Յայտարարութիւն

Thursday, March 17, 2011

Դամոկլեան սուրը եւ Գորդեան հանգոյցը

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ
Դամոկլեան սուրը եւ Գորդեան հանգոյցը
Դամոկլեան սուրը գլխուդ վերեւ տեւաբար կախուած վտանգը կը
խորհրդանշէ, մինչ Գորդեան հանգոյցը այն խնդիրն է, որուն լուծումը պարզ
տրամաբանութեամբ եւ գիտցուած միջոցներով ձեռք չի ձգուիր, այլ կը
պահանջէ արմատական ու տարբեր մօտեցում մը:
Ըստ յունական աւանդութեան, երբ Դամոկլէս մէկ օրով ուզեց արքայ
դառնալ եւ արքան գահը զիջեցաւ իրեն, յանկարծ նկատեց որ բարակ թելով մը
սուր մը կախուած էր իր գլխուն վերեւ: Արքան իրեն բացատրեց, որ գահին
վրայ, այո', ո'յժ մը կ՚ունենաս, բայց պէտք է գիտակցիս միշտ, որ որեւէ ատեն
չնախատեսուած վտանգներու կրնաս ենթարկուիլ:
Իսկ Գորդեան հանգոյցով կապուած կ՚ըլլար ձիակառքի մը քեղին՝
այն կտորը, որուն կÿամրացնէին ձիուն կապերը: Անքակտելի էր այդ հանգոյցը:
Դարձեալ աւանդութեան համաձայն, երբ Մեծն Աղեքսանդր դրուեցաւ զայն
քակելու անհրաժեշտութեան առջեւ, եւ տեսնելով որ հանգոյցին ոչ սկիզբը կայ,
ոչ ալ վերջաւորութիւնը, հանեց սուրը եւ մէկ հարուածով կտրեց-քակեց
հանգոյցը, ու անկէ ի վեր այս արարքն ալ խորհրդանիշը դարձաւ հարցի մը
կտրուկ, արմատական լուծման:
Օտար ամուսնութիւնը մեր կեանքին մէջ միաժամանակ Դամոկլեան սուր
մըն է եւ Գորդեան հանգոյց մը:
Դամոկլեան սուր մը, որովհետեւ ան կախուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին
գլխուն վերեւ որպէս մշտական վտանգ: Վտանգ՝ օտարացման, ձուլման,
անհետացման՝ որպէս ինքնուրոյն ազգ, որպէս այդ ազգի անբաժան մասնիկ:
Գահ բարձրացողը - այս պարագային՝ խառն ամուսնութիւն կնքողը, այո, կրնայ
ըլլալ որ կեանքի լաւագոյն ընկերը գտած ըլլայ, կրնայ ըլլալ, որ մեծագո՜յն
երջանկութեան տիրանայ..., սակայն միւս կողմէ սեփական ինքնութիւնը
կորսնցնելու տեւական վտանգին առջեւ կրնայ գտնուիլ:
Այս չի նշանակեր, որ օտարի հետ ամուսնացող ոեւէ հայ կ՚օտարանայ, կը
ձուլուի ու կ՚անհետանայ: Անկասկած ոչ, եւ հարիւրաւոր, հազարաւոր հայեր,
իրենց կեանքի ընկեր ընտրելով ոչ հայ ծագումով անձ մը, ատով հանդերձ
յաջողած են հաւատարիմ մնալ իրենց սեփական արմատներուն, ծառայել,
նոյնիսկ պատի'ւ բերել իրենց ազգին ու հայրենիքին։
Սակայն, անկասկած անոնք կրնան գտնուիլ յատկապէս իրենց
զաւակնե՛րն ալ հայ պահելու, հայ մեծցնելու դժուարութեան առջեւ: Եւ, մեծ ճիգ
կը պահանջուի նման դժուարութիւն յաղթահարել համար...
Այս ամենը, ի հարկէ, եթէ հայ ըլլալը, հայ մնալը, հայութեան հետ
առնչուիլը առաջնահերթութիւն է իրենց կեանքին մէջ:
Այո, մեր ապրած կեանքը, կեանքի պայմանները, մանաւանդ մեր
գտնուած վայրը կրնան այնպիսին ըլլալ, որ հայու հետ ամուսնանալը կրնայ
դժուար, երբեմն ալ անհնարին ըլլալ:
Որոշ չափով, եւ միա՛յն որոշ չափով, կրնանք նուազագոյնի իջեցնել այդ
դժուարութիւնը՝ հայաշատ քաղաքի ու այդ քաղաքին ալ հայաշատ մէկ թաղին
մէջ բնակութիւն հաստատելով, ազգային-համայնքային կեանքին մաս
կազմելով, զաւակները հայ դպրոցին, հայ եկեղեցիին, հայ ակումբին եւ հայ
մամուլին կապելով, եւայլն, սակայն օտարին հանդիպելու եւ կեանքը ոչ-հայու
մը կապելու հաւանականութիւնը չենք կրնար չէզոքացնել, որով Դամոկլեան
սուրը չենք կրնար ամբողջովին հեռացնել մեր գլխուն վերեւէն, չենք կրնար՝
եթէ հայրենիքէն դուրս կ՚ապրինք. այսօր արդէն՝ նոյնիսկ եթէ հո՛ն ալ
կÿապրինք, սակայն այնտեղ կեանքի ու մշակոյթի նոյն ազդակները չեն, որ կը
շրջապատեն մեզ։
Եւ եթէ պատահի անխուսափելին, ահա ա՛յն ատեն է, որ Գորդեան
հանգոյցը կտրելու անհրաժեշտութեան առջեւ կը գտնուինք, թէ իբր ենթակայ,
թէ իբր ենթական շրջապատող ընտանիք, համայնք ու հաւաքականութիւն:
Մեզմէ ոմանք, յատկապէս հին սերունդի պատկանողներս, կը դիմէինք
ծայրայեղ միջոցներու, սպառնալիքներու, կապերը կը խզէինք մեր հարազատին՝
եղբօր, քրոջ, կամ զաւկին հետ, նոյնիսկ կ՚ուրանայինք զայն, գուցէ առանց
անդրադառնալու, որ նման վերաբերմունք մը կրնար զինք աւելի հեռացնել
հայութենէն:
Այսօր խառն ամուսնութիւնները, ուզենք կամ չուզենք, մեր սփիւռքեան
իրականութեան մաս կը կազմեն, քիչ մը ամեն տեղ, երբեմն առաւել, երբեմն
նուազ համեմատութեամբ։ Ի՞նչ կրնանք ընել - հաշտուի՞լ կացութեան հետ,
կարեւորութիւն չտա՞լ եղածին, մերժե՞լ իրողութիւնը...
Համոզումս է, որ ժխտական կեցուածքը մեզ կը հասցնէ մեր ուզածին
հակառակ արդիւնքին, չի նպաստեր այն դատին, որուն կ՚ուզենք ծառայել:
Հանգոյցը քակելու, աւելի ճիշտ՝ մէկ հարուածով կտրելու միակ միջոցը
օտարը մեր մէջ ընդունիլն է եւ ամեն ինչ ընել, որ ան ալ հայութեան կապուի, իր
հայ կողակիցը սիրելէ զատ եւ սիրելէ անդին՝ սիրէ՛ նաեւ անոր ընտանիքը,
համայնքը եւ ժողովուրդը:
Օգնել՝ որ ան հայերէն սորվի, ծանօթանայ մեր մշակոյթին ու բարքերուն,
մինչեւ իսկ որդեգրէ մեր Դատը, ի՛նք եւս ստանձնէ անոր պաշտպանութիւնը,
դառնայ հայութեան բարեկամ, եւայլն...: Գիտակցի, որ ատիկա հարստացում մը
պիտի ըլլայ թէ' իրեն համար եւ թէ իր զաւակներուն, որոնք ժառանգորդները
պիտի հանդիսանան մէկէ աւելի մշակոյթներու եւ ազգային պատմութիւններու:
Այսպիսի՝ դրակա՛ն վերաբերմունքով կրնանք ենթադրել՝ որ աւելի
հաւանական ըլլայ, որ օտար կողակիցը համաձայն ըլլայ, որ զաւակները
հայկական վարժարան յաճախեն, հայ հաւաքականութեան )կամ
հաւաքականութեա՛ն ալ( մաս կազմեն:
Այս կեցուածքը, ոչ-վանողական մօտեցումը, ի վերջոյ աւելի նպաստաւոր
կրնայ ըլլալ մեր նպատակին հասնելու, հայութեան գոյութիւնը երկարաձգելու
տեսակէտէն:
Նման պարագաներու օրինակները չեն պակսիր մեր շուրջ:
Ո՛չ, ամենեւին հայամարտի զէնքերը վար դնելու, մեր »պարտութիւն«ը
ընդունելու կողմնակից չեմ։ Սակայն պէտք է գիտնանք հաւաքական
քաղաքականութեան վերածել Գորդեան հանգոյցը կտրելու մօտեցումը,
շարունակելով հանդերձ ջատագովել անխառն ամուսնութիւնները ու ամեն ճիգ
ի գործ դնելով, որ Դամոկլեան սուրը չկախուի մեր եւ մեր զաւակներուն գլխուն
վերեւ:
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2011-02-21 )1651(

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝