Յայտարարութիւն

Thursday, March 3, 2011

Մարդուժի ցանկագրումը

Վրէժ Արմէնի առաջարկած ցանկագրումը ի զօրու առաջարկ է ոչ միայն ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ին այլ որեւէ հայկական միութեան կամ խմբաւորման համար: Այսօրուան պայմաններով սա արդէն պէտք մըն է: Ընդհանուր շահեկանութիւն ներկայացնելուն համար կը հրապարակենք այս յօդուածը:

«Նշանակ»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀԵՏ
Մարդուժի ցանկագրումը
Մարդուժի ցանկագրումը երկար ատենէ ի վեր մեր... ցանկութիւններուն
մաս է կազմած: Համազգայինի Զ. Պատգամաւորական ժողովը, գումարուած
2010-ի մայիսին, անգամ մը եւս արծարծած ու քննարկած է այդ հարցը:
Յստակացնենք ի'նչ կը հասկնանք այդ եզրով:
Առաջին հերթին՝ ճանչնալ մեր մարդուժը, այս պարագային՝
մտաւորականները, մշակութային գործիչները, գրողներն ու արուեստագէտները:
Մարդուժ յղացքը անշուշտ աւելի համապարփակ հասկացողութիւն մըն է ու
կ՚ընդգրկէ մեր կեանքի բոլոր ոլորտները, սակայն այդ ամբողջական մարդուժի
ցանկագրումը արդէն դուրս կու գայ մշակութային միութեան մը աշխատանքի
ծիրէն, կը դառնայ ազգայի'ն գործ:
Ճանչնալ թէ ով ո'վ է, իր ասպարէզի ի՛նչ հանգրուանին կը գտնուի, ո'ւր
կ՚ապրի ու կը գործէ, եւայլն:
Ճանչնալը, ի հարկէ ինքնանպատակ չէ, առաջին քայլն է, որուն կը
հետեւին ծանօթացնելու, քաջալերելու, ջատագովելու աշխատանքները, որոնք
եթէ մէկ կողմէն խնդրոյ առարկայ անձերուն օգտակար կ՚ըլլան, միւս կողմէն
Սփիւռքի հայութեան զանազան ձեւերով կ՚օգնեն, թէ' համազգային
զգացողութիւնը զարգացնելու եւ թէ մանաւանդ ազգային հպարտութիւն
ներշնչելու տեսակէտէն:
Իր առաջարկներու բանաձեւումին մէջ Պատգամաւորական ժողովը կը
նշէ նաեւ կարիքը »ստեղծել[ու] առիթներ գնահատելու համար երիտասարդ
տաղանդները, զանոնք հրաւիրել[ու] մշակութային համագումարներու,
արհեստավարժ եւ արդէն կայացած արուեստագէտներու կողքին«:
Իսկ այդ առաջադրանքները իրագործելու համար կարեւոր քայլ մըն
է մարդուժը ցանկագրելը: Եւ ոչ միայն ցանկագրելը, այլեւ »փոխանցել[ը]
շրջաններուն եւ միջ-գաղութային յարաբերութիւնները զարգացնել[ը]՝ մարդուժի
փոխանակումով«:
Գործը պարզ կը թուի, սակայն կրնանք պէտք եղածէն շատ աւելի
բարդացնել ու ձախողութեան մատնել, ինչպէս յաճախ պատահած է անցեալին:
Մեր մօտեցումը պիտի ըլլայ որդեգրել այնպիսի գործելակերպ, որ
օգտուելով հաղորդակցութեան միջոցներէն, քայլ առ քայլ յառաջանալու եւ
տեղեկութիւնները հետզհետէ ճոխացնելու կարելիութիւնը կը ստեղծէ: Անշուշտ
ցանկը պիտի ըլլայ ելեկտրոնիկ, դիւրահաս, եւ դիւրին ղեկավարելի:
Ի՞նչ պիտի արձանագրենք այդ ցանկին վրայ:
Պիտի սկսինք անուններով: Իւրաքանչիւր շրջան կամ մասնաճիւղ պիտի
նայի շուրջը, եւ առանց ժամանակ վատնելու պատրաստէ անուններու ցանկ մը,
10, 20, 50 կամ 100 հոգիի՝ վերոնշեալ դասակարգերէն )այսինքն՝ գրող,
դասախօս, երաժիշտ, նկարիչ, եւայլն(: Անուններուն կողքին՝ ել-հասցէները,
նշելով նաեւ քաղաքը եւ ի՛նչ մարզի մէջ ըլլալը )»դասակարգ«ը(: Պիտի
չմոռցուին այն աշակերտները եւ ուսանողները, որոնք բացառիկ
ընդունակութիւն, տաղանդ կը ցուցաբերեն այդ մարզերուն մէջ։
Անգամ մը, որ նախնական ցանկը կազմուեցաւ շրջանի կամ մասնաճիւղի
վարչութեան կողմէ, ան պիտի յղուի թէ միութեան անդամներուն եւ թէ ցանկին
վրայ գտնուած անուններուն, անոնց՝ որոնք ել-հասցէ ունին, խնդրելով աւելցնել
մոռցուած անունները:
Ստացուած տեղեկութիւնները կը համախմբուին պատասխանատու
մարմնին կողմէ, ապա կը դիմուի իւրաքանչիւր ցանկագրուած անձի, խնդրելով
յաւելեալ տեղեկութիւններ )ըստ պարզ հարցաթերթիկի մը( եւ ամփոփ
կենսագրական )կենսագծեր, CV):
Երբոր շրջաններն ու մասնաճիւղերը իրարու հետ կը փոխանակեն
ցանկերը, փոխադարձաբար կÿամբողջացնեն, Կեդրոնական վարչութեան ալ
յղելով զանոնք, այս վերջինը կը կազմէ մայր ցանկը:
Այս ամենը սակայն, պիտի ըլլայ մէկ միութեան մը՝ Համազգայինի
ճանչցած անուններու ցանկը:
Յաջորդ քայլը, կամ աւելի ճիշդ զուգահեռ քայլը պիտի ըլլայ մօտենալ մեր
միւս մշակութային միութիւններուն, հրաւիրելով զանոնք, որ իրե'նք ալ մաս
կազմեն կատարուող աշխատանքին, եւ իրե՛նք ալ ճոխացնեն տեղեկութիւնները:
Այս ձեւով կրնայ կազմուիլ համասփիւռքեան մարդուժի ցանկ մը: Այս եւս
ամբողջական չ՚ըլլար անշուշտ: Կրնան մեր կազմակերպութիւններու
ուշադրութենէն վրիպած բազմաթիւ անուններ գտնուիլ տակաւին:
Քայլ մը եւս, եւ աշխատանքը կը հասնի Սփիւռքի նախարարութիւն, որ
վստահաբար ինք եւս հետաքրքրուած է նման նախաձեռնութեամբ մը, նոյնիսկ
արդէն անոր ձեռնարկած ալ կրնայ ըլլալ: Միացնելով մեր ուժերը, Հայրենիք եւ
Սփիւռք կրնանք կազմել աւելի ամբողջական ցանկ մը: Եթէ Հայաստանի
Մշակոյթի նախարարութիւնը, Կրթութեան նախարարութեան ալ
գործակցութեամբ, Հայաստանի մշակութային մարդուժի ցանկը կազմէ, ապա կը
ստեղծուի համահայկական, ազգային ցանկ մը:
Այս ցանկը կամ ցանկերը տեւական փոփոխութեան, ամբողջացման
պիտի կարօտին: Մեր մշակութային միութիւններու եւ հայրենի
իշխանութիւններու պարտականութիւնը պիտի ըլլայ զանոնք տեւաբար
թարմացնել՝ աւելցնել նորերը, վերցնել ասպարեզէն քաշուողները, եւայլն: Իսկ
այս արդէն դուրս կու գայ պարզ սիրողական մակարդակէն...
Նման ցանկեր նաեւ կրնան ծառայել հանրագիտարան եւ դասագիրք
պատրաստողներուն, պատմաբաններուն, նոյնիսկ մամուլին եւ այլոց որոնք
ցանկագրուածներու կենսագրութիւններուն պէտք կրնան ունենալ:
Մարդուժի ցանկագրում... երկու բարդ բայց միաժամանակ պարզ բառեր,
սակայն որքան հեռուները տանող աշխատանք:
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2011-02-14 )1650(

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝