Յայտարարութիւն

Monday, May 30, 2011

«Մաքարոնի Թիլէկ Թիլէկ» - Գէորգ Ճ. Աբէլեան (Ձիւնական)

«Մաքարոնի Թիլէկ Թիլէկ»
Պատմուածքներ ՝ Քեսապէն եւ Այնճարէն

Գէորգ Ճ. Աբէլեան (Ձիւնական)



Քսանչորս Պատմուածքներէ բաղկացած այս 390 էջնոց հատորը լոյս տեսած է Համազգայինի Տպարանէն,2011 ին , մեկենասութեամբ՝ Սեպուհ եւ Հրաչ Մանճիկեան եղբայրներու ,բնակիչներ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց: Գիրքը կարելի է ստանալ հեղինակէն՝

Sava School and Office Supplies
Anjar, Bekaa, Lebanon
Fax: +961 8 620891
Mob: +961 3 708606
Email: sava-co@hotmail.com

Հեղինակը 20 էջ յատկացուցած է բառարանի մը (էջ 371 – 390 ) բացատրութիւն տալու համար տեղանուններու, օտար բառերու, անձերու մասին: Օրինակ՝ «Մարիամին Օթէլը»,«Ֆիլտ մարշալ» , «Տափու», «բաղարջ» , «ճեներիկ» , «Ինկիլիզ Սուրէն» եւլն: Ընթերցողին բառամթերքն ալկը զօրանայ բառերով եւ անուններով՝... զորս հայերէն որեւէ բառարանի մէջ կարելի չէ գտնել...

Պատմութիւններուն ամենէն երկարը 28 էջ է իսկ ամենակարճը ՝ 6: Սակայն երկարն ալ , կարճն ալ նոյն ախորժակով կը կարդացուին որովհետեւ համով են եւ իրական : Գէորգ Աբէլեան վերացական չէ եղած բնաւ: Ան կեանքէն առած է միշտ ու տուած կեանքին: Մօտ յիսուն տարուան իր գրական ստեղծագործութիւններուն մէջ կարմիր թելի նման կ՜երեւի այս յատկութիւնը : Իր կեանքը իմաստաւորած է գրելով , արտադրելով միայն: Երանելի չէ՞ այս մարդը , որ ամէն օր տալիք ունի իր շրջապատին:
Նշանակ բարձր կը գնահատէ Աբէլեանի կէս դարու գրական վաստակը, անվհատ կամքը , սէրը մեր գրականութեան , սէրն ու յարգանքը գիւղին ու գիւղացիին:

Կը շնորաւորենք հեղինակին եօթանասուն ամեակը , որու առթիւ այս գիրքը հեղինակը ձօնած է ինքն իրեն:

Կ՜արտատպենք Հեղինակին Խօսքը գիրքի էջ 6էն եւ 7էն:

Նորանոր հեղինակութեանց անկեղծ բարեմաղթութիւններով՝
«Նշանակ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ ԽՕՍՔԸ

Համեստս ունիմ մէկ էութիւն, բայց՝ զոյգ պատկանելիութիւն:

Ծնած եւ մինչեւ պատանեկութիւն ապրած եմ Քեսապի Քորքիւնէ գիւղը: պատանեկան հասակէս փոխադրուած եմ Լիբանանի Այնճար գիւղը՝ որպէս քոյր Հետուիկի գիշերօթիկ աշակերտ:

Քեսապի գեղեցիկ եւ նոյնիսկ վայրի բնութիւնը որոշ բաներ դրած է մէջս: Այնճարը տուած է ինծի կրթութիւն նաեւ եղած է մնայուն բնակավայրս:

Հայկական եզակի այս երկու վայրերը կազմաւորած են զիս:

Այս զոյգ պատկանելիութիւններս կ՜արտայայտեմ այս գիրքին մէջ: Իմ ճանչցած մերթ նոյնիսկ դրացի կամ ազգական հարազատներս կը տողանցեն այս էջերուն վրայ:

Այս պատմութիւնները գրուիլ սկսած են 1984 էն: Երեք հատ երեւցած են «Բանգին»ի, իսկ ուրիշ երեք հատ ալ «Ազդակ»ի մէջ: Երկու - երեք պատմութիւն ալ գրուած են 2011ին (կարելի է կոչել՝ մամուլի տակ...):

Նախապէս այս հաւաքածոն վերնագրած էի «Արծաթէ Թելը Չփրթած...»: Վերջնական անուանումը եղաւ՝ « Մագարոնի Թիլէկ - Թիլէկ»:

Հերոսներս, բացի քանի մը հատէն, առնուած են իմ անմիջական շրջապատէս:Անոնք, գրեթէ բոլորն ալ,տարեցներ են, որոնք կանգնած են «չուերթ»ի սահմանին վրայ, «Պորտինկ Փաս»ը գրպանած են գրեթէ, բայց տակաւին Կ՜ԱՊՐԻՆ, ԱՊՐԻԼ Կ՜ՈՒԶԵՆ:

Թող ներուի ինծի, եթէ երբեք այս աշխատութիւնս նուիրեմ ես ինծի՝ 70 ամեակիս առիթով: Սա անձնասիրութիւն մի համարեր, ընթերցող:Թերեւս ես ալ իմ հերոսներուս կը մօտենամ...

Ըսեմ, որ ընթերցողներս, հայկական չափանիշով, այնքան ալ քիչ չեն:Ես գոհ եմ անոնցմէ...

Չեմ կրնար չյիշել այն իրողութիւնը, որ Ս.Սիմոնեանի Սփիւռքով հայ գրականութեան մեծ դարպասէն ներս մտնելով՝ շարունակած եմ «Բագին»ով եւ «Ազդակ»ով ես իմ կեանքս լեցնել: Եթէ 50 տարի առաջ այս երեքին էջերը լայն չբացուէին առջեւս, դժուար թէ կարելի դառնար տալ այն՝ ինչ որ տուած եմ ցարդ:

Կ՝արձանագրեմ, ամենայն ջերմութեամբ, ընտանիքիս անդամներուն նեցուկն ու սպասումը...

Վերջացնեմ՝ սրտագին շնորհակալութիւն յայտնելովմեկենասներուս, խմբագիրիս, վերստուգողսրբագրիչիս եւ էջադրղիս: Նաեւ՝ խորին շնորհակալութիւն նկարազարդող երիտասարդ արուեստագէտին:Տակաւին կան մարդիկ,որոնք անսակարկ կերպով ծառայել գիտեն արուեստին, հայ գրականութեան: Բոլորին վարձքը կատար: Ասոնք զիս երջանկացնելու չափ ուրախացուցին...


Գէորգ Ճ Աբէլեան




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝