Յայտարարութիւն

Wednesday, March 16, 2011

Թիւրն ու Թերին ԲԷՆԻԱՄԻՆ ԹԱՇԵԱՆ

Գալիք օրերուն պիտի փորձենք արտատպել Բէնիամին Թաշեանի «Թիւրն ու Թերին» գիրքէն հատուածներ առնչուած հայերէնի կարգ մը այսպէս ասած « ընդունուած» ուղղագրական ու քերականական օրէնքներու թիւր կամ սխալ գործածութեան: Թաշեանի գիրքը՝ հրատարակուած 1968 ին շաղախուած է հեղինակին յատուկ հիւմուրով: Վարը կը հրապարակենք գրքին նախաբանը կամ նախամուտը գրուած հեղինակին կողմէ

Կարծիքներու եւ կանոններու առաջին հրապարակումը պիտի կատարուի 18 Մարտէն սկսեալ:

Բարի վայելում:

«Նշանակ»
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»


ԹԻՒՐՆ ՈՒ ԹԵՐԻՆ - ՆԱԽԱՄՈՒՏ

Այս գրքոյկին մէջ յայտնուած են կարծիքներ եւ բացատրուած ու մեկնաբանուած են կանոններ: Կարծիքները թէութիւն են, կանոնները ստուգութիւն են: Առաջիններուն համար պատասխանատուն ես եմ, երկրորդներուն համար «պատասխանատու» է հայ լեզուի ոսկեղէն կանոնագիրքը:

Լեզու մը գեղեցիկ գրել՝արուեստ է, ճիշդ գրել՝ գիտութիւն է: Ընթերցողները դիւրութեամբ պիտի հաստատեն , որ իմ իմ ծրագրիս մաս կը կազմէ ոչ այնքան արուեստը, որքան գիտութիւնը:

Ատեն մը այն կարծիքը կար , թէ քերականութիւնն ալ արուեստ է, ինչպէս փիլիսոփայութիւնը կամ ճարտասանութիւնը: Հիմա ընդունուած է հակառակ տեսակէտը.- քերականութիւնը գիտութիւն է: Արուեստագէտին համար կանոնը իր խառնուածքն է. գիտունին համար ոչ խառնուածքը կանոն է, ոչ ալ կանոնը խառնուածք:

Սակայն , որոշ չափով արուեստ կայ ինչպէս ամէն բանի, նաեւ գիտութեան մէջ: Ասոր համար է , որ ըսուած է, թէ կան գիտուն արուեստագէտներ եւ կան արուեստագէտ գիտուններ: Առաջինները գիտութիւն դրած են արուեստի մէջ, երկրորդները արուեստ դրած են գիտութեան մէջ:

Իմ ընել ուզածս ոչ մէկն է ոչ միւսը: Պարզապէս փորձած եմ յստակացնել կարգ մը մութ կէտեր, թերեւս նաեւ... մթնցուցած եմ կարգ մը յստակ կէտեր: Տեսած եմ լեզուական, ուղղագրական եւ քերականական թերութիւններ, որոնք ամէն օր կ'աւելնան, փոխանակ ամէն օր նուազելու: Ջանալ մաքրել մեր լեզուն այս թերութիւններէն, - ահա իմ դիտումս:

Գէթ մասամբ կրցա՞ծ եմ իրագործել դիտաւորութիւնս: Եթէ «այո» է պատասխանը , յայնժամ գոյութեան իրաւունք ունի այս գրքոյկը: Եթէ «ոչ» է պատասխանը, պարզ է, որ այդ իրաւունքը չունի:

Բանիբուն ընթերցողին կը մնայ ճշդել «այո»ն կամ «ոչ»ը:
Բ.Թ.

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝