Յայտարարութիւն

Saturday, February 5, 2011

Ինչո՞ւ Կը Նորոգուին Հայոց Փլատակ Եկեղեցիները

Օշին Էլակէօզ, «Նշանակ»ին ուղարկած է առ ի հրապարակում իր վերլուծումը , ուր կը մատնանշէ Թուրք պետութեան տնտեսական ծրագիրները առնչուած մեր եկեղեցիներուն ու սրբավայրերուն:
«Նշանակ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»


2005 թուականին Թուրք Կառավարութիւնը Աղթամար կղզիի վրայ գտնուող Հայոց Սուրբ Խաչ եկեղեցին նորոգելու որոշում առաւ :Այս ծրագիրին համար տրամադրուած էր 1,5 միլիոն ամերիկեան տոլար:Նորոգութիւնը տեւեց շուրջ երկու տարի եւ 2007 թուականին Սուրբ Խաչ եկեղեցին "Վան քաղաքի Աքտամարի եկեղեցի "անունի տակ վերաբացուեցաւ : Բայց վերաբացուեցաւ ոչ իբրեւ եկեղեցի այլ իբրեւ թանգարան: Այսինքն եթէ ուզէք եկեղեցին այցելել, ստիպուած էք թատրոն մը կամ շարժանկարի սրահ մը մտնելու նման տոմսակ գնել :

Աւելի վերջ պետութեան կողմէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանին "արտօնութիւն տրուեցաւ" որպէսզի տարին անգամ մը Սուրբ Պատարագ մատուցանուի թանգարանի վերածուած եկեղեցիի մէջ եւ ի վերջոյ 19 Սեպտեմբեր 2010 թուականին մատուցուեցաւ առաջին պատարագը:

Այս զարգացումներէն վերջ, թուրքիոյ զանազան քաղաքներու քաղաքապետութիւնները սկսան իրենց քաղաքը գտնուող հայոց հին եկեղեցիները նորոգելու համար արշաւ մը տանիլ:Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին եւ նոյն քաղաքի կաթողիկէ եւ բողոքական եկեղեցիները, Մալաթիոյ եկեղեցին, Սիվրիհիսարի եկեղեցին ,Վանի Չարփանակ կղզիի եկեղեցին եւ ուրիշ եկեղեցիներու համար նորոգութեան ծրագիրներ կը պատրաստուին: Թրքական թերթերու մէջ կը կարդանք որ որոշ քաղաքներու քաղաքապետութիւնները եւ ժողովուրդը, մանաւանդ վաճառականները նորոգութեան ծախսերուն կ՜ուզեն մասնակցիլ:

Զարմանալի է որ շուրջ 100 տարի անխնամ վիճակի մատնուած, նոյն քաղաքներու ժողովուրդին կողմէ երբեմն ախոռ, երբեմն ալ շտեմարան ըլլալով գործածուած եւ ի վերջոյ փլատակ վիճակի մէջ լքուած, բոլոր սրբութիւնները պղծուած, արժէքաւոր գոյքերը թալանուած այս եկեղեցիներուն համար թուրք ժողովուրդին եւ պետութեան կողմէ մեծ ջանք մը կը տարուի որպէսզի նորոգուին եւ վերաբացուին:

Այս զարգացումը հարկաւ թէ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ Թրքահայութեան:Ինչ որ ալ ըլլայ մեր հին եկեղեցիները որոնք դատապարտուած էին փլելու ու ոչնչանալու, հիմա կը նորոգուին ու կը վերաբացուին:Եթէ թանգարան ըլլալով անգամ վերաբացուին, հարկաւ թէ աւելի լաւ է անոնց նորոգուիլը քան թէ փլատակ վիճակի մէջ մնալը :Շատեր այսպէս կը մտածեն եւ երախտապարտ են Թուրք եւ Քիւրտ ժողովուրդներուն ու պետութեան եւ այս զարգացումը կը մեկնաբանեն իբր բարեկամեցողութեան նշան մը եւ երախտապարտ են անոնց որոնք կ'իրականացնեն այս ծրագիրները:

Երախտագիտութիւնը լաւ առաւելութիւն մըն է հարկաւ, բայց պէտք է կացութիւնը ճիշտ վերլուծել որպէսզի նոյն երախտագիտութիւնը չի վերածուի պարզամտութեան:Ի՞նչ պատահեցաւ հիմա որ շուրջ 100 տարի վերջ այս եկեղեցիները այսքան արժէքաւորուեցան:

2007 թուականին իրականացած Սուրբ Խաչ եկեղեցիին բացումէն վերջ աշխարհիս ամէն կողմէն հայեր սկսան Վան երթալ այցելելու համար հայութեան ամենարժէքաւոր սրբութիւններէն մէկը նկատուող Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին:Այս ուխտագնացութիւններուն շնորհիւ Վան քաղաքի եւ շրջակայքի տնտեսական կացութիւնը յատկանշական կերպով բարելաւուիլ սկսաւ:Տուեալներ չկան գիտնալու համար թէ եկեղեցիին թանգարան ըլլալով վերաբացուած 2007 թուականէն մինչեւ այսօր այցելողները որքան հասոյթ ձգած են քաղաքին, բայց ըստ տեղական թերթերուն 19 Սեպտեմբեր 2010 թուականին կատարուած արարողութեան մասնակցելու համար Վան գացող շուրջ 4-5 հազար հոգին, 3 օրուան մէջ 2 միլիոն տոլար հասոյթ ձգած է:Այսինքն, եկեղեցիին նորոգութեան համար պետութեան ծախսած 1,5 միլիոն տոլարէն 5 հարիւր հազար տոլար աւելին եւ միայն 3 օրուայ մէջ:Ասկէ կարելի է հասկնալ թէ պետութեան համար ինչ շահաբեր ներդրում մը եղաւ Սուրբ Խաչ եկեղեցիին վերանորոգումը: Ասկէ զատ զանազան Եւրոպական հաստատութիւններ 50 միլիոն ամերիկեան տոլարի հասնող ներդրումներ ընելու ծրագիրներ կը պատրաստեն:

Հարկաւ թէ այս զարգացումները տեսնող Թուրքիոյ միւս քաղաքներուն քաղաքապետութիւնները հիմա կ'ուզեն իրենց քաղաքներուն մէջ գտնուած հայկական եկեղեցիները շահագործել:

Ի՜նչ երանելի պապեր ունինք եղեր:

Իրենց կեանքը իրենցմէ խլուեցաւ,օճախները քանդուեցան,հարստահարուեցան ու աքսորուեցան հեռու ու անապատ վայրեր : Բայց իրենց ետին ձգած շինութիւնները 100 տարի վերջ, փլատակ վիճակի մէջ անգամ ալ ըլլան գանձի մը կը վերածուին ու վերականգնումի յոյս մը կը դառնան անոնց որոնք ժամանակին իրենցմէ խլեցին բոլոր իրենց հարստութիւնը:

Երանի՜ այն ազգերուն որոնց նախահայրերը իրենց ապագայ սերունդներուն կը փոխանցեն մշակութային, արուեստի, գրական, ճարտարապետական ժառանգութիւններ որպէսզի անոնցմով հպարտանան, քան թէ պատերազմի, արշաւանքի, կոտորածներու եւ բռնակալութեան ժառանգութիւններ, որովհետեւ առաջինները մարդավայել արժէքներ են իսկ վերջինները բարբարոսութեան:


Օշին Էլակէօզ

Պոլիս - 15 Դեկտեմբեր 2010


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝