Յայտարարութիւն

Thursday, April 21, 2011

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ» Ի ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ ՄԵԿՈՒՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԻՄՆՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ 16 Ապրիլ, 2011ին հիմնուեցաւ Արաբական Էմիրութիւններու Համազգայինի Մուշեղ Իշխան Մեկուսի Մասնաճիւղը։ Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Համալիրի Բ. Քէօսէեան սրահին մէջ, ներկայութեամբ Արաբական Էմիրութիւններու հայկական պատկան մարմիներու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան։
Նշանակուեցաւ Վարչութիւնը հետեւեալ կազմով.-
Նշան Պասմաճեան - Ատենապետ
Սեդա Պալիօզեան - Ատենադպիր
Սիմոն Մանուկեան - Գանձապահ
Խաչիկ Սէպէեան - Խորհրդական
Սիւզի Գարաճեան - Խորհրդական
Արաբական Էմիրութիւններու տարածքին կ՚ապրին մեծ թիւով հայորդիներ, կեդրոնացած Շարժայի, Տուպայի եւ Ապու Տապիի մէջ։ Անհրաժեշտ է անդուլ կերպով շարունակել հայապահպանման գործը եւ զարգացնել շրջանի մշակութային կեանքը։
Յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք կը մաղթենք նորակազմ մասնաճիւղին։

Համազգայինի
Կեդրոնական Վարչութիւն
Պէյրութ, 21 Ապրիլ 2011



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝