Յայտարարութիւն

Tuesday, May 10, 2011

Այլասերումը՝ Խաթարիչ Ազգային Դիմագիծին

«ԵԹԷ ՉԷՔ ԿՐՆԱՐ ՀԱՆԴՈՒՐԺԵԼ ՄԵՐ ՁԵՒՈՎ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԸԼԼԱԼ,
ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՀԱՅ ԸԼԼԱԼ»

Ցեղասպանութիւն (Genocide) բառին առաջինը՝ genos (ցեղ) արմատը կու գայ յունարէնէն, իսկ եկրորդը՝ լատիներէն՝ cide (սպանութիւն) արմատէն: Այս բառին գործածութիւնը 1944ին կարեւորութիւն ստացաւ, երբ Ռաֆայէլ Լեմքին, որ իր ընտանիքը կորսնցուցած էր Հրէական Ողջակիզումին ընթացքին եւ տեղեակ էր հայերուն ենթարկուած Ցեղասպանութեան, սահմանեց զայն եւ 1948ին Միացեալ Ազգերու Ցեղասպանութեան հռչակագիրը, որ ի զօրու դարձաւ 1951ին, Ցեղասպանութիւնը դասեց իբրեւ ոճիր ըստ համաշխարհային օրէնքի:

Ժողովը «Ցեղասպանութիւն»ը այսպէս կը սահմանէ. «Ցեղասպանութիւն կը նշանակէ հետեւեալ արարքներէն որեւէ մէկը, որ կը գործադրուի բնաջնջելու մտադրութեանմբ, լման կամ մասամբ, ազգային, համայնքային, ցեղային կամ կրօնական խումբ մը՝

1. սպաննելով անոր անդամները

2. պատճառելով լուրջ ֆիզիքական կամ հոգեբանական վնաս անոնց

3. ծրագրուած կերպով այդպիսի պարագաներու ենթարկել անոր անդամները, որ անոնց լման կամ մասամբ բնաջնջումը ապահովէ եւ

4. յառաջացնելով պայմաններ, որոնք նոր ծնունդներ արգիլեն այդ խումբին մէջ:

ճիշդ է, որ «ցեղասպանութիւն» եզրը ՄԱԿԻ ժողովին, Հայկական Ցեղասպանութենէն 33 տարիներ ետք օրինական ճանաչում ստացաւ: Ցնցիչ է այն ճշմարտութիւնը որ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերը ենթարկուած էին բոլոր ստորոգելիներուն: Այս ոչ միայն կ'ընդգծէ կանխամտածուած արարքին սաստկութիւնը, այլ նաեւ ցեղասպան վարչաձեւին վճռակամութիւնը հայերը բնաջնջելու:

ՈՒՐԱՑՈՒՄԸ ՀԱՄԱԶՕՐ Է ԿՐԿՆԱԿԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հազարաւոր էջեր տրամադրուած են որոշելու համար, թէ արդեօք հայերուն պատահածը կարելի՞ է բնորոշել իբրեւ Ցեղասպանութիւն: Այսօր գաղտնիք չէ, որ նմանօրինակ հարցադրութիւններ հրապարակուած են թրքական դիւանագիտական եւ քաղաքական ճնշումներու միջոցով, եւ թրքական կառավարութեան հիմնած շարք մը կեդրոններուն, որոնց բացայայտ նպատակը եղած է նախաձեռնել սերտողութիւններ՝ հարցականի տակ առնելու Հայկական Ցեղասպանութիւնը, աղաւաղելու պատմական եւ արխիւային վաւերագրութիւններ, յառաջ տանիլ թուրքիոյ ուրացումի քաղաքականութիւնը եւ բարելաւել անոր դիմագիծը Արեւմուտքին մէջ:

Թուրքիոյ յաջորդական կառավարութիւններու ուրացման քաղաքականութեան դէմ պայքարելու եւ միջազգային վաւերացում ապահովելու իրենց ճիգերուն մէջ հայեր իրենց բնական պաշտպանողական դիրքը ամրապնդելու արշաւներ մղեցին: Անոնք, ինչպէս Յովհաննիսեան կը հաւատայ, ստանձնեցին խաղալ ցեղասպանին կողմէ պարտադրուած դերը եւ Ցեղասպանութիւնը փաստելու գերադասութիւնը անոնցմէ հսկայական ուժ, ժամանակ եւ տնտեսական զոհողութիւններ խլեց:

Ինչո՞ւ այդպէս եղաւ «զոհ»ին հակազդեցութիւնը:

Ըստ հոգելեզուաբաններու, ճշմարտութեան խափանումը մնայուն ազդեցութիւններ ունի եւ կ'ընդգծէ սխալը անոնց, որոնք կը շեշտեն, թէ ներկայ թուրք սերունդը պատասխանատու չէ անցեալի ոճիրներուն: Կառավարութիւններ եւ անհատներ որոնք կը զբաղին ուրացումի քաղաքականութեամբ արգելք կը դառնան վերքերու սպիացման:

Ըրուին Սթոպ ցոյց կու տայ, թէ ցեղասպանութիւնը կը ձեւաւորէ ոչ միայն վերապրողներու տեսակէտը, այլ յաջորդ սերունդներուն հայեցակէտն ալ: Ան կը հաստատէ, թէ տառապած խումբեր ընդհանրապէս դժուարութիւն կ'ունենան աշխարհը դիտելու իբրեւ լաւ տեղ մը, որովհետեւ անոնք զայն կը դիտեն վախով ու կասկածով: Հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ անոնք ըմբռնեն, թէ իրենց պատահած ահռելի արարքը բնական չէ, այլ՝ անբնական: Սակայն շարունակական ուրացումը անկարելի կը դարձնէ այս մէկը եւ կը շեշտէ անապահովութեան, լքումի եւ խաբուածութեան զգացումները:

Էլի Ուայզըլ կը հաստատէ, թէ ուրացումը համազօր է «կրկնակի սպանութեան»՝ սպաննելով նաեւ ցեղասպանութեան յիշողութիւնը: Ըստ Չառնիի, ուրացումը ոտնակոխ կ'ընէ զոհերուն եւ վերապրողներուն ինքնութիւնը եւ անոնց ազգային ու մշակութային շարունակութիւնը:

ՍՓԻՒՌՔ՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՏԱԿՆԵՐԷՆ

Օրոն իր «Ուրացումի Պարապութիւնը» (The Banality of Denial) գիրքին մէջ կը գրէ, թէ ցեղասպանութեան ուրացումը կը նշանակէ պահել ոճիրին սարսափը եւ գործադրել անոր ամենէն վերջին նպատակը՝ փոխել ժողովուրդի մը պատմութեան ընթացքը:

Սփիւռքը, որ այս քաղաքականութեան մեծագոյն կտակներէն մէկը եղաւ, հակառակ վերոյիշեալ «զոհ»ի դերը ստանձնելուն, գիտակցեցաւ անոր եւ զայն կասեցնելու եւ անոր դիմադրելուն զուգահեռ, կեդրոնացաւ զայն փաստելու, համաշխարհային զօրակցութիւն ստանալու եւ թրքական կառավարութիւններէն ճանաչում ձեռք ձգելու վրայ:

Իննսունվեց տարիներու ժամանակամիջոցը բաւարար ժամանակ է վերլուծելու հայուն որդեգրած քաղաքականութիւնը եւ սերտելու անոր ունեցած լեզուական հետեւանքները՝ մասնաւորաբար ի մտի ունենալով 21րդ դարու համացանցի արհեստագիտութեան զարգացումը, համաշխարհայնացումը, տեղեկատուական միջոցները եւ արբանեակային պատկերասփիւռին հրամցուցած անսահման կարելիութիւնները:

Ըստ Քոհընի, սփիւռքը ունի հետեւեալ յատկանիշները.

1.

բռնի տեղահանում մայրենի հողէն եւ ցրւում մէկէ աւելի երկիրներու մէջ,
2.

հաւաքական յիշողութիւն
3.

հայրենիքի իտէալականացում
4.

հայրենիք վերադառնալու հաւաքական շարժում
5.

զօրաւոր ազգային արթութիւն
6.

նախնական շրջանին զգուշանալ հիւրընկալող երկրի ժողովուրդէն, եւ
7.

ստեղծագործական եւ բեղուն կեանք, եւ շրջահայեացութիւն:

Իւրաքանչիւր յատկանիշի հետ կարելի է համամիտ գտնուիլ, որովհետեւ վերոյիշեալ յատկութիւնները, որ ըստ Քոհընի կ'ընդգծեն «զոհ սփիւռք»ի մը իրականութիւնը, որոշ չափով կը համապատասխանեն հայկական իրականութեան:

Պոյաճեան եւ Գրիգորեան մանրամասնօրէն կը վերլուծեն հայ վերապրողներու կեանքերը եւ կ'եզրակացնեն, թէ անոնցմէ շատեր հոգեբանական բարդոյթներէ տառապեցան, որ կը ճանչցուի իբրեւ «վերապրողի ախտանշան» (Survivor Syndrome): Այսինքն վերապրողներ յաճախ յանցաւոր զգացին եւ դժուար էր իրենց համար վայելել իրենց ազատութիւնը, որովհետեւ իրենց ուրախութիւնը կրնար ուրիշ աղէտի մը դուռը բանալ կամ դիտուիլ իբրեւ անարգանք՝ զոհուածներուն յիշատակին: Անոնք ծանր հոգեբանական վիճակներէ տառապեցան, ինչպէս՝ մելամաղձոտութիւն, ընկճուածութիւն եւ սարսափազդու երազներ, եւ անոնցմէ շատերը նաեւ եկրորդ սերունդէն ալ ոմանք, ինքնամփոփ եւ առանձնացած կեանքեր ապրեցան՝ կառչելով «հայ» եւ «օտար» գաղափարներուն:

Ուիլիըմ Սարոյեան այս շփոթ եւ զգուշ զգացումներէն օրինակ մը արձանագրած է Ֆրէզնոյի մէջ իր դպրոցական տարիներէն, Օր. Չեմպըրլէյնի հետ: Այս վերջինը բարկացած էր Սարոյեանին վրայ, որովհետեւ ան հայերէն խօսած էր դասարանին մէջ:

«Վրա՞ս կը խնդաս:

«Ո'չ, միայն թէ երբեմն կը սիրենք միասին հայերէն խօսիլ:

«Բայց ինչո՞ւ: Հոս Ամերիկա է:

«Ամերիկացիները մեզ չեն սիրեր, մենք ալ զիրենք չենք սիրեր:

«Ուրեմն, այդպէս: Ո՞ր ամերիկացին քեզ չի սիրեր:

«Բոլորը:

«Ե՞ս:

«Այո, դուն ալ:

«Ճիշդ ես, հաւանաբար չենք սիրեր ձեզ: Բայց հոս ալ Ամերիկա է վերջապէս:

«Բայց մենք ալ հոս ենք հիմա, եւ եթէ չէք կրնար հանդուրժել մեր ձեւով ամերիկացի ըլլալ, մենք պիտի շարունակենք հայ ըլլալ»:

ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՆ՝ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԸ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄԻ ԵՒ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԻ

Լեզուն միշտ հիմնական բաղկացուցիչը եղած է աւանդական մշակոյթի եւ հաւաքական յիշողութեան: Լենտօ կ'ըսէ, թէ ընդհանրապէս սփիւռքեան ընկերութիւններու առաջին հակազդեցութիւնը ողբերգութենէ մը ետք եւ օտար միջավայրի մշակութային եւ լեզուական ճնշումներուն դիմաց կ'ըլլայ կառչիլ ազգային լեզուին: Այս սկզբնական որոշումը կրնայ խորթ չթուիլ տեղացիներուն, որովհետեւ արդէն այդ նորահաստատ խումբը ամբողջութեամբ օտար տարր մը կը սեպուի: Սարոյեանին փորձարութիւնը խորթ կը թուէր, սակայն, որովհետեւ ըստ Օր. Չեմպըրլէյնի, ան Ամերիկա ծնած էր եւ Ամերիկա կ'ապրէր, այլեւս պէտք չէր պատկաներ ուրիշ ազգի մը:

Ըստ Սուլեյմանի, «ազգ»ի այս հասկացողութեան մէջ կը կայանան իւրայատուկ լեզուական հարստութեան, լեզուապահպանման եւ ազգապահպանման գաղափարախօսութիւնները: Ապա թէ ինչո'ւ Օսմանեան «միլլէթ»ի քաղաքականութիւնը վարչական գործիք մը ըլլալէ աւելի, իմաստազուրկ միջոցառում մըն էր հայուն համար, որովհետեւ ան երբեք այդ փոքրամասնութեան, եկրորդ կարգի քաղաքացիի եւ ձուլումի կաղապարներուն մէջ պիտի չսահմանափակուէր:

Պատահական չէ, որ Ցեղասպանութենէն ետք այդ սերունդը ըմբռնեց, թէ իր գոյութեան հետ մէկտեղ իր լեզուն՝ խորհրդանիշը ինքնութեան, մշակոյթի, կրօնի, եւ ազգային պատմութեան, նաեւ վտանգուած էր: Ան ըրաւ այն, ինչ որ Քրիսթըլ կ'ընդգծէ «Լեզու եւ Լեզուներ» գիրքին մէջ. լեզուական հաւատարմութիւն ցուցաբերեց, որ արմատն է ազգային գոյատեւումի: Այդ քաղաքականութիւնը տուաւ ազգային, մշակութային եւ լեզուական վերապրումի եւ գոյատեւումի գաղտնիքը, որուն ընկերալեզուաբաններ հատորներ յատկացուցած են:

Համաշխարհային եկրորդ պատերազմէն ետք կազմակերպուած ներգաղթի շարժումը վերոյիշեալ տուեալներուն գագաթնակէտը հանդիսացաւ՝ հիւրընկալ երկիրներու ժողովրդավարական, բարեկեցիկ եւ հանգիստ կեանքը փոխարինել հայրենիքի համայնավարական եւ անհաշտ պայմաններով: Պատահածը գործնական փաստ մըն էր, թէ հայ ազգին առաջնահերթութիւնները, վճռակամութեան եւ հպարտութեան աղբիւրները լեզուն եւ հայրենիքն են:

Այս գաղափարախօսութենէն մեկնած՝ Լիբանան հաստատուած գաղութը, օրինակի համար, նախ աշխատեցաւ ձերբազատիլ թրքերէնի գործածութենէն եւ տիրապետել հայերէնին՝ նախքան տեղական արաբերէնը սորվելու: Այդ հայը զբաղ էր վերապրելու միջոցառումներ որդեգրելով՝ վառ պահելու ցեղասպանութեան յիշատակը, յիշողութիւնը եւ յիշատակութիւնը, մանաւանդ ցեղասպանին ուրացումի քաղաքականութեան դիմաց:

«ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՄԵՆՔ ԱԼ ԲԱՆ ՄԸ ԸՐԻՆՔ ՈՐ ՄԵԶ ՍՊԱՆԵՑԻՆ»

Վերոյիշեալ գաղափարախօսութեան հաւատացողները այսպէս դիմադրեցին եւ կը դիմադրեն այլասերումին եւ ձուլումին: Անոնցմէ ոմանք, 70-85 տարեկան պէյրութաբնակ հայորդիներ, այսպէս կ'արտայայտուին. «Չեմ մոռնար հօրս արցունքները, երբ ան կը պատմէր, թէ ի'նչպէս թուրք զինուորը իր հայրը սպաննած էր իր աչքերուն առջեւ», «Մեր հողերը գրաւեցին եւ կը ձեւացնեն, թէ իրենց կը պատկանին», «Ապրիլ 24ը իւրայատուկ օր մըն է, որովհետեւ այդ կը յիշատակէ ամենէն մեծ անարդարութիւնը, որ գործուեցաւ հայուն դէմ», «Մեզ ցիրուցան ըրին օտար երկիրներու մէջ», «Թուրքիա պէտք է ընդունի Ցեղասպանութիւնը, վերադարձնէ մեր հողերը եւ ներողութիւն խնդրէ»:

Վերի արտայայտութիւնները բնական կը համարուին որովհետեւ անարդար եւ ահռելի ոճիր մը կը մնայ անպատիժ: Հետեւաբար պատահական չէ, որ նման կեցուածքներ նաեւ սատարած են եւ կը սատարեն հայերէնի պահպանման, որովհետեւ մայրենի լեզուով կ'արտացոլայ ազգային հաւատարմութիւնը եւ անիկա կը հանդիսանայ զէնք՝ Հայ Դատի պաշտպանութեան եւ լուծման համար:

Աւելի'ն. Հայերէնը կրկնակի կարեւոր է դատը վառ պահելու եւ շահելու համար: Չէ՞ որ վերապրող սերունդը անդրադարձած էր Ցեղասպանութեան բովանդակ նպատակին՝ ջարդել որքան որ կարելի է, կրօնափոխել, լեզուափոխել, տեղահանել, տկարացնել եւ անճանաչելի դարձնել մնացորդացին ազգային դիմագիծը:

Ուրեմն, հրաժարիլ կամ արհամարհել Ցեղասպանութեան ուղղակի նպատակը, օրինակի համար, որդեգրելով Օր. Չեմպըրլէյնի խօսքերը՝ «Բայց հոս ալ Ամերիկա (Ֆրանսա, Լիբանան, Քանատա) է վերջապէս», համազօր է «ճերմակ» ջարդի: Այսինքն, ուրացումի քաղաքականութեան նման, որ կը բնորոշուի իբրեւ «կրկնակի սպանութիւն», այլասերում եւ ձուլում համազօր են «ճերմակ» ջարդի:

Ահա թէ ինչո'ւ Ցեղասպանութեան առընչութեամբ կարգ մը երիտասարդ հայորդիներու արտայայտութիւնները կը մտահոգեն եւ ցաւ ու յուսահատութիւն կը յառաջացնեն ազգին մէջ, որովհետեւ անոնցմէ ոմանց համար Ցեղասպանութիւնը կորսնցուցած է իր խորհրդանշական արժէքը, վիճակ մը, որ կասկածի տակ կը դնէ Հայ Դատի արդար եւ վերջնական լուծումը:

18-25 տաեկան պէյրութաբնակ կարգ մը երիտասարդներ այսպէս կ'արտայայտեն իրենց կեցուածքը Ցեղասպանութեան առընչութեամբ. «Ուրիշ ազգերու մէջ ալ վատ մարդիկ կան», «Անպայման մենք ալ բան մը ըրինք, որ մեզ սպաննեցին», «Այսօրուան թուրքը յանցաւոր չէ», «Շատ ցաւալի է: Չեմ ուզեր աւելի գիտնալ», «Պէտք է մոռնալ»:

Պատահական չէ, որ այս երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը յաճախած է օտար դպրոց, հազիւ Հայերէն կը խօսի, հեռու է Հայ եկեղեցիէն եւ կուսակցական միջավայրէն: Այսինքն, անոնք ոչ մէկ առընչուածութիւն ունին դպրոց-եկեղեցի-կուսակցութիւն՝ յետ-ցեղասպանութեան հայապահպանման եւ լեզուապահպանման քաղաքականութեան հետ:

ԵՐԿՈՒ ՅԱՆՁՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երիտասարդներուն պատասխանները մեզ պէտք է մղեն գործնական քայլերու դիմելու, որովհետեւ մեծ է թիւը անոնց, որոնք մտահոգուած են ներկայ կացութեամբ եւ կը հաւատան, թէ կարելի է փոխել նման կեցուածքներ, որոնք կրնան կամաց կամաց թափանցել նաեւ յաջորդ սերունդներուն մտածողութեան մէջ եւ հոն արմատանալ ու անդարմանելի դառնալ: Այս պարագային, որեւէ ծրագիր թիրախ պիտի ունենայ՝ ծնողներ (30-45 տարեկան), երիտասարդ սերունդը (18-29 տարեկան) եւ դպրոցական տարիքի աշակերտներ (3-17 տաեկան):

Նախընտրելի համարելով տեղական ընկերութեան մէջ ձուլուիլը, տնտեսական մտահոգութիւնները փարատելը եւ յաջող ապագայի մը հեռանկարը, յաճախ ծնողներ կը փորձեն խափանել հայ ազգին պատմութիւնն ու մշակոյթը եւ կը զրկեն իրենց զաւակները պատկանելու իրաւունքէն, հաւատարմութեան առիթէն եւ հարազատութեան զգացումներէն: Համաշխարհայնացումի «մէկ մշակոյթ-մէկ լեզու» լոզունքը հայ ծնողները չեն, որ պիտի տարածեն եւ գործադրեն: Նման ձգտումներ կը յաջողին միայն ստորադասութեան, եկրորդ կարգի քաղաքացիի եւ տկարութեան զգացումներ յառաջացնել:

Ծնողներ եւ երիտասարդ սերունդին տրամաբանութեան դիմելով եւ ո'չ զգացումներուն, անոնց մէջ հպարտութիւն, վստահութիւն եւ գոհունակութիւն պէտք է վերահաստատել, օրինակի համար, հայ ազգային պատմութեան եւ մշակոյթի յաջողութիւններուն եւ իրագործումներուն վրայ կեդրոնանալով:

Եթէ առաջին երկու սերունդները յաջողեցան անտեսել տեղացի ժողովուրդին քննադատութիւնները լեզուական հմտութեան առընչութեամբ, ապա անոր պատճառը այն էր, որ անոնք կղզիացած կեանք կ'ապրէին: Այսօր բնակարանային, ուսման եւ գործի պայմանները աւելի դիւրին կը դարձնեն տեղական լեզուի գործածութիւնը եւ հմտութիւնը: Հո'ս է, կը շեշտեն ընկերալեզուաբաններ, որ այդ յաճախակի փոխյարաբերութիւնները կը պատահին մայրենի լեզուի հաշւոյն:

Այս առումով, անհրաժեշտ է կանոնաւոր կերպով աշխատիլ եւ կամուրջներ հաստատել տեղական լսատեսողական եւ գրաւոր մամուլին հետ՝ օգտագործելով թերթերու, համացանցի եւ պատկերասփիւռի կարելիութիւնները, որոնք դարձած են նաեւ հայուն ուշադրութեան առարկան:

Վաւերագրական եւ մշակութային յաճախակի յօդուածներ եւ յայտագիրներ հայուն մէջ կ'արթնցնեն եւ կը ստեղծեն ազգային պատկանելիութիւն, իսկ տեղացին ալ իր կարգին աւելի լաւ կը ճանչնայ եւ կը յարգէ իրենց ընկերութիւնը կազմող կարեւոր տարրերէն մէկը:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Այլասերելու եւ մէկ մշակոյթի ծառայելու մարտահրաւէրները անողորմ են եւ ճնշիչ եւ կը խաթարեն ազգային դիմագիծը, մանաւանդ՝ փոքր գաղութներու, որոնց յաջորդական սերունդները կը ծնին եւ կը մեծնան օտար ափերու մէջ: Օտար լեզուներու հմտութիւնը բաղձալի է հաղորդակցութեան, յառաջդիմութեան, շրջահայեցութեան եւ մտային, տնտեսական, քաղաքական հորիզոններու ընդարձակման: Սակայն մայրենի լեզուն է միայն, որ ընտանեկան հարազատութիւն կը շնորհէ, պատմական ժառանգութիւն կը խորհրդանշէ, կրօնական հաւատաք կը յատկանշէ, վերապրում եւ յարատեւութիւն կը նշանակէ, պապենական աւանդութիւն, Հայաստան հայրենիքի պատկանելիութիւն եւ կապուածութիւն կ'ապահովէ եւ Հայ Դատի լուծում կ'երաշխաւորէ:

Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան,
Ընկերալեզուաբան, Նիկոսիա, 15 Ապրիլ 2011


Աղբիւրներ

* Adalian, R. (1991, February) The Armenian Genocide:Context and Legacy, Social Education, vol. 55, no. 2 pp. 99-104.
* Auron, Y. (2003) The Banality of Denial: Israel and TheArmenian Genocide, London, Transaction Publishers.
* Cohen, R (1997) Global Diasporas: An Introduction,Seattle, University of Washington Press.
* Crystal, D. (1992) Language and languages, Oxford,Blachwell.
* Hovannisian, R. (Ed.) (1986) The Armenian Genocide inPerspective, New Brunswick, Transaction Publishers.
* Landau, J. M. (1999) Language and Diaspora: Arabs,Turks and Greeks. In Suleiman, pp. 217- 233ղ
* Lavie, S., and Swedenburgh, T (Eds.) (2001)Displacement, Diaspora and Geographies of Identity,London, Duke University Press.
* Suleiman, Y. (Ed.) (1999) Language and Society in theMiddle East and North Africa: Studies in Variation andIdentity, Surrey, Curzon.24

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝