Յայտարարութիւն

Friday, April 29, 2011

ՆՇԱՆԱԿ ԱՅՍՕՐ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ

Սիրելի Նշանակ Կայքէջի Ընթերցողներ,


Ապրիլ 29 ը յատուկ օր է www.nshanag.net ի համար: Այսօր Նշանակի ծննդեան երկրորդ տարեդարձն է :
Այս առթիւ նախ իմ խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ 14227 ընթերցողներուս որոնք՝ Հայաստանէն, Սուրիայէն,Լիբանանէն,Յորդանանէն , Կիպրոսէն,Թուրքիայէն,Ռուսաստանէն,Վրաստանէն,Ուքրանիայէն,Լաթվիայէն, Լիթիւանիայէն,Էստոնիայէն, Սպանիայէն, Փորթուկալէն, Յունաստանէն, Իտալիայէն,Գերմանիայէն,Հոլանտայէն,Պելճիքայէն,Մարոքէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն,Սէուտական Արաբիայէն,Ուրուկուէյէն, Պրազիլէն, Արժանթինէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն ,երկու տարուան ընթացքին (29/4/2009 էն մինչեւ 29/4/2011 ) 33551 էջ կարդացած են Հայերէնով եւ Հայերէնով միայն:

Այս քաջալերանքը մերթ յուզումով մերթ հպարտութեամբ կը լեցնէ սիրտս: Առանձինն խմբագրելով այս կայքէջը , օրական 43 էջ Հայերէն կարդալ տալով աշխարհի 25 երկիրներ բնակող օրական միջին հաշուով 24 հայորդուոց ՝ կայքէջիս առաքելութիւնը իմաստաւորուած կը նկատեմ:
Մեծապէս շնորհակալ եմ Էրիք Զօհրապին, Տաթեւ Սուլեանին , Հրաչ Քալսահակեանին, Վրէժ Արմէն Արթինեանին, Օշին Էլակէօզին, Վահան Գէորգեանին, Տալիտա Գալըպճեանին, Մարօ Նիկողոսեանին, Ամալիա Քոչարեանին, Ճիւլիէթա Կիւլամիրեանին, Արամ Քէթէնճեանին, Արմենակ Եղիայեանին, Սարգիս Քէլ Խաչերեանին,Տէր Յակոբ Սրբազան Արք.Գլընճեանին,Երան Զէյթունցեանին,Հուրի Ազէզեանին,Գէորգ Կարապետեանին, Ազատուհի Գալայճեանին , Ռիթա Մանճիկեան Պասմաճեանին, Յարութ Գալմաճեանին,Մարալ Տիքպիքեանին եւ բազում այլոց,որոնք իրենց յօդուածներով, քաջալերական թէ քննադատական նամակներով մասնակից դարձան այս կայքէջի հաստատմանն ու տարածմանը:

Նշանակը նկատեցէք ձեր կայքէջը: Մասնակից եղէք անոր յաջողութեան որպէսզի աւելի մեծ թիւով հայորդիներ քաջալերուին ծնունդ տալու աւելի որակաւոր կայքէջներու:

Սիրով՝
Նշան Պասմաճեան


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

2 comments:

Anonymous said...

Shnorhavor daretarts sireli Nshanag, noranor hachoghutyunner ou verelk ge maghtenk ays keghetsig yev okdashad gaykin.
Sirov
Raffi & Araxi Haleblian

«Նշանակ» said...

Shnorhavor daretarts sireli Nshanag, noranor hachoghutyunner ou verelk ge maghtenk ays keghetsig yev okdashad gaykin.
Sirov
Raffi & Araxi Haleblian

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝