Յայտարարութիւն

Monday, May 2, 2011

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ ՕՇԻՆ ԷԼԱԿԷՕԶԷՆ ՝ ՊՈԼԻՍ

Սիրելի Պարոն Նշան:
Կը շնորհաւորեմ Նշանակ կայքէջի երկրորդ տարեդարձը:Մենք ենք որ ձեզի շնորհակալ պէտք է որ ըլլանք որովհետեւ դուք առանցին եւ ձեր միակ ջանքերով ստեղծեցիք այս կայքէջը որպէսզի բոլոր աշխարհի հայերէն լեզուի սիրահար հայ հայրենակիցները կարենան կարդալ իրարմէ հետաքրքրական յօդուածներ, գրութիւններ որոնք առանց Նշանակ կայքէջի գոյութեան գուցէ կարելիութիւնը պիտի չունենայինք կարդալու:Նշանակի ամենամեծ առաւելութիւնը ըստ իս այն է որ կայքէջը բաց է ոչ թէ միայն որոշ գրողներուն կամ լուրերուն այլ բոլոր հայերէն գրողներուն, կարելիութիւնը տալով աշխարհի վրայ տարածուած հայերուն իրենց գրութիւնները փոխանցել աշխարհահռչակ հայութեան:

Եթէ ես ալ այս գրական ովկիանոսին մէջ իմ գրութիւններովս քանի մը կաթիլ կրցայ աւելցնել երանի՜ ինծ :

Կը մաղթեմ ձեզ անսահման յաջողութիւն:Վարձքերնիդ կատար:

Յարգանքներ

Օշին էլակէօզ


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝