Յայտարարութիւն

Saturday, February 26, 2011

ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՎԻԳԷՆ ՇԱՂԶՈՅԱՆԻ ԵՒ ԱՒԵՏԻՍ ՎԷԼԷՏԵԱՆԻ ՄԱՀԵՐՈՒ ԱՌԻԹՆԵՐՈՎ

ՏԽՐՈՒՆԻ

Նշանակ կը գուժէ մահը մարդկային եւ ազգային բարձր արժանիքներու տէր ,
«Նշանակ»ի առաքելութեան զօրաւիգ եւ քաջալեր՝

ՎԻԳԷՆ ՇԱՂԶՈՅԵԱՆ ի

որ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ յետ հիւանդութեան:

Խմբագրութիւնս բազմաթիւ յիշատակներ ունի կապուած սիրելի բարերարին կեանքին ու գործունէութեան ,որոնց պիտի փորձէ անդրադառնալ յետագային:

Հողը թեթեւ գայ ոսկորներուդ սիրելի ընկեր Վիգէն:Մեր ցաւակցութիւնները Տիկին Գոհար Շաղզոյեանի ,ո իր ամուսնին կողքին եղաւ միշտ իբր տիպար հայուհի եւ խնամատար կողակից:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
«Նշանակ»

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.

ՏԽՐՈՒՆԻ

«Նշանակ» կը գուժէ մահը

ԱՒԵՏԻՍ ՎԷԼԷՏԵԱՆԻ

Սիրելի , հաճելի, ծառայասէր ու ընկերասէր մարդ մըն էր հանգուցեալը:Զինք կը ճանչնայի երբ պատանի էի ու ինք երիտասարդ,աւելի ուշ ՝ որպէս յանձնառու հայ մարդ :Համակրելի ու դրական նկարագրի տէր այս մարդը վերջերս հիւծեցաւ ու իր վերջին շունչը փչեց 22 Փետրուարին :

Նշանակ իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ հանգուցեալի տիկնոջ՝ Ծաղիկին, զաւակներուն՝ Յակոբին, Կարոյին, Կրասիային ու Սագոյին:Պիտի փորձենք աւելի մանրամասնութեամբ անդրադառնալ Աւետիսի կեանքին ու թողած յիշատակներուն :

Հողը թեթեւ գայ յոգնաբեկ ոսկորներուդ սիրելի Ընկեր:

«Նշանակ»


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝