2006 թուական



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝