Յայտարարութիւն

Friday, February 11, 2011

«ՀԱՅԱՍՏԱՆեան արեւելում»ի մշտանորոգ հրամայականը

Կարելի է համաձայն չըլլալ Տիգրան Գաբոյեանի բոլոր մատնանշումներուն սակայն կարելի չէ մտքի հորիզոնը լայնցած չտեսնել կարդալէ ետք այս յօդուածը:
Վիճաբանական լայն նիւթ կայ մշակուած այս յօդուածին մէջ:
Ընթերցող, ի՞նչ է կարծիքդ:

«Նշանակ»

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.««.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«


«ՀԱՅԱՍՏԱՆեան արեւելում»ի մշտանորոգ հրամայականը
Հայ ինքնութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ,
կ՝ուսումնասիրուին մշակութային,քաղաքական,ազգագրական եւ ուրիշ
ենթահողերէ մեկնած :Ուսումնասիրական բազմաշերտ այդ մօտեցումները
աքատեմիք ըլլալով ու յարգելի եզրակացութիւններ նուաճելով հանդերձ, տակաւին
չեն արտադրած թղթապանակ մը՝ լիակատար լուծումներու(անոնց գործուղման
Մէքանիզմներով),որոնք ընդունելի ըլլան մանաւանդ Սփիւռքի հայկական բոլոր
մեծ ու փոքր կազմակերպութիւններուն կողմէ, ի խնդիր հայ ինքնութեան
պահպաման ու զարգացման:Սփիւռքի մէջ մշտապէս Հ.Հ-եան
գիտական,մշակութային ու հասարակական ներդրումի մեծացման
անհրաժեշտութիւնը կայ,որ կ՝օղակուի հսկայ դրամական կարողականութեան
հետ ,ինչը Հայաստանը չունի ներկայիս:

Կարեւոր է շեշտը դնել սփիւռքահայ նոր սերունդի մշակութային կազմաւորման
վրայ,մշակութային կազմաւորում մը, որ համազգային հիմք պէտք է ունենայ ու
ամուր կազմուածոյ կապ Հայաստանի հետ,որովհետեւ սփիւռքահայ նոր
սերունդին ու Հայաստանի միջեւ եղած կապի բնոյթն ու եղափոխութիւնները ՝
ազգային կարեւոր գործօն կը ներկայացնեն Հայաստանի պէս երկրի մը
համար,միաժամանակ կարեւորագոյն ներազդող օղակ սփիւռքի գոյավիճակին
վրայ:Հ.Հ-եան անկախացումէն ի վեր հսկայ ներուժ կար (ու բնականաբար
տակաւին կայ) այսպէս կոչած՝ սփիւռքահայ զանգուածի
ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՑՄԱՆ(արտայայտութեան ռազմավարական ու ամբողջական
իմաստով,ոչ կարգ մը կողմերու նախընտրած ընկերահոգեբանական կամ
քաղաքական պարունակութեամբ),որ ցարդ անհատականի մակարդակին մէջ
մնացած է զանազան պատճառներով եւ նկատի առած որ հայ քաղաքական միտքը
Հայաստանի անկախացումէն ի վեր ներգաղթի ամբողջական հայեցակարգ չէ
մշակած ու կայ այն անգիր համոզումը թէ Սփիւռքը ինքնին արժէք է եւ ունի իր
առաքելութիւնն ու դերը,կարիքը կայ տեւաբար ճշտելու տուեալ ժամանակի՝ հայ
սփիւռքի ներկայացուցած հայկական իրականութիւնը :

Սփիւռքահայ նոր սերունդի ուծացում-օտարացումը,արեւմտահայերէնի
շիջումն ու մշակութային նահանջը, նոյնինքն հայահոծ համարւող գաղութներուն
մէջ, տագնապալից իրականութիւններ են ,սակայն ռազմավարական լուծումներու
ուշացումը աւելի վտանգաբեր կը դարձնէ իրավիճակը:Նոր սերունդին
ներգրաւելու համար պէտքական են նոր մօտեցումներ իսկ այդ մօտեցումները
կ՝ուշանան, Սփիւռքի պաշտօնական կառոյցի դանդաղ ու համընդհանուր
տեսլականով չգործելու պատճառով :Տակաւին դասական սփիւռքը իր
սահմագիծով կը տարտղնի Հայաստանեանը բնորոշելուն մէջ:


Արդիականը՝ նոր սերունդի ընթացիկ հասկացողութեամբ՝ կը բախի հայ
մշակոյթին ու տեղ մըն ալ հայ լեզուին հետ ու այն բոլոր ձայները ,որոնք կը լսուին՝
նոր սերունդը մեղադրելու կամ հարիւր տարուայ հայ մշակոյթ ու լեզու պահելու
բաւարուածութեան բարձրախօսերով,անցեալապաշտ են ու նորարարութեան չեն
հաւատար:

Նոր սերունդին արդիականացման մղումն ու տուեալ սփիւռքեան գաղութի մը
արդիականացման ջանքերը տակաւին հայկականի յետամնացութեան պատին
դիմաց կը կանգնին, որ ազգայինի պահպանման խորագիրին տակ տեղքայլ
կ'ապրի: Նորանկախ Հայաստանեանը իր բոլոր լաւ ու վատ,լեղի ու քաղցր
կողմերով նոր սերունդին չէ ներարկուած բաւարար չափով,Սփիւռքը տակաւին իր
«իտէալական Հայաստան»ի բարդոյթաւորուած համակարգին գերին է, որ տեղ մըն
ալ կը քաղաքականացուի անհերատեսօրէն:Այս մօտեցումը կ՝արգիլէ հայ նոր
մշակոյթի անբարդոյթ բացուածութեանը(հայաստանեան-սփիւռքեան),որ կրնայ
տանիլ արդիականացման,քանզի ոչ արեւմտեանի որդեգրումը,ոչ ալ
Հայաստանեանէն վանողութիւնն է որ նոր սերունդին պիտի բերէ իսկական
յուսալի արդիականացումը: Ներկայ պայմաններուն մէջ շարունակելով գովերգել
երկու տարուայ անկախութիւն ապրած «հզօր»Հայաստանը կամ խորհրդային
կարգերուն ենթակայ «դրախտային»Հայաստանը հաւանաբար չուրացուող գործ է,
սակայն աչքի ծայրով նայիլը ներկայ ՀՐԱՇՔ Հայաստանին բանականաբար
ապագայապաշտ ու հայրենապաշտ գործ չէ:Հայաստան մը որ իսկապէս յաղթած է
ու արդիական գեր-ջանքեր կը գործադրէ իր նոր սերունդով .ամէնայն վատ
պայմաններու մէջ ըլլալով հարդերձ :Սփիւռքի նոր սերունդը պէտք է առընչուած ու
համարկուած ըլլայ Հայաստանին հետ ոչ քանի մը բանակումներով ու
հաւաքներով -պտոյտներով ,այլ ամէնօրեայ կապով ու հաղորդակցութեամբ իսկ
պաշտօնական Սփիւռքի կազմակերպութիւնները պէտք է հունաւորեն ու
գործուղեն այս կարեւոր գործընթացքը:

Սերոբ աղբիւրներ,Գէւորգ Չավուշներ,Համազասպներ.....եւ այլոք՝ պաշտելի են
իրենց ժամանակներու արժեւորմամբ ու միշտ անկէ բխած դասերով ,քանզի անոնք
կրնան լճացման տանիլ ու արդիականացում չստեղծել եթէ չ՝ածանցուին
ժամանակային զարգացող իրողութեան հետ ՝երբ իսկական նոր,ապրող,արարող
հերոսները զանց առնուին :

«Հայաստանեանը ամէն ինչէ վեր» դիտելն ու այդ հիմքով գործելը չի կրնար մտնել
յարաբերակցութեան կանոններուն մէջ ՝ (ինչպէս բոլոր պետութիւններու
հպատակներու պարագային,նկատի առած որ սփիւռքահայը այլեւս Հ.Հ-եան ալ
քաղաքացի է ու անոր մշակութային ու քաղաքական իրականութիւնը վեր է բոլոր
հայկական իրականութիւններէն ),հաւանաբար Հայաստանեանի սահմանումը
յարաբերական կրնայ թուիլ,բայց առնուազն անոր մշակութային-
գիտական,ընկերային- հասարակական ու հոգեւոր-կրօնական իրողութիւնները
անառարկելիօրէն ընբոշխնելի պէտք է ըլլան բոլորին կողմէ իսկ համահայկականն
ու ռազմավարականը հետեւելի :Հայ զանգուածներուն քով , Հայասան քարոզելու
խնդիր չկայ , ոչ ալ Հայաստանի գերագնահատման հարցի արծարծման կարիք ,
բայց արժէքային սկզբունքականութեան մը հաստատելու անհրաժեշտութիւնը
զգալի է,որ ակամայ Հայաստանի ծանուցման ու անոր շահերու պահպահման
գործին կը տանի,կատարելագործելով նոյնիքն հայ դատ կոչուած ոլորտը :

Հպարտանքի պակասաւորութեան մշակոյթը պէտք չէ տարածել Սփիւռքի մէջ
ակամայ անցեալապաշտութեամբ,հայ մարդու նոր կերպար տալու առաքելութիւնն
է ցցուած սփիւռքի առջեւ եւ այդ յանձնակատարումը նոր սերունդը ատակ կըլլայ
իրականացնելու եթէ կամուրջները Հայաստանի հետ ամէն բնագաւառներու մէջ
գեր-զարգացած ըլլան եւ երբ Հայաստանեանը (ոչ քաղաքական
ակնոցներէ)տարածուն ու ընդելուզուած ըլլայ ամէն տեղ հայ զանգուածին
հետ:Արդի Հայ նուաճումները ճանչնալն ու գնահատելը,նոր խորհրդանիշները
գիտակցիլը.նոր սերունդէն հեռու կը պահէ հոգեկան պարապութիւնը կամ հին
գաղափարախօսական ոճաբանութեան անարդիւնաւորութիւնը:Հայաստանեանը
ուժականութեան աղբիւր է բոլոր առումներով, որքան ալ տարուբերուին
գնահատականները, Վլատիմիր Արզումանեանի ,Տէր Հովայի ,Լեւոն Արոնեանի
,Հէնրիխ Մխիթարեանի ու շատ-շատ արուեստագէտներու,ազատ ոճաբաններու ,
հոծ Հայաստանցի Ֆէյսպուքահայերու տարած գործը հաղորդալից ու հետեւելի են
եւ շաղուածքը կը համարուին այն հայկական արդի ենթահողին որ հայ
մշակութային եւ ընկերային անջրպետը կը կազմէ:Հայաստանեանը տեւաբար
պարարտ հողն է համահայկական ստեղծագործական գործին :
Իբրեւ արեւելքցի ժողովուրդ հայ զարգուածները՝ հարցերը գեր-քաղաքականացած
կը տեսնեն, ուր յաճախ այն քաղաքականացուած ըլլալու թիւր
ինքնահամոզումը,առարկայական արդիւնքներու չառաջնորդեր:Հայաստանը
՝Հայաստանի նախագահով ,քաղաքական ուժերով չի սահմանուիր,ոչ ալ կը
խտացուի,իսկ ժողովուրդային խազեր կամ նկարագրային տարբերակումներու մէջ
սուզուիլը հայ հաւաքական ինքնութեան մէջ տագնապներ կ՝ըստեղծէ:«Բոլոր
հայերը հայաստանցի»են հասկացողութիւնն է՛ որ մշակութային լայն տարածք կը
բանայ սփիւռքի առաքելութեան հայկական ամէնաբարձր ուղղուածութիւն
տալով,առանց մոռնալու փոխարժէքային հաղորդակից դաշտի ծաւալումները
այդ՝«հայաստանցիականութեան»առաւելագոյն այլազանութիւններուն ընդմէջէն*:

Բնականաբար Հայաստանը գեր-զարգացած երկիր չէ որպէսզի նոր սերունդի
կապուածութիւնը արմատաւորուի ու արդիապաշտութեան ձգտման հունաւորում
առնէ,ընդունելով մանաւանդ որ դժուար առեւելում կը նկատուի այս մէկը եթէ
նկատի ունենանք Ամերիկայի միացեալ նահագները ուր նոյնիսկ ֆրանսացի,
իտալացի ու յոյն ամերիկացիները կտրուած են իրենց հայրենական արմատներէն
ու առեւելումէն(ակնարկը մշակութային ոլորտին մասին է եւ ոչ քաղաքական),բայց
եթէ Հայաստանեանի նեռարկման հետեւողական ծրագիրը ,հեռու հատուածային
չափերէ ,տեղ գտնէ ու կազմաւորուի բոլոր հայ զանգուածներուն մէջ աւելի
դիւրամատչելի ու նպատակային կըլլայ՝ հայապահպանման գործն ու անկէ բխած
հայկական նուաճումները:

Ծնթ. *Հայաստանը չունի ընդլայնեցնող-ենթակայ աշխարհագրա-մշակութային
դաշտ(զանց առնելով սփիւռքի՝ իմա «արեւմտահայկական« բարոյական-հոգեւոր ու
քիչ մը գրական, ներմուծողութիւնը )ու անոր մշակութային ուղեգիծը իր բնոյթով
բնականաբար լրացուցչականութեան կը ձգտի(դրական դրսեւորմամբ), ինչը
կ՝ենթադրէ արեւմտահայաստանեան մշակոյթի ալ վերառնումն ու պահպանումը
իր ճիւղաւորումներով ՝իմա համշեհայեր,իսլամացած հայեր,արաբ քրիստոնեայ
հայեր...եւյլն, որոնք հարստացման աղբիւր են շրջափակուած ու լուսարձակազուրկ
Հայաստանին (առանց գործածելու արեւելահայաստան եզրը որ կը հակադրուի
այս մօտեցման):«Արեւմտահայկականը»՝Հայաստանին պատկանեցնելը
«Հայաստանցիականացման»ճամբուն վրայ սփիւռքի կատարելիք կարեւոր գործն
է,ինչը Հայաստանի պետականութեան մշակութային ուղղեցոյցներով ալ կը
կատարուի(այս առիթով գրողներու վերջին համագումարի առընթեր տեղի
ունեցած զրոյցները Գարեգին Չուգասզեանին եւ ուրիշներու հետ կը
կարեւորենք:Գնահատելի է օրինակ՝ information technologies education (տեսնել ՝
www.ite.am
www.bazweb.am
www.w2b.am
) տարած գործունէութիւնը :
Տիգրան Գաբոյեան

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝